Jump to content

Նոր Ակօս

Նոր Ակօս
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Եղիա Չուբար
Հիմնադրուած է 1924
Գրասենեակ Երեւան, Հայաստան

«Նոր ակօս», գրական-գեղարուեստական, հասարակական պատկերազարդ շաբաթաթերթ։

Լոյս տեսած է 1924-1925 թուականներուն Երեւանի մէջ։ Խմբագիրը եղած է Եղիա Չուբարը[1]։

Լուսաբանած է հանրապետութեան տնտեսական, գիտական եւ մշակութային ձեռքբերւմները, ինչպէս նաեւ հայ աշխատաւորի առօրեան խորհրդային իշխանութեան առաջին տարիներուն։

Հրատարակած է Եղիշէ Չարենցի, Նայիրի Զարեանի, Ստեփան Զօրեանի եւ ուրիշներու գործերէն, պրոլետարական գրականութեան հարցերուն նուիրուած յօդուածներ, ռուս եւ արեւմտաեւրոպական դասական գրականութեան նմուշներ, ծանօթացուցած է անուանի նկարիչներու, քանդակագործներու, երաժիշտներու արուեստին։

1925 թուականի 5–7-րդ միացեալ համարները նուիրուած են Ա. Միասնիկեանին։

Պարբերականին աշխատակցած են Դ. Դեմիրճեանը, Վ. Թոթովենցը, Գ. Մահարին, Ա. Վշտունին, Վ. Ալազանը, Մ. Սարեանը, Յ. Կոջոյեանը, Կ. Հալապեանը եւ ուրիշներ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Նոր ակոս։ Գրական-գեղարվեստական յև հասարակական պատկերազարդ. շաբաթաթերթ / Խմբ.՝ Յե. Չուբար.