Ջերմոց
Ջերմոց (կամ ջերմանոց), արուեստական կառոյց մըն է, ուր՝ անկախ տարուան եղանակէն, տարբեր բոյսեր, պտուղներ, բանջարեղէններ կ'աճին։
Հակիրճ տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմոցը կը կառուցուի բացօթեայ տարածութեան մը վրայ։ Անոր կառուցումը կախեալ է տեղական կլիմայական պայմաններէն՝ մանաւանդ ձմեռուան ամիսներուն եւ նաեւ մշակուած բոյսին տեսակէն։ Ան կը ծածկուի լուսաթափանց նիւթերով՝ մանրաթելերով, ապակիով եւ կամ կերպնկալով։
Կառուցման ձեւը երկրէ երկիր կը տարբերի։ Հիւսիսային երկիրներուն ջերմոցները ապակեայ են եւ նոյնիսկ կրկնապակեայ եւ անոնցմէ շատեր երկյարկանի են․ ջեռուցիչ կը գործածուի, որպէսզի օդը տաքցուի։ Իսկ հարաւային շրջաններու մէջ, ինչպէս օրինակ Յունաստանի Մեսինիա (Պելոպոնես) կամ Կրետէ, ջերմոցներուն կառուցումը թեթեւ է՝ փայտեայ եւ կամ բարակ երկաթաթելերու վրայ կերպնկալով ծածկուած, եւ ջեռուցիչ չի գործածուիր։
Արտադրութեան նպատակներով ջերմոցներու կողքին, կան նաեւ զբօսնելու ջերմոց-պարտէզներ, իւրաքանչիւրը ուրոյն ճարտարապետական ոճով։
Հակիրճ Պատմական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին տարիներէն մարդիկ փորձած են բոյսեր աճեցնել տարբեր եղանակներու ընթացքին ալ։ Հռոմէացի Թիպերիուս կայսրը ամէն օր վարունգ կ'ուտէր․ պարտիզպանները արուեստական միջոցներ որոնած էին, հար ու նմար ջերմոցներու, որպէսզի տարուան բոլոր եղանակներուն գոհացնեն իրենց կայսրին ախորժակը։
Տաքցուած ջերմոցներու առաջին նկարագրութիւնը մեզի հասած է Սանկա Եորոքիէն՝ Քորէայի Չոսոն կամ Ճոսոն հարստութեան արքունիքի բժիշկ, 1450-ական թուականներուն։ Չոսոն Հարստութեան Տարեգիրքը կը հաստատէ թէ ջերմոցանման կառոյցները «օնտոլ»ի (ondol) միջոցով կը տաքցնէին, որպէսզի մանտարին մշակեն, 1438-ի ձմեռը։
Եւրոպայի մէջ առաջին ջեռմոցը Կեդրոնական Եւրոպայի Պոհեմիոյ պատմական տարածքներուն վրայ (Չեխիա) կը յայտնուի մօտաւորապէս 1680-ին։ Հոն խոլորձիայ կը մշակեն։ 1750-ական թուականներուն, Լիխթընշթայնի Իշխանը հարաւային Չեխիոյ Լետնիչէ (Lednice) քաղաքին մէջ կառուցել կու տայ Եւրոպայի առաջին մեծ ջերմոցները որոնց օդը կը տաքցնէին։
1980-ական թուականներուն, հարաւային Ամերիկայի լեռնային շրջաններուն մէջ կը տարածուին ընդյատակեայ բանջարեղէնի արտադրութեան ջերմոցները։
Ի․ դարավերջերուն, կը ստեղծուին նաեւ լուսաելեկտրական ջերմոցները, որոնք կը բանին շնորհիւ առաստաղի դեր կատարող արեւային ցանցերու արտադրած ելեկտրականութեամբ։
Ի․ եւ ԻԱ․ դարուն ջերմոցներու գործածութիւնը տարածուած է աշխարհի չորս կողմերը։ Մեծ դեր կը խաղան բոյսերու արագ արտադրութեան։ Սպանիոյ Անտալուս շրջանի Ալմերիա քաղաքը, աշխարհի մէջ առաջինն է ջերմոցներու հսկայ տարածութիւններով՝ 200 ք․քլ․։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Պրիւքսել․ արքունիքի ջերմոցը, կառուցուած ԺԹ․ դարուն
-
Ելակի արտադրութեան ջերմոց, Ճափոն, 2005
-
Կերպնկալով ծածկուած ջերմոց, Նիու Զիլանտա, 2008
-
Ալմերիայի ջերմոցները․ նկարուած տիեզերքէն՝ 7-2-2004
-
Ծաղիկներու աճեցման ջերմոց, Արմաւիրի մարզ, Հայաստան, Ապրիլ 2015
-
Ապակեայ «առաստաղ»ով ջերմոց, Ուսթլանտ, Հոլանտա
-
«Փոլիթունել» ջերմոցներ, Սկովտիա
-
Պզտիկ ջերմոց, յատուկ որթատունկի համար, Շուետիա, Օգոստոս 2017
-
Պերլինի Բուսաբանական Պարտէզի ջերմոցը, Յուլիս 2006
-
Ապակեայ ջերմոցներ, 2007
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմոցին մէջ, մարդը կարելիութիւնը ունի եղանակային պայմանները հսկել եւ կամ կարգաւորել։ Կը գործածէ զանազան գործիքներ, որպէսզի կարգաւորէ ջերմոցի օդին պայմանները․ ինչպէս օրինակ օդափոխիչը, որուն օգնութեամբ ջերմոցին ներքին կլիման կը կարգաւորուի խոնաւութիւն, չորութիւն, ջերմութեան աստիճան, եւայլն․․․։ Ինքնազօր ցնցուղները բոյսերը ճշդորոշուած ժամուն կը ջրեն։ Իսկ մանրեներու դէմ բոյսերը մասնաւոր գործիքներով կը դեղուին։ Այս ձեւով տարուան բոլոր եղանակներուն, կարելի է ունենալ ամէն տեսակի բոյս, պտուղ կամ բանջարեղէն, որ բնական պայմաններու տակ, տարուան ընթացքին միայն 2 – 3 ամիս՝ ամառ կամ ձմեռ, գարուն կամ աշուն (ձմերուկ, խնձոր, ելակ, լոլիկ, վարունգ, լուբիա, սմբուկ, դդում, զանազան ծաղիկներ՝ խոլորձիայ, եւայլն) կարելի պիտի ըլլար քաղել։
Ի․ եւ ԻԱ․ դարերուն տարածուած են նաեւ զբօսայգի ջերմոցները, ուր մարդիկ իրենց ազատ ժամերուն կը զբօսնեն։
-
Ալան Պարտէզներ – Կռափուշի սենեակ, Քանատա
-
Տերնպուրկ, Ապակեայ տուն
-
Փարիզի Բոյսերու Պարտէզի ջերմոց
-
Արմաւենիի տուն, Շոնպռիւն, Վիեննա
-
Արմաւենիի տուն, Շոնպռիւն պալատ, Վիեննա
-
Լիոնի Ֆրանսա Թեթ Տօր պուրակի ջերմոցը
-
Ապակեայ տուն, զբօսայգի ջերմոց, Լալ Պաղ Բուսաբանական Պարտէզ, Պանկալոր, Հնդկաստան
-
Թը Տէյվիս Ալփին Հաուզ – Քիու պարտէզներ, Լոնտոն, Պատմական անդրադարձ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Վարունգի մշակումը հին տարիներուն Միջերկրականի մէջ, Դեկտեմբեր 2007, Ժիւլ Ժանիք, Հարի Փարիս եւ Տէյվիէ Փարիշ (անգլերէն)
- ↑ Բնապատմութիւն, թարգմանուած Փլինիուս Աւագի նկարագրութենէն, Հենրի Պոհն, 1856, էջ 156(անգլերէն),
- ↑ Գմբեթաւոր տուն մը մեր պարտէզին մէջ, 9-5-2013(անգլերէն)
- ↑ Կիտրոնազգիներ ձմեռուան մէջ․ երկրաջերմական կանանչ տուներ, 11-2-2016(անգլերէն)
- ↑ Անտալուսի ջերմոցներով հսկայ տարածութիւնը, 4-11-2018(սպան․)
- ↑ «Քորէայի ջերմոցներուն նկարագրութիւն, 23-11-2001(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-10-28-ին։ արտագրուած է՝ 2021-11-12
- ↑ Ուալփինի ընդյատակեայ ջերմոցներ(անգլերէն)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սանկա Եորոք․ Քորէայի հողագործութեան եւ ջերմոցներուն մասին(անգլերէն)
- Օնտոլ(անգլերէն)
- Տերնպուրկ, Գերմանիա