Կլիմայական Փոփոխութիւններ
Կլիմայական փոփոխութիւնը կրնայ նկարագրուիլ իբրեւ դանդաղ եւ ներդաշնակ փոփոխութիւն, որ կ'ազդէ երկրագունդին կլիմային: Կլիմայական փոփոխութիւնը համերկրային հարց մըն է՝ կենսոլորտային, ընկերային, տնտեսական, բաշխումային եւ քաղաքական ծանր հետեւանքներով, եւ այսօր կը կազմէ մարդկութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն մին[1]: Անիկա յառաջացած է մարդոց առօրեայ գործունէութիւններէն եւ կը սպառնայ բնութեան եւ մարդկութեան: Երկրագունդին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ բնութեան ընդհարումներով:
Երկիր մոլորակին կլիմայական փոփոխութեան հիմնական ցուցանիշները` հողի եւ Ովկիանոսի ջերմաստիճանին բարձրացումը, ծովու մակարդակին եւ ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը, կը մատնանշեն Երկիր մոլորակին տաքնալը:
Կլիմայի փոփոխութիւնները կը նկատուին մարդկութեան ժամանակակից առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն, որոնց պատասխանը կը պահանջէ բոլորին զօրակցութիւնը[2][3]։
Կլիմայական փոփոխութիւններուն պատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարդոց առօրեայ գործունէութիւնները ջերմոցներու կազերու արտադրման պատճառ կը հանդիսանան եւ Երկիր մոլորակին ջերմաստիճանը վտանգաւոր կերպով կը բարձրանայ[4]։
Ի՞նչ են եւ ի՞նչպէս կը ստեղծուին ջերմոցային կազերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեւուն ուժը մթնոլորտէն կ'անցնի լոյսի ձեւով: Արեւուն ուժը ջերմութեան կը վերածուի եւ կը տաքցնէ Երկիր մոլորակը: Ջերմութենէն մաս մը մուտք կը գործէ դէպի տիեզերք, ուրիշ մաս մըն ալ կը ներծծուի կազերու միջոցով մթնոլորտին մէջ: Կազերը, որոնք կ'արգիլեն ջերմութիւնը դուրս գալէ, կը կոչուին ջերմոցային կազեր: Ջերմոցային կազերը Երկրին ջերմաստիճանը կը պահպանեն մօտաւորապէս 59 աստիճան F-ի (15 աստիճան C-ի) վրայ: Բայց այսօր կը տեսնենք, թէ այս ջերմոցային կազերը մեծ քանակութեամբ մթնոլորտին մէջ կը մտնեն, եւ այդպիսով շատ տաքութիւն կը պահեն: ջերմոցային կազերէն ամէնէն կարեւորներն են՝ բնածուխի երկթթուակը (CՕ2)ն եւ ջրաշոգին: Ջերմոցային կազերը Երկիրին ջերմաստիճանը կը պահպանեն մօտաւորապէս 59 աստիճան F-ի (15 աստիճան C-ի) վրայ: Բայց այսօր այս ջերմոցային կազերը մեծ քանակութեամբ մթնոլորտին մէջ մտնելով բարձր աստիճանի տաքութիւն կը պահեն[5]։
Ի՞նչ է գիտնականներուն կարծիքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մոլորակին կլիման տեւաբար կը փոխուի։ Վերջին 650,000 տարիներուն երկրագունդը ապրած է եօթը սառցային յառաջացման եւ նահանջի շրջաններ (սառոյցներու լուծում)․ վերջին տարիներուն ամէնէն հին սառնալեռը՝ 11,700 տարեկան, սպառնալիքի տակ է։
Կլիմայական փոփոխութիւնը կը վերագրէ փոքր տարափոխութիւններ երկրագունդին ուղեծիրին, որոնք կը փոխեն արեգակին զօրութիւնը, զոր մեր երկիրը կ'ընդունի։
Գիտական ապացոյցը կլիմայական փոփոխութեան համար աներկդիմի է[2][6]։
Երբ երկիրը բնականէն աւելի տաքնայ, գիտնականները այս երեւոյթը երկրագունդի ջերմութեան բարձրացում կամ կլիմայի փոփոխութիւն կ'անուանեն:
Ապացոյցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրագունդին ջերմաստիճանին բարձրացումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկիր մոլորակը կը կլանէ արեւու ճառագայթներուն 70 առ հարիւրը:
Երկրագունդին մակերեսին միջին ջերմաստիճանը բարձրացած է 1,62 (degrees Fahrenheit․0.9 degrees Celsius) սկսեալ 19 հարիւրակէն։ Ամէնէն կարեւոր պատճառը բնածուխի երկթթուակի բարձրացումն է եւ մարդոց ստեղծած բխումները մթնոլորտին մէջ[7]։
Մոլորակին ջերմաստիճանը աւելի բարձրացած է վերջին 35 տարիներուն ընթացքին։ 2016-ին ամէնէն տաք տարին կը համարուի, որովհետեւ Երկրին տաքութիւնը վտանգաւոր կերպով բարձրացած էր[8], շարունակուած է ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը` գերազանցելով 1990-ին որոշուած առաւելագոյն ծաւալը, առաւել քան քսան երկիրներու մէջ արձանագրուած է յաւելեալ տաք տարի, ինչ որ գերազանցապէս զգացուած է հարաւային կիսագունդին մէջ:
Ովկիանոսին ջերմաստիճանին բարձրացումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամէնէն շատ ջերմութիւն ծծողները ովկիանոսներն են: Այդ երեւոյթը նշմարուած է 1969-էն սկսեալ (700 մեթրէն (2,300 feet))[2]։ 2014-ին ծովու մակերեսի ջերմաստիճանը նոր մրցանիշներ արձանագրած է, ինչ որ առաւելապէս զգացուած է Խաղաղական ովկիանոսին հարաւային հատուածին մէջ[9]:
Անթարքթիքայի սառոյցներու հալելու իբրեւ հետեւանք կրնան հոնկէ դուրս գալ քիմիական նիւթերը, մանաւանդ՝ թոյնի տեսակ մը, զոր բազմաթիւ երկիրներ գործածելէ հրաժարած են երեսուն տարի առաջ: Շատ մեծ աշխատանքներ կը տարուին ովկիանոսներու ջերմացման առաջքը առնելու համար, բան մը, որ այս պահուն տակաւին անկարելի կը թուի: Ովկիանոսները կը կլանեն ահռելի քանակութեամբ տաքութիւն: Գիտնականները վստահ են, որ եթէ նոյնիսկ մարդկութիւնը կարենայ ձերբազատիլ ջերմոցային կազերու քանակէն, համաշխարհային ովկիանոսի փոփոխման հոլովոյթը պիտի շարունակուի եւ ատոր հետեւանքներէն մէկն ալ այն պիտի ըլլայ, որ արեւադարձային հիւանդութիւնները տարածուին նոր շրջաններու մէջ[10]:
Սառցային առանձնացում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սառցայինները կ'առանձնանան ամբողջ երկրագունդին վրայ, ներառեալ՝ Ալպեան, Հիմալայեան, Անդէս, Ռոքիս, Ալասքայի եւ Ափրիկէի լեռնաշղթաներն ու լեռները։
2014-ին Հիւսիսային բեւեռի սառոյցներու հալքը 1998-2010 թուականներուն հետ համեմատած սկսած է 20-30 օր աւելի կանուխ:
Ծովուն մակերեսը կը բարձրանայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերջին դարուն ծովուն մակերեսը բարձրացած է 203,2 միլիմեթր (8 inches)։ Իսկ վերջին երկու դարերուն ընթացքին ծովուն մակերեսին բարձրացումը կրկնապատկուած է եւ տարուէ տարի ալ նոր մրցանիշներ կ'արձանագրէ։
Կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սառերու հալքը եւ ծովու մակարդակին բարձրացումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կլիմայական փոփոխութիւնը կ'ազդէ Երկիր մոլորակին վրայ։ Բեւեռային շրջանի սառոյցը կը հալի եւ ծովուն մակերեսը կը բարձրանայ։ Այսպէս, մեծ թիւով կղզիներ կ'անհետանան, ջուրով կը ծածկուին եւ մարդիկ կը գաղթեն։
Երբ ջուրը շատ կը տաքնայ, կը ծաւալի։
Միաժամանակ երկրագունդին գերջերմացումը երկու բեւեռներուն սառակոյտերուն փլուզման պատճառ կը հանդիսանայ, ինչպէս նաեւ սառնալեռներուն ծաւալման:
Վերոնշեալ պատճառներով, ծովու ջուրին մակերեսը կը բարձրանայ եւ իբրեւ հետեւանք տեղի կ'ունենան` ողողումներ, ջրհեղեղներ, մասնաւորաբար ծովեզերեայ շրջաններու մէջ եւ մերձակայ դաշտերուն վրայ[6][11]։
Գաղթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1980-ականներուն սկիզբէն իւրաքանչիւր յաջորդ տասնամեակ աւելի տաք եղած է, քան նախորդը: Մասնագէտները հաստատած են, որ այս ընթացքով եթէ շարունակուի, մինչեւ դարավերջ ջերմաստիճանը կրնայ 3-5 աստիճան բարձրանալ: Իսկ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ), իր կարգին, կը յիշեցնէ, որ Փարիզեան կլիմայական համաձայնագրով պետութիւնները պարտաւորուած են պահպանել միջին ջերմաստիճանի բարձրացումը 1.5 աստիճանի սահմաններուն մէջ: Եթէ այդպէս չըլլայ եւ եթէ բոլոր քայլերը չտանին կանխելու համաշխարհային ջերմացումը, ապա մարդկութեան աղիտալի ապագայ մը կը սպասուի եւ մոլորակին վրայ շատ հատուածներ կը դառնան անմարդաբնակ:
Մեծ թիւով անասուններ կը ստիպուին տեղափոխուիլ դէպի նոր տարածութիւններ եւ վտանգի մէջ կը գտնուին։ Նոյնպէս մարդիկ կը ներգաղթեն կամ՝ կ'արտագաղթեն։
Եղանակի ծայրայեղ փոփոխութիւններէն կը ստեղծուին երաշտի պայմաններ եւ անձրեւի տեղումներ։
ՄԱԿ կը հաստատէ, որ 2020-2021 տարեշրջանին կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքով 12,5 միլիոն բնակչութիւն տեղաշարժի ենթարկուած է. կը նախատեսուի, որ այս թիւը հասնի 20 միլիոնի:
Բնութեան ծայրայեղ երեւոյթներ եւ անձրեւներու տեղափոխութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կլիմայական փոփոխութենէն, ա'լ աւելի կ'ազատի երկթթուակ բնածուխը եւ մոլորակի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ[11]։
Վերջին տարիներուն բնութեան ծայրայեղ փոփոխութիւնները յաճախակի են: Անոնք ողողումներ եւ ջրհեղեղներ յառաջացնելէ բացի, նաեւ կ'ազդեն ջուրին որակին նուաստացման եւ ամէնէն մտահոգիչը՝ կարգ մը շրջաններու մէջ ջուրի աղբիւրներու սահմանափակման[12]։
Նոր հիւանդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա կրնայ մարդոց առողջութեան ազդել։ Նոր հիւանդութիւններ կը յատնուին, որոնք աւելի վտանգաւոր են, որովհետեւ այս կլիմայական փոփոխութիւնները այլեւս անակնկալօրէն կը յատնուին աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ եւ կ'ազդեն բնութեան երեւոյթներուն բնականոն ընթացքին:
Նկատուած է, թէ մեծ թիւով մահերու պատճառը կապուած է ջերմաստիճանի բարձրացման եւ ջուրի միջոցաւ վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման[13][2][11]։
Ընկերային եւ տնտեսական անդրադարձ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս փոփոխութիւնները լուրջ անդրադարձ կ'ունենան մարդուն առողջութեան եւ կառոյցներուն վրայ։ Նիւթական մեծ վնասներ կը յառաջացնեն տնտեսութեան եւ հասարակութեան ոլորտներէն ներս:
Հողագործութիւնը, անտառապահութիւնը, ուժանիւթը եւ զբօսաշրջիկութիւնը ուղղակի կ'ազդուին եւ կը տուժեն կլիմայական այս փոփոխութիւններէն:
1980-2011 թուականներուն, ողողումներուն պատճառաւ 5,5 միլիոն մարդ վնաս կրած է եւ 90 պիլիոն եւրօ նիւթական վնասներ եղած են[5]։
Հետեւանքները Եւրոպայի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հարաւային եւ կեդրոնական Եւրոպայի երկիրները ալ աւելի յաճախ կը տուժեն կիզիչ ամառներէն (անպատրաստ են տակաւին դիմագրաւելու), անտառներու հրդեհներէ եւ երաշտէ:
Ջուրի պակասը զգալի է Միջերկրականի աւազանի երկիրներուն մէջ:
Հիւսիսային Եւրոպան կ'ընդունի մեծաքանակ անձրեւներ, հետեւաբար ողողումները ձմրան եղանակին կը շատնան[14]։
Համաշխարհային ջերմացման նոյնիսկ կէս աստիճան բարձրացումը զգալիօրէն կը վատթարացնէ երաշտներու, ջրհեղեղներու, խիստ տաքութեան եւ աղքատութեան վտանգները հարիւր միլիոնաւոր մարդոց համար[15]:
Հետեւանքները զարգացած երկիրներուն մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղքատ երկիրները անմիջականօրէն կ'ազդուին կլիմայական փոփոխութիւններէն, որովհետեւ այդ երկիրներուն բնակիչները կախեալ են իրենց շրջապատէն, բնութենէն: Այդ պատճառով կ 'արտագաղթեն դէպի զարգացած երկիրներ, որոնց կառոյցները անբաւարար են ընդունելու այդ մեծ հոսքը։ Հետեւաբար կը յառաջանան ընկերային, հասարակական լուրջ հարցեր[2][14]։
Վայրի կենսահարստութեան վտանգը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կլիմայական փոփոխութիւները կը վտանգեն երկրագունդին վայրի կենսահարստութեան եւ բուսականութեան: Բազմաթիւ բոյսեր եւ անասուններ կը պայքարին դիմագրաւելու համար այս կացութիւնը:
Ցամաքի եւ ջուրի տեսակներ նոր շրջաններ կը տեղափոխուին: Իսկ շատեր անհետանալու վտանգի տակ են[13][14]։
Ըստ գիտնականներու կատարած հետազօտութիւններուն, կլիմայական փոփոխութիւնները կրնան մինչեւ դարավերջ վերացնել Երկիրին բուստերու խութերուն գրեթէ ողջ բնակելի միջավայրը: Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր բուստերու խութերուն 70-90 տոկոսը անհետացման վտանգի տակ կը գտնուին յառաջիկայ 20 տարուան ընթացքին: Անոր պատճառներէն մէկը՝ ովկիանոսներու ջերմաստիճանին բարձրացումն է, ինչպէս նաեւ՝ ջուրին թթուայնութիւնը եւ աղտոտութիւնը[16]:
Գիտնականներու Առաջարկներ՝ Լուծումներու Յանգելու Համար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Աստղագէտ Ռոճըր Անցէլ կ'առաջարկէ մոլորակին շուրջ տեղադրել 60 սմ. շառաւիղով եւ քանի մը կրամնոց միլիոնաւոր ոսպնեակներ, որոնց միջոցով հնարաւոր ըլլայ ցրուել արեւուն ճառագայթները: Անցէլ համոզուած է, որ այդ մէկը կը յանգեցնէ արեւային ճառագայթման նուազեցման:
- Ուրիշ գիտնական մը կ'առաջարկէ մոլորակը շրջապատել մանր մասնիկներու կամ տիեզերանաւերու օղակով մը, որպէսզի ստուերի տակ առնէ արեւադարձային գօտիները՝ մեղմելու համար կլիման: Արտացոլող մասնիկները կարելի է ստանալ երկիրին, լուսինին կամ աստղակերպերուն վրայի լեռնային մշակումներէն: Եթէ այդ նախագիծը գործադրուի, ապա տիեզերանաւերու արտադրման պարագային կը ծախսուի 500 միլիառ, իսկ մասնիկներու պարագային մինչեւ 200 թրիլիոն տոլար:
- Կլիմայագէտ Ուոլլաս Պրոքըր կ'առաջարկէ փուչիկներու եւ օդանաւերու օգնութեամբ մթնոլորտի շերտերէն մէկուն՝ վերոլորտին մէջ շաղ տալ ծծումբի մասնիկներ, որոնք այդ մակարդակի վրայ կը մնան մօտ երկու տարի: Այդ նախագիծը կը գնահատուի մօտաւորապէս 50 միլիառ տոլար:
- Ուրիշներ կ'առաջարկեն յատուկ սարքաւորումներու միջոցով ծովուն ջուրէն աղային գոլորշիներ ստանալ եւ զանոնք վերածել կերակուրի աղով յագեցած իսկական ամպերու, որոնց ստուերին մէջ Երկիր մոլորակը «կը թաքնուի» արեւէն:
- Կ'առաջարկուի նաեւ՝ ջրային հատուածներու վրայ ստեղծել ճերմակ մակերեսով կամ կերպընկալէ զանգուածով պատուած լողացող արհեստական կղզեակներ՝ երկիր թափանցող արեւային ճառագայթումը արտացոլելու համար:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Կլիմայական փոփոխութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-05-22-ին։ արտագրուած է՝ 2021-10-15
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Կլիմայի փոփոխութեան սպառնալիքը գերազանցել է միջուկային պատերազմի հեռանկարը, Ալիք օրաթերթ,22 Հոկտեմբերի 2019 Archived 2021-01-24 at the Wayback Machine. Եւր. Միութեան« Κλιματική αλλαγή»,կլիմայական փոփոխութիւն Archived 2021-01-24 at the Wayback Machine.
- ↑ Եւր. Միութեան« Κλιματική αλλαγή»,կլիմայական փոփոխութիւն (յունարէն)
- ↑ գերջերմացումը,«Global warming»(անգլերէն)
- ↑ 5,0 5,1 Մենք կ՛ապրինք Ջեռմանոցի կազերին մէջ,«We Live in a Greenhouse»NASA, (անգլերէն)
- ↑ 6,0 6,1 Կլիմայական փոփոխութիւն,«CLIMATE CHANGE»(անգլերէն)
- ↑ Կլիմայական փոփոխութիւն։Ի՞նչպէս գիտենք, «Climate Change: How Do We Know?»,(անգլերէն)
- ↑ Կլիմայի մասին գագանթաժողով, օրաթերթ Արարատ, 2015-12-01[permanent dead link]
- ↑ Ովկիանոսին ջերմաստիճանին բարձրացումը
- ↑ Երկրագունդը յուզող հարցեր
- ↑ 11,0 11,1 11,2 Յունաստանի Դրամատուն, Կլիմայական փոփոխութիւն եւ առողջութիւն,«ΚΛΙΜΑΤΙΚΗ ΑΛΛΑΓΗ ΚΑΙ ΥΓΕΙΑ» PDF (յունարէն)
- ↑ Ի՞նչ է կլիմայական փոփոխութիւնը, պարզ ուղեցոյց,16 Յունուար 2020, «What is climate change? A really simple guide»(անգլերէն)
- ↑ 13,0 13,1 Կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքներ, «Επιπτώσεις της κλιματικής αλλαγής»https://ec.europa.eu/clima/change/consequences_el
- ↑ 14,0 14,1 14,2 WWF Կլիմայական փոփոխութիւններ, պատճառներ եւ հետեւանքներ (յունարէն) [1]
- ↑ Կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքար
- ↑ «Վտանգուած բնութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2021-10-16