Jump to content

Մելանքթոն Արսլանեան

Մելանքթոն Արսլանեան
Ծնած է 3 Յունիս 1913
Ծննդավայր Այնթապ
Մահացած է 26 Դեկտեմբեր 1986
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ամուսին Վիոլէթ Կէօշլանեան
Ծնողներ Արմենակ եւ Պէաթրիս Արսլանեաններ
Երեխաներ Արամ, Րաֆֆի եւ Միլվի

Մելանքթոն Արսլանեան (3 Յունիս 1913, Այնթապ - 26 Դեկտեմբեր 1986, Անվերս), ազգասէր ու նուիրատու բարերար:

Անդրանիկ զաւակն է Արմենակ եւ Պէաթրիս Արսլանեաններու։ Երկու տարեկանին կը սկսի գաղթականութիւնը եւ ութ տարեկանին աքսորէն ազատելով, իր ընտանիքին հետ կ'ապաստանի Հալէպ։

Հալէպի մէջ կը յաճախէ Աւետարանական վարժարանի նախակրթարանը։ Երկրորդական ուսումը կը ստանայ «Ալէփփօ Գոլէճ»ի մէջ։ Կը դառնայ դպրոցի լաւագոյն աշակերտներէն մէկը եւ բարձր գնահատանքի ու մրցանակներու կ'արժանանայ։ Նիւթականի պատճառով Մելանքթոն չի կրնար ուսումը շարունակել եւ փոքր տարիքէն կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, ստանձնելով Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանի անգլերէն լեզուի դասաւանդութիւնը։

Ասպարեզ Եւ Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսուցչական ասպարէզին նկատմամբ իր ցուցաբերած նուիրումով՝ կ'արժանանայ իր շրջապատին հիացմունքին։ Այս շրջանին իր շուրջ կը հաւաքէ ազգասէր եւ լրջախոհ պատանիներ եւ կը հիմնէ «Արեգ» միութիւնը, որուն նպատակը կ՛ըլլայ հայ պատանիներուն մէջ արթնցնել ազգային ոգին եւ ազգապահպանման տեսլականը։ Յիշեալ միութեան մէջ իր տուած ազգայնաշունչ դասախօսութիւններով, հայկական հարցերու նկատմամբ իր ունեցած հետաքրքրութեամբ եւ կազմակերպական կարողութեամբ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ եւ տեղւոյն կոմիտէն կը ծրագրէ իր հիմնած «Արեգ» միութեան երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը ներգրաւել դաշնակցական շարքերուն մէջ։ Այսպիսով Մելանքթոն Արսլանեան իրականացած կը տեսնէ իր տեսլականները եւ կը դառնայ անդամ Հ. Յ. Դաշնակցութեան։

Միեւնոյն շրջանին կ'աշխատակցի «Ազդակ» օրաթերթին։ 1940-ական թուականներուն Մելանքթոն կը հիմնէ հիւսուածեղէնի գործարան մը, որ յաջողութիւն կը գտնէ Ա. Աշխարհամարտի շրջանին, որմէ ետք, 1948-ին, կը ձգէ հիւսուածեղէնի գործը եւ կը հաստատուի Պէյրութ։ 1947-ին կ'ամուսնանայ հալէպաբնակ Վիոլէթ Կէօշլանեանի հետ, եւ կ'ունենան երեք զաւակներ՝ Արամ, Րաֆֆի եւ Միլվի, որոնց կը փոխանցէ իր ազգասիրութիւնը[1][2]։ Պէյրութի մէջ Մելանքթոն կը գործակցի Վահէ Սէթեանի հետ, դրամատնային եւ ձոյլ ոսկիի վաճառման գործով՝ Հնդկաստան գտնուող իր եղբօրը՝ Հայկին գործակցութեամբ։ 1954-էն ետք, երբ իր եղբայրը՝ Հայկ, կը հաստատուի Ափրիկէ սկսելու համար ադամանդի մեծաքանակ գործին, կը ստիպուի ընտանեօք Լիբանանէն գաղթել 1951-ին եւ հաստատուիլ Պելճիքայի Անվերս քաղաքը։

Ան յաճախ կ՛այցելէ Լիբանան, մօտէն կը հետաքրքրուի հայութեան կարիքներով եւ ազգային հարցերով։ Չի զլանար եղբօրը՝ Հայկին հետ իր օժանդակութիւնը բերել հայկական բոլոր հաստատութիւններուն, եկեղեցիներուն, մշակութային միութիւններուն, առանց յարանուանական խտրութեան։ Մելանքթոն Արսլանեանի, իսկ յետոյ նաեւ Հայկ Արսլանեանի իշխանական նուիրատուութիւններով կարելի կը դառնայ իրենց անունը կրող Համազգայինի ճեմարանի նոր համալիրին կառուցումը[3]:

1986-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. զինք կը պարգեւատրէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Առաջին Կարգի շքանշանով։ Նոյն տարին Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մելանքթոնի կը շնորհէ Կիլիկիոյ Իշխանի շքանշանը։ Ազգանուէր եւ օգտակար կեանք մը վարելէ ետք, Մելանքթոն Արսլանեան իր մահկանացուն կը կնքէ Անվերսի մէջ, 26 Դեկտեմբեր 1986-ին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]