Ռոնտա Ռոզի
Ռոնտա Ռոզի անգլերէն՝ Ronda Rousey | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | անգլերէն՝ Ronda Jean Rousey |
Ծնած է | 1 Փետրուար 1987 (37 տարեկան) |
Ծննդավայր | Սանթա Մոնիքա, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1] |
Մայրենի լեզու | անգլերէն |
Ուսումնավայր | Սանտա Մոնիկա բարձրագույն դպրոց? |
Մասնագիտութիւն | Ընդհանուր մենամարտիկ, Ըմբշամարտիկ, պրոֆեսիոնալ ըմբշամարտիկ (ռեստլեր), մարտարվեստի վարպետ, դերասանուհի, մարզիկ |
Աշխատավայր |
Ultimate Fighting Championship? WWE? |
Ամուսին | Travis Browne? |
Ծնողներ | մայր՝ AnnMaria De Mars? |
Կայքէջ | rondarousey.com(անգլերէն) |
Ռոնտա Ժան Ռոզի (անգլերէն՝ Ronda Jean Rousey, 1 Փետրուար 1987, Սանթա Մոնիքա, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), «MMA»-ի (Mixed Marital Arts) մասնակից, նախկին դերասանուհի, ողիմպիական ըմբշամարտիկ, «UFC» կանանց թեթեւագոյն քաշային կարգի ախոյեան: Ան տասնմէկ խաղ յաղթած է առաջին խաղամիջոցին, որոնցմէ ինն բազկամարտով (armbar):
Ճիւտոյի (judo) ողիմպիական խաղերուն մէջ Ռոզի եղած է առաջին ամերիկացի կինը, որ շահած է պրոնզեայ շքանշան մը 2008-ին, Փեքինի մէջ։
Ան կը մարզուի Հայաստանցի Գոքոր Չիվիչեանի եւ Էտմոնտ Դարվերթեանի հետ[2]: 2015-ին, «Google»-ի վրայ երրորդ ամէնէն շատ որոնուած անձն էր[3]:
Դեկտեմբեր 2015-էն սկսեալ, Ռոզի առաջին դիրքը կը գրաւէ (UFC) կանանց խաղամիջոցին[4], իսկ երկրորդ դիրքը՝ «Sherdog»-ի եւ «Fight Matrix»-ի կողմէ[2][5]: «Sherdog» զինք կը դասէ «MMA»-ի երրորդ դիրքի, նկատի ունենալով ամբողջ աշխարհի մասնակիցները, իսկ «ESPN» եւ «Matrix»՝ չորրորդ[6][7]:
Մայիս 2015-ին, երկու թերթեր Ռոնտայի մասին կ'ըսեն, թէ ան ամէնէն ուժեղ եւ աշխոյժ մարզիկն է[2][3][8]: Ան կը հռչակուի ամէնէն լաւ կին մարզիկը[9]: Սեպտեմբեր 2015-ին, ան կը յայտարարէ, թէ ինք բոլոր մարզիկներէն ամէնէն սուղը կը վճարուի[10][11]։ Ռոզիի առաջին լայնամեթրաժ ֆիլմի դերը՝ 2014-ին, Անզուսպները 3-ին մէջ էր[12]: 2015-ին, ան կը մասնակցի Ֆորսաժ 7[13] եւ Անթուրաժ ֆիլմերուն մէջ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1 Փետրուար 1987-ին, Քալիֆորնիոյ Ռիվըրսայտ շրջանին մէջ[14]: Մայրը՝ Աննա Մարիա տը Մարսի, իսկ հայրը՝ Ռոն Ռոզի:[15] Հօր անունով ան կոչուած է Ռոնտա[16]: Մայրը եղած է առաջին Ամերիկացի կինը, որ 1984-ին, համաշխարհային ճիւտոյի խաղի մը մէջ յաղթած է: Մեծ հայրը Վենեզուելացի էր[17][18]: Իսկ իր միւս արմատները կու գան Ամերիկեան եւ Լեհական կողմերէ[19]: Խորթ հայրը, օդատիեզերական գիտութեան երկրաչափ էր[20]: Բուն հայրը, 1995-ին, (երբ Ռոնտա 8 տարեկան էր) անձնասպան կ'ըլլայ, երբ իր ողնայարը կը վիրաւորէ եւ կ'իմանայ, թէ անդամալոյծ պիտի դառնայ:[16][21]: Աննա Մարիա՝ Ռոնտայի մայրը, կը շարունակէ իր ուսումը Քալիֆորնիոյ համալսարանին հոգեբանական ճիւղին մէջ[16][22]:
Կեանքին առաջին 6 տարիներուն, Ռոնտա խօսելու դժուարութիւն կ'ունենայ եւ չի կրնար նախադասութիւն կազմել[23]: Այս դժուարութիւնը արդիւնք էր իր ծնած ատեն պորտալարը վիզին փաթթուած ըլլալուն: Երբ Ռոնտա 3 տարեկան էր, հայրն ու մայրը կը փոխադրուին Ճէյմսթաուն, Հիւսիսային Տաքոտա, որպէսզի Մինոտ համալսարանէն ներս, հոգեբուժերու հետ տեսակցին, յաղթահարելու համար Ռոնտայի դիմագրաւած դժուարութիւնները[24][25]:
Ան դպրոցէն կը հեռանայ պատանի տարիքին, աւելի ուշ կը ստանայ «G.E.D.» (General Educational Development)[26]:Մեծցած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ եւ Հիւսիսային Տաքոտայի մէջ։ 21 տարեկանին, ճիւտօն կը ձգէ եւ 22 տարեկանին կը հետեւի «MMA»-ի, որմէ ետք կ'որոշէ իր կեանքին ընթացքին չաշխատիլ:
Ճիւտոյի աշխարհէն ներս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռոզի մօրը հետ ճիւտոյի աշխարհէն ներս մուտք կը գործէ 11 տարեկանին, որուն հետ կը մարզուի մինչեւ 13 տարեկան, երբ սխալմամբ մօրը ձեռքը կը վիրաւորէ[27]: 17 տարեկանին, Աթէնքի մէջ կը մասնակցի 2004-ի ողիմպիական խաղերուն, ամէնէն երիտասարդ մասնակիցը հանդիսանալով: 2004-ին, Պուտափեսթ, Հունգարիոյ մէջ կը շահի ոսկեայ շքանշան մը ճիւտոյի համաշխարհային մրցաշարքին:
Ապրիլ 2006-ին, 10 տարուան ընթացքին, Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, Ռոնտա կը դառնայ առաջին ամերիկացի կին ախոյեանը։ Ապա նոյն տարին, կը դառնայ ճիւտոյի առաջին Ամերիկացի ախոյեանը[28]:
Փետրուար 2007-ին, Ռոզի կը դառնայ աշխարհի ամէնէն ուժեղ երեք կիներէն մէկը: Ան արծաթեայ շքանշան մը կը շահի 2007-ին, ապա նոյն տարին՝ ոսկեայ շքանշան մը, համաշխարհային խաղերուն ընթացքին[29]:
Օգոստոս 2008-ին, Չինաստանի մէջ կայացած ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի, բայց կը պարտուի Հոլանտացի Էտիթ Պոնչի կողմէ եւ կը շահի արծաթեայ շքանշան մը: Ապա կը յաղթէ Աննեթ Պոէմհիի եւ այս յաղթանակով, 1992-էն ի վեր կը դառնայ առաջին ամերիկացի կինը, որ կը շահի ողիմպիական շքանշան մը[30][31]:
«MMA»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռոզի կը հրաժարի ճիւտոյէն, երբ 21 տարեկանին կ'աւարտէ իր ողիմպիական մասնակցութիւնը եւ շքանշան մը կը շահի: Քալիֆորնիոյ մէջ տուն մը կը վարձէ իր ընկերներէն մէկուն հետ եւ երեք գործ կ'աշխատի (գինեպան եւ սեղանի սպասարկու), որպէսզի կարենայ իր եւ շան պէտքերը ապահովել:[32]:
Երբ ճիւտոյի դասընթացքներու կը վերսկսի հետեւիլ, մայրը զինք կը ղրկէ իր հին դասընկերուհիներուն մօտ, որպէսզի մարզուի: Ռոնտա կ'երթայ Հայաստանի «MMA»-ի ակումբը, որու ղեկավարն էր Գոքոր Չիվիչեան: Ան կը մարզուի ապագայ «MMA» մարզիկներու հետ, ինչպէս՝ Մանի Քամպուրեան եւ Կարօ Փարիզեան: Ըստ Ռոզիի Հայաստանի ճիւտոյի ձեւը աւելի վայրագ է քան Ճափոնինը: Ռոնտա մարզուելու ատեն կը կռուէր իրմէ աւելի հսկայ ու մեծ տղոց հետ, եւ շատ յաճախ կը նեղուէր, որովհետեւ չէր կրնար անոնց յաղթել: Ան կ'ըսէ.«2002-էն 2005, ամէն երեկոյ մարզուելէ ետք ես կու լայի»:
Ռոզի կը մարզուի մանաւանդ Քամպուրեանի հետ: 16 տարեկանին կը վիրաւորէ իր ծունկը: Քամպուրեան կ'առաջարկէ, ամէն գիշեր Ռոնտայի հետ մարզուիլ: 2004-ին, անոր խմբակիցները կ'ըսեն, թէ MMA-ի ատեն Ռոնտա կրնայ շատ դիւրին յաղթել միւս մասնակիցներուն: Անոնք կ'ըսեն նաեւ, թէ անոր դէմքը «շատ գեղեցիկ է եւ պէտք չէ վնասուի «MMA-»ի ընթացքին»: 2008-ի ողիմպիական խաղերէն ետք, կ'որոշէ մասնակցիլ «MMA»-ի մրցաշարքերուն, Հայաստանի ճամբով:
Ռոնտա նաեւ կը մարզուի ուրիշ ակումբներու մէջ, եւ հոն կը ծանօթանայ իր ներկայ մարզիչին՝ Էտմոնտ Դարվերթեանին[33]: Դարվերթեան նախկին համաշխարհային ախոյեան եղած է[34]:
Վաղ ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]6 Օգոստոս, 2010-ին, կռփամարտի ընթացքին ան կը յաղթէ Հայտըն Մունոզիի, 23 երկվայրկեանուան ընթացքին[35]:
Քառորդ եզրափակիչին կը հասնի՝ 12 Նոյեմբեր 2010-ին, յաղթելով Ատըմն Ռիչըրտսընի՝ 57 երկվայրկեանուան ընթացքին[36]: Իսկ կիսաեզրափակիչին կը հասնի՝ 7 Յունուար 2011-ին, յաղթելով Թէյլըր Սթրատֆորտի՝ 24 երկվայրկեանուան ընթացքին, որմէ ետք, ան մասնագէտ դառնալու իր ձգտումը կը յայտնէ եւ «MMA»-ի մէջ իր տեղը կը փոխանցուի ուրիշի մը[37]: Ռոնտայի բոլոր մրցախաղերու տեւողութիւնը ընդամէնը երկու վայրկեան է:
Ռոնտա իր «MMA»-ի մասնագիտութիւնը կը սկսի՝ 27 Մարտ 2011-ին, Քինկ օֆ տը Քէյճի մէջ։ Ան կը յաղթէ նաեւ Էթյէն Կոմէզի՝ 25 երկվայրկեանուան ընթացքին[35][38]:
Ռոզի կը մասնակցի կռփամարտի՝ 17 Յունիս 2011-ին Քալկարի, Քանատայի մէջ, Թուիթի դէմ[39]. Թուիթիի կը յաղթէ 49 երկվայրկեանուան ընթացքին[40][41]:
Կանանց մրցաշարք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]"Ռոնտա Ռոզի աստղ մըն է: Ան մեզի համար շատ յաղթանակներ բերաւ: Կը յուսամ, որ իրեն համար իրեն արժանի մրցանակներ ապահովենք: Ես Ռոնտան շատ կը սիրեմ:"
3 Մարտ 2012-ին, Ռոնտա մարտի կը հրաւիրէ Թէյթի Քոլոմպոսը, Օհիոյի մէջ, որուն կը յաղթէ կռփամարտի ընթացքին, արմուկը վիրաւորելով: Այս ձեւով ան կը դառնայ կանանց մրցաշարքին ախոյեանը[43][44]:
Ռոզի կը ներկայացուի Օլ Աքսէս (Անգլերէն՝ «All Access»)-ի: Անոր առաջին բաժինը կը հրատարակուի 8 Օգոստոս 2012-ին[45]: «UFC»-ի նախագահ, Տանա Ուայթ ծրագիրին ընթացքին կը ծանուցէ, թէ «յաջորդ 10 տարիներուն, եթէ կին մը պիտի ըլլայ ութանկիւնի մրցաշարքին մէջ, այդ կինը պիտի ըլլայ Ռոնտա Ռոզին:»[46] Երկրորդ բաժինը կը հրատարակուի 15 Օգոստոս 2012-ին, «Rousey»[47]: Ան նաեւ կը ներկայանայ Քոնան (Անգլերէն՝ Conan)-ի մէջ[48]:
Ռոնտա կը մարտնչի Սարա Քաուֆման-ի դէմ իր առաջնահերթութեան դիրքը պահելու համար, 18 Օգոստոս 2012-ին, Սան Տիէկօ, Քալիֆորնիոյ մէջ[49]: Ռոզի ըսած է, թէ ան կրնայ Սարայի ձեռքը վիրաւորել, կամ խեղդել զինք մինչեւ մահ[50]: Մարտի ընթացքին, Ռոզի բազկամարտով 54 երկվայրկեանուան ընթացքին կը յաղթէ անոր, որմէ ետք, Ռոնտա կ'ըսէ թէ՝ եթէ նախկին կանանց ախոյեանը՝ Քրիսթիան Սանթոս ուզէր իրեն հետ մարտնչիլ, այդ մէկը պիտի պատահէր թեթեւագոյն քաշային կարգի մրցոյթին[51][52][53]:
Ծայրագոյն մրցաշարքի ախոյեանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոյեմբեր 2012-ին, ծայրագոյն մրցաշարքի ախոյեանութեան մէջ, կը յայտարարուի, թէ Ռոնտա կը շահի առաջնութիւնը, եւ կը դառնայ առաջին կին մարզիկը, որ «UFC»-ի հետ համաձայնութիւն կը ստորագրէ[54][55]: «UFC»-ի նախագահ՝ Տանա Ուայթ, պաշտօնապէս կ'ըսէ, որ Ռոզի առաջին «UFC»-ի ախոյեան կինն է:
Ռոզի չ'ուզեր կոչուիլ այն ծածկանունով, որ իր ընկերները զինք կը կոչէին, որն է՝ «Ռաուտի», կարծելով որ այդ մէկը անարգանք է մասնագէտ մարզիչին՝ Ռաուտի Ռոտի Փայփըրի, բայց երբ անոր կը ծանօթանայ 2012 կամ 2013 թուականներուն, Փայփըր կ'ըսէ, որ հարց մը չունի եթէ Ռոնտայի ծածկանունը ըլլայ Ռաուտի[56]:
Ռոզի կը մրցի Լիզ Քարմուշի հետ, 23 Փետրուար 2013-ին, եւ անոր կը յաղթէ 4:49 վայրկեանին կռփամարտի մրցոյթին[57]: Լիզ կը վիրաւորէ Ռոնտայի կզակը[58][59]:
Ապա Ռոզի կը կռուի Միէշա Թէյթի դէմ, «UFC »168-ի մէջ 28 Դեկտեմբեր, 2013-ին: Երկու մրցաշարքերէ ետք, Ռոնտա վերջապէս կրնայ յաղթել Թէյթի՝ կռփամարտի մրցոյթին[60]: Հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ռոնտա կ'ըսէ թէ՝ արդէն Թէյթի հետ մրցաշարքէն առաջ, վիրաւորուած էր եւ այդ պատճառով չկրցաւ շուտով անոր յաղթել[61]:
11 Ապրիլ 2014-ին, կը յայտարարուի, թէ Ռոնտա պիտի մրցի Ալեքսիս Տէյվիսի հետ, 5 Յուլիս 2014-ին: Անոր կը յաղթէ 16 երկվայրկեանուան ընթացքին, միաժամանակ իր բթամատը վիրաւորելով[62]: Այս յաղթանակով Ռոզի մրցանակ մը կը շահի[63]:
Ռոնտայի բոլոր յաղթած խաղերը 1077 երկվայրկեան տեւողութիւն ունին, որոնց համար կը շահի $1,080,000, ամէն մէկ երկվայրկեանը, որ կը մրցի, կ'արժէ 1002.79$[64][65]: Ամէնէն կարճ տեւողութիւնն է՝ 2 վայրկեան եւ 59 երկվայրկեան, ինչ որ ներկայիս «UFC»-ին մէջ ամէնէն կարճն է. Ռոնտայէն առաջ, 7 վայրկեան եւ 59 երկվայրկեան էր[66]:
Ամէնէն կարեւորը, Ռոնտա կը մրցի Հոլի Հոլմի հետ, «UFC» 193-ի մէջ, 15 Նոյեմբեր 2015-ին[67]: Ռոնտա չի յաջողիր Հոլմը զգետնել: Հոլի անոր կը յաղթէ, հարուածելով անոր գլուխը, վերջ տալով Ռոնտայի երեք տարուան ախոյեանութեան: Ասիկա կ'ըլլայ Ռոնտայի առաջին պարտութիւնը «MMA»-ի մէջ։ Մրցոյթէն ետք, Ռոնտայի եւ Հոլիի կը շնորհուի 50,000$ [68]: 18 Նոյեմբեր, 2015-ին, առողջապահական պատճառներով, Ռոնտա 60 օր չի կրնար մասնակցիլ մրցաշարքերուն[69]:
Ազդեցութիւնը «MMA»-ի վրայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռոնտա «MMA»-ի հայեացքը կը փոխէ կանանց հանդէպ: Ան կ'ըսէ. «Կ'ըսուի, թէ «MMA»-ը կանանց դէմ է: Ասիկա սխալ է: Այս մրցաշարքերը միայն տղոց համար չեն, բոլորին համար են:»[70] Թղթակիցներ Ռոնտան կը կոչեն «կանանց իրաւունքներ պաշտպանող» անձ[71], բայց ուրիշներ ճիշդ հակառակը կ'անուանեն զինք[72]:
Մասնագիտական ըմբշամարտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռոզի մասնագէտ է ըմբշամարտի մէջ։ Անոր ծածկանունը՝ «Ռաուտի», կը պատկանի մեծ ու նշանաւոր ըմբշամարտի մարզիչի մը՝ Ռաուտի Ռոտի Փայփըրին, որմէ կը խնդրէ եթէ կրնայ անոր անունը գործածել որպէս ծածկանուն[73]: Ռոզի, Շայնա Պազսլըրի, Ճեսսամին Տիւքի եւ Մարինա Շաֆիրի հետ միասին կը կոչուին՝ «The Four Horsewomen»:
«WWE» (2015)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«The Four Horsewomen», շուտով մեծ ճանաչում կը ստանայ Օգոստոս 2014-ին, երբ «WWE»-ի «Summer Slam»-ի մէջ անոնք նստած էին առաջին շարք, որմէ ետք անոնք կ'անցնին բեմին ետեւ եւ կը ծանօթանան Փօլ Հէյմանի եւ ուրիշներու.[74]: Թղթակիցներ, երբ Ռոնտայի կը հարցնեն եթէ ան ըմբշամարտի պիտի անցնի, ան կը պատասխանէ. «ոչ ոք գիտէ»[75]:
«WrestleMania 31»-ի մէջ, 31 Մարտ 2015-ին, անոնք նստած էին առաջին շարք, երբ վիճաբանութիւն մը տեղի կ'ունենայ Տուէյն Ճոնսընի եւ Սթեֆանի Մքահոնի ու Դրիբլ Հ-ի միջեւ. Սթեֆանի կը հարուածէ Տուայնը, եւ Տուայն անոր կ'ըսէ, թէ ան չի կրնար իրեն վնաս հասցնել, որովհետեւ աղջիկ է, բայց կը հրամայէ, որ Ռոնտա բարձրանայ վեր եւ հարուածէ Սթեֆանին: Ռոզի, Թրիփըլ Հ-ի դուրս դնելէ ետք, նոյնը կ'ընէ Սթեֆանիի, կռփամարտի մէջ: Ռոզի եւ Տուայն կը «տօնեն» իրենց յաղթանակը[76]:
Ապա, Ռոնտա զրոյց մը կ'ունենայ, ուր կ'ըսէ «Ասիկա միայն սկիզբն է»[77]:
Կռուելու ձեւը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Քանի մը մարզիկներ դիրք կ’առնեն որպէս անվիշտ մարդիկ, բայց Ռոնտա ազդեցիկ է: Ան այնքան կը ժպտի, որ աչքերը կը դառնան փոքր: Ան նաեւ դիւրին կու լայ, իր մանկութենէն մնացած սովորութիւն մը: Ամէն մրցախաղէ առաջ, ան վայրի ձեւով կը նայի իր մրցակիցին կարծես անոր կեանքին վերջ պիտի դնէ: Խաղէն ետք, ան կրկին կը ժպտի անվնաս:»
2012-ին, հարցազրոյցի մը ընթացքին,[78] Ռոնտայի առաջին մրցումէն առաջ Միէշա Թէյթի հետ, ան կ'ըսէ. «Երբ ճիւտոյի մէջ կը մարզուէի, գլխաւոր առաւելութիւնս իմ հանգամանքս եւ ընթացքս էին: Ես մարդոց ուժը կը սպառէի»: Ան Րիոքօ Թանիէն խօսք մը առնելով կ'ըսէ․ «Ամէն մէկ 5 երկվայրկեան այնպէս մը կռուէ՛, որ կարծես մրցաշարքին վերջին 5 երկվայրկեաններն են:»
Ճիւտոյի մէջ, Ռոնտա նախ կը զգետնէ իր մրցակիցը, ապա հարուածելով անոր կը յաղթէ[79][80]: Ան ուժեղ բռունցքի եւ գլխու հարուածներ[81][82][83] կու տայ անոր: Ռոնտա ճիւտոյի մէջ կը գործածէ իր ձախ ձեռքը եւ այդպէս կը հարուածէ[84]:
Ռոզիի ամէնէն նախասիրած «MMA»-ի մրցակիցը, Ֆետոր Էմիլիանեքօն է, որու կռուած ձեւը Ռոնտա շատ դիւրին կրնայ ծաղրել[85]:
Ռոնտա ճանչցուած է իր բազկակպանքի յաղթանակներով[80][86]: Քանի մը մրցակիցներ, ինչպէս՝ Ճուլիա Պատի եւ Սարա Քաուֆման, Ռոնտա կը զգետնէ, ապա բազկակպանքով կը յաղթէ անոնց: Բայց աւելի ուժեղ մրցակիցներու, օրինակ՝ Միէշա Թէյթ եւ Լիզ Քարմուշի, աւելի դժուար կը յաղթէ[79][81]:
Անոր «8MMA9»-ը կը կեդրոնանայ ճիւտոյի վրայ, ապա կ'անցնի «UFC», եւ յաղթական դուրս կու գայ: Ան կռիւի ընթացքին ամէնէն շատ կը գործածէ իր ծունկերը եւ ձեռքերը[87][88]: Ան նաեւ շատ մեծ հարուածներով կը յարձակի իր մրցակիցին դէմ, մանաւանդ երբ ան ծայր անցած է, իրենց մէջ հեռաւորութիւն չձգելով[89]:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ռոնտա կ'ըսէ որ ամէն օր, իր մայրը իրեն արթնցնելու համար, իր վրայ կը ցատկէր բազկակպանքներով[90]:
Ռոնտա, քանի մը կացութիւններու մէջ, ճանչցուած է իր մրցակիցներուն հանդէպ վատ խօսքեր ուղղելուն համար[91][92]:
Ուրիշ գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մայիս 2013-ին, Ռոնտա 29-րդ աղջիկն էր աշխարհի ամենագեղեցիկ աղջիկներու ցանկին մէջ[93]: 2013 Սեպտեմբերին «ESPN The Magazine's»-ի կողքի նկարը կը գրաւէ:
Ռոզի նաեւ դեր մը կը ստանձնէ Անզուսպները 3 ֆիլմին մէջ, 2014-ին[12]:2015-ին, այլ դեր մը կը ստանձնէ Ֆորսաժ 7 եւ Անթուրաժ ֆիլմերուն մէջ[13][94]:
Հոկտեմբեր 2015-ին, ան կը դառնայ առաջին կինը, որ «Australian Men’s Fitness» թերթիկին առաջին էջին վրայ կը ներկայացուի[95]:
Յունուար 2016-ին, կը ներկայացուի «The Ring magazine» թերթին մէջ։ Ան կը դառնայ MMA-ի առաջին անձը, որուն անունը կը յիշուի կռփամարտի թերթիկին մէջ, եւ 1978-էն ի վեր՝ երկրորդ կինն էր Քեթի Տայվիսէն ետք[96]: 2016-ին, ան կը ներկայացուի «Sports Illustrated Swimsuit Issue» թերթիկին վրայ[97]:
Ան ծանուցումներ կը ներկայացնէ, ինչպէս՝ բջիջային օփերաթոր «MetroPCS»,[98] ապահովագրութեան գործակալութիւն «Insureon»,[99] «Reebok»,[100] եւ «Carl’s Jr»[101]-ի մէջ:
23 Յունուար 2016-ին, Ռոզի, Սելենա Կոմէզի հետ, կը դառնայ Saturday Night Live ցուցադրութեան խօսնակը[102][103]:
Քանի մը դերեր ֆիլմերու մէջ կը համադրուին Ռոզիի համար, ինչպէս՝ իր գիրքը «Մայ Ֆայթ/Եուր Ֆայթ» (Անգլ՝ My Fight/Your Fight), Աթենայի հրատարակութիւնը, Ուարնըր Պրոսի կողմէ, եւ Ռոտ Հաուս: Ռոտ Հաուսը մինչեւ օրս, անոր ստանձնած ամէնէն մեծ դերն է: Ռոնտա կը խնդրէ Լիսա Նիէմիի օրհնութիւնը, Լիսա չի մերժեր[104]:
Փետրուար 2016-ին, ան «Sports Illustrated swimsuit issue»-ին առաջին էջը կը գրաւէ:
Անձնական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռոնտա բուսակեր է[105], 2012-ին, իր սնունդը կը կոչէ «Մարտիկի սնունդ»[106]:
Ռոզի պատմած է, թէ ինչպիսի դժուար ժամանակներ անցուցած է իր մարմինը առողջ պահելու համար: Ան կ'ըսէ. «երբ դպրոցական աշակերտ էի, եւ «MMA»-ի մաս կը կազմէի, բոլորը վրաս կը խնդային մարմինիս պատճառով, որովհետեւ տղու նման մկաններ ունէի: Բայց երբ մեծցայ, գիտցայ որ անոնք ապուշ են, եւ ես՝ ոչ»[107]:
Ռոնտա շատ կը սիրէ Փոքեմոն (Անգլ․՝ Pokémon), եւ անոր նախասիրած փոքեմոնն է «Mew»ն: Երբ փոքր էր, շատ կը սիրէր Վեկեթան (Անգլ՝ Vegeta.)[108]:
2015-ին, դրամ կը հաւաքէ, որպէսզի օգնէ այն անասուններուն, որոնք պարտաւորուած, վատ եւ դժուար պայմաններու տակ ելոյթներ կ'ունենան[109]:
Ապրիլ 2015-ին, կ'այցելէ Երեւան, Հայաստան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ամեակին առիթով: Երեւանի մէջ կ'այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ[110]:
Յարաբերութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռոզի շրջան մը յարաբերութիւն կ'ունենայ «UFC» մրցակիցին՝ Պրենտա Սքաուպի հետ[111]: Օգոստոս 2015-ին, կը խօսուէր, թէ Ռոնտա յարաբերութիւն ունէր Դրաւիս Պրաունիի հետ: Պրաունի նոյն ատեն ամուսնացած էր եւ «UFC»-ի հովանաւորութիւնը կը վայելէր[112]: Հոկտեմբեր 2015-ին Պրաունի վերջապէս կ'ըսէ, թէ ինք եւ Ռոնտա միասին են[113]: Ռոնտա ալ յաջորդ օրը նոյնը կը հաստատէ[114]:
Անձնասպանութեան մտածումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փետրուար 2015-ին, Էլլեն Տընկրիսի հարցազրոյցի մը ընթացքին հետ, ան կ'ըսէ թէ ինք անձնասպանութեան մասին մտածած է այդ վայրկեանին, երբ Նոյեմբերին Հոլի հոլմի մէջ առաջին անգամ ինք պարտուած է[115]:
Ռինկ թերթին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոյեմբեր 2015-ին, Ռոնտա կը միանայ Փոքր Քէթի Տէվիսի, եւ որպէս առաջին երկու կռփամարտիկ կիներ կը ներկայանան այս թերթին մէջ: Ան կը դառնայ առաջին «MMA » մարզիկը, որ այս թերթին մէջ կը ներկայանայ[116]:
Ֆիլմագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարի | Վերնագիր | Դեր | Ծանոցում |
---|---|---|---|
2011 | Honoo-no Taiiku-kai TV | Ինքը | |
2014 | Անզուսպները 3 | Լունա | |
2015 | Ֆորսաժ 7 | Քարա | |
2015 | Անթուրաժ | Ինքը | |
TBA | Road House[104] | (Կին) Տելթոն | Գլխաւոր դեր |
Մատենագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ռոզի Ռոնտա, Մարիա Պըրնզ Օրիդզի հետ (2015)։ Մայ Ֆայթ/Եուր Ֆայթ My Fight/Your Fight։ Նիւ Եորք: Րիկան Արդս։ ISBN 978-1-941-39326-0։ OCLC 892041615
Ախոյեանութիւն եւ յաղթանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
MMA[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|
Ճիւտօ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մասնագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|
MMA-ի ցուցանիշ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արդիւնք | Ցուցանիշ | Հակառակորդ | Տեսակ | Իրադարձութիւն | Ամսաթիւ | Ռաունտ | Տեւողութիւն | Վայր | Նշումներ |
Պարտութիւն | 12–1 | Հոլի Հոլմ | Նոկաուտ (ոտքով հարուած գլխուն եւ բռնունցքներուն) | UFC 193 | Նոյեմբեր 14, 2015 | 2 | 0:59 | Աւստրալիա Մելպուռն, Աւստրալիա | Կը Կորսնցնէ UFC-ի կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի գօտին, երեկոյեան գլխաւոր իրադարձութիւն |
Յաղթանակ | 12–0 | Բեչ Կոհեա | Նոկաուտ | UFC 190 | 1 Օգոստոս, 2015 | 1 | 0:34 | Պրազիլ Ռիօ տէ Ժեներօ, Պրազիլ | Կը պաշտպանէ UFC-ի կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի գօտին, երեկոյեան գլխաւոր իրադարձութիւն |
Յաղթանակ | 11–0 | Քէյթ Զինգանօ | Յանձնուիլ (ուղիղ բազկամարտ) | UFC 184 | 28 Փետրուար, 2015 | 1 | 1:14 | ԱՄՆ Լոս ԱնՃելըս, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ | Կը պաշտպանէ UFC-ի կռփամարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի գօտին գօտի, երեկոյեան գլխաւոր իրադարձութիւն |
Յաղթանակ | 10–0 | Ալեքսիս տԷյվիս | ՆԱ (բռունցքի հարուածներ) | UFC 175 | 5 Յուլիս, 2014 | 1 | 0:16 | ԱՄՆ Լաս Վեկաս, Նեւատա, ԱՄՆ | Կը պաշտպանէ իր կիսաթեթեւքաշային գօտին |
Յաղթանակ | 9–0 | Սարա Մակման | ՏՆ (ծունկի հարուածներ հակառակորդին մարմինին) | UFC 170 | 22 Փետրուար, 2014 | 1 | 1:06 | ԱՄՆ Լաս Վեկաս, Նեւատա, ԱՄՆ | Կը պաշտպանէ UFC-ի կիսաթեթեւքաշային գօտին |
Յաղթանակ | 8–0 | Միէշա Թէյթ | Յանձնուիլ (բազկամարտ) | UFC 168 | 28 Դեկտեմբեր, 2013 | 3 | 0:58 | ԱՄՆ Լաս Վեկաս, Նեւատա, ԱՄՆ | Կը պաշտպանէ UFC-ի կիսաթեթեւքաշային գօտին, երեկոյեան գլխաւոր իրադարձութիւն |
Յաղթանակ | 7–0 | Լիզ Քարմուշ | Յանձնուիլ (բազկամարտ) | UFC 157 | 23 Փետրուար, 2013 | 1 | 4:49 | ԱՄՆ Անահայմ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ | Կը պաշտպանէ UFC-ի կանանց կիսաթեթեւքաշային գօտին |
Յաղթանակ | 6–0 | Սարա Քոֆման | Յանձնուիլ (բազկամարտ) | Strikeforce: Rousey vs. Kaufman | 18 Օգոստոս, 2012 | 1 | 0:54 | ԱՄՆ Սան Տիեկօ, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ | Կը պաշտպանէ Strikeforce իր կիսաթեթեւքաշային գօտին, կը հռչակուի UFC-ի կանանց կիսաթեթեւքաշային ախոյեան |
Յաղթանակ | 5–0 | Միէշա Թէյթ | Յանձնուիլ (բազկամարտ) | Strikeforce: Tate vs. Rousey | Մարտի 3, 2012 | 1 | 4:27 | ԱՄՆ Քոլումպոս, Օհայօ, ԱՄՆ | Նորամուտը կիսաթեթեւքաշային կարգ, կը նուաճէ Strikeforce կիսաթեթեւքաշային գօտին |
Յաղթանակ | 4–0 | Ճուլիա Պատ | Յանձնուիլ (բազկամարտ) | Strikeforce Challengers 20 | 18 Նոյեմբեր, 2011 | 1 | 0:39 | ԱՄՆ Լաս Վեկաս, Նեւատա, ԱՄՆ | |
Յաղթանակ | 3–0 | Սառա Տը Ալելիօ | Բազկամարտ | Strikeforce Challengers 18 | 12 Օգոստոս, 2011 | 1 | 0:25 | ԱՄՆ Լաս Վեկաս, Նեւատա, ԱՄՆ | |
Յաղթանակ | 2–0 | Շարմէյն Թուիթ | Յանձնուիլ (բազկամարտ) | HKFC - School of Hard Knocks 12 | 17 Յուլիս, 2011 | 1 | 0:49 | Կաղապար:Country data Քանատա Կալգարի, Ալպերթա, Քանատա | 68 Քկ. քաշային կարգ |
Յաղթանակ | 1–0 | Էթյէն Կոմէս | Յանձնուիլ (կռփամարտ) | KOTC - Turning Point | 27Մարտ, 2011 | 1 | 0:25 | ԱՄՆ Թարզանա, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ |
Մրցախաղերու վաճառուած տոմսեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թուական | Մրցախաղ | Billing | Քանակ |
---|---|---|---|
23 Փետրուար, 2013 | Ռոնտա Ռոզի ընդդէմ Լիզ Քարմուշի | UFC 157 | 450,000 |
28 Դեկտեմբեր, 2013 | Ռոնտա Ռոզի ընդդէմ Միէշա Թէյդի (co) | UFC 168 | 1,025,000 |
22 Փետրուար, 2014 | Ռոնտա Ռոզի ընդդէմ Սարա Մքմանի | UFC 170 | 375,000 |
5 Յուլիս, 2014 | Ռոնտա Ռոզիընդդէմ Ալեքսիս Տէյվիսի | UFC 175 | 545,000 |
28 Փետրուար, 2015 | Ռոնտա Ռոզի ընդդէմ Քադ Զինկանուի | UFC 184 | 600,000 |
1 Օգոստոս, 2015 | Ռոնտա Ռոզի ընդդէմ Պեդհ Քորրէայի | UFC 190 | 900,000 |
15 Նոյեմբեր, 2015 | Ռոնտա Ռոզի ընդդէմ Հոլլի Հոլմի | UFC 193 | 1,100,000 |
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- List of current UFC fighters
- List of female mixed martial artists
- List of Strikeforce champions
- List of UFC champions
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պաշտօնական կայք(անգլերէն)
- Էջը իբրեւ ողիմպիական մարզիկ՝ Սպորթս-ռեֆըրընս կայքին մէջ(անգլերէն)
- Էջը ԱՄՆ ճիւտոյի ֆետերասիոնի կայքին մէջ Archived 2012-08-17 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Olympedia — 2006.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Manfred Tony, Davis Scott, Gaines Cork (May 6, 2015)։ «The 50 Most Dominant Athletes Alive»։ Business Insider։ «She's not just undefeated, she's effectively untouched»
- ↑ 3,0 3,1 Wertheim L. Jon (May 13, 2015)։ «The unbreakable Ronda Rousey is the world's most dominant athlete»։ Sports Illustrated
- ↑ "UFC Fighter Rankings". UFC. Retrieved December 11, 2015.
- ↑ Wertheim L. Jon (May 13, 2015)։ «The unbreakable Ronda Rousey is the world's most dominant athlete»։ Sports Illust rated
- ↑ Okamoto, Brett (December 1, 2015). "Women's pound-for-pound rankings: Holly Holm proves her worth". ESPN.
- ↑ "Women's Pound for Pound". Fight Matrix. December 10, 2015
- ↑ Bieler Des (May 13, 2015)։ «Ronda Rousey lands on Sports Illustrated cover as 'the world’s most dominant athlete'»։ Washington Post
- ↑ Arth Susie (September 9, 2015)։ «Best Female Athlete Ever Bracket»։ ESPN
- ↑ Martin, Damon (September 16, 2015). "Ronda Rousey says she’s highest paid fighter in UFC during Ellen Show appearance". Fox Sports.
- ↑ «Video of Ronda Rousey on Ellen DeGeneres show: 'I'm the highest paid fighter in UFC'»։ MMA Mania։ September 14, 2015
- ↑ 12,0 12,1 «Ronda Rousey to Star In 'The Expendables 3'»։ MMA Insider.net։ July 24, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 18, 2013-ին։ արտագրուած է՝ February 13, 2016
- ↑ 13,0 13,1 Garcia, Victor (August 12, 2013)։ «UFC's Ronda Rousey Adds Another Blockbuster Role, Stirs Debate»։ Fox News Latino
- ↑ Avila David A. (March 2, 2015)։ «Rousey lifts female fighters into the spotlight»։ Riverside Press-Enterprise։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 15, 2015-ին։ արտագրուած է՝ July 31, 2015
- ↑ Martin, Brian (February 22, 2013)։ «'Rowdy' Ronda Rousey defends her title at UFC 157, first women's main event»։ Los Angeles Daily News
- ↑ 16,0 16,1 16,2 Pilon, Mary (November 10, 2015).: "Caged: What Drives Ronda Rousey to Wake Up and Fight". Esquire.
- ↑ «Judo in the US: Interview with AnnMaria DeMars»։ Judoinfo.com։ 2009-08-24։ արտագրուած է՝ 2013-05-23
- ↑ «Five outtakes with Ronda Rousey»։ Sports Illustrated։ 2012-11-02
- ↑ Rousey, Ronda (February 27, 2012)։ «(Untitled)»։ Twitter
- ↑ "Ronda Rousey" Archived 2018-07-20 at the Wayback Machine.. Sportsclash. Retrieved January 11, 2016.
- ↑ "UFC 190: Extended Preview". Ultimate Fighting Championship. YouTube. July 18, 2015 3:32 mark
- ↑ Alexander, Jim (July 24, 2015). "ALEXANDER: Rousey's stardom goes way beyond UFC boundaries". The Press Enterprise.
- ↑ Foss, Mike (August 6, 2015)։ «Ronda Rousey discusses the rare disorder that made her think she was stupid as a child»։ USA Today
- ↑ «Ronda Rousey: The World's Most Dangerous Woman»։ արտագրուած է՝ 2015-08-09
- ↑ «Raising Ronda Rousey by AnnMaria De Mars (aka Ronda Rousey's Mom)»։ YouTube.com։ MMAWeekly.com։ February 21, 2013
- ↑ 26,0 26,1 Sanneh Kelefa (July 28, 2014)։ «Profiles: Mean Girl»։ The New Yorker 90 (21): 54–63։ արտագրուած է՝ March 2, 2015
- ↑ Kelly Seth (2015)։ Can Anyone Beat Ronda Rousey?։ UFC: The Official Magazine: 54։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-13
- ↑ մրցաշարքը Անգլիոյ մէջ [permanent dead link]
- ↑ 2007-ի Ճիւտոյի արդիւնքները
- ↑ «Ronda Rousey, Annett Boehm»։ LA Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-13
- ↑ Mihoces Gary (13 August 2008)։ «Rousey's bronze makes U.S. history in women's judo»։ USA Today
- ↑ Kelly Seth (2015)։ Can Anyone Beat Ronda Rousey?։ UFC: The Official Magazine: 52։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-13
- ↑ Kelly Seth (2015)։ Can Anyone Beat Ronda Rousey?։ UFC: The Official Magazine: 55։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 5, 2016-ին։ արտագրուած է՝ December 31, 2015
- ↑ «National Champions - United States Champions»։ World Boxing Council Muaythai։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-24-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-31
- ↑ 35,0 35,1 «Weekend Recap: Ronda Rousey Wins Pro MMA Debut»։ MMARising.com։ 2011-03-28։ արտագրուած է՝ 2011-03-28
- ↑ «Ronda Rousey, Tay Stratford Advance At Tuff-N-Uff»։ MMARising.com։ 2010-11-12։ արտագրուած է՝ 2010-11-13
- ↑ «Gray Edges Swinney, Rousey Wins Quickly At Tuff-N-Uff»։ MMARising.com։ 2011-01-08։ արտագրուած է՝ 2011-03-28
- ↑ «Weekend Rundown: Drwal Demolishes ‘Chocolate’ in Homecoming»։ Sherdog։ 2011-03-28։ արտագրուած է՝ 2011-03-28
- ↑ «Ronda Rousey vs Charmaine Tweet Set For June 17th»։ MMARising.com։ 2011-05-05։ արտագրուած է՝ 2011-05-06
- ↑ «Ronda Rousey Wins Quickly In Hard Knocks 12 Co-Feature»։ MMARising.com։ 2011-06-17։ արտագրուած է՝ 2011-06-17
- ↑ Martin, Brian (July 29, 2015)։ «Ronda Rousey: pro-fight No. 2 - defeated Charmaine Tweet via submission»։ Los Angeles Daily News
- ↑ Norcross Don (2012-08-16)։ «Ronda Rousey: undefeated and unfiltered»։ The San Diego Union-Tribune։ արտագրուած է՝ 2013-02-17
- ↑ «Ronda Rousey, Sarah Kaufman Win Big At Strikeforce In Ohio»։ MMARising.com։ 2012-03-03։ արտագրուած է՝ 2012-03-03
- ↑ «Ronda Rousey interview: Pro fight No.5 - defeated Miesha Tate via submission»։ Los Angeles Daily News
- ↑ Staff (2012-08-08)։ «Reminder: 'All Access: Ronda Rousey' debuts tonight on Showtime»։ MMAjunkie.com։ արտագրուած է՝ 2012-08-09
- ↑ Staff (2012-08-09)։ «'All Access' video: White says Rousey would likely be first female UFC fighter»։ MMAjunkie.com։ արտագրուած է՝ 2012-08-09
- ↑ Staff (2012-08-16)։ «Video: Showtime's 'All Access: Ronda Rousey" second episode»։ MMAjunkie.com։ արտագրուած է՝ 2012-08-16
- ↑ Staff (2012-08-09)։ «Video: Strikeforce champ Ronda Rousey gives Conan O'Brien a lesson in armbars»։ MMAjunkie.com։ արտագրուած է՝ 2012-08-11
- ↑ «Ronda Rousey vs. Sarah Kaufman Set for August in San Diego»։ MMAFighting.com։ 2012-06-07։ արտագրուած է՝ 2012-06-15
- ↑ Matt Erickson (2012-08-17)։ «Strikeforce's Coker: Rousey 'can't just be a marketing machine with a pretty face'»։ MMAjunkie.com։ արտագրուած է՝ 2012-08-18
- ↑ Sargent, Robert (August 18, 2012)։ «Ronda Rousey Submits Sarah Kaufman, Retains Strikeforce Title»։ MMARising.com
- ↑ «Ronda Rousey Armbars Sarah Kaufman, Retains Strikeforce Crown in 54 Seconds»։ Sherdog։ August 18, 2012
- ↑ «Ronda Rousey interview:Pro-fight No.6 - defeated Sarah Kaufman via submission»։ Los Angeles Daily News
- ↑ Luke Thomas (2012-11-16)։ «Dana White confirms Ronda Rousey has signed with UFC»։ Mmafighting.com։ արտագրուած է՝ 2012-11-17
- ↑ Josh Gross (2012-11-16)։ «Ronda Rousey signs landmark deal»։ espn.go.com։ արտագրուած է՝ 2012-11-17
- ↑ Kurchak, Sarah (January 3, 2014). "'Rowdy' Roddy Piper Talks About Handing His Nickname Over to Ronda Rousey" Archived 2018-07-02 at the Wayback Machine.. Vice.
- ↑ Sargent Robert (2013-03-04)։ «Women's MMA Report: Rousey retains UFC title, four advance in CFA tournament»։ արտագրուած է՝ 2013-03-06
- ↑ «UFC168 Ronda Rousey backstage interview»։ UFC
- ↑ «Ronda Rousey: Pro fight No. 2 - defeated Charmaine Tweet via submission (armbar), 0:49, first round»։ Los Angeles Daily News
- ↑ «Rousey extends armbar streak with third-round win over Tate at UFC 168»։ msn.foxsports.com։ 2013-12-28։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-23-ին
- ↑ «Ronda Rousey interview: pro fight No.8 – defeated Miesha Tate via submission»։ Los Angeles Daily News
- ↑ «Ronda Rousey interview: pro fight 10 – defeated Alexis Davis via KO»։ Los Angeles Daily News
- ↑ Matt Erickson (2014-07-06)։ «UFC 175 bonuses: Weidman, Machida, Rousey, Font get $50, 000»։ mmajunkie.com։ արտագրուած է՝ 2014-07-06
- ↑ Fox Jeff։ «Ronda Rousey Career Earnings»։ MMA Manifesto։ Bloguin։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 May 2016-ին։ արտագրուած է՝ 24 September 2015
- ↑ «Ronda Rousey Fight Results»։ ESPN։ արտագրուած է՝ October 4, 2015
- ↑ Thomas Luke։ «Crunching Numbers: In MMA, There’s No Such Thing as a Heavy Wait»։ MMA Fighting։ SB Nation։ արտագրուած է՝ 30 September 2015
- ↑ Larry Csonka (2015-08-28)։ «Ronda Rousey vs. Holly Holm Named UFC 193 Main Event»։ 411 Mania։ արտագրուած է՝ 2015-08-28
- ↑ Staff (2015-11-15)։ «UFC 193 bonuses: If you don't think Holly Holm was on the list, you're insane»։ mmajunkie.com։ արտագրուած է՝ 2015-11-15
- ↑ Matt Jones (2015-11-18)։ «Ronda Rousey's Medical Suspension Released After UFC 193 Knockout by Holly Holm»։ Bleacher Report։ արտագրուած է՝ 2015-11-19
- ↑ «Ronda Rousey on Good Morning America: To say that fighting is anti-woman is an anti-feminist statement»։ Bloody Elbow։ արտագրուած է՝ 2015-10-23
- ↑ «UFC Ronda Rousey: Is this the toughest feminist in the world? - Telegraph»։ Telegraph.co.uk։ 31 July 2015
- ↑ Amber Phillips (11 November 2015)։ «As some conservatives cheer Ronda Rousey’s antifeminism, she backs Bernie Sanders»։ Washington Post
- ↑ «Roddy Piper Tells Story of Ronda Rousey Asking Permission to Use "Rowdy" Nickname»։ MMA News։ արտագրուած է՝ 12 July 2015
- ↑ «WWE News: Ronda Rousey and the Four Horsewomen backstage at SummerSlam»։ արտագրուած է՝ 12 July 2015
- ↑ «Exclusive interview: Ronda Rousey spotted backstage at SummerSlam 2014»։ WWE։ արտագրուած է՝ 12 July 2015
- ↑ «Ronda Rousey's takedown of The Authority makes headlines»։ WWE։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 12 July 2015-ին։ արտագրուած է՝ 12 July 2015
- ↑ «Ronda Rousey on her WrestleMania 31 moment: 'We're just gettin' started'»։ WWE։ արտագրուած է՝ 12 July 2015
- ↑ «Ronda Rousey extended interview, talks Miesha Tate at Strikeforce, weight cut and much more»։ MMA Interviews.tv
- ↑ 79,0 79,1 «UFC 168 Results: ‘Weidman vs. Silva 2’ Play-by-Play & Updates»։ Sherdog։ 2013-12-28։ արտագրուած է՝ 2014-10-12
- ↑ 80,0 80,1 Gonzalez Anthony (2012-08-19)։ «Strikeforce: Ronda Rousey vs. Sarah Kaufman Results»։ realcombatmedia.com։ արտագրուած է՝ 2014-10-12
- ↑ 81,0 81,1 Iole Kevin (2013-02-24)։ «Ronda Rousey delivers thrilling comeback win in UFC debut, submitting Liz Carmouche»։ Yahoo։ արտագրուած է՝ 2014-10-12
- ↑ Zidan Karim (2014-07-07)։ «UFC 175 results recap: Ronda Rousey vs. Alexis Davis»։ Bloody Elbow։ արտագրուած է՝ 2014-10-12
- ↑ «'Strikeforce: Tate vs. Rousey' results: Ronda Rousey armbars Miesha Tate, wins title»։ mmajunkie։ 2012-03-04։ արտագրուած է՝ 2014-10-12
- ↑ «BJJ Scout: Ronda Rousey Takedown Study - Judo in MMA (Redux)»։ BJJ Scout/YouTube։ 23 February 2015
- ↑ «UFC CHAMP RONDA ROUSEY TRIES TO EMULATE FEDOR EMELIANENKO WHEN SHE FIGHTS»։ MMA Weekly։ 2015-06-26։ արտագրուած է՝ 2015-12-31
- ↑ Jones Brent (2011-11-19)։ «Another fight, another arm for Ronda Rousey»։ USA Today։ արտագրուած է՝ 2014-10-12
- ↑ Erickson Matt (2014-02-23)։ «UFC 170: Ronda Rousey stops Sara McMann in 66 seconds»։ USA Today։ արտագրուած է՝ 2014-10-12
- ↑ Okamoto Brett (2014-07-05)։ «Rousey needs seconds to defend belt»։ espn.com։ արտագրուած է՝ 2014-10-12
- ↑ Կաղապար:Cite av media
- ↑ «Ronda Rousey Gets It From Her Mother»։ fightland.vice.com։ February 22, 2013։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ December 30, 2013-ին։ արտագրուած է՝ February 29, 2016
- ↑ Marocco Steven։ «Unapologetic Rousey hopes trashtalk can elevate Strikeforce's females»։ MMA Junkie։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 February 2014-ին։ արտագրուած է՝ 11 February 2012
- ↑ Wayne Mark։ «Ronda Rousey: Trash Talk Isn't Personal, Is Good For The Sport»։ Fightline։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 23 January 2013-ին։ արտագրուած է՝ 11 February 2012
- ↑ Noble, McKinley (May 6, 2013). "UFC Champ Ronda Rousey Makes Racy Debut at No. 29 in 2013 Maxim Hot 100". Bleacher Report.
- ↑ Dave Walsh (February 7, 2014)։ «Ronda Rousey Scores Two Leading Roles in Hollywood»։ mmanuts.com։ արտագրուած է՝ February 7, 2014
- ↑ «Ronda Rousey magazine cover sparks controversy»։ Fox News։ արտագրուած է՝ 2015-10-06
- ↑ «Rousey becomes first MMA fighter to land Ring Magazine cover»։ Fox Sports։ 2015-10-26։ արտագրուած է՝ 2015-12-31
- ↑ Emert Jacob (February 14, 2016)։ «Ronda Rousey to be featured on one of three Sports Illustrated swimsuit issue covers»։ The Washington Post։ արտագրուած է՝ February 14, 2016
- ↑ «Video: Watch Ronda Rousey commercial for MetroPCS from UFC on Fox 7 Broadcast»։ MMAmania.com։ 2013-04-11։ արտագրուած է՝ 2013-06-11
- ↑ «Exclusive - Full Ronda Rousey Insureon Commercial (Update)»։ MMAinsider.net։ 2013-06-11։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-06-17-ին։ արտագրուած է՝ 2013-06-11
- ↑ Staff (2014-12-16)։ «Reebok announces partnership with UFC champs Jon Jones and Ronda Rousey»։ mmajunkie.com։ արտագրուած է՝ 2015-01-04
- ↑ «Carl's Jr. : Ronda Rousey commercial»։ Daily Commercials։ արտագրուած է՝ 3 September 2015
- ↑ Bacle, Ariana (January 5, 2016). "Ronda Rousey to host Saturday Night Live". Entertainment Weekly.
- ↑ Vasquez, Miguel (January 8, 2016). "UFC News 2016: Ronda Rousey Hosting Saturday Night Live; UFC, Gennady Golovkin Both Book Madison Square Garden For April 23rd". The Christian Post.
- ↑ 104,0 104,1 Kroll, Justin (September 9, 2015). "Ronda Rousey to Star in 'Road House' Reboot". Variety.
- ↑ Steinberg Dan (August 13, 2008)։ «Rousey Is 1st U.S. Woman to Earn A Medal in Judo»։ The Washington Post
- ↑ Curreri, Frank (August 16, 2012). "The Ronda Rousey Diet". UFC.
- ↑ Weaver, Hilary (August 3, 2015)։ «6 Feminist Quotes From Ronda Rousey That Prove She's More Than Just A Trash Talker»։ Bustle
- ↑ «Ronda Rousey Dishes On Pokémon and Dragon Ball Z Once More»։ Kotaku։ 2015-08-10։ արտագրուած է՝ 2015-12-31
- ↑ «Support Black Jaguar White Tiger Foundation»։ ArmbarNation.com։ 2015-02-24։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-11-25-ին։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ «UFC չեմպիոն Ռոնդա Ռոուզին՝ Ծիծեռնակաբերդում. Վերադառնալու եմ Հայաստան մայրիկիս հետ»։ NEWS.am։ 25 April 2015
- ↑ Holland, Jesse (August 10, 2015)։ «Brendan Schaub: I'm too much of a man for Ronda Rousey»։ MMAmania
- ↑ Simon, Zane (August 25, 2015)։ «Wife: Ronda Rousey dating hubby while UFC investigates him for domestic violence»։ Bloody Elbow
- ↑ Rondina, Steven (October 12, 2015)։ «Ronda Rousey Has a New Boyfriend in the Form of UFC Heavyweight Travis Browne»։ Bleacher Report
- ↑ «Ronda Rousey releases statement about relationship with Travis Browne»։ Fox Sports։ Fox Sports։ արտագրուած է՝ October 14, 2015
- ↑ http://espn.go.com/mma/story/_/id/14785901/ronda-rousey-says-considered-suicide-loss-holly-holm
- ↑ http://www.foxsports.com/ufc/story/ufc-ronda-rousey-becomes-first-mma-fighter-to-land-ring-magazine-cover-boxing-102615
- ↑ 117,0 117,1 Whitman, Mike (December 28, 2013)։ «UFC 168 Bonuses: Rousey banks extra $150, 000, Browne, Tate earn $75K awards»։ SherDog
- ↑ Myers, Thomas (March 1, 2015)։ «UFC 184 bonuses: Ronda Rousey, Jake Ellenberger and more bank an extra $50, 000 each»։ MMA Mania
- ↑ «UFC 170 Bonuses: Rousey, Thompson, MacDonald, Maia earn $50K awards»։ Sherdog։ February 22, 2014
- ↑ C.J. Tuttle (July 5, 2014)։ «UFC 175 Bonuses: Chris Weidman, Ronda Rousey, Lyoto Machida, Rob Font Bank $50K»։ Sherdog
- ↑ 121,0 121,1 Bohn, Mike (August 2, 2015)։ «UFC 190 post-fight facts: Ronda Rousey into uncharted territory – in just six UFC fights»։ MMAjunkie
- ↑ Bohn, Mike (February 23, 2015)։ «UFC 170 post-fight facts: Rousey makes history with 56-day title turnaround»։ MMAjunkie
- ↑ Cox, Lauren (July 15, 2015). "Ronda Rousey Scores Big With Best Female Athlete Win At 2015 ESPYS" Archived 2018-03-05 at the Wayback Machine.. Hollywood Life.
- ↑ "Ronda Rousey zings Floyd Mayweather after taking Best Fighter ESPY". ESPN. July 16, 2015.
- ↑ Bohn, Mike (March 4, 2015)։ «MMAjunkie's 'Submission of the Month' for February: C’mon – Like you don’t kno»։ MMAjunkie
- ↑ Marrocco Steven (2015-08-31)։ «MMAjunkie’s ‘Knockout of the Month’ for August: Armbar specialist has some power»։ MMAjunkie։ արտագրուած է՝ 2015-10-06
- ↑ 127,0 127,1 127,2 «WMMA Awards 2013 - Results : Fighter of the Year : Ronda Rousey»։ Awakeningfighters.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-02-03-ին։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ 128,0 128,1 128,2 «Awakening WMMA Awards 2014»։ Awakeningfighters.com։ 2015-01-05։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ Eriksson Lau։ «2013 Bloody Elbow WMMA Awards Results: Best Fighter»։ Bloody Elbow։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 13 July 2015-ին։ արտագրուած է՝ 12 July 2015
- ↑ Lau, Eriksson (2014)։ «2013 Bloody Elbow WMMA Awards Results: Best Fight»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 February 2014-ին։ արտագրուած է՝ 11 February 2014
- ↑ «Fighter of the Year 2012: Ronda Rousey»։ Hov-mma.com։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ «Rivalry, Staredown, Submission of the Year 2012: Welcome to the ‘Miesha and Ronda Show’»։ Hov-mma.com։ 2013-01-02։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ «Lady Violence 2011: Ronda Rousey»։ Hov-mma.com։ 2011-12-26։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ «Lady Violence 2014: Ronda Rousey»։ Fightbooth.com։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ «2014 HOV-MMA Awards»։ Hov-mma.com։ 2015-01-16։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ «Best of 2014 Series: MMA Freak Hall of Fame, Class of 2014»։ MMA-freak.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-02-13-ին։ արտագրուած է՝ 2015-03-13
- ↑ 137,0 137,1 Sheehan, Sean (December 23, 2014)։ «The 2014 SevereMMA Irish and International Awards»։ Severe MMA