Saturday Night Live

Հեռուստա-յայտագրի լոկոն

«Շաբաթ Երեկոյեան Ուղիղ Եթերով» (անգլ.՝Saturday Night Live), ամերիկեան երաժշտական եւ ծիծաղեցնող պատկերասփիւռային յայտագիր, որ կը հեռարձակուի NBC պատկերասփիւռի ընկերութեամբ: Այն ստեղծուած է Լորըն Մայքըլզի կողմէ եւ առաջին անգամ հեռարձակուած է 1975 թուականի 11 Հոկտեմբերին: Իւրաքանչիւր թողարկում կը վարէ մէկ հիւր աստղ (զոր սովորաբար հանդէս կու գայ ծիծաղային համարներով), ինչպէս նաեւ կ'ունենայ հիւր երաժիշտ, զոր կը կատարէ երգեր:

Պատկերասփիւռային յայտագիրը ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ, որոնցմէ՝ 36 Primetime Emmy Award: «TV Guide» ամսագիրի կազմած «Բոլոր Ժամանակներու 50 Ամենահեղինակաւոր Պատկերասփիւռային Յայտագիրներ»-ու վարկանշային աղիւսակին մէջ այն գրաւած է 10-րդ դիրքը[1]: Պատկերասփիւռային յայտագիրը նաեւ գրաւած է «Time» ամսագիրի «Բոլոր Ժամանակներու 100 Լաւագոյն Պատկերասփիւռային Յայտագիրներ»-ու ցանկին վրայ[2][3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «TV Guide names Top 50 shows»։ Associated Press/CBS News։ April 26, 2002։ արտագրուած է՝ November 23, 2009 
  2. «NBC.com - Saturday Night Live (About)»։ NBC.com։ արտագրուած է՝ April 29, 2011 
  3. Poniewozik James (September 6, 2007)։ «The 100 Best TV Shows of All-TIME»։ Time (Time.com)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 28, 2007-ին։ արտագրուած է՝ March 4, 2010 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]