Հռիփսիմեանց Կոյսեր
Հռիփսիմեանց կոյսեր սուրբ Հռիփսիմեանց եւ սուրբ Գայանեանց կոյսեր (նահատակուած են 301 թուականին, Վաղարշապատ), քրիստոնեայ վկաներ, նահատակներ։ Հռիփսիմեանց կոյսերը առաքինազարդ վանական կեանք վարած են Հռոմի մէջ, իրենց մայրապետի՝ Գայանէ կոյսի առաջնորդութեամբ։ Հռոմի Տիոկղետիանոս կայսրի (284-305) հալածանքներէն խուսափելով, ի վերջոյ ապաստանած են Հայաստանի մէջ (Վաղարշապատի Հնձանք շրջանին մէջ)։ Աւանդութիւնը հալածանքներու պատճառը կը համարէ այն, որ կոյսերուն գեղեցկուհին երկնաւոր հարս Հռիփսիմէն, հրաժարած է Տիոկղետիանոս կայսրի առաջարկներէն՝ դառնալու անոր կինը եւ Հռոմի կայսրուհին։
Կայսրը լուր կը յղէ հայոց Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորին, որ գտնէ Հայաստանի մէջ ապաստանած կոյսերը եւ վերադարձնէ Հռոմ, բայց եթէ ուզէ, կրնայ նոյնիսկ կնութեան առնել Հռիփսիմէն։ Տրդատ թագաւոր գտնելով կոյսերը ու տեսնելով Հռիփսիմէի գեղեցկութիւնը, ինքն ալ նոյնը կը ցանկայ։ Հռիփսիմէն կը հրաժարի Տրդատէն ալ։ Այդ պատճառաւ անոր կ'ենթարկեն անլուր չարչարանքներու, կը կտրեն լեզուն, աչքերը կը հանեն եւ քարատելով կ'այրեն։ Կը սրահարեն նաեւ Հռիփսիմէի 32 հաւատակից վկայները։ Սրբուհիներու մարմինները 9 օր կը մնան անթաղ, մինչեւ որ Խոր Վիրապէն դուրս եկած Գրիգոր Լուսաւորիչը կ'ամփոփէ անոնց մարմինները տապաններու մէջ ու կը թաղէ իրենց նահատակութեան վայրերուն մէջ, Հռիփսիմէն՝ իր հաւատակիցներուն հետ, Գայանեանց կոյսերը՝ առանձին, իսկ հիւանդութեան պատճառով Հնձանք շրջանի միակ մնացած կոյսը՝ Հնձանքի մէջ, ուր յետագային Նահապետ Ա Եդեսացի կաթողիկոսը կը կառուցէ Սուրբ Շողակաթ վանքը։
Սուրբ Հռիփսիմէի վկայարանի վրայ Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսը 618 թուականին կառուցած է Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, որու խորանի գետնայարկ մատուռին մեջ այսօր զետեղուած կը մնայ սրբուհիի տապանը։ Իսկ Եզր Ա. Փառաժնակերտցի կաթողիկոսը Սուրբ Գայանեանց կոյսերու մատուռին մէջ բարձրացուցած է Էջմիածնի Սուրբ Գայանէ վանքը։ Այս տաճարներու ներքոյ մեծամեծ քարերով շինուած գետնափորեր կան, ուր ամփոփուած են կոյսերու ոսկորները։
Հայաստան եկած կոյսերու թիւը, ըստ Ագաթանգեղոսի, 70-էն աւելի էր, նահատակուածներու թիւը՝ 37։ Յանուանէ յիշատակուած են Հռիփսիմէն, Գայանէն, Նունէն, Շողակաթը եւ Մարիանէն։ Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչը Հռիփսիմեանց կոյսերը դասած է սուրբերու շարքին։ Որպէս սուրբեր Հռիփսիմէն եւ Գայանէն կը նշուին ո՛չ միայն հայերէն, այլեւ յունարէն, լատիներէն, արաբերէն, ղպտիերէն, ռուսերէն յայսմաւուրքներուն մէջ։
Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութիւնը հիմք հանդիսացած է հայ քրիստոնէական գրականութեան վաղ յուշարձաններէն մէկուն՝ Հռիփսիմեանց վկայաբանութեան համար, որ անցնելով Ագաթանգեղոսի եւ Մովսէս Խորենացիի պատմութիւններուն մէջ, լայն տարածում ունեցած է ինչպէս հայ, այնպէս ալ ողջ միջնադարեան քրիստոնէական գրականութեան մէջ։
Սուրբ Հռիփսիմէ վանքի օծման կապակցութեամբ 618 թուականին Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսը գրած է Սբ. Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած շարականը.
Անձինք նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի, Երկնաւոր նահատակք եւ կուսանք իմաստունք... - Շարակնոց, 1853, էջ 487
|
Հայ եկեղեցին Սբ. Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակը կը տօնէ Ս. Յարութեան յաջորդող Կիրակիէն ետք՝ Երկուշաբթի օրը։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի (Էջմիածին)
-
Սուրբ Շողակաթ եկեղեցի
-
Սուրբ Գայանէ եկեղեցի