Jump to content

Հիւսիսափայլ (ամսագիր)

Հիւսիսափայլ
Տեսակ ամսագիր
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Ստեփանոս Նազարեան
Հիմնադրուած է 1858
Հրատարակման վայր Մոսկուա

«Հիւսիսափայլ» գրական-գեղարուեստական ամսագիր, որ լոյս տեսած է 1858-1864 թուականներուն, Մոսկուայի մէջ։ Խմբագիրը եղած է Ստեփանոս Նազարեանը։ Այստեղ են առաջին անգամ տպագրուած Միքայէլ Նալպանտեանի արձակ եւ չափածոյ շատ գործեր, հրապարակախօսական-քննադատական յօդուածները եւ այլն։ Ամսագրին աշխատակցած են նաեւ Րաֆֆին եւ Ռափայէլ Պատկանեանը[1][2]։

Ամսագրի ծաւալը մօտաւորապէս 64-80 էջ էր, չափը՝ 24х16 սմ։ Կը տպագրուէր Լազարեան Ճեմարանի տպարանին մէջ։

Ամսագիրը ունէր լուսաւորական ու դաստիարակչական ուղղուածութիւն։ Ամսագրի խմբագիրն էր լուսաւորական-հրապարակախօս, Արեւելեան լեզուներու Լազարեան ինստիտուտի հայ բանասիրութեան ամպիոնի վարիչ՝ Ստեփանոս Նազարեանը։ Ամսագրին աշխուժօրէն կ'աշխատակցէր յեղափոխական դեմոկրատ Միքայէլ Նալպանտեանը (գլխաւոր աշխատակից)։ Ամսագրին մէջ կը հրապարակուէին Նալպանտեանի արձակն ու բանաստեղծութիւնները։ «Հիւսիսափայլը», հռչակելով լուսաւորական ու ժողովրդավարական գաղափարները, կը պահանջէր հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներու բարեփոխումներ, պայքար կը մղէր ազգայնական պահպանողականութեան, ռէակցիոն կղերականներու դէմ։ Կ'ենթարկուէր հետապնդումներու գրաքննութեան եւ ռէակցիոն հայ մամուլի կողմէ։ Հետեւելով «Սովրեմեննիկ» ամսագրի օրինակին եւ յաճախակի օգտուելով անոր նիւթերէն, «Հիւսիսափայլը» յօդուածներ կը հրատարակէր բնագիտական, փիլիսոփայական, պատմական, բարոյա-էթիկական եւ այլ թեմաներով, գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ։ Տեսական ու կիրառական պայքար վարելով գրաբարի եւ բարբառներով տարուածութեան դէմ, «Հիւսիսափայլը» կ'ամրացնէր նոր գրական լեզուի՝ աշխարհաբարի իրաւունքները։ Ամսագիրը զգալի ազդեցութիւն գործեց հայ գրականութեան ու քննադատութեան զարգացման վրայ։ Ամսագրին հետ կը համագործակցէին նաեւ Րաֆֆին ու Ռաֆայէլ Պատկանեանը։

Մենք, ռուս ազգութիւնը պաշտպանողները, չենք կարող չուրախանալ որեւէ այլ ազգութեան յաջողութիւններին։ Կեցցէ ամէն ազգութիւնը, քանի որ միայն ամէն ազգութեան ճանաչման դէպքում ոչնչանում է ինչ որ մի կոնկրետ ազգի սահմանափակուածութեան եւ բացառիկութեան բնոյթը։ Այդ պատճառով, կրկնում ենք, մենք չենք կարող չուրախանալ ժողովրդական լեզուի մարմին լինելու նպատակով պարբերականի ստեղծմանը[3]։

«Հիւսիսափայլի» գլխաւոր նորարարութիւնն էր քննադատական ոգին՝ անցեալի նկատմամբ անհանդուրժողական, քննադատական վերաբերմունքը։ 1864 թուականին, «Հիւսիսափայլ»-ի գործունէութեան աւարտէն ետք, Ստեփանոս Նազարեանը լքեց հրապարակախօսական ուղին, որու մասին յետագային ցաւով կ'արտայայտուէր Գրիգոր Արծրունին։ Ըստ անոր, Նազարեանը, ըլլալով նորարար ու բարեփոխիչ, կը մնար գրասենեկային գիտնական, ոչ թէ «ժողովրդական» գործիչ։ Ան չէ եղած պայքարող խօսնակ։ Այդ պատճառով ան կոտրուած էր հետապնդումներէն ու թշնամանքէն ու հեռացաւ կռուի դաշտէն։

«Ազատ Օր»-ի Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր, 2024-ի համարին մէջ կը կարդանք.

159 տա­րի ա­ռաջ, 13 ­Յու­նո­ւար 1858ին, ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ իր ա­ռա­ջին հա­մա­րը լոյս ըն­ծա­յեց «­Հիւ­սի­սա­փայլ» ա­նու­նով հա­յե­րէն թերթ մը, որ կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու 19րդ ­դա­րու մեր Ազ­գա­յին ­Զար­թօն­քին ա­րե­ւե­լա­հայ յա­ռա­ջա­մար­տի­կը եւ հայ մտքի ու գրա­կա­նու­թեան լու­սա­բաշխ փա­րոս մը։

Ո՛չ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն ը­սո­ւած խօսք է, ոչ ալ այդ­պէս՝ շռայ­լան­քով տրո­ւած գնա­հա­տա­կան է շա­րու­նակ շեշ­տուած այն հաս­տա­տու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ հայ մա­մու­լը հիմ­նա­կան դեր խա­ղա­ցած է մեր ժո­ղո­վուր­դին լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մը եւ մշա­կու­թա­յին կեն­սա­գոր­ծու­մը յա­ռաջ մղե­լու, մշտա­նո­րոգ պա­հե­լու եւ նպա­տա­կաս­լաց հու­նով ա­ռաջ­նոր­դե­լու մեծ գոր­ծին մէջ։

«­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի ա­նու­նին կցո­ւած «Օ­րա­գիր ընդ­հա­նուր ազ­գա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան» տիտ­ղո­սը ինք­նին կը խտաց­նէ բնա­բա­նը, ա­ռա­ջադ­րանքն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած այս ամ­սա­թեր­թին։

1858էն մին­չեւ 1862 ան­խա­փան հրա­տա­րա­կո­ւե­լէ ետք, «­Հիւ­սի­սա­փայլ» եր­կու տա­րի լոյս չէ տե­սած, 1864ին մէկ տա­րի վե­րահ­րա­տա­րա­կո­ւած է եւ այ­նու­հե­տեւ վերջ­նա­կա­նա­պէս դադ­րած է։

­Բայց հինգ տա­րո­ւան իր հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը ա­ռա­ջաց­նէր այն­քա՜ն վա­րար ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շար­ժում եւ այն­պի­սի՛ գա­ղա­փա­րա­կան եր­կունք, որ բա­ռին ե՛ւ փո­խա­բե­րա­կան, ե՛ւ քա­ղա­քա­կան ի­մաստ­նե­րով՝ ա­նի­կա հիւ­սի­սէն փայ­լող լոյ­սի աղ­բիւր դար­ձաւ ա­րե­ւե­լա­հայ գրա­կա­նու­թեան եւ, ընդ­հան­րա­պէս, քա­ղա­քա­կան լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան հա­մար։

«­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան նա­խա­ձեռ­նեց Ս­տե­փա­նոս ­Նա­զա­րեանց, որ փայ­լուն հրա­պա­րա­կա­գիր էր եւ հան­դի­սա­ցաւ ոչ միայն ա­րե­ւե­լա­հայ աշ­խար­հա­բա­րի մշակ­ման եւ կա­տա­րե­լա­գործ­ման դրօ­շա­կի­րը, այ­լեւ՝ ան­վե­հեր պաշտ­պա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ «հո­գե­ղէն շար­ժո­ղու­թիւն» ա­ռա­ջաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին՝ իր հիմ­նած թեր­թին գլխա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հռչա­կե­լով՝ «իւ­րաց­նել եւ­րո­պա­կան մշա­կոյ­թը եւ զայն տա­րա­ծել Ա­սիոյ մէջ, լի­նել Ա­սիա­յի հա­մար մի լու­սա­ւոր ճրագ»։

Ս. ­Նա­զա­րեանց ա­ռան­ձին չէր, իր կող­քին ու­նէր յա­ռաջ­դի­մա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ տես­լա­կա­նի տէր ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կեն­սու­նակ խումբ մը, յատ­կա­պէս ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի օ­րի­նա­կով նո­րա­րար հե­ղի­նակ­ներ, ո­րոնք «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը վե­րա­ծե­ցին գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ի­րաւ դարբ­նո­ցի։

Գ­րա­կան ու ի­մաս­տա­սի­րա­կան այդ դարբ­նո­ցը, միա­ժա­մա­նակ, շատ ա­րագ հան­րա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ ազ­գա­յին զար­թօն­քի դպրոց դար­ձաւ 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սու ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

­Կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, որ «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը ու­նէր իր հո­գեմ­տա­ւոր ծնո­ղը, որ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Լա­զա­րեան ­Ճե­մա­րանն էր, հիմ­նո­ւած 1814ին։ Ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պատ­մա­կան մեծ դեր խա­ղա­ցած հան­րա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ ազ­գա­յին զար­թօն­քի այդ անկրկ­նե­լի ու­սում­նա­րա­նը սե­րունդ հաս­ցուց եւ Ս. ­Նա­զա­րեանց, ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեան, ­Րաֆ­ֆի ու Ռ. ­Պատ­կա­նեան, «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի ի­րենց ճա­ռա­գայ­թող շո­ղե­րով, ­Լա­զա­րեան ­Ճե­մա­րա­նով սկսած ա­րե­ւե­լա­հա­յոց զար­թօն­քի շար­ժու­մը յաղ­թա­կան իր ա­ւար­տին ա­ռաջ­նոր­դե­ցին։

«­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ե­րեք նշա­նա­կէտ­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ։

Ա­ռա­ջի՛ն. ա­մէն կար­գի իշ­խա­նու­թեան աղ­բիւր դարձ­նել նոյ­նինքն մեր ժո­ղո­վուր­դը՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ուղ­ղու­թեամբ ա­րեւ­մուտ­քի եւ հիւ­սի­սի մէջ ծա­ւա­լած գա­ղա­փա­րա­կան խմո­րում­նե­րուն եւ հա­սա­րա­կա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն հա­ղորդ պա­հե­լով ժո­ղովր­դա­յին բազ­մու­թիւն­նե­րը, լու­սա­ւո­րե­լով հա­յու­թեան միտքն ու հո­գին եւ թափ տա­լով ա­նոր ինք­նա­հաս­տատ­ման կռուան­նե­րուն ու ինք­նա­զար­գաց­ման զէն­քե­րուն։

Այդ ա­ռու­մով՝ հայ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան մէջ շեշ­տո­ւած յա­ռաջ­դի­մա­կան ու ըն­կե­րա­յին զգա­ցո­ղու­թիւ­նը շատ բան կը պար­տի «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ին։

Երկ­րո՛րդ. պայ­քա­րիլ հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան խա­ւա­րա­միտ տար­րին եւ ա­նոր նա­խա­պա­շա­րում­նե­րուն, ընդ­հան­րա­պէս նաեւ հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեան ու ստրկամ­տու­թեան դէմ՝ յա­նուն ա­զատ մտա­ծո­ղու­թեան ժո­ղովր­դա­կա­նաց­ման, ա­ռա­ջին հեր­թին, աշ­խար­հա­բար լե­զուն գրա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան մշա­կու­մի ու գոր­ծա­ծու­թեան բարձր մա­կար­դա­կի հասց­նե­լով, ա­պա եւ այդ հու­նով՝ հայ դպրո­ցը ի­րա՛ւ լու­սա­ւո­րու­թեան հնո­ցի վե­րա­ծե­լով։

Եր­րո՛րդ. հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին նկա­րագ­րին եւ ա­ւանդ­նե­րուն հա­ւա­տա­րիմ՝ եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քակրթու­թեան վե­րած­նուն­դի նո­ւա­ճում­նե­րով պա­տո­ւաս­տել հայ­կա­կա­նու­թեան հաս­տա­բուն կաղ­նին, սոսկ ը­նդօ­րի­նա­կե­լով չբա­ւա­րա­րո­ւիլ, այլ իւ­րաց­ման եւ ազ­գայ­նաց­ման եր­կուն­քով ա­րա­րել հա­մա­մարդ­կա­յին յա­ռաջ­դիմա­կան ար­ժէք­ներն ու սկզբունք­նե­րը, որ­պէս­զի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը՝ իբ­րեւ հա­յե­ցիու­թեան ժա­ռան­գոր­դի՝ հպար­տու­թեամբ քա­լեն հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան մեծ քա­ռու­ղի­նե­րէն։

Այս բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ յա­ռաջ­դի­մա­կան մտքի զար­գաց­ման եւ նո­րա­րար գրա­կա­նու­թեան ստեղծ­ման: Ա­նոր է­ջե­րուն լոյս տե­սան ­Մի­քա­յէլ ­Նալ­բան­դեա­նի հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան, գրաքն­նա­դա­տա­կան ու գի­տա­կան բազ­մա­թիւ յօ­դո­ւած­նե­րը, գրա­կան-պատ­մա­կան եր­կե­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րուն, գրա­կան լե­զո­ւի, գրա­կա­նու­թեան ու թատ­րո­նի, լու­սա­ւո­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, «­Յի­շա­տա­կա­րա­նը», «­Մե­ռե­լա­հար­ցուկ» վէ­պը, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ ­Նոյն­պէս «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ի է­ջե­րուն լոյս տե­սան Ս­տե­փա­նոս ­Նա­զա­րեա­նի դպրո­ցա­կան գոր­ծի, դա­սա­գիր­քե­րու, կրթա­կան ծրագ­րե­րու, ըն­տա­նե­կան եւ ֆի­զի­քա­կան կրթու­թեան ու ման­կա­վար­ժա­կան կազ­մե­րու պատ­րաստ­ման եւ նմա­նա­տիպ այլ հար­ցե­րու վե­րա­բե­րող յօ­դո­ւած­նե­րը:

­Հան­դէ­սի մնա­յուն աշ­խա­տա­կից­նե­րու շար­քին փայ­լե­ցան ա­նուն­նե­րը եւ գոր­ծե­րը ­Րաֆ­ֆիի, ­Ռա­փա­յէլ ­Պատ­կա­նեա­նի, Սմ­բատ ­Շա­հա­զի­զի, ­Մու­րա­ցա­նի եւ այ­լոց։

Ար­դա­րեւ, հայ մտքի, մշա­կոյ­թի եւ գրա­կա­նու­թեան երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, ի­րա­ւա՛մբ, հիւ­սի­սէն փայ­լող ­Զար­թօն­քի լու­սա­ւոր աստ­ղը ե­ղաւ 159 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­նո­ւար 13ի այս օ­րը իր ա­ռա­ջին հա­մա­րը լոյս ըն­ծա­յած «­Հիւ­սի­սա­փայլ»ը[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՀԻՒՍԻՍԱՓԱՅԼ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-12 
  2. «Համահայկական թվանշային գրադարան» 
  3. Հիւսիսափայլ
  4. ««­Հիւ­սի­սա­փայլ»»։ Azat Or։ 2017-01-13։ արտագրուած է՝ 2024-10-14 
  • Զ. Մ. Գրիգորեան, Ա. Ա. Ղազինեան, «Գրականութիւն», 1992, «Լոյս» հրատարակչութիւն, էջ 299։