Սահակ Արք․ Այվազեան

Սահակ Արք․ Այվազեան
[[File:նկարը՝ [1])|frameless|267x400px]]
Արքեպիսկոպոս Հայ Առաքելական Եկեղեցուոյ Յունաստանի Հայոց Թեմի
Ծննդեան անուն Յակոբ Այվազեան
Ծնած է 14 Դեկտեմբեր, 1929
Ծննդավայր Ֆամակուսթա, Կիպրոս
Մահացած է 29 նոյեմբեր, 2003
Մահուան վայր Թեսաղոնիկէ, Յունաստան
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն հոգեւորական,Կրթական մշակ,

Սահակ Արք. Այվազեան, (14 Դեկտեմբեր 1929, Ֆամակուսթա - 29 Նոյեմբեր 2003, Սելանիկ), աւազանի անունով՝ Յակոբ Այվազեան․ հոգեւորական, կրթական մշակ։ Յունաստանի Հայոց Թեմի 45 տարիներու Առաջնորդ Սահակ Արքեպիսկոպոս Այվազեան (նկարը՝ [1]

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախակրթութեան առաջին 5 տարիները կը բոլորէ յունական վարժարանի մէջ, ու 4 տարի ալ կը յաճախէ Նիկոսիոյ Մելիքեան-Ուզունեան հայկական նախակրթարանը (արեւելահայերէն)։ Երեք տարի կ՛աշակերտէ Մելքոնեան երկրորդական վարժարանը։

1947-ին, կուսակրօն եկեղեցական դառնալու համար, 18-ամեայ Յակոբ Այվազեան կ՛անցնի [1]Անթիլիասի Դպրեվանքը։ Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի եւ Ընծայարանի բաժինները յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, 1953-ին աբեղայ կը ձեռնադրուի՝ կոչուելով Տէր Սահակ, ի յիշատակ Կիլիկեան Աթոռի տարագրութեան օրերու Կաթողիկոս Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեան ի։

Եկեղեցական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սահակ աբեղայ երաժշտական ձիրքն ու հետաքրքրութիւնները զարգացնելու համար, հինգ տարի կը հետեւի Պէյրութի (Լիբանան) Պետական Երաժշտանոցի դասընթացքներուն։ Միաժամանակ, Մ․ Տ․ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ կը վարէ դպրապետի եւ ուսուցիչի պաշտօնները ու կրօնի դասեր կ՛աւանդէ «Վահան Թէքէեան» եւ Ազգային «Սուրբ Նշան» վարժարաններուն մէջ։

Կը նշանակուի վարիչ տնօրէն Կիլիկեան Աթոռի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն։ Անոր կը վստահուի երաժշտական ղեկավարութիւնը Կաթողիկոսութեան երկսեռ երգչախումբին, որուն անդամներուն թիւը՝ հարիւրի կը բարձրանայ շնորհիւ իր ջանքերուն։ 1956-ին նորընտիր Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի օծման արարողութեան, անոր ղեկավարած այդ երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ քառաձայն Պատարագի երգեցողութեամբ։

1957-ին, Կիպրոսի մէջ, կը ստանայ վարդապետական իր տիտղոսը։ Նոյն տարին Աթէնք կու գայ ծանօթանալու համար բիւզանդական երաժշտութեան եւ վեցամսեայ պատրաստութենէ ետք, կը մասնակցի Աթէնքի Ազգային երաժշտանոցի ամավերջի քննութիւններուն եւ յաջողութեամբ կ՛աւարտէ բարձրագոյն դասարանը։

6 Ապրիլ 1958-ին Սահակ Վարդապետ Յունաստանի թեմական Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի յունահայոց թեմակալ առաջնորդ։ Վեցամսեայ պաշտօնավարութենէ ետք, Անթիլիաս կը մեկնի ու 2 Նոյեմբեր 1958-ին, Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ կը վերադառնայ իր պաշտօնատեղը։

Հմուտ յունագէտ, 1958-1962 թ․ին Սահակ Սրբազան կ՛ուսանի ու կ՛աւարտէ Աթէնքի համալսարանի աստուածաբանութեան ճիւղը։ 1964-ին, Խորէն Ա․ Կաթողիկոսը անոր կը շնորհէ Արքութեան տիտղոսը։

29 Նոյեմբեր 2003-ին, Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) մէջ, տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100 ամեակին նուիրուած հանդիսաշուք տօնակատարութեան ընթացքին, օրուան իր պատգամը կը փոխանցելէ վայրկեաններ ետք, յանկարծամահ՝ ան հոգին կ՛աւանդէ։

Ս․Աստուածածին, Սելանիկ

Վերջաբան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունաստանի Հայոց Թեմի 45 տարիներու Առաջնորդ Սահակ Արքեպիսկոպոս Այվազեանը, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ արժէքաւոր ու արժանաւոր նուիրեալներէն եղաւ։ Օժտուած էր բանաստեղծական ու հռետորական շունչով եւ երաժշտական ձիրքով։ Աւելիով արժեցուց իր բարձր հանգամանքը։

Կորովի, առաքինի եւ համեստ, կիրթ ու բարեսէր․ այդպէս անխոնջ, անբասիր վարկով գործեց մօտ կէս դար։ Սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ բոլորէն․ իր հօտէն, գործակիցներէն ու մանաւանդ հայ եւ օտար հոգեւորական եւ պետական մարմիններէն։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մ․Տ․ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն Archived 2017-11-07 at the Wayback Machine.

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ամէնուն տարեգիրքը 1960, 1967-68 Կարօ Գէորգեան
  • Կարօ Մինասեանի արխիւ
  • «Ազատ Օր» օրաթերթ, 30 Նոյ․,2015

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]