Jump to content

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն

Հիմնադրամի գլխաւոր շէնքը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի արձանը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամ, (փորթ.՝ Fundação Calouste Gulbenkian), Փորթուկալի մէջ գտնուող հիմնադրամ, որուն հիմնական նպատակն է աջակցիլ եւ սատարել գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ արուեստի զարգացման։ Հիմնադրուած է 1956-ին Լիզպոնի մէջ՝ հայ մեծահարուստ նաւթ արդիւնաբերող Գալուստ Կիւլպէնկեանի (1869-1955) կտակին (1953) համաձայն։ 2011-ի Դեկտեմբեր 22-էն սկսեալ՝ տնօրէնը Արթուր Սանթոս Սիլվան եղած է[1]։ Հիմնադրամը ունի մասնաճիւղեր Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։

Հիմնադրուած է 1956-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն։ Կտակին մէջ նշուած է միայն Սուրբ էջմիածնի Մայր տաճարի նորոգման համար 450 հազար տոլարի յատկացման մասին, սակայն կտակարար մարմնի անդամ Գէորգ Եսայեանի՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի փեսայի ջանքերով, յետագային հիմնադրամին մէջ կը բացուի նոր հայկական համայնքներու բաժանմունքը։

Պատմական ակնարկ[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնադիրին մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան ծնած է 1869-ին Սկիւտար, Պոլիս։ Յաճախած է Արամեան Ունճեան վարժարանը, ապա Պոլսոյ ֆրանսական դպրոցը եւ ամերիկեան քոլէճը. 14 տարեկանին մեկնած է Եւրոպա ուսումը շարունակելու։

Ամբողջ կեանքին ընթացքին ծաւալած է բարեգործական գործունէութիւն, ներառեալ՝ գրադարանի եւ եկեղեցիի հիմնադրում, դպրոցներու օժանդակութիւն, հիւանդանոցի օգնութիւն. յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է եւ օժանդակած՝ Միջին Արեւելքի հայութեան։

Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան իր վերջին տասնըերեք տարիները անցուցած է Լիզպոնի մէջ, ուր մահացած է 1955-ին. անոր աճիւնները ամփոփուած են Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։

Կիւլպէնկեանի կտակին համաձայն, 1956-ին կը հիմնուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը, որ մինչ օրս բարեգործական աշխատանքներ կը ծաւալէ՝ արուեստի, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ։

Կիւլպէնկեանի հարստութիւնը Միջին Արեւելքի նաւթի պաշարները Արեւմուտքի շահագործման հասանելի դարձնելու աշխատանքին շնորհիւ է։ Իր կեանքին ընթացքին Կիւլպէնկեան արուեստի գործերու մեծ հաւաքածոյ մը կուտակած է, որ հիմքը հանդիսացած է Կիւլպէնկեան թանգարանի ստեղծումին։

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը, նախապէս՝ Միջին Արեւելքի Բաժանմունք, հիմնուած է 1956 թուականին։ Բաժանմունքին առաջին պատասխանատուն եղած է Գէորգ Էսաեան՝ Կիւլպէնկեանի փեսան։

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի պատասխանատու հոգաբարձուն միշտ եղած է ազգութեամբ հայ եւ հիմնադիրին ընտանիքին անդամ: Ներկայիս, Բաժանմունքի պատասխանատու հոգաբարձուն է Մարթին Էսաեանը, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծոռն է։ Նախորդող հոգաբարձուները եղած են՝ Միքայէլ Էսաեան, Կիւլպէնկեանի թոռը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան պատուոյ նախագահը, ինչպէս նաեւ Կիւլպէնկեանի եղբօրորդին՝ Ռոպերթօ Կիւլպէնկեանը։

2013-էն սկսեալ, Բաժանմունքին տնօրէնն է Ռազմիկ Փաոնսեանը. նախորդ տնօրէններուն շարքին են՝ Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան, Կորիւն Քէշիշեան եւ Զաւէն Եկաւեան։ 2012-ին միջանկեալ տնօրէն եղած է Աստղիկ Չամքերթեն։

Ահաւասիկ Բաժանմունքին գործունէութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկ քանին.

  • 1957-58-ին կը հիմնուի համալսարանական կրթանպաստներու ծրագիրը, որ կը շարունակուի մինչ օրս. այս ծրագիրին շնորհիւ տասնեակ հազարաւոր հայ ուսանողներ նպաստ ստացած են։
  • 1959-60-ին կը հիմնուի «Ձրի կրթաթոշակներ»-ու ծրագիրը, օգնելու որ աշխարհի մէջ տարբեր տեղեր եւ յատկապէս Միջին Արեւելիքի մէջ հայ աշակերտներ հայկական դպրոց յաճախեն։ Այս ծրագիրը շարունակուած է տասնամեակներու ընթացքին եւ նպաստած է հազարաւոր աշակերտներու։ Յաջորդիւ, նպաստներ յատկացուած են նաեւ Միջին Արեւելիքի, Թուրքիոյ, Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի մէջ դպրոցներու նորոգութեան եւ կառուցումին։ Մինչ օրս, հայկական դպրոցներու եւ կրթութեան ոլորտի օժանդակութիւնը հիմնական մասը կը կազմէ Բաժանմունքին գործունէութեան։
  • 1959-ին կը մեկնարկուի հայագիտական նիւթերու շուրջ գիրքերու հրատարակութեան ծրագիրը։
  • 1960-ականներուն Պէյրութի մէջ կը կառուցուին բազմաբնակարանային տուներ կարիքաւոր հայերու համար, UNHCR-ի, Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան եւ «Swiss Friends of Armenians»-ի հետ համագործակցութեամբ։ Հայ փախստականներու համար նման բնակարաններ կառուցուած են նաեւ Աթէնքի մէջ UNHCR-ի հետ միատեղ։
  • Բժշկական սարքեր կը նուիրաբերուին Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին, մանաւանդ 1960-70-ականներուն։ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծնողքը, ինչպէս նաեւ ընտանիքի այլ անդամներ, ամփոփուած են հիւանդանոցին բակը։
  • 1988-ի աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Սովետական Հայաստանի կը ղրկուի մարդասիրական օգնութիւն։ Նիւթական օժանդակութեան կողքին, Հիմնարկութիւնը միջնորդ կը հանդիսանայ Փորթուկալէն Հայաստան ղրկուելիք օգնութեան համար։ 1991-էն սկսեալ, Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ օժանդակել անկախ Հայաստանին, կեդրոնանալով քաղաքացիական ոլորտին եւ կրթանպաստներու վրայ, միեւնոյն ժամանակ շարունակելով ի հարկին մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացնել։
  • 1990-ին Բաժանմունքը կը ձեռնարկէ դպրոցներու վերանորոգումի մեծ ծրագիրի մը Լիբանանի մէջ։ Սփիւռքի հայկական դպրոցներու օժանդակութիւնը կը շարունակուի մինչ օրս։
  • 2001-ին կը նորոգուի Երուսաղեմի Գալուստ Կիւլպէնկեան Գրադարանը, որ կառուցուած է 1930-ին Կիւլպէնկեանի նուիրատուութեան շնորհիւ, Կիւլպէնկեան Գրադարանը Սփիւռքի կարեւորագոյն գրադարաններէն մէկն է։
  • 2013-ին կը մեկնարկուի Բաժանմունքին հնգամեայ ծրագիրը, որ կը կեդրոնանայ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի կենսունակութեան եւ կրթական բարեփոխումներու վրայ, ինչպէս նաեւ համալսարանական կրթանպաստներու, Հայաստանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան, հայ-թուրք յարաբերութիւններու, եւ թուային հրատարակութիւններու վրայ։
  • 2014-ին Հիմնարկութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ առաջին «Հայկական մշակոյթի շաբաթ»-ը՝ համերգներով, ցուցահանդէսներով եւ գիտաժողովներով։ Տեղի կ՚ունենայ «Հայերը 2115-ին» սեմինարը սփիւռքահայ ղեկավարներու մասնակցութեամբ։
  • 2014-2018-ի հնգամեայ ծրագիրը կը վերահաստատուի 2019-2023-ի շրջանին համար, կրելով որոշ բարեփոխումներ։ Տարբերութիւնը կիրարկումի ձեւաչափն է, որ կը միտի ապահովելու աւելի՛ թիրախաւորուած աշխատանք եւ խորունկ ազդեցութիւն, հիմնուելով Բաժանմունքին առաջնահերթութիւններուն եւ հիմնական գործունէութեան վրայ։
  • 2014-էն սկսեալ նպաստ կը յատկացուի Թուրքիոյ մէջ հայկական ներկայութեան վրայ կեդրոնացող նախաձեռնութիւններու որոնք կը սատարեն քաղաքացիական եւ ակադեմական այն կառոյցներուն որ կ՚արժեւորեն հայոց ներկայութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն։
  • 2015-ին կը մեկնարկուի Մխիթարեան Միաբանութեան թերթերու եւ հանդէսներու հարուստ ժառանգութեան թուայնացումի ծրագիրը։ Կ՚իրագործուին թուայնացումի այլ ծրագիրներ՝ Յակոբ Օշականի գրաւոր ամբողջ ժառանգութիւնը. Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանի եւ Վլում հարթակներուն վրայ հարիւրաւոր գիրքերու եւ ձայնագիրքերու տեղադրումը, ինչպէս նաեւ Նայիրի կայքէջին վրայ 83 բառարաններու թուայնացումը։
  • 2015-ին Հայաստանի մէջ մեկնարկը կը տրուի Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարին, որ հայերէնով տրամադրելի կը դարձնէ հասարակագիտական ու ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագիրներ։ Հայերէնի կը թարգմանուին Մ. Ֆուկոյի, Ե. Սայիդի, Յ. Հաբերմասի, Ս. Դը Բովուարի,  Ջ. Ագամբէնի, Ա. Բադիուի, Հ. Արենդթի եւ այլ կարեւոր հեղինակներու գործերը։
  • 2016-ին եւ 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան երկու կարեւոր ակադեմական գիտաժողովներ. Երեւանի պետական համալսարանին մէջ՝ Ռուսաստանի հայ Սփիւռքին մասին, իսկ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ՝ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
  • 2017-ին կը մեկնարկուի հայերէնի ամբողջական ուղղագրիչի եւ արեւմտահայերէնի ելեկտրոնային ազգային ժողովածոյի ծրագիրը։ Android եւ iOS համակարգերու ուղղագրիչները արդէն հասանելի են եւ անվճար ներբեռնելի։ Յաջողութեամբ կ՚ամբողջացուին նաեւ թեքնաբանութեան վերաբերող այլ ծրագիրներ, ներառեալ՝ Արեւմտահայերէնի ծառադարանը, որ կենսական գործիք մըն է Բնական լեզուի մշակումի ոլորտին մէջ։
  • 2017-ին կը սկսի մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու նուիրուած Զարմանազան ամառնային ճամբարը. ի գործ կը դրուին նաեւ արեւմտահայերէնին վերաբերող այլ նախաձեռնութիւններ, ներառեալ մանկավարժական աղբիւրներու կայքէջի ստեղծումը՝ Զնտուկ, մանկապատանեկան գիրքերու հրատարակութիւնը՝ Զարդիս, եւ մանկապատանեկան Երդիք առցանց տեսանիւթերու շարքը: Կ’իրականացուին ուսուցչական վերապատրաստումի ծրագիրներ:
  • 2018-ին կը մեկնարկուի Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ ծրագիրը, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն հանրային կարծիքը ուսումնասիրող գիտահետազօտական աշխատանք մըն է:
  • 2019-ին Բաժանմունքը կը հրապարակէ իր Լիբանանի ռազմավարութիւնը, որ կը բաղկանայ ընդգրկուն ծրագիրէ մը. ռազմավարութիւնը կը ներառէ աշխատանք հայկական դպրոցներուն հետ, ուսուցիչներու վերապատրաստումի մասնագիտական ծրագիր, թիրախաւորուած կրթանպաստներու յատկացում եւ արեւմտահայերէնով մշակութային նորարարութեան ծրագիր։  
  • 2019-ին Բաժանմունքը կազմակերպչական մեծ աշխատանք կը տանի Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, որ կը կայանայ ամբողջ Հիմնարկութեան մակարդակով. տեղի կ՚ունենան բազմազան միջոցառումներ:
  • Պսակաձեւ ժահրի ժամանակ, Բաժանմունքը կը մնայ գործունեայ՝ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելով Հայաստանի եւ Լիբանանի։ Աւելին. քայլ պահելով աշխարհին հետ, եւ ի պատասխան տնակալումի պարտադրանքին, կը մեկնարկուին տարբեր նորարարական ծրագիրներ եւ մրցոյթներ։
  • 2021-ին Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ նոր ծրագիր մը՝ «արդ եւս» որ միակ նպաստի ծրագիրն է արեւմտահայերէնով յառաջադէմ մշակութային կիրարկութեան համար։ Ամեն տարի մինչեւ 10 նախագիծի նպաստ կը յատկացուի որ մշակութային գործիչներ եւ դրական ներգործութիւն բերողներ կարենան մշակոյթի միջոցով ընկերային առաջընթաց, կլիմայի պաշտպանութիւն եւ ժողովրդավարական մօտեցումներ ապահովել: Ծրագիրը շարունակական է։
  • 2022-2023 տարեշրջանին համար Բաժանմունքը Արտակարգ կրթանպաստի ծրագիր կը մշակէ Լիբանանի հայ համալսարանականներուն համար երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին բերումով։ Քառասունմէկ արտակարգ կրթանպաստ կը յատկացուի Հիմնարկութեան արդէն իսկ գոյութիւն կրթանպաստներու առընթեր։
  • 2023-ին մարդասիրական օգնութիւն կը ղրկուի Միջին Արեւելք, ի պատասխան աւերիչ երկրաշարժին` վնասուած համայնքային կառոյցներու շինարարութեան եւ տեղւոյն հայկական վարժարաններու նիւթական կարիքները հոգալու նպատակով։
  • 2023-ին Բաժանմունքը «Առաջատար թեքնաբանութիւնը եւ հայերէն լեզուն» երկօրեայ աշխատաժողովը կը կազմակերպէ Թումոյի հետ համագործակցութեամբ ուր ներկայ էին աշխարհի տարբեր տեղերէ աւելի քան քսան մասնագէտներ՝ ախտորոշելու ոլորտին ներկայ պահանջքները եւ ստեղծելու անհրաժեշտ գործիքները՝ լեզուի կիրարկութիւնը աւելի ընդլայնելու եւ անոր կենսունակութիւնը ապահովելու համար։
  • 2023-ին Արցախի աղէտին հետեւանքները ամոքելու համար, Հիմնարկութիւնը կը մշակէ երեք մասէ բաղկացած ռազմավարութիւն մը. ցուցաբերել հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն, իրականացնել մշակութային ժառանգութեան վերահսկում, եւ կատարել Արցախի ժողովուրդին կրած կորուստներուն վերաբերեալ հետազօտութիւններ։
  • 2023-ի աւարտին մեկնարկեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» նախագիծին երկրորդ փուլը, որուն նպատակն է մարդկային ուսմանց եւ հասարակական գիտութիւններու արդի համաշխարհային գրականութիւնը հասանելի դարձնել հայերէն լեզուով։ Նոր հեղինակներէն են՝ Քարլօ Գինզբուրգ, Ուիլիամ Ճէյմզ, Թերի Իգըլթոն, Պենետիքթ Անտերսոն, Ճաք Լը Կոֆ, Ճօն Ռոուլզ եւ այլն։
  • 2024-ին «Բարերարութիւն եւ արդի մարտահրաւէրներ» երկօրեայ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ, ուր կը ներկայացուի վերջին տասնամեակի Հիմնարկութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղի կ՚ունենան նպաստատուութեան, լեզուի, մշակոյթի եւ Հայաստանի շուրջ զրոյցներ:
  • Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան մէջ իւրայատուկ ցուցահանդէս մը տեղի կ՚ունենայ նուիրուած Հայկական Բաժանմունքի պատմութեան եւ գործունէութեան։ Ցուցահանդէսին թիրախը հիմնարկութեան հարիւրաւոր աշխատակիցները էին իսկ վայրը՝ Հիմնարկութեան կեդրոնական շէնքի 3-րդ յարկի ճաշասրահը, ուր պատերը կ՚օժտուին համադրուած ցուցադրութեամբ մը ուր իւրաքանչիւր պատ կ՚անդրադառնայ մեր գործունէութեան առանցքին գտնուող նիւթի մը՝ կրթաթոշակներու ծրագիրը, արեւմտահայերէնը, մշակոյթի բաժինը, Հայաստանը, մարդասիրական օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ հիմնադիրը՝ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանը։
  • Յունիս 2024-ին Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքն ու Կիւլպէնկեան Արուեստի Գրադարանը եւ Արխիւները «Հայերը եւ Երուսաղէմը» ցուցահանդէսը կը կազմակերպեն Հիմնարկութեան մէջ, որ կ՚անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի միջեւ եղած սերտ կապին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ Քաղաքին հետ անձնական կապին։ Ներկայացնելով այս առաջին եւ ամենահին սփիւռքեան համայնքին պատմութիւնն ու ներկան. համայնք մը որ կը գոյատեւէ հազարամեակէ մը աւելի, ի հեճուկս մեծ փոփոխութիւններու, ցնցումներու եւ պատերազմներու։
  • Յուլիս 2024-ին, Բաժանմունքը Լիզպոնի մէջ կը հիւրընկալէ շրջադարձային ձեռնարկ մը՝ մէկտեղելով Հայկական Սփիւռքի մէջ յարգանք վայելող կարգ մը մտաւորականներ եւ 14 երկիրներէ 36 մասնակիցներ։ «Հաւասարում նորոգ․ սերունդներու զրոյց մը» վերնագիրով եռօրեայ հանդիպումը վերարժեւորեց Սփիւռքի մտաւորական հարուստ ժառանգութիւնը, միաժամանակ խթանելով աշխոյժ զրոյց մը սերունդներու միջեւ։
  • Բաժանմունքը կը շարունակէ աշխարհի չորս կողմէն եկող բազմաթիւ համալսարանականներու եւ հետազօտողներու կրթանպաստներ յատկացնել ամեն տարի։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի միջոցներու գերակշիռ մասը կը տրամադրուի Փորթուկալի եւ այլ երկիրներու մարդասիրական բազմաբնոյթ ծրագիրներու իրականացման համար։ Ներկայիս միջոցներ կը յատկացնէ նաեւ գրահրատարակչական նպատակներով (400 հազար տոլար), որոնք կ'իրականացուին Երեւանի, Անթիլիասի, Հալէպի, Իսթանպուլի, Փարիզի եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ։ Մեծապէս օժանդակած է նաեւ Մատենադարանին[3]։

Փորթուկալական «Partex» նաւթի արդիւնաբերական ընկերութիւնը ամբողջութեամբ կը պատկանի Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամին (տարեկան ելեւմտացոյցն աւելի քան €100 միլիոն)։ Անիկա Եւրոպական Հիմնադրամներու Ցանց Ստեղծարար Համագործակցութեան (անգլերէն՝ Network of European Foundations for Innovative Cooperation (NEF)) անդամ է[4]։

Հիմնադրամը նիւթապէս կ'օժանդակէ նաեւ Փորթուկալի մէջ իրականացուող գիտահետազօտական աշխատանքներուն[5]։

Հիմնադրամին կը պատկանին՝

  • Գալուստ Կիւլպէնկեանի Թանգարանը, որ հիմնուած է Կիւլպէնկեանի անձնական հաւաքածոյին հիման վրայ։
  • Ժամանակակից արուեստի թանգարանը (Centro de Arte Moderna
  • Կիւլպէնկեան Նուագախումբը, Սիմֆոնիկ նուագախումբ, Լիզպոնի ամենամեծ նուագախումբերէն մէկը։
  • Կիւլպէնկեան Գրադարանը։
  • Կիւլպէնկեան Գիտութեան Համակարգը։
  • Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը։
  • Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Այգին, հանրային այգի Լիզպոնի մէջ։
  • Կիւլպէնկեան Հիմնադրամ ՄԹ, ներկայացուցչութիւն Միացեալ Թագաւորութեան մէջ։
  • Ֆրանսայի Պատուիրակութիւն, ներկայացուցչութիւն Ֆրանսայի մէջ։
  • Կիւլպէնկեան Պալլաթ 1965 թուականին հիմնադրուած պարախումբ, որ սակայն կը փակուի 2005-ին։
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքի Բաժանմունքի տնօրէններ
  • Ռոպերթօ Կիւլպէնկեան
  • Կորիւն Քէշիշեան
  • 1984-2011 տնօրէն՝ Զաւէն Եկաւեան։
  • 2012-2013՝ Աստղիկ Չամքերթեն։
  • 2013-էն սկսեալ՝ Ռազմիկ Փանոսեան[6][7][8]։

Բաժանմունքի տարեկան ելեւմուտքը շուրջ 3.5 միլիոն տոլար է։

Կառոյցը եւ այգին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի Կիւլպէնկեան այգին եւ Թանգարանը։

Հիմնադրամի կառոյցը կը գտնուի Լիզպոնի կեդրոնը։ Այգին սկզբնական շրջանին եղած է Լիզպոնի ծայրամասի այգիներէն մէկը։ Հիմնադրամի կառոյցին բացումը տեղի ունեցած է 2 Հոկտեմբեր 1969-ին, այնտեղ կան գրասենեակներ, դահլիճներ, ցուցասրահներ, թանգարաններ եւ գրադարաններ։ Ճարտարապետներն են՝ Ռոյի Աթուգուիան, Փետրօ Սիտը եւ Ալպերթօ Փէսոան։ Կառուցուած է նորայեւ ոճով[9]։

Այգին բացուած է նոյն թուականին, նախագծուած ճարտարապետ Ռիպէյրօ Թելեսի կողմէ, խորհրդակցելով հիմնադրամի շէնքի ճարտարապետներուն հետ։ 2010-ին կառոյցը եւ այգին մաս կը կազմեն Փորթուկալի մշակութային յուշարձաններու ցանկին։

Ժամանակակից արուեստի թանգարանը (փորթ.՝ Centro de Arte Moderna) նախագծած է անգլիացի ճարտարապետ Լեզլի Մարթինը՝ International style-ի ոճով։ Այս թանգարանը բացուած է 1983-ին։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Թանգարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանը բացուած է 2 Հոկտեմբեր 1969-ին[9]՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ եւ վերջինիս հաւաքածոյին հիման վրայ։ Թանգարանին մէջ կան մօտ 6000 ցուցանմուշներ։ Եւրոպական գեղանկարչութեան հաւաքածոյին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն 1930-ական թուականերէն Էրմիդաժի հաւաքածոյի վաճառքէն Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ ձեռք բերուած գործերը (Ռուպենս, Ռեմպրանտթ, Թիրք Պոութս

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Eleição por unanimidade - Artur Santos Silva é o novo presidente da Gulbenkian»։ 22-12-2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-12-23-ին։ արտագրուած է՝ 22-12-2011 
  2. «Հիմնական էջ»։ Armenian Communities (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2025-05-23 
  3. Gérard Dédéyan (dir.), Histoire du peuple arménien, Privat, Toulouse, 2007 978-2-7089-6874-5, p. 805.
  4. «Network of European Foundations (NEF)»։ Network of European Foundations (NEF)։ Oct 25, 2007։ էջ 5։ արտագրուած է՝ April 4, 2014 
  5. Angelique Verrecchia (25 Մարտ 2015)։ Ambassade de France au Portugal / ADIT, խմբգր․։ «La Fondation Calouste Gulbenkian récompense un jeune chercheur pour ses recherches sur le cerveau»։ www.bulletins-electroniques.com .
  6. Barsoumian Nanore (13 June 2014)։ «A Bold New Plan: Interview with Razmik Panossian»։ Armenian Weekly։ արտագրուած է՝ 20 July 2014 
  7. «Rasmick Panossian Director of Programming, Rights and Democracy, Montreal»։ University of Winnipeg։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 4 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 2 November 2013 
  8. Our History
  9. 9,0 9,1 Museo Calouste Gulbenkian։ Lissabon: Fundação Calouste Gulbenkian։ 2003։ էջ 9։ ISBN 972-8128-82-7 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։