Jump to content

Սելանիկի հայկական գաղութը

Սելանիկի համայնապատկեր․ դիտուած քաղաքին Բիւզանդական Պարիսպէն - առջեւը՝ քաղաքին կեդրոնը․

Սելանիկի (Թեսաղոնիկէի) հայական գաղութը, Սելանիկ կամ՝ Թեսաղոնիկէ (յուն․՝ Θεσσαλονίκη) քաղաք-նաւահանգիստը կը գտնուի Յունաստանի հիւսիսը, Կեդրոնական Մակետոնիոյ Շրջանը, Էգէական Ծովուն Թերմայիքոս ծոցի հիւսիսային ափին։ Քաղաքը հիմնուած է Ք․ա․ 315/6 թուականին։

Պատմական անդրադարձ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերուն հնագոյն հետքերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատ հիմ ժամանակներէն, Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններուն մէջ ապրած են հայեր։ Սելանիկին մէջ հայեր կը յիշատակուին 900ական թուականներէն․ հայեր զօրացուցած են Մակետոնական պահակազօրքը։ Անոնց թիւը կամաց կամաց կ՛աւելնայ 11-րդ եւ 15-րդ դարերուն . կը հաստատուին քաղաքին մէջ եւ նաւահանգիստին շուրջը։ Որոշակի տեղեկութիւններ կ՛ունենանք Էջմիածնի Աբրահամ Կաթողիկոսին (եղած է նաեւ առաջնորդ Ռոտոսթօի Թեմի) կողմէն, 1737-ի Յունուարի «Թէքիրտաղու (Ռոտոսթօ-Արեւելեան Թրակիա) Առաջնորդութեան» ղրկած կոնդակին մէջ, որով կը մաղթէ ան՝ «շնորհք առաքելական եւ աստուածային բազմապատիկ օրհնութիւն եւ նախախնամական գթութիւն ի վերայ տիրապահ եւ աստուածախնամ, ծովահայեաց մայրաքաղաքիդ Թէքիրտաղու եւ շրջակայ թեմից եւ գիւղօրէից», ի միջի այլոց, «Տիմէթօխայու, Սէմէնտրիու, Կէմըրճունիոյ, Էսկիճէու, Տրամայու, Ղաւալայու, Սէրէզու, Սելանիկու եւ այլոց աւանոց եւ գեղջաց, որում գտանին ազգս Հայոց»։[1]

Սակայն Սելանիկին մէջ, տեղւոյն հայկական գաղութին կազմութեան մասին արձանագրութիւններ կամ հետքեր կան 18-րդ դարէն սկսեալ․ օսմանեան տիրապետութեան շրջանին 25-30 հայ ընտանիքներ եւ որոշ թիւ մը ամուրիներ, որոնք եղած են պետական պաշտօնեաներ եւ կամ առեւտրականներ եւ արհեստաւորներ։[2][3][4]

Հայկական եկեղեցին, Դպրաց դասը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սելանիկի մէջ, հայկական համայնքը իր առաջին մատուռը կ՛ունենայ 1884 թուականին վերջերը։ Համայնքի անդամները 400 թրք․ ոսկի կը հաւաքեն ու կը գնեն այժմու եկեղեցիին հողամասը եւ 1000 ոսկի եւ աւելի կը ծախսեն ու 1903 Նոյեմբեր 6-ին եկեղեցւոյ շինութիւնը կ՛աւարտի։ Եկեղեցին Ս․Աստուածածին կը կոչուի։ Եկեղեցւոյ կից, 4 տարի ետք կը կառուցուի երկյարկանի շէնք, ուր կը բացուի առաջին հայկական վարժարանը 35 աշակերտներով։ Նաեւ այս շէնքին մէջ գործած է Թրակիոյ եւ Մակետոնիոյ Առաջնորդարանը։ Իսկ շէնքին վերնայարկը կը գործածուի իբրեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի ակումբ եւ ազգային հաւաքատեղի։

1958 թուականին «Ադամեան» Թատերասիրաց Միութեան նախաձեռնութեամբ, Ազգ․ իշխանութեան եւ քոյր միութիւններու օժանդակութեամբ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը կը կազմուի․ քանի մը տասնեակ տարի կեանք կ՛ունենայ։ 1958 թ․ Սելանիկ կու գայ Յունաստանի նորանշանակ Առաջնորդ Տ․ Սահակ Եպկ․ Այվազեան եւ երկու շաբթուան ընթացքին կը սորվեցնէ Եկմալեան պատարագը։ [3][2]

Համայնքին աճումն ու նուազումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սելանիկին ազատագրութեան թուականին, հոն կ՛ապրէին 50 հայ ընտանիքներ, ընդհանրապէս առեւտրականներ։ Փոքր Ասիոյ աղէտին հետեւանքով, յոյներուն հետ 10․000 հաշուող հայ գաղթականներ կը հասնին քաղաքը։

Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ ուրիշ քաղաքներուն մէջ ալ, ուր արդէն կ՛ապրէին քիչ թիւով հայ ընտանիքներ, կը տեղաւորուին 8 - 9․000 հայ գաղթականներ։ Հայկական համայքները կարգաւորելու համար, Սելանիկին մէջ Ազգային թեմական իշխանութիւն մը կը կազմակերպուի, իբրեւ Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Թեմ։

1925 - 1927 թուականներուն Թրակիոյ եւ Մակետոնիոյ մէջ կատարուած տեղահանութիւններուն եւ դէպի այլ երկիրներ արտագաղթի պատճառով, Սելանիկի հայկական գաղութին թիւը 1/3 համեմատութեամբ կը նուազի։ 1939 թուականին, հայ համայնքին թիւը՝ 6000 է։ Գրեթէ այսպէս ալ կը մնայ մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, երբ ներգաղթի եւ արտագաղթի նոր, սակայն մեծ հոսանքով, քաղաքին հայութեան թիւը հազիւ 1000-ի կը հասնի։

Բ․ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Սելանիկը Գերմանիոյ գերիշխանութեան տակ մեծ վնասներ կը կրէ՝ աղէտ, սով եւ համաճարակ, նոյնպէս՝ հայ համայնքը։ Քանի մը հարիւր կը հաշուեն սովէն մահացած հայերը, որոնց մէկ մասը անանուն թաղուած է Սելանիկի հայկական գերեզմանատան մէջ։

Սելանիկի Ս․ Աստուածածին եկեղեցին․1902-1903 Ճարտարապետ՝ Վիդալիանօ Փոզելի

Ներգաղթի ա․ կարաւանը Սելանիկէն կը մեկնի Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ 2500 ներգաղթողներով, Օգոստոս 2, 1947-ին։ Ներգաղթի արագումները կը շարունակուին մինչեւ 1947-ի վերջը եւ Հայաստան կը փոխադրուին 10․000 աւելի հայրենակիցներ։ Ներգաղթին զուգահեռ, տեղի կ՛ունենայ նաեւ արտագաղթ ի մասնաւորի դէպի Հարաւային Ամերիկա եւ Քանատա։ Սելանիկի հայկական գաղութի թիւը մեծ անկում կը կրէ․ կը նուազի 5/6-ով։ Անմիջական անդրադարձ կ՛ունենայ համայնքի ազգային, կրթական, մարզական եւ մշակութային կեանքին մէջ։

Յունահայերու զանգուածային ներգաղթէն եւ արտագաղթէն ետք, Յունաստանի հայկական գաղութը կը վերակազմուի եւ կը վերածուի 1 թեմի, 15 համայնքներով, 30 Մարտ 1958-ի Յունահայոց Թեմական Ժողովին։[3][4][5]

Հայկական մամուլը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմ լոյս տեսած են օրաթերթեր, պարբերաթերթեր․ ոմանք քանի մը ամիսով կամ տարիով եւ ոմանք դիմացած են քանի մը տարի։ Նշենք՝

  • 1923, «Մեղու» երգիծական պարբերաթերթը, հրատարակիչ՝ Օննիկ Զաքարեան եւ խմբագիր՝ Լեւոն Շաթրեան․ քանի մը ամիս կը դիմանայ։
  • 1923, «Ալիք» օրաթերթը․ հրատարակիչ՝ Գէորգ Փափազեան եւ խմբագիր՝ Լեւոն Մոզեան։
  • 1924, «Նոր Ալիք» օրաթերթը, տնօրէն՝ Ժան Էֆթիմիատի եւ խմբագիր՝ Գառնիկ Նաւասարդեան։
  • 2 Օգոստոս 1926, «Աշխատանք» թերթը (տնօրէն՝ Յակոբ Կենտիկեան եւ խմբագիրներ՝ Պետրոս Ահիկեան եւ Անթուան Միքայէլեան)․ լոյս կը տեսնէ շաբաթը երեք անգամ եւ ձախակողմեան թեքում ունի․ անոր հրատարակութիւնը կը կասեցուի 19 Մայիս 1927-ին, համայնավարական գաղափարախօսութիւն քարոզելու ամբաստանութեամբ։
  • Հոկտ․ 1926 - Մայիս 1927 «Աշխատանք Մոծակ» երգիծական ամսաթերթ։
  • «Կսմիթ» երգիծական ամսաթերթ․ լոյս կը տեսնէ Կիրակի օրերը 6 ամսուայ համար, վերջին թիւը Հոկտ․ 2, 1927։ Տնօրէն եւ խմբագիր Կարօ Գէորգեան, որ կը ստորագրէր «Տետեքթիւ» ծածկանունով։
  • Հոկտ․ 16, 1927 - 4 Օգոստոս 1936 (կը դադրի Մեդաքսասի բռնատիրական վարչակարգի օրերուն)․ «Հորիզոն» ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթ։ Տնօրէն եւ խմբագիր՝ Կարօ Գէորգեան։ Նոյեմբեր 1927, «Հորիզոն»ը եւ «Ալիք»ը կը միանան եւ Փետր․ 10, 1928 թ․ կը հրատարակուին «Հորիզոն» անունով, Հ․Յ․Դ․ հովանին տակ։ Թերթը կ՛ունենայ իր տպարանը, գոհացուցիչ տպաքանակով եւ նաեւ գիրքեր կը հրատարակէ։ Թերթը օրինակուելով Սելանիկի հրէական հրատարակութիւններէն, Ապրիլ 2, 1926 առաջին պարբերականը կը տպէ՝ Մորիս Լէ Պլանին «Արսէն Լուփէն»ը։
  • Այս դժուար օրերուն, լոյս կը տեսնէ թերթօնի վրայ երգերու հաւաքածոյ մը՝ «Հայ Քնար»ը․ չհրատարակուած գրաքննութենէ կ՛անցնէր։
  • 1929, Ապրիլ 13, «Պահակ»ը, Ռամկավար կուսակցութեան հովանին տակ․ կը դադրի 6 ամիս ետք տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ։
  • Արեւելք․ 1931 - 1938

1938 թուականէն ետք, Սելանիկին եւ ընհանրապէս Հիւսիսային Յունաստանին մէջ հայ մամուլը գոյութիւն չունենար։ [6]

Շէնքերու կառուցում «անտուն» մնացած հայ ընտանիքներու համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1955-ական թուականներուն, տակաւին հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ կը բնակէին 35-40 տարուան ապառողջապահական տաղաւարներու մէջ։ Այս նպատակով, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը տրամադրէ հսկայ գումար մը․ կը գործակցի ՄԱԿ-ի գաղթականաց գրասենեակին եւ Յունաստանի խնամատարական նախարարութեան հետ ու կը կառուցեն բազմայարկանի շէնքեր։

Կը պատսպարուին 35 հայ ընտանիքներ։

Հայկական վարժարաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ 1938-41 գործած են հետեւեալ ամենօրիայ դպրոցները․-

  • Եկեղեցւոյ կից, Ազգային վարժարանը 35 աշակերտներով
  • Պէշ Չինարի Ազգ․ վարժարանը
  • Խարիլաոս արուարձանի մէջ, Դպրոցասէր Տիկնանց Միութեան աղջկանց վարժարանը․ նախապէս Մինասեան աղջկանց որբանոցը
  • Կիւլլապի Կիւլպէնկեան Վարժարանը
  • Դանիական Միսիոնարութեան վարժարանը (Բ․ Համաշ․ Պատերազմէն ետք կը տեղափոխուի Աթէնք եւ կը գործէ միայն ազջիկներու ձեռագործի դասընթացքներու բաժինը)
  • Հարմանգիւղի վարժարանը
  • Շուէտացի Հայասէրներու Ընկերակցութեան դպրոցը (1929 - 1943)․

Ասոնցմէ զատ, Սելանիկի ամերիկեան Անաթոլիա Գոլէճի մանչերու եւ աղջիկներու դպրոցներուն մէջ ուսանող բաւական մեծ թիւով հայ աշակերտները կը ստանային նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն։[3][4]

Սելանիկի (Թեսաղոնիկէի) համայնքը այսօր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետեւեալ միութիւնները աշխուժ գործունէութիւն ունին․-

Հայ Գթութեան Խաչին Սելանիկի «Անի» մասնաճիւղը․ հիմնուած 1928, Դեկտ․ 15։ Անխափան կը գործէ մինչեւ այսօր։

  • Հայ Գթութեան Խաչ․ Հիւսիսային Յունաստանի մէջ Հ․Օ․Մ․ի միաւոր։

Հ․Մ․Ը․Մ․ի Սելանիկի մասնաճիւղը․ հիմնուած 1924 թուականին։ Կը գործէ մինչեւ այսօր․ կողովագնդակի խումբը մասնաճիւղին պարծանքն է։ Հիմնումէն մինչեւ Բ․ Համաշխարհային Պատերազի ծագիլը, յանձն առած էր հայկական դպրոցներուն մարզանքի դասերը։

«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղը։ Վերջին տարիներուն իր հովանին տակ կը գործէ «Մասիս» Պարախումբը։

Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդականի «Սողոմոն Թեհլիրեան» եռանդուն խումբը։ Մինչեւ 2010 թուականին կը պահէ իր երկսեռ պարախումբը։

Հ․Յ․Դ․ Պատանեկան «Լեւոն Շանթ» խումբը։

Թաղային Մարմինը։

Եկեղեցասէր Տիկնաց Միութիւնը։

Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի յանձնախումբը։

Վերոնշեալ միութիւնները յաճախակի ձեռնարկներով կը լեցնեն հայութեան կեանքը։ Անոնք կը գործակցին ուր որ հարկ է։

Բարեգործականի Սելանիկի մասնաճիւղը։

Վերջին տասնամեակներուն դադրած է գործելէ «Ադամեան» Թատերասիրաց Միութիւնը․ կազմուած՝ Փետր․ 10, 1933 թուականին։ [7][3][4]

Խալքիտիքիի ամառանոցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շնորհիւ Հայ Գթութեան Խաչին Շրջանային Վարչութեան ջանքերուն, Սելանիկի հարաւ արեւմուտքը, Խալքիտիքի շրջանին արեւմտեան մասին (կամ հասարակ անուանումով՝ 1-ին ոտքին) կը գնուի հողատարածք մը եւ կը գործածուի իբրեւ ամառանոց հայ փոքրիկներուն-պատանիներուն համար։ Ներառնուած է նաեւ Հ․Օ․Մ․ի սփիւռքահայ պատանիներու փոխանակման Ծրագրին մէջ։[8]

Համայնքին իրավիճակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համայնքին թիւը երկար ժամանակ գրեթէ նոյնը կը մնայ, 300 ընտանիքներ։ Սովիէթական Միութեան փլուզումով եւ Հ․Հ․ վերահաստատման առաջին դժուար տարիներուն, մասնաւորաբար 1991 - 2001 թուականներուն, Սելանիկ կը հասնին տնտեսական գաղթականներ։ Այժմ մօտ 15․000 հայեր կ՛ապրին Սելանիկի քաղաքային տարածքաշրջանը, սակայն համայնքին մէջ արձանագրուած են միայն 1․200 հոգի, մնացեալը դժբախտաբար հեռու կը մնայ հայ գաղութին կեանքէն։

1956 թուականէն, եկեղեցւոյ կից շէնքին առաջին յարկին մէջ, կը գործէ «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» շաբաթօրեայ վարժարանը․ կը գործէ շաբաթ օրերը եւ ունի մօտ 90 աշակերտներ։[3][2]

«Թեսաղոնիկէ 97» Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք, «Հայկական Ամիս»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սպիտակ տունը․ Այժմ Սելանիկի Քաղաքապետարանի Պատկերասրահ

Եւրոպական Միութեան ծրագիրներէն մէկն է նաեւ «Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք»ի հանդիսութիւններու կազմակերպումը։ Ամէն տարուայ համար կ՛ընտրուի քաղաք մը, որ մէկ տարուան տեւողութեամբ՝ հանդիսանալով Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաքը, կը հիւրընկալէ գեղարուեստական ելոյթներ, մասնակցութեամբ Եւրոպայի զանազան երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող համաշխարհային ճանաչումով նուգախումբերու, թատրոններու, անհատ երգիչներու եւ ամէն տեսակի արհեստագէտներու (նկարիչ, արձանագործ, եւլն․)։

1997 թուականին, Սելանիկը կը հանդիսանայ «Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք»ը։ Շնորհիւ քաղաքին Թաղային Մարմնոյ եւ Համազգայինի մասնաճիւղի վարչութեան տարած հետեւողական աշխատանքներուն Թեսաղոնիկէի «Եւրոպայի Մշակութային Մայրաքաղաք»ի կազմակերպիչ յանձնախումբին մօտ, ծրագիրներուն ցանկին մէջ կը ներառնուի «Հայկական Ամիս»ը։

1996 վերջաւորութեան, հանդիսութեանց նախօրեակին, ելոյթ կ՛ունենայ «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ»ու երգչախումբը, ապշեցնելով երաժըշտասէր հանդիսականները։

«Հայկական Ամիս»ի ելոյթները կը ձեռնարկուին մեծ յաջողութեամբ եւ հետեւեալ կարգով․-

Մոնի Լազարիսթոն․ այժմ Արդի Արուեստի Թանգարան
  • Երաժշտական շարք մը համերգներ նուիրուած «Հայկական հզօր խմբակ»ի հինգ յօրինողներուն, որոնք 1996 թ․ կը բոլորեն իրենց ծննդեան 75ամեակը՝ Առնօ Պապաջանեան, Ալեքսանտր Յարութիւնեան, Լազար Սարեան, Ադամ Խուտոյեան եւ Էդուարդ Միրզոյեան։ Լազար Սարեան եւ Էդուարդ Միրզոյեան ներկայ կ՛ըլլան այս համերգներուն։
  • «Հայաստանի կամերային պետական նուագախումբ»ը երկու համերգներով, ղեկավարութեամբ խմբավար Արամ Ղարաբեկեանի։ Ելոյթները տեղի կ՛ունենան Մոնի (թարգմ․՝ վանք) Լազարիսթոն (այժմ Արդի Արուեստի Թանգարան) դահլիճին մէջ։
  • «Հայաստանի գոյներ»ը անունով 2 ամսուան տեւողութեամբ հայ գծագրչներու գործերու ցուցահանդէս, Սելանիկի Քաղաքապետարանի Պատկերասրահին մէջ։
  • Չորս դասախօսութիւններու շարք մը հետեւեալ նիւթերով՝
  1. «Յետ-Խաչատրեանական յօրինողներու սերունդի ստեղծագօրծական ներդրումը ազգային երժշտութեան»․ դասախօս՝ տիկին Արաքսի Սարեան յատկապէս Հայաստանէն հրաւիրուած։
  2. «Հայկական արուեստը եւ յատկապէս հայկական ճարտատապետութիւնը - Հայկական տաճարաշինութիւնը եւ Բիւզանդիոնը»․ դասախօս՝ Թրակիոյ համալսարանի բիւզանդական հնագիտութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ․ Եորղոս Տիմիդրոքալիս։
  3. «Հայերը Յունաստանի մէջ, երէկ եւ այսօր»․ դասախօս՝ Սելանիկի Արիստոթելեան համալսարանի նորագոյն պատմութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆ․ Իոաննիս Խասիոդիս։
  4. Եղիշէ Չարենց եւ իր բանաստեղծական գործը - 100ամեակ իր ծնունդին»․ դասախօս՝ պր․ Կարապետ Գալֆայեան։
  1. Ազատ Օր - 1997-ի բացառիկ, Հիւսիսային Յունաստանի Թեսաղոնիկէ գաղութը էջ՝ 34-46, Դեկտ․ 31, 1997
  2. Ամենուն Տարեգիրք, Կարօ Գէորգեան, 1960, էջ՝352-368

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Անաթոլիա Քոլէճ(անգլերէն)
  2. Աբրահամ Գ․ Կրետացի Կաթողիկոս Archived 2020-01-03 at the Wayback Machine.
  3. Եկմալեան պատարագ
  4. Արմենիքա պարբերաթերթ, փրոֆ․ Իոաննիս Խասիոդիս, Ապրիլ-Յունիս 2015, թիւ 85(յունարէն)