Արամ Ա.
Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս Արամ Ա. | |
Ընդհանուր տեղեկութիւններ | |
Աշխարհիկ անուն | Պետրոս Քէշիշեան |
Սուրբ Աթոռը | Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն |
Կրօնք | Քրիստոնէութիւն Առաքելական |
Անուն | Արամ Ա. |
Տիտղոս | Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս |
Ընտրուեր է | Կաթողիկոս կ’ընտրուի 28 Յունիս, 1995-ին։ Օծումը տեղի կ’ունենայ 1 Յուլիս, 1995-ին |
Գահակալութիւն | 2020 թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է |
Իրաւանախորդ | Գարեգին Բ Սարգսեան (1977-1995), որ դարձաւ Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1995-1999) |
Ծնած է | 8 Մարտ 1947 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Ազգութիւն | Հայ |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Կրթութիւն | Նիւ Եորքի Ֆորտհամ համալսարան,Պսակաւոր Արուեստից (B.A.), Մագիստրոս Աստուածաբանութեան (M.Div.), Մագիստրոս Եկեղեցական Պատմութեան (S.T.M.) եւ Դոկտոր Փիլիսոփայութեան (Ph.D.) |
Կուսակրօնութեան ընդունում | Մայիս 1968 |
Հոգեւոր աստիճան | Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս |
Պարգեւներ | Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան |
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ |
Արամ Ա., Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս (աշխարհիկ՝ Պետրոս Քէշիշեան): Կիլիկիոյ Կաթողիկոսն է 1995-էն ի վեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աթոռին վրայ, նստավայր ունենալով Անթիլիաս, Լիբանան։
Ուսում եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ծնած է 8 Մարտ 1947-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Պէյրութի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։
- Հոկտեմբեր 1961-ին կ’ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, Անթիլիաս։ Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի քառամեայ շրջանը աւարտելէ ետք,
- Մայիս 1965-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Գարեգին Եպսկ. Սարգիսեանի։ Իսկ Դպրեվանքի Ընծայարանի բաժնի եռամեայ շրջանի աւարտին,
- Մայիս 1968-ին, կը ձեռնադրուի աբեղայ՝ ձեռամբ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի եւ
- Ապրիլ 1970-ին կը ստանայ Վարդապետական աստիճան՝ ձեռամբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին։
- Հոկտեմբեր 1978-ին, տակաւին ուսանող Միացեալ Նահանգներու մէջ, կ’ընտրուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ եւ
- Մայիս 1979-ին՝ Առաջնորդ։
- Մայիս 1980-ին կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան, եւ յաջորդ օրն իսկ կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին։
- Յունուար 1985-ին կը ստանայ Արքութեան տիտղոս։
Դպրեվանքի ուսման շրջանը յաջողապէս աւարտելէ յետոյ,
- 1968-էն 1978 Արամ Ա. Կաթողիկոս անընդմիջաբար իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի (Near East School of Theology), ՊԷյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (American University of Beirut), Զուիցերիոյ Պոսէ Էքիւմէնիք հիմնարկին (Ecumenical Institute of Bossey), Օքսֆորտի համալսարանի (Oxford University) արեւելագիտութեան բաժնին եւ Նիւ Եորքի Ֆորտհամ համալսարանին (Fordham University) մէջ, եւ կը ստանայ ակադեմական հետեւեալ վկայականները.- Պսակաւոր Արուեստից (B.A.), Մագիստրոս Աստուածաբանութեան (M.Div.), Մագիստրոս Եկեղեցական Պատմութեան (S.T.M.) եւ Դոկտոր Փիլիսոփայութեան (Ph.D.)։
- 1968-էն 1975, մինչեւ Ամերիկա ուսման մեկնիլը, Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս կը վարէ հետեւեալ պաշտօնները.- Փոխ-Տեսուչ Մարտիկեան վարժարանի, Դպրեվանքի Տեսչի Օգնական ու ապա՝ Փոխ-Տեսուչ, աստուածաբանական նիւթերու դասախօս Դպրեվանքէն ներս, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց Ընդհանուր Քարտուղար։
- 1972-էն 1975 կը դասաւանդէ նաեւ Հայկազեան համալսարանէն ներս եւ դասախօսութիւններ կու տայ Պէյրութի Համալսարանի (BUC) եւ Ամերիկեան համալսարանի (AUB) մէջ։
Միջ-եկեղեցական շարժումը (Ecumenical Movement)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վեհափառ Հայրապետի եկեղեցական կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ միջ-եկեղեցական շարժումը (Ecumenical Movement)։ Աբեղայական ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք, հանգրուանային զարգացումով ան իր հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ միջազգային եկեղեցական շարժումին՝ թէ՛ տեղական, թէ՛ Միջին Արեւելեան եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ներկայ կը գտնուի աւելի քան երեք հարիւր միջազգային սեմինարներու, աստուածաբանական երկխoսութիւններու եւ համագումարներու աշխարհի չորս կողմերը, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ երբեմն նաեւ հրաւիրուելով որպէս դասախօս։
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Middle East Council of Churches) կառոյց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վեհափառ Հայրապետը 1974-ին իր կարեւոր դերը կ’ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Middle East Council of Churches) կառոյցին վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, եւ այդ թուականէն սկսեալ կը դառնայ նոյն Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան մնայուն անդամ:
- 2006-էն մինչեւ 2014, յաջորդական երկու շրջաններուն կ՚ընտրուի նախագահ եւ ապա պատուոյ նախագահ յիշեալ միջ-եկեղեցական խորհուրդին։
- 1977-ին կը նշանակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Վիեննայի PRO-ORIENTE Կաթոլիկ էքիւմէնիք կազմակերպութեան մօտ, եւ ապա
կ’ընտրուի նոյն կազմակերպութեան պատուոյ անդամ։
(Joint Commission of Theological Dialogue Between the Orthodox Church and the Oriental Orthodox Churches)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-Քաղկեդոնական եւ Քաղկեդոնական եկեղեցիներու (Joint Commission of Theological Dialogue Between the Orthodox Church and the Oriental Orthodox Churches),
- Ուղղափառ-Աւետարանչական (Orthodox-Evangelical) եւ Արեւելեան Ուղղափառ-Բարեկարգեալ (Oriental Orthodox-Reformed) եկեղեցական ընտանիքներու աստուածաբանական տիալոկին միջազգային մակարդակի վրայ՝ որպէս հիմնադիր ու մնայուն անդամ վերոյիշեալ յանձնախումբերուն։
- Կարեւոր դեր կ’ունենայ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ-Քաղկեդոնական եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան (Oriental Orthodox–Roman Catholic Theological Dialogue) նախաձեռնութեան մէջ։
- Կը դառնայ մնայուն անդամ նաեւ շրջանային ու միջազգային շարք մը աստուածաբանական ու էքիւմէնիք յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու։
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (World Council of Churches)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վեհափառ Հայրապետին էքիւմէնիք ծառայութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (World Council of Churches)։
- 1970-էն սկսեալ ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ Խորհուրդի զանազան բաժանմունքներու աշխատանքներուն։
- Կը դառնայ անդամ Խորհուրդի երիտասարդական բաժանմունքին (Youth Department) եւ ապա «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովին (Faith and Order Commission) ու անոր գործադիր վարչութեան (Standing Commission)։
- 1983-ին Ե.Հ. Խորհուրդի Վանքուվըրի, Գանատա համաժողովին կ’ընտրուի Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ. իսկ
- 1991-ին Քէմպերայի, Աւստրալիա համաժողովին Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց (Central Committee and Executive Committee) Ատենապետ՝ եօթ տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։
- Վեհափառը առաջին Ուղղափառն է եւ ամէնէն երիտասարդը Ե.Հ.Խորհուրդի պատմութեան մէջ, որ կ’ընտրուի միջազգային սոյն մեծ կազմակերպութեան բարձրագոյն պաշտօնին։ Իսկ
- 1998-ին Հարարէի, Զիմպապուէյ մէջ գումարուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 8-րդ համաժողովին Վեհափառ Հայրապետ միաձայնութեամբ կը վերընտրուի Ատենապետ՝ դառնալով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին վերընտրուած Ատենապետը (1991-1998, 1998-2007)։
Միջազգային բազմաթիւ համագումարներ եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան ծաւալում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արամ ԱԿաթողիկոս նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն կ’ունենայ միջ-կրօնական մարզէն ներս։ Կը մասնակցի, որպէս դասախօս կամ ատենապետ, միջազգային բազմաթիւ համագումարներու։ Այս շրջագծէն ներս Վեհափառը յատուկ աշխատանք կը տանի Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան ծաւալման։ Միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող համագումարներ ու դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
- 1994-ին պատուոյ նախագահ կ’ընտրուի World Religions Museum Foundation-ի, իսկ
- 2006-ին՝ World Religions for Peace միջազգային կազմակերպութեան։ Ան նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցած է G8-ի առնչուած միջ-կրօնական համագումարներուն:
Արամ Վեհափառը կը դասախօսէ աշխարհի զանազան անկիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց շրջագծէն ներս, ինչպէս նաեւ Ե. Հ. Խորհուրդի ատենապետի իր հանգամանքով, Արամ Վեհափառը կը դասախօսէ աշխարհի զանազան անկիւնները համալսարանական ու միջ-եկեղեցական շրջանակներէն ներս. պաշտօնական այցելութիւններ կու տայ օտար եկեղեցիներուն ու հանդիպումներ կ’ունենայ անոնց պետերուն հետ։ Հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ թէ պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը կ’արծարծէ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն ու Արցախի հարցերը։ Յաճախակի առիթներով oտարներ Վեհափառ Հայրապետի կարծիքը կ’ուզեն ունենալ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրoնական բնոյթ ունեցոող ծրագիրներու ու խնդիրներու շուրջ:
Լիբանանի Հայոց Առաջնորդի պատասխանատու պաշտօնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1978-էն 1995, Լիբանանի պատմութեան ու Լիբանանահայ կեանքի ամէնէն փոթորկոտ շրջանին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ձեռնհասութեամբ կը վարէ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդի պատասխանատու պաշտօնը։
- Կազմակերպչական ծիրԷն ներս կարեւոր քայլերու կը դիմԷ՝ յատկապԷս կրթական, տնտեսական, հոգեւոր եւ վարչական մարզերԷն ներս:
- Աշխոյժ յարաբերութիւն կը մշակԷ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու հոգեւոր թԷ աշխարհական ղեկավարներուն հետ:
- Մնայուն հանդիպումներ կ’ունենայ գաղութի բոլոր կառոյցներուն հետ:
- Առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տայ Լիբանանի հայութեան միասնութեան ամրապնդման, հոգեւոր կեանքի ծաղկման ու ընկերային ծառայութեան ծաւալման։
Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոս կ’ընտրուի 28 Յունիս, 1995-ին։ Օծումը տեղի կ’ունենայ 1 Յուլիս, 1995-ին, մասնակցութեամբ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական բոլոր Աթոռներու Գահակալներուն։
Պատուոյ տիտղոսներու ու շքանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արամ Վեհափառը արժանացած է միջազգային պատուոյ տիտղոսներու ու շքանշաններու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան[1], Արցախի Հանրապետութեան, oտար պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու եւ համալսարաններու կողմէ։
- Բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է միջազգային պետական, քաղաքական ու կրօնական դէմքերու հետ։
- Իր կենսագրութիւնը կ’երեւի միջազգային զանազան հրատարակութեանց ու հանրագիտարաններու մէջ, որպէս աստուածաբան եւ միջ-եկեղեցական համաշխարհային ղեկավար դէմք։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերածաղկման աշխատանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կաթողիկոսական Գահ բարձրանալէն ի վեր Արամ Ա. Կաթողիկոս լծուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան վերակազմակերպման ու վերածաղկման աշխատանքին։
Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է յիշել
- Կաթողիկոսարանէն ներս նոր բաժանմունքներու հաստատումը, որոնք կրթական, ազգային, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մակարդակներու վրայ ընդարձակեցին Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը։
- Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը աւելի ընդարձակուեցաւ ու անոր կողքին աւելցաւ Կրօնագիտական Ուսմանց յատուկ լսարանը եւ Կրoնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութեանց բաժանմունք. միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց յատուկ բաժանմունքի մը հիմնումով, նոր հունաւորում ստացաւ եկեղեցական խորհուրդներու, տարբեր եկեղեցիներու եւ տարբեր կրօններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ Ս. Աթոռին յարաբերութիւնը եւ հանդիպումներու ու համագումարներու կազմակերպումը։
- Տեղեկատուական ու Լրատուական բաժանմունքի հաստատումը նոր մղում տուաւ Ս. Աթոռին գործունԷութեան։
- Երիտասարդական Բաժանմունքը մեր գաղութներու երիտասարդութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ օտար եկեղեցիներու եւ կրօններու երիտասարդութեան միջեւ համագործակցութեան լայն կարելիութիւններ ստեղծեց։
- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թանգարան «Կիլիկիա» Թանգարանի, «Արամ ՊԷզիքեան» Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանին հաստատումը եւ Մատենադարանի վերադասաւորումը ու ընդարձակումը, մշակութային կեանքէն ներս Կաթողիկոսարանի առաքելութեան նոր փայլ տուաւ:
- Արխիւատան հաստատումը, արդիական չափանիշերով պատրաստուած յատուկ սարքերով, ակադեմական աշխատանքի լայն կարելիութիւն ընծայեց մտաւորականներու եւ ուսանողներու:
- «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնի վերակազմակերպումե եւ Դպրեվանքի առաքելութեան վերաշեշտումը Կաթողիկոսարանի Կրթական առաքելութեան նոր փայլք տուաւ։
- Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ նաեւ հաստատուեցաւ Կրթական-Հայագիտական ծրագիրներու յատուկ գրասենեակը, ինչպԷս նաեւ Քահանայից Պատրաստութեան Դասընթացք եւ Հայագիտական նիւթերու դասընթացք։
- Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հաստատեց կրթական, հրատարակչական ու մշակութային հիմնադրամներ:
- Հովուական այցելութիւններ տուաւ բոլոր թեմերուն՝ մէկէ աւելի առիթներով։
Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ միասին նախաձեռնեց եւ նախագահեց եպիսկոպոսաց ժողովին եւ կատարեց ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասումը։
- Իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի եւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի նուիրուած յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներուն։
Շինարարական լայնածիր գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շինարարական լայնածիր գործունէութիւն մը թափ ստացաւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան առաջին տարիէն սկսեալ։
- Կաթողիկոսարանի ու Դպրեվանքի արտաքին ու ներքին շինարարական աշխատանքները նոր տեսք մը տուին երկու հաստատութիւններուն։
Այս գծով հարկ է յիշել՝
- միաբանական շէնքը, Եպիսկոպոսներու յատուկ բաժինը, գրախանութին բաժանմունքը, հիւրանոցը, Արխիւատունը, Քահանայից յատուկ բաժինը:
- Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը ամբողջութեամբ կերպարանափոխուեցաւ: ԱյսպԷս,
- Մատուռը ներքին թԷ արտաքին երեսներով հիմնովին վերանորոգուեցաւ, 40 սենեակներԷ բաղկացած միաբանական նոր շԷնք մը կառուցուեցաւ, 29 սենեակներ պարունակող եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու առանձին շէնք մը բարձրացաւ,
- Ապրիլեան Յուշարձանը վերանորոգուեցաւ, բակը ընդարձակուեցաւ, բացoդեայ նոր խորան մը շինուեցաւ, Դպրեվանքի հին շԷնքը ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ, նոր յարկ մը աւելցաւ եւ վերածուեցաւ Վեհարանի՝ յարակից կարելիութիւններով՛ Դպրեվանքի շԷնքը ենթարկուեցաւ հիմնական վերանորոգութեան:
Կաթողիկոսարանի ազգային ծառայութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընկերային ծառայութեան մարզէն ներս, ժողովրդային նոր բնակարաններու կառուցումը Ֆանարի շրջանին մէջ, յատկապէս ընտանեկան նոր բոյն կազմելու փափաք ունեցող զոյգերուն, առաւել ծաւալ տուաւ Կաթողիկոսարանի ազգային ծառայութեան։ Նոր յարկաբաժիններու ու բաժանմունքներու հաստատումով աւելի ընդարձակուեցաւ Թռչնոց Բոյնի, Ազգ. Բուժարանի եւ Ազգ. Ծերանոցի ծառայութիւնը:
Կաթողիկոսարանի ներքին կեանքն ու գործունէութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կաթողիկոսարանի ներքին կեանքին ու գործունէութեան վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման նպաստող ազդակներ եղան ազգային-եկեղեցական, միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական, մշակութային, կրթական ու ընկերային ծառայութեանց բնագաւառներէն ներս կազմակերպուած հանդիպումները, համագումարները, երկար ժամանակի վրայ գործադրուելիք հետեւողական ընթացք ունեցող ծրագիրները ու այլ հեռանկարներ։
- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ շարք մը կարեոր իրագործումներ կատարուեցան:
Այս շրջագիծԷն ներս յատուկ կարեւորութեամբ հարկ Է յիշել
- Կաթողիկոսութեան բացած դատը նախ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին եւ ապա Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մoտ՝ պահաջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Այս քայլով հայ դատը մուտք գործեց իրաւական դաշտ: Այս բոլորին առընթեր,
- Վեհափառ Հայրապետը բազմիցս հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Կաթողիկոսութեան թեմերուն, նոր աշխուժութիւն տուաւ թեմական կեանքին ու գործունԷութեան։
- Դպրեվանքը Վեհափառ Հայրապետին յատուկ ուշադրութեան առարկան մնաց միշտ: Այս ուղղութեամբ
- Վեհափառը կատարեց շարք մը բարեփոխումներ ուսուցչական, աշակերտական, կրթական մարզերուն առնչուած:
- Միաբանութիւնը իր որակով թԷ քանակով մեծ աճ արձանագրեց:
- Միաբանութեան թիւը բարձրացաւ 60-ի. միաբաններԷն ոմանք իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակեցին Լիբանանեան, Եւրոպական եւ Ամերիկեան համալսարաններուն մԷջ:
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր ստանձնած զանազան պատասխանատուութիւններուն առընթեր, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը հեղինակէ հետեւեալ գործերը.-[2]
- «Ներսէս Շնորհալի Աստուածաբան եւ Էքիւմէնիստ» Պէյրութ, 1974.Ներսէս Շնորհալին, որպէս աստուածաբան ու միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ռահվիրայ ներկայացնող սոյն գրքոյկը պատրաստուած է Շնորհալիի վախճանման 800 ամեակին առիթով: Վեհափառ Հայրապետին անդրանիկ հրատարակութիւնն է:
- «Հայ Եկեղեցւոյ Ճշմարիտ Դիմագիծը» Անթիլիաս, 1979. Սոյն գրքոյկը ընդհանուր գիծերով կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ նկարագիրը, լայնածաւալ առաքելութիւնը եւ ճակատագրական դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
- «Վերականգնումի Կամքով» Պէյրութ, 1983. Սոյն հատորին մէջ ամփոփուած են պատգամները Վեհափառ Հայրապետին, որպէս առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին՝ Լիբանանի պատերազմին ամենէն ճակատագրական օրերուն (1978-83): Արամ Ա.
- «Ժողովուրդին հետ» Պէյրութ, 1989. Լիբանանի պատերազմի ընթացքին Ժողովուրդին հետ ըլլալու եւ ժողովուրդին համար ծառայելու Վեհափառ Հայրապետին, որպէս առաջնորդ յանձնառութիւնը արտայայտող պատգամներու ու կոչերու ընտրեալ ժողովածու (1984- 90):
- «Դէպի 1700-ամեակ Սուրբ Թադէի Ճամբով» Անթիլիաս, 1996. Իր Կաթողիկոսական ընտրութենէն անմիջապէս ետք դէպի Ս. Թադէ Վեհափառ Հայրապետին կատարած ուխտագնացութեան առիթով իր մտածումներն ու ապրումները կ'ամփոփէ ներկայ հատորը:
- Որդի Աստուծոյ, Որդի Մարդոյ, Անթիլիաս, 1999. Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութիւնը, անձը ու առաքելութիւնը պարզող աստուածաբանական մօտեցումով գրի առնուած գրութիւններու ամփոփ հատոր մը:
- «Ազգ, Եկեղեցի, Հայրենիք» Անթիլիաս, 1999. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան առաջին չորս տարիներո պատգամներէն ընտրուած հատոր մըն է ներկայ հրատարակութիւնը ուր լուսարձակի տակ առնուած են յատկապէս ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի ու անոնց փոխ- յարաբերութեան առնչուած հարցեր:
- «Հաւատքի Առաքելութիւն» Անթիլիաս, 2003. Նորին Սրբութեան Հայրապետական գահակալութեան 1999-էն 2003 երկարող շրջանի պատկանող գրութիւններէն ու պատգամներէն ընտրեալ հատոր մը, ուր շեշտը դրուած է հայ եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութեան վրայ:.
- «Տէր Զօր Համազգային Ուխտատեղի» Անթիլիաս, 2005.Վեհափառին Տէր Զօր կատարած այցելութիւնները եւ այդ առիթով ժողովուրդին ուղղած պատգամները պատկանող հատոր մը, ուր կը շեշտուի Տէր Զօրի կարեւրութիւնը որպէս համազգային ուխտատեղի:
- «Ծառայութեան Մեծութիւնը» Անթիլիաս, 2005. Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան 10-րդ տարեդարձին առիթով Լիբանանի Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած հատոր մը, ուր ներառուած են փունջ մը իր պատգամներէն ու մտածումներէն:
- «Հաւատքի Առաքեալը» Հալէպ, 2007:Վեհափառ Հայրապետին Հալէպ կատարած Հովուապետական այցելութեան առիթով Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած հատոր մը, ուր ներկայացուած են զանազան նիւթերու շուրջ Նորին Սրբութեան մտածումները:
- «Կեանքը Արժէքներով Իմաստաւորել», Անթիլիաս, 2009: 2004-էն 2009 տարիներու Վեհափառ Հայրապետին պատգամներէն կազմուած հատոր մը, ուր շեշտուած է կեանքին իմաստը ու նպատակը քրիստոնէական հայեցակէտով:
- The Witness of the Armenian Church in a Diaspora Situation, New York, 1978: Three articles highlighting the specificities and challenges of the Armenian Church' mission in Diaspora. Aram I
- Conciliar Fellowship a Common Goal, Geneva 1991: Վեհափառ Հայրապետին Դոկտորայի (PhD) թէզին ամփոփումը ներկայացնող հատոր մը, ուր աստուածաբանական վերլուծումի ենթարկուած է եկեղեցւոյ միութեան նոր յղացք մը:
- Orthodox Perspectives on Mission Oxford, Catholicose Aram I Keshishian - 1992: Օքսֆորտ համալսարանին կողմէ հրատարակուած սոյն հատորը կը բովանդակէ աստուածաբանական կարգ մը հարցերու գծով Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութիւնները:
- Towards An Ecumenical Ethic For A Responsible Society In A Sustainable Creation, Aram I - Beirut, 1994: Սոյն գրքոյկը կը բովանդակէ, որպէս ատենապետ Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան կենսոլորտային հարցերու շուրջ աստուածաբանական տեսանկիւնէ դիտած:
- L’eglise Et Ethnicité - Aram I - Antelias, 1996. Դարձեալ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուած դասախօսութիւն մը, ուր վերլուծական մօտեցումով կը պարզուի եկեղեցւոյ եւ ազգային պատկանելիութեան փոխ յարաբերութիւնը: Արամ Ա.
- The Challenge to be a Church in a Changing World, New York, 1997, Aram I Catholicose of Cilicia. Զանազան դասախօսութիւններ ու յօդուածներ պարփակող հատոր մը, ուր քննարկումի կ'ենթարկուի ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Հատորը հրատարակուած է Նիւ Եորքի Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ:
- In search of Ecumenical Vision Antelias, Aram I - Antelias, 2000.Վեհափառ Հայրապետին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ատենապետութեան առաջին շրջանի տուած զեկոյցներուն,դասախօսութիւններուն եւ մտածումներուն ամփոփ պատկերը կը ներկայացնէ ներկայ հատորը:
- The Armenian Church Beyond the 1700th Anniversary, Aram I - Antelias, 2002.Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակման 1700 ամեակին առիթով անգլերէն լեզուով խօսուած ու գրուած պատգամներու ամփոփ պատկերը կը ներկայացնէ ներկայ հատորը:
- Justice, Paix, Reconciliation, Aram I - Antelias, 2003. Ֆրանսայի, Լիբանանի ու Զուիցերիոյ մէջ տարբեր առիթներով խօսուած ու գրուած յօդուածներու հատընտիր մը:
- «ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ», Արամ Ա. Կաթողիկոս: Անթիլիաս, 2003, 446 էջ, Երկու հրատարակութիւն:
- The Christian Witness at the Crossroads in the Middle East. Aram I - Antelias, 2004. Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան առնչուած երեք դասախօսութիւններէ կը բաղկանայ ներկայ հատորը:
- «Խոհեր, տագնապներ եւ կեցուածքներ», Անթիլիաս, 2005: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 10-ամեակին առիթով, Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Սիւզի Շուժունեանի մեկենասութեամբ տպուած է այս հատորը, մաղթելով Նորին Սրբութեան երկարամեայ գահակալութիւն։ Վեհափառ Հայրապետին սոյն հատորը իր զանազան հատորներէն ու յօդուածներէն քաղուածաբար կազմուած է, յատուկ խմբաւորումի ենթարկելով Նորին Սրբութեան մտածումները։
- «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ» (ԽՈՀԵՐ, ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ ԵՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ) Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիաս, 2005:
- For a Church Beyond its Walls. Aram I - Antelias, 2006. Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետութեան երկրորդ շրջանին Նորին Սրբութեան տուած գլխաւոր զեկոյցները ու դասախօսութիւնները կը ներկայացնէ ներկայ հատորը, ուր յատկապէս շեշտուած է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ:
- Pour un Monde Transformé. Aram I - Antelias, 2006. Ներկայ հատորը առաւելաբար կը բովանդակէ անգլերէն լեզուով գրուած Վեհափառ Հայրապետին կարգ մը միջ-եկեղեցական ու աստուածաբանական, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն լեզուով գրուած գրութիւնները, ուր դարձեալ կը շեշտուի եկեղեցւոյ առաքելութիւնը համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ:
- Dialogue with The Youth. Aram I. Montreal, 2009.Գանատայի ազգային առաջնորդարանին կողմէ հրատարակուած ներկայ հատորը ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներով կը բովանդակէ երիտասարդութեան առնչուած Վեհափար Հայրապետին մտածումները:
- St. Nerses the Gracious and Church Unity. Aram I. Antelias, 2010.Վեհափառ Հայրապետին Մաքիստրոս աստիճանին համար գրուած դէզն է, որ կը ներկայացնէ Ներսէս Շնորհալիին ունեցած աստուածաբանական երկխօսութիւնը ու նամակագրութիւնը յունաց պատրիարքին եւ կայսրին հետ:
- A Journey of Faith, Hope and Vision. Aram I. Antelias, 2011. Աւելի քան 40 տարիներու վրայ տարածուած Վեհափառ Հայրապետին ունեցած միջ- եկեղեցական ծառայութեան ամփոփ պատկերը կը ներկայացնէ սոյն հատորը, ուր ներառուած են նաեւ միջ-եկեղեցական դէմքերու ու եկեղեցւոյ պետերու վկայութիւնները իր մասին:
- THE ARMENIAN CHURCH. Author: His Holiness Aram I - Antelias, 2016, English, 241 Pages.
- L’ÉGLISE ARMÉNIENNE. Author: His Holiness Aram I - Antelias, 2018, FRENCH, 257 Pages.
- «ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ» Արամ Ա. Կաթողիկոս: Անթիլիաս, 2018, 581 էջ
- АРМЯНСКАЯ ЦЕРКОВЬ (ARMENIAN CHURCH), Author: His Holiness Aram I - Antelias, 2018, RUSSIAN, 253 Pages.
- «TURNING TO GOD» Արամ Ա. Կաթողիկոս: Անթիլիաս, 2020, English, 198 Pages.
Վերոյիշեալ գիրքերէն անկախ, Վեհափառը ունի բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք տպուած են հայ թէ օտար պարբերաթերթերու մէջ եւ անոնցմէ շատեր թարգմանուած են զանազան լեզուներու։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
«Ներսէս Շնորհալի Աստուածաբան եւ Էքիւմէնիստ» Արամ Վրդ. Քէշիշեան - Պէյրութ, 1974:
-
«Հայ Եկեղեցւոյ Ճշմարիտ Դիմագիծը» Արամ Վրդ. Քէշիշեան - Անթիլիաս,1979:
-
«Վերականգնումի Կամքով» Արամ Եպս. Քէշիշեան - Պէյրութ, 1983:
-
«Ժողովուրդին հետ» Արամ Արքեպս. - Պէյրութ, 1989:
-
«Դէպի 1700-ամեակ Սուրբ Թադէի Ճամբով» Արամ Ա. Կաթողիկոս - Անթիլիաս,1996:
-
«Որդի Աստուծոյ, Որդի Մարդոյ» Արամ Ա.Կաթողիկոս - Անթիլիաս, 1999:
-
«Ազգ, Եկեղեցի, Հայրենիք» Արամ Ա. Կաթողիկոս - Անթիլիաս, 1999:
-
«Հաւատքի Առաքելութիւն» Արամ Ա.- Անթիլիաս,2003:
-
«Տէր Զօր Համազգային Ուխտատեղի» Արամ Ա. Կաթողիկոս - Անթիլիաս, 2005
-
«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ» (ԽՈՀԵՐ, ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ ԵՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ) Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիաս, 2005
-
«Հաւատքի Առաքեալը» Հալէպ, 2007:Արամ Ա.Կաթողիկոս
-
«Կեանքը Արժէքներով Իմաստաւորել» Արամ Ա.Կաթողիկոս - Անթիլիաս, 2009
-
The Witness of the Armenian Church in a Diaspora Situation, New York, 1978:
-
Conciliar Fellowship a Common Goal, Geneva 1991:
-
Orthodox Perspectives on Mission, Oxford, 1992
-
Aram I. Towards An Ecumenical Ethic For A Responsible Society In A Sustainable Creation, Beirut, 1994
-
Aram I. Et Ethnicité, Antelias, 1996
-
The Challenge to be a Church in a Changing World, New York, 1997, Aram I Catholicose of Cilicia
-
Aram I. In search of Ecumenical Vision, Antelias, 2000
-
Aram I. The Armenian Church Beyond the 1700th Anniversary, Antelias, 2002
-
Aram I. Justice, Paix, Reconciliation, Antelias, 2003
-
The Christian Witness at the Crossroads in the Middle East.Antelias, 2004
-
Aram I. For a Church Beyond its Walls. Antelias, 2006
-
Aram I. Pour un Monde Transformé. Antelias, 2006
-
Aram I. Dialogue with Youth. Montreal, 2009
-
Aram I. St. Nerses the Gracious and Church Unity. Antelias, 2010
-
Aram I. A Journey of Faith, Hope and Vision. Antelias, 2011
-
Aram I. THE ARMENIAN CHURCH - ENGLISH, Antelias 2016
-
Aram I The Armenian Church - Russian, Antelias, 2018
-
Aram I. L’ÉGLISE ARMÉNIENNE - FRENCH, Antelias, 2018
-
«ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ» Արամ Ա. Կաթողիկոս: Անթիլիաս, 2018
-
Aram I Alkanisa Alarmaniya - Arabic, Antelias5 2020
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անթիլիաս
- Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանք
- «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոն
- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թանգարան
- ՀԵՀՈՄ (Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն)
- Զարեհ Ա. Կաթողիկոս
- Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան
- Խորէն Արք. Տողրամաճեան
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Archived 2020-05-14 at the Wayback Machine.