Jump to content

Մալալա Եուսուֆզայ

Մալալա Եուսուֆզայ
փուշթու՝ ملاله یوسفزۍ
ուրդու՝ ملالہ یوسفزئی
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Gul Makai
Ծնած է 12 Յուլիս 1997(1997-07-12)[1][2][3][…] (27 տարեկան)
Ծննդավայր Մինգորա, Պակիստան
Քաղաքացիութիւն  Պակիստան[4]
Կրօնք Սիւննի[5]
Ուսումնավայր Edgbaston High School?[4]
Լեդի Մարգարետ Հոլ?[6]
Մասնագիտութիւն blogger, իրաւապաշտպան, յուշագրող, գրագէտ, կանանց իրավունքների պաշտպան
Ամուսին Asser Malik?[7]
Ծնողներ հայր՝ Ziauddin Yousafzai?, մայր՝ Toorpekai Yousafzai?
Կայքէջ malala.org(անգլերէն)

Մալալա Եուսուֆզայ (12 Յուլիս 1997(1997-07-12)[1][2][3][…], Մինգորա, Պակիստան), Կիներու իրաւունքներու համար պայքարող փաքիստանուհի:

Ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում նուաճած է հայրենիքին մէջ յանուն կիներու կրթութեան իրաւունքի եւ այլ անարդարութիւններու դէմ պայքարելով:

9 Հոկտեմբեր 2012-ին,[8] Մալալայի պայքարն ու կրթութեան ձգտումը «Թալեպան» շարժման զինեալներուն զայրոյթը կը յառաջացնեն, որոնք 2012-ին կը յարձակին անոր դպրոցական հանրակառքին վրայ` թիրախ դարձնելով աղջնակը: Վէրքերը բուժուելէ եւ ապաքինելէ ետք, ան կրկին կը շարունակէ դպրոց յաճախել:

Զինեալները անոր դէմ շարք մը յարձակումներ կը կազմակերպեն, երբ ան կը սկսի ոգեշնչել տեղւոյն աղջիկները` խօսելով կրթութեան կարեւորութեան մասին:

Ան կը հիմնէ «Մալալա» հիմնադրամը, որ հանգանակութիւն կ'իրականացնէ աղջիկներու կրթութեան համար:

2014-ին 16 տարեկան Մալալա  կը դառնայ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի ամէնէն երիտասարդ դափնեկիրը:

Մալալա յաճախած է հօրը՝ Զիաւտին Եուսաֆզայի հիմնադրած դպրոցը։ Երբ Թալեպան կը սկսի Սուաթի մէջ յարձակիլ աղջիկներու վարժարաններուն վրայ, Մալալա խօսք մը կ'արտասանէ Փաքիստանի Փէշաուար քաղաքին մէջ, Սեպտեմբեր 2008-ին։ Անոր խօսքին վերնագիրն էր. «Թալեպան ինչպէ՞ս կը յանդգնի ուսման իմ տարրական իրաւունքս խլել»[9]:

2009-ին Եուսաֆզայ «Պի. Պի. Սի.»ի կայքին համար կը սկսի blogging-ի՝ ուսման իրաւունքը զլանալու Թալեպանի սպառնալիքին տակ ապրելու մասին[10]: Ան օգտագործեց Կուլ Մաքայ ծածկանունը։ Սակայն նոյն տարուան Դեկտեմբերին բացայայտուեցաւ անոր ինքնութիւնը։ Հանրային հարթակի ընդարձակումով, Մալալա կը շարունակէ խօսիլ բոլոր կիներու ուսման իրաւունքին մասին։ Այս գործունէութեան համար ան 2011-ին թեկնածու նշանակուեցաւ Մանուկներու Խաղաղութեան Միջազգային Մրցանակին[11]: Նոյն տարին անոր կը շնորհուի Փաքիստանի Ազգային Երիտասարդական Խաղաղութեան Մրցանակը:

Թիրախ Թալեպանի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ 14 տարեկան էր, Մալալա եւ ընտանիքը տեղեկացան, որ Թալեպան մահուան սպառնալիք հրապարակած է անոր դէմ։ Թէեւ Մալալա վախցաւ հօրը (հակաԹալեպան գործիչ) անվտանգութեան համար, բայց եւ այնպէս ընտանիքին հետ ենթադրեցին, թէ արմատական այդ խմբաւորումը իրականութեան մէջ վնաս չի հասցներ երեխայի մը։ 9 Հոկտեմբեր 2012-ին, երբ Մալալա դպրոցէն տուն կը վերադառնար, նոյն հանրակառքը բարձրացաւ մարդ մը եւ ուզեց գիտնալ, թէ ո՞ր աղջիկն է Մալալան։ Երբ ընկերները դէպի Մալալան նայեցան, զինեալը կրակեց անոր վրայ։ Մալալա գլուխէն եւ վիզէն ծանրօրէն վիրաւորուելով փոխադրուեցաւ Փէշաուարի զինուորական հիւանդանոցը։ Յաւելեալ բուժման համար զայն տեղափոխեցին Պիրմինկհամ, Անգլիա[12]:

Յարձակումէն ետք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլիոյ մէջ բուժուելէ ետք, Մալալա Մարտ 2013-ին սկսաւ յաճախել Պիրմինկհամի մէկ դպրոցը։

Յարձակումը յառաջացուցած էր Եուսաֆզայի զօրակցութեան եւ աջակցութեան միջազգային ալիք մը, որ շարունակուեցաւ անոր բուժման ընթացքին։ ՄԱԿ-ի մէջ Մալալա 2013-ին խօսք մը արտասանեց իր 16-րդ տարեդարձին օրը։ Մալալա նաեւ գրեց իր ինքնակենսագրութիւնը. «Ես Մալալան եմ. կրթութեան համար պայքարող աղջիկը, որուն վրայ կրակած են»: Գիրքը հրատարակուեցաւ 2013-ին[13][14][15]:

I Am Malala: The Girl Who Stood Up for Education and Was Shot by the Taliban
Հեղինակ Մալալա Յուսուֆզա
Երկիր Լոնտոն, Անգլիա
Լեզու Անգլերէն
Նիւթ Մալալայի կեանքը.
Հրատարակուած 9 Հոկտեմբեր, 2014
Հրատարակող Orion Publishing Co
Էջ 320
ISBN 1780226586


Դժբախտաբար, Թալեպանը այս պարմանուհին տակաւին թիրախ կը նկատէր։ Հակառակ Թալեպանի սպառնալիքներուն, Եուսաֆզա կը մնայ հաստատակամ պաշտպանը կրթութեան ուժին։

10 Հոկտեմբեր 2013-ին, ճանչնալով եւ գնահատելով անոր աշխատանքը, Եւրոպական Խորհրդարանը Մալալա Եուսաֆզային շնորհեց Մտածումի ազատութեան Սախարով մրցանակը[16]: Նոյն տարին թեկնածու նշանակուեցաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին։ Ան չշահեցաւ մրցանակը, սակայն յաջորդ տարին (2014) կրկին թեկնածու նշանակուեցաւ։ Նոյն տարուան օգոստոսին «Լինին.Օրկ»-ը ուղղակի հաղորդուող զրոյց մը սկսաւ Դիմատետրի վրայ, Շերիլ Սէնտպըրկի եւ Եուսաֆզայի հետ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ աղջիկներու ուսման անհրաժեշտութեան մասին։ Մալալա խօսեցաւ իր պատմութեան, ներշնչման, ընտանիքին, ապագայի ծրագիրներուն մասին եւ պատասխանեց ընկերային ցանցեր օգտագործողներու զանազան հարցումներուն։

Մալալա կը ստանայ Սախարով Մրցանակը:

Հոկտեմբեր 2014-ին Եուսաֆզայ ստացաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, Հնդիկ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան գործիչ Կայլաշ Սաթիարթիի հետ[17]: 17-ամեայ Եուսաֆզա դարձաւ ամէնէն երիտասարդ անձը, որ կը նուաճէ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը։ Շնորհաւորելով Եուսաֆզայը՝ Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ ըսաւ. «Մալալա Փաքիստանի պարծանքն է, իր հայրենակիցներուն հպարտութիւն ներշնչած է: Մալալայի նուաճումը անզուգական եւ անհաւասարելի է: Աշխարհի աղջիկները եւ տղաքը պէտք է առաջնորդուին Մալալա Եուսաֆզայի պայքարով եւ յանձնառութեամբ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Մալալան նկարագրեց իբրեւ «խաղաղութեան խիզախ ու նուրբ ջատագով, որ դպրոց յաճախելու պարզ արարքով մը համաշխարհային ուսուցիչ դարձաւ[18]:

Մալալա Եւ Թուիթըր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալալա Եուսուֆզայ թուիթըրեան իր առաջին արձանագրութեամբ միայն երեք ժամուան մէջ 134 հազար հետեւորդներ ունեցաւ:

Զինք ողջունեցին հազարաւորներ, ներառեալ` Մայքրոսոֆթի հիմնադիրներէն Պիլ Կէյց եւ դերասանուհի Միա Ֆարոն:

Մալալա ՄԱԿ-ի խաղաղութեան պատգամաբեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապրիլ 2017-ին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Եուսուֆզայը կը նշանակէ ՄԱԿ-ի Խաղաղութեան պատգամաբեր, աղջիկներու կրթութիւնը քաջալերելու եւ տարածելու համար: Այս նշանակումը ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած բարձրագոյն մեծարանքն է երկու տարուան սկզբնական ժամանակամիջոցի մէջ:

Ապրիլին Եուսուֆզայի կը շնորհուի քանատական քաղաքացիութիւն: Ան այդ մեծարանքը ստացող վեցերորդ անձն է եւ երկրին մէջ` ամէնէն կրտսերը:

Մալալայի անցեալի խօսքերէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Եթէ ես շահիմ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը, ատիկա մեծ պատեհութիւն մը պիտի ըլլայ ինծի համար. բայց եթէ ատիկա չստանամ, կարեւոր չէ, որովհետեւ իմ նպատակս Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը նուաճելը չէ, իմ նպատակս է նուաճել իւրաքանչիւր երեխայի կրթութեան իրաւունքը
Սիրելի՛ ընկերներ, 9 օգոստոս 2012-ին Թալեպան կրակեց իմ վրաս: Անոնք նոյնպէս կրակեցին իմ ընկերներուս վրայ: Անոնք կարծեցին, թէ փամփուշտները պիտի լռեցնեն մեզ, բայց չյաջողեցան
Կ'ուզեմ, որ մարդիկ յիշեն, թէ Փաքիստանը իմ երկիրս է: Ես տակաւին պիտի սիրեմ զայն: Նոյնիսկ եթէ անոր ժողովուրդը կ'ատէ զիս, ես պիտի սիրեմ զայն
Ես միայն կրթութեան մասին կը խօսիմ, կիներու իրաւունքները եւ խաղաղութիւն: Ես կ'ուզեմ, որ աղքատութիւնը վերջ գտնէ վաղուան Փաքիստանի մէջ: Կ՛ուզեմ, որ իւրաքանչիւր աղջիկ դպրոց յաճախէ Փաքիստանի մէջ
Ես տակաւին նախկին Մալալան եմ: Ես տակաւին կը փորձեմ բնականոն ապրիլ, բայց այո՛, իմ կեանքս շատ փոխուած է
Կրթութիւնը ո՛չ արեւելեան, ո՛չ ալ արեւմտեան է: Կրթութիւնը կրթութիւն է եւ իւրաքանչիւր մարդկային էակի իրաւունքը

[19]:

Մալալան՝ Այսօր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
He Named Me Malala
Բեմադրիչ Տէյվիս Կուկընհայմ
Արտադրիչ

Տէյվիս Կուկընհայմ Լոռի Մըքտօնըլտ

Ուալթըր Փարքս
Գլխաւոր դերեր Մալալա Յուսուֆզա
Երաժշտութիւն Թոմաս Նյուման
Կինեմատոգրաֆիստ Էրիխ Ռօլընտ
Մոնտաժ

Կրէկ Ֆինդըն Պրէտ Ֆուլլըր

Պրայըն Ճոնսըն
Արտադրող
ընկերութիւններ
Imagenation Abu Dhabi FZ Participant Media
Թողարկման
թուական

4 Սեպտեմբեր, 2015 (ԱՄԷ)

2 Հոկտեմբեր, 2015 (ԱՄՆ)
Տեւողութիւն
88 վկն.
Երկիր

Կաղապար:Country data USA ԱՄՆ

Կաղապար:Country data ԱՄԷ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Լեզու Անգլերէն
Շահոյթ $2.7 միլիոն

18-րդ տարեդարձին օրը, 12 Յուլիս 2015-ին, որ նաեւ կը կոչուի Մալալայի Օր[20], մանկամարդ գործիչը շարունակեց կրթութեան համաշխարհային աշխատանքը` Լիբանանի մէջ բացումը կատարելով սուրիացի գաղթական աղջիկներու դպրոցին, որուն ծախսերը կը հոգայ «Մալալա ֆոնտ»-ը։ Դպրոցը նախատեսուած է 14-18 տարեկան շուրջ 200 աղջիկներու համար[21]:

«Այսօր, իբրեւ չափահաս` իմ առաջին օրս, աշխարհի երեխաներուն անունով ես կը պահանջեմ ղեկավարներէն՝ փամփուշտներու փոխարէն ներդրումներ ընել գիրքերու», յայտարարեց Եուսաֆզայ դպրոցի դասարաններէն մէկուն մէջ։ Նոյն օրը, «Մալալա ֆոնտ» կայքին միջոցով նաեւ իր համակիրներուն կոչ ուղղեց. «Տեղադրեցէ'ք ձեր նկարը, ձեր նախասիրած գիրքը բռնած, եւ ըսէք, որ ինչո՞ւ դուք կ'ընտրէք` #BooksNotBullets-ը, իսկ աշխարհի ղեկավարներուն ալ ըսէ'ք, որ դրամական յատկացումներ ընեն փոփոխութեան իսկական զէնքին՝ կրթութեան»[22]: Եուսաֆզա նաեւ գրեց.

Ցնցող ճշմարտութիւնը այն է, որ աշխարհի ղեկավարները ունին գումարներ լիովին հոգալու ամբողջ աշխարհի մէջ տարրական եւ միջնակարգ ուսումը, սակայն անոնք կը նախընտրեն այդ գումարները յատկացնել այլ բաներու, ինչպէս` ռազմական պիւտճէներու: Արդարեւ, եթէ ամբողջ աշխարհը միայն 8 օր դադրեցնէ ռազմական ծախսերը, մենք տակաւին կ'ունենանք 39 միլիառ տոլար, երկրագունդի իւրաքանչիւր երեխայի որակաւոր, անվճար կրթութեան համար

Հոկտեմբեր 2015-ին Եուսաֆզայի կեանքի մասին «Ան զիս Մալալա անուանեց» վաւերագրական շարժապատկերը հրապարակուեցաւ, բեմադրութեամբ Տէյվիս Կուկէնհէյմի («Էն Ինքոնվինիընթ Թրութհ», «Ուէյթինկ Ֆոր Սիւբըրմէն» շարժապատկերներու բեմադրիչ)[23][24][25][26]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  2. 2,0 2,1 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  3. 3,0 3,1 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
  4. 4,0 4,1 http://www.bbc.co.uk/news/world-asia-23241937
  5. https://www.reuters.com/article/pakistan-malala-idLTAKBN1H61LT-OUSLT
  6. https://www.bbc.co.uk/news/uk-england-oxfordshire-53107764
  7. https://www.hindustantimes.com/world-news/mala-yousafzai-activist-and-nobel-laureate-gets-married-in-birmingham-101636503284554.html
  8. Memmot Mark (9 October 2012)։ «Taliban Say They Shot Teenaged Pakistani Girl Who Exposed Their Cruelty»։ NPR 
  9. Մալալային արտասանած խօսքը.
  10. Մալալայի «Պի. Պի. Սի.»-ի կայքը.
  11. Մալալայի թեկնածութիւնը Մանուկներու Խաղաղութեան Միջազգային Մրցանակին.
  12. Մալալայի Անգլիոյ մէջ ունեցած փորձարութիւնները.
  13. Մալալայի գիրքի կայքը՝ Goodreads
  14. Մալալայի գիրքի կայքը՝ Barnes&Noble
  15. Մալալայի գիրքի կայքը՝ Waterstones
  16. Մալալայի Սախարով մրցանակը.
  17. Մալալայի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը.
  18. Պան Քի Մունի խօսքը Մալալայի մասին.
  19. [1]
  20. Մալալայի Օր.
  21. «Մալալայի դպրոցը Լիբանանի մէջ.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-23-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-15 
  22. «#BooksNotBullet շարժումը.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-15 
  23. Մալալայի ֆիլմը՝ IMDb
  24. Մալալայի ֆիլմը՝ Rotten Tomatoes
  25. Մալալայի ֆիլմը՝ Roger Ebert
  26. Մալալայի ֆիլմը՝ Common Sense Media

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]