Շամախի Քաղաք

Բնակավայր
Շամախի Քաղաք
ազրպ.՝ Şamaxı
Երկիր  Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Առաջին յիշատակում 2 դար
Տարածութիւն 6 քմ²
ԲԾՄ 709±1 մեթր
Պաշտօնական լեզու ազրպէյճաներէն
Բնակչութիւն 39 600 մարդ (2023)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 994176

Շամախի քաղաքը, Աղուանքի հայութեան գլխաւոր կեդրոնը եղած է:[2]

Հայեր եւ գլխաւորաբար արցախցիք հնագոյն դարերէն սերտ յարաբերութիւն ունեցած են Աղուանքի հետ, եւ պատմութեան ընթացքին աստիճանաբար տարածուելով, գլխաւորաբար Շամախիի, Գէոքչայի, Ջաւադի, Լենքորանի, Շաքիի, Զաքաթալայի, Դերդենդի, Ղուբայի եւ Պաքուի մէջ կեդրոնացած են:

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շամախի տարածուած է Կովկասեան լեռնապարի հարաւ-արեւելեան լանջերուն ստորոտը, Սուրբ Սահակ (Փիրսահաթ) եւ Զագալաւա գետերու միախառնման վայրին մէջ, շուրջ 750 մեթր բարձրութեան վրայ: Դէպի հիւսիս Պինասլի եւ Կուշհան, հիւսիս-արեւմուտք` Ղգղարասի եւ Փեդրաքուն եւ արեւմուտքը Մէյսարի լեռներն են: Արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը խոր ձորեր են: Արեւմտեան ձորին մէջէն կը հոսի Մէյսարի վտակը, իսկ արեւելեան ձորին մէջէն`փոքր առու մը: Երկու ջուրերը միանալով կը խառնուին Փիրսահաթ գետին:

Քաղաքին բարձրադիր մասը հարթավայր է, միջնամասը լանջեր են, իսկ ստորին մասը`հովիտ:

Շամախիի բնութիւնը սքանչելի է, ջինջ, կանաչապատ, ամէն կողմէ բուրաւէտ վարդաստաններ, պտղառատ մրգաստաններ ու այգիներ եւ ծառերուն վրայ գիշեր-ցերեկ երգող սոխակներ:

Աշխարհագրական իր դիրքին շնորհիւ Շամախի գտնուած է առեւտրական մեծ ճանապարհներու վրայ: Եղած է քաղաքական ու մշակութային կարեւոր կեդրոն:

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հինաւուրց Շամախի քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ հայեր բնակած են շատ հին ժամանակներէն: Քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը Արցախէն տեղափոխուած վերաբնակիչներ էին, եւ Շամախիի բարբառը մօտիկ առնչութիւն ունի Արցախի բարբառին հետ:

Շամախի նկատուած է շիրվանահայութեան կրթական, մշակութային, քաղաքական կեանքի եւ վաճառականութեան կեդրոնը:

Կարմեղեան ուխտի վանականներ, որոնք 1607-ին այցելած են Շամախի, կը գրեն որ քաղաքին բնակչութիւնը բաղկացած է պարսիկներէ եւ հայերէ: Հայերը առեւտրական աշխուժ կապեր ունին, եւ իբրեւ քրիստոնեաներ տուրքեր կը վճարեն իսլամ տիրակալներուն:

Սաքսոնիոյ Ֆրիտրիխ Շլեզուիկ-Հոլշթայն թագաւորի դեսպանութեան քարտուղար Ադամ Օլէարիուս, որ 30 Դեկտեմբեր 1636-էն 27 Մարտ 1637 Շամախիի մէջ հանգրուանած է, կը գրէ որ քաղաքին բնակչութիւնը բաղկացած էր հայերէ, պարսիկներէ եւ քանի մը վրացիներէ: Ան մանրամասն ու հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Շամախիի հայոց առաջնորդ Աբրահամ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ եւ քաղաքի հայերու մասնակցութեամբ 6 Յունուար 1637-ին կատարուած Ջրօրհնէքի արարողութեան վերաբերեալ:

Օսմանցի ճանապարհորդ Էվլիա Զելեպի, որ 1647-ին այցելած է Շամախի, կը գրէ որ քաղաքը ունի եօթը հազար տուն բնակչութիւն, քսանվեց թաղամաս, եօթը բաղնիք եւ քառասուն Կարաւանատուն:

Հայաշատ Շամախին նկատուած է հայկական քաղաք: Այս հիմամբ ալ, Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս երբ 1828-ին կը ստեղծուի Հայկական մարզը, կ'առաջարկուի Շամախին եւս ընդգրկել անոր կազմէն ներս, որովհետեւ Էջմիածինի վանքի հովանիին տակ անիկա Հայաստանի վաղեմի թագաւորութեան ընդհանուր կորիզը եւ հիմքը կը կազմէ:

Ըստ պետական պաշտօնական աղբիւրներու, Շամախի 1850-ին ունէր 18 հազար բնակիչ եւ հազար ծուխ հայ: 1855-ի տուեալներով քաղաքին 3113 տուներէն հայերը ունէին 469, ռուսերը`164, շիի իսլամները`1320 եւ սիւննի իսլամները`1130 տուն[3]:

Տոհմեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շամախիի մէջ ազդեցիկ էին Քալանթարեան, Դուլուխանեանց, Աւշարեանց, Շահնազարեանց եւ Լալայեանց տոհմերը:

Լալայեանցները եղած են մելիքական տոհմ: Մարկոս բէկ Լալայեանի որդի Պօղոս բէկ անուանի կը դառնայ Շամախիի եւ Պաքուի մէջ իր կատարած բարերարութիւններով եւ ազգօգուտ գործունէութեամբ:

Լալայեանները Շամախիի մէջ ունէին շքեղ բնակարաններ, կարաւանատուներ, բաղնիքներ եւ քաղաքէն դուրս կալուածներ, ջրաղացներ, վարելահողեր, արօտատեղիներ, այգիներ, ամառանոցներ, ձմեռանոցներ եւ որսատեղիներ:

Պօղոս բէկ ունէր ութ որդի – Աթանաս, Յովհաննէս, Մկրտիչ, Մարգար, Գէորգ, Յակոբ, Մարկոս եւ Կարապետ:

Կարապետ բէկ Լալայեան շքեղ ապարանք մը կառուցելով ռուսական կառավարութեան կը նուիրէ, ուր հետագային կը տեղաւորուին նահանգային հիմնարկութիւնները: Պաքուի մէջ բնակութիւն հաստատած Գէորգ բէկ Լալայեան մնայուն կերպով կ'աջակցի Մարդասիրական ընկերութեան եւ եկեղեցական աղքատախնամ հոգաբարձութեան: Աթանաս բէկի որդի Ալեքսանդր Լալայեան իր բեղուն գործունէութեան եւ բարեգործութիւններուն համար Ալեքսանդր Գ. ցարէն Աննայի երրորդ եւ Ստանիսլաւի երկրորդ աստիճաններ եւ շքանշաններ կը ստանայ:

Առեւտուր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շամախի պատմական շատ հին քաղաք է եւ Շիրվան երկրամասին կեդրոնը եղած է:

Շամախի հին դարերէն առեւտրական եւ մշակութային կապեր ունեցած է Հնդկաստանի եւ Չինաստանի, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ քաղաքներուն հետ:

Մետաքսի ճամբուն վրայ գտնուող Շամախի, իր քարաւանատուներով, միջազգային առեւտուրի կարեւոր կեդրոն կը դառնայ:

Պարսից շահ Իսմայիլ Ա. 1501-ին կը գրաւէ Շամախին, որմէ ետք քաղաքը Շիրվան նահանգին կեդրոնը կը դառնայ:

Շամախի յայտնի էր իբրեւ գորգագործութեան, կարպետագործութեան եւ մետաքսագործութեան կեդրոն: Զարգացած էին արհեստներն ու առեւտուրը:

Շամախիի շրջակայ հայաբնակ գիւղերու բնակչութեան հիմնական զբաղումը գորգագործութիւնն էր:

Վենետիկցի ճանապարհորդներ Ճոսաֆաթ Պարպարօ (1413-1494) եւ Ամպրոճօ Կոնտարինի (1429-1499), որոնք այցելած են Շամախի, կը գրեն, որ քաղաքը ունի չորսէն հինգ հազար տուն բնակչութիւն, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր են, որոնք թալման կամ դեհմելի կոչուող մետաքսեայ կտորներ եւ կտաւներ կ'արտադրեն:

Անգլիացիք 1561-ին կը մտնեն Շամախի, հում մետաքսի առեւտուրի համար, բայց անզօր կը գտնուին հայոց հետ մրցակցելու համար:

Անգլիացի վաճառական Էնթընի Ճենքինսըն, որ 10 Ապրիլ 1563-ին հասած է Շամախի, կը գրէ. «Այս քաղաքը (Շամախին) ծովէն, ուղտով հինգ օրուան ճամբայ է: Անիկա բնակեցուած է գլխաւորաբար հայերով»:

Անգլիացի այլ վաճառական մը` Էտուըրտս, որ նոյն ժամանակ այցելած է Շամախի, կը գրէ, որ Շամախիի եւ շրջակայ հայկական գիւղերու բնակիչները Հալէպի մէջ առեւտուր կը կատարեն վենետիկցիներու հետ: Ան կը շարունակէ` ըսելով. «Մէկ հայկական գիւղը ամէն տարի չորս հարիւր, հինգ հարիւր ջորի բեռցուցած մետաքս կը տանի Հալէպ, իսկ հոնկէ կը բերէ վենետիկեան մահուդ»:

Ռուս վաճառական Կոտով, որ 1623-ին այցելած է Շամախի, կը նշէ որ քաղաքը քանի մը Կարաւանատուն ունի, որոնցէ մէկը, ուր կ'իջեւանէին ռուս վաճառականները, կը կոչուէր Արմեանսկոյէ:

Ֆրանսացի միսիոնար Ֆիլիփ Աւրիլ, որ 1686-ին այցելած է Շամախի, կը գրէ որ 50-էն 60 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ, բացի հայերու մեծ թիւէն, որ կարելի է հասցնել 30 հազարի, կան նաեւ հնդիկներ, մոսկուացիներ, վրացիներ եւ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներ:

Շամախիէն Պաքու տեղափոխուած վաճառական Սահակ Ադամեանի որդիները` Աբգար, Ալեքսանդր, Յովհաննէս եւ Դաւիթ «Եղբարք Ադամեան» առեւտրական ընկերութիւնը կը հիմնեն: Ընկերութիւնը առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան բնագաւառներուն մէջ լայն գործունէութիւն կը ծաւալէ: Աբգարի որդի Յովհաննէս Ադամեան (1879-1932) սեւ-սպիտակ եւ գունաւոր պատկերասփիւռի իր գիւտով նոր դարագլուխ կը բանայ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան պատմութեան մէջ. զաւակներէն Հեղինէ եւ Եւգինէ կը դառնան անուանի դաշնակահարներ, իսկ Արշակ` երաժշտագէտ, որուն նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ կը կազմակերպուի սիմֆոնիք նուագախումբ:

Երկրաշարժեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շամախի 1667-ի երկրաշարժին կ'աւերուի: Քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ շուրջ 80 հազար հոգի աւերակներուն տակ կը մնայ:

Շամախիի մէջ 31 Մայիս 1859-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին չորս հարիւր հոգի փլատակներուն տակ կը մնայ:

16 Յունուար 1872-ի երկրաշարժին հիմնովին կը վնասուի հայկական թաղամասը:

31 Յունուար 1902-ի երկրաշարժին գրեթէ ամբողջ քաղաքը հողին կը հաւասարի:

Արշաւանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Լեզգիներ 1721-ին կը ներխուժեն Շիրվան եւ կը գրաւեն Շամախին: Անոնք անխնայ սուրէ կ'անցընեն շիի բնակչութիւնը, կ'աւերեն քաղաքը եւ ծանր վնաս կը հասցնեն քրիստոնեայ բնակչութեան:
  • Ռուս-պարսկական 1722-1723-ի պատերազմին ռուսական բանակը կը մտնէ Շիրվան եւ կը գրաւէ Շամախին:
  • Թուրք-պարսկական 1734-1735-ի պատերազմին, օսմանցիք կը գրաւեն Շիրվանը: Նատիր խանի պարսկական բանակը 1734 Օգոստոսին կը մտնէ Շամախի, կ'աւերէ քաղաքը եւ թաթար բնակիչները սուրէ կ'անցընէ:
  • Պարսկական թագաւորութեան կազմէն ներս Շիրվանի խանութիւնը կը կազմաւորուի 1761-ին եւ Շամախի անոր մայրաքաղաքը կը դառնայ: Շուրջ 60 հազար եւ մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեամբ Շամախի Պարսկաստանի ամէնէն մեծ եւ բարեկարգ քաղաքներէն մէկն էր:
  • Ռուս-պարսկական 1804-1813-ի պատերազմին, Շիրվանի խանութիւնը 1805-ին ռուս բանակին կողմէ կը գրաւուի եւ Գիւլիստանի 1813-ի դաշնագիրով Ռուսական կայսրութեան կը միացուի:

Զմիւռնահայերը Շամախի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զմիւռնիոյ մէջ 1812-ին կը սկսի ժանտախտի համաճարակ մը, որ արագօրէն կը տարածուի եւ ահաւոր համեմատութիւններ կը ստանայ: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը վարակուին եւ կը մահանան:

Մղձաւանջային կացութեան մատնուած` շատ զմիւռնահայեր կը հեռանան քաղաքէն եւ կը տեղափոխուին տարբեր վայրեր:

Զմիւռնահայերու զանգուած մըն ալ կը բռնէ դէպի արեւելք ճանապարհը եւ Շամախի հասնելով հոն բնակութիւն կը հաստատէ:

Շամախի հաստատուած զմիւռնահայերուն մեծամասնութիւնը առեւտրականներ եւ արհեստաւորներ էին եւ իրենց նպաստը կը բերեն քաղաքին բարգաւաճման աշխատանքներուն: Անոնք քաղաքին բնակիչներուն կողմէ կը ճանչցուին իբրեւ օսմանցիներ:

Շամախիի մօտակայքը, գետին վրայ կառուցուած միաթռիչք եւ սրբատաշ կամարով կամուրջին հիւսիսային կողմի արեւելեան ճակատին վրայ արձանագրուած է. «Վարպետ Յակոբ Օսմանցի, 1828»:

Շամախիի կեդրոնական փողոցին վրայ զմիւռնահայու մը կողմէ բացուած դեղարանը կը կրէր անոր ազգանունը` Օսմանով:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]