Տարինա Կամսարական

Տարինա Կամսարական
Ծննդեան անուն հայ.՝ Դարուհի Կամսարական
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Anne Sarag
Ծնած է 24 Ապրիլ 1902(1902-04-24)
Ծննդավայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1]
Մահացած է 1 Մարտ 1986(1986-03-01)[2] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Եգիպտոս
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Lycée Français d'Alexandrie?
Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր[1]
Մասնագիտութիւն քանդակագործ, գրագէտ, շքանշաններ ձեւաւորող

Տարինա Կամսարական (բուն անունով Արտեմիս Տօրա (Տօրիա) Կամսարական, 24 Ապրիլ 1902(1902-04-24), Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս[1] - 1 Մարտ 1986(1986-03-01)[2], Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ), եգիպտահայ քանդակագործ, ֆրանսագիր վիպասանուհի։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։ Արմենակ Կամսարականի զաւակներէն Տարիա Կամսարական, Արամ եւ Երուանդ եղբայրներէն ամենափոքրը։

Ան իր մանկութիւնը ապրած է Աղեքսանդրիոյ Պոլքլի շրջանը։ Փոքր տարիքին Տարիա կրթութիւնը ստացած է հարուստ ընտանիքներու ժամանակի սովորութիւններուն համապատասխան` ունենալով յոյն, անգլիացի եւ ֆրանսացի խնամող դաստիարակներ:

Ան տիրապետած է երեք լեզուներու եւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ալ կը պահէ երեք լեզուներու հմտութիւնը: Ան ծանօթ էր նաեւ արաբերէնին, հայերէնին եւ քիչ մըն ալ թրքերէնին։ Հայերէնը կը սորվի յայտնի մանկավարժ Էլպիս Կեսարացեանէն։

Տարիա 13 տարեկանէն սկսած է ֆրանսերէն գրել՝ բանաստեղծութիւններ եւ իր երեւակայութիւնէն բխած պատմուածքներ։  Իր ընթերցումներու առաջին աղբիւրը եղած է ֆրանսացի եւ անգլիացի դասական գրականութեան հեղինակներու՝ իր ծնողքին ունեցած հարուստ գրադարանը:

Ուսումը աւարտած է 1924-ին, Աղեքսանդրիոյ ֆրանսական  երկրորդական վարժարանէն` «Lycée Français d’Alexandrie»: Ոգեշնչուած նկարչութեան եւ քանդակագործութեամբ, որոշած է արձանագործ-նկարիչ դառնալ։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարիա Կամսարական Ֆրանսերէն հատորներու հեղինակ է «Anne Serag» գրական ծածկանունով.  Voyage avec une ombre «Ճամբորդութիւն ստուերի հետ» վէպը, 232 էջ, զոյգի մենակութեան եւ թիւրիմացութեան մասին է (հրատարակուած է 1957, ֆրանսերէն) եւ L’anneau de feu «Հրեղէն օղակ» վէպը, 355 էջ (հրատարակուած է 1965 Ֆրանսերէն) ։

Տարիա Կամսարական իր ֆրանսերէն «Fatalisme du sang» վիպակին մէջ պատմած է իր աչքերով տեսած Փորթ Սայիտի մէջ Մուսա լեռան խիզախ մարտիկներու կեանքը: Նոյն վիպակը հայերէնի թարգմանած է «Արեւ» օրաթերթի խմբագիր Միքայէլ Կիւրճեան «Արիւնին ճակատագրականութիւնը» խորագրով եւ հրապարակած է «Արեւ» օրաթերթի թերթօնով՝ (թիւ 5 Դեկտեմբեր 1922 մինչեւ թիւ 80 Մարտ 16 1923)[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]