Հայ Աղջիկներու Կրթութիւնը Հայաստանի Մէջ
Արտաքին տեսք
19-րդ դարուն աղջիկները տղոց հաւասար ուսում չէին ստանար։ Հարուստներու աղջիկները քիչ մը հայերէնի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէնի անձնական դասեր կ’առնէին, իսկ աղքատները ատոնցմէ զրկուած էին։
Գաղափարախօսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ կնոջ ընկերային եւ իրաւական կացութեան համար պայքարած առաջին գրագիտուհին եղած է Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901): Ան կը շեշտէր, որ կիները այրերու հաւասար կրթութիւն պէտք է ստանան։ Տիւսաբ կ’առաջարկէր, որ աղջիկներու կրթութիւնը հիմնական փոփոխութեան ենթարկուի, եւ անոնք ստանան տղոց հաւասար ուսում, որպէսզի հետագային կարենան ազատօրէն ասպարէզի ընտրութիւն կատարել։ Շնորհիւ Սրբուհի Տիւսաբի նմաններուն արծարծած յառաջադէմ գաղափարներուն, հայ աղջիկներ Պոլսոյ մէջ սկսան թաղային վարժարաններ յաճախել։ Հիմնուեցան նաեւ աղջկանց վարժարաններ։
Պատմութեան Ընթացքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1866 թուականի դրութեամբ՝ Պոլսոյ մէջ գործած է 46 հայկական վարժարան (32 արական, 14 իգական)` 4700 աշակերտ, 1472 աշակերտուհիներով: 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ երկսեռ վարժարաններ հիմնադրուած են նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր գաւառներու կեդրոններուն, ապա նաեւ գիւղերուն մէջ:
- Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին 1855-ին կը հիմնադրէ երկու անջատ դպրոցներ, որոնք գործել սկսած են 1855-էն, մէկը` մանչերու, միւսը՝ աղջիկներու։
- Գրող, հասարակական գործիչ Պերճ Պռոշեան հիմնադրեց Շուշիի (1864) եւ Երեւանի Գայանեան (1866) դպրոցները։ Հայ աղջիկներու համար բացուած առաջին դպրոցներէն է Շուշիի Մարիամեան (Մարիամ Հախումեան) օրիորդաց դպրոցը, որ հիմնադրուած է 1864-ի։ Շուշիի Մարիամեան դպրոցը Արցախի մէջ սկիզբը դրաւ կանանց կրթութեան։
- Կարինի (Էրզրում) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ 1870-ին հիմնադրուած է Հռիփսիմեան Օրիորդաց դպրոցը, որ նախապէս կոչուած է Թարգմանչաց վարժարան, այնուհետեւ՝ Հռիփսիմեան վարժարան։ Առաջին ուսումնական տարեշրջանին (1870-1871) այդ դպրոցը կը յաճախէին 291, իսկ 1882 թուականին՝ 400 աշակերտուհիներ։ Վարժարանի ուսուցիչներէն եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմը:
Տե՛ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ազդակ օրաթերթ, Մշակութային եւ Այլազան, 15 Յունուար, 2016: