Jump to content

Ճուզեփէ Գասպար Մեցոֆանտի

Ճուզեփէ Գասպար Մեցոֆանտի
իտալ.՝ Giuseppe Gasparo Mezzofanti
Ծնած է 19 Սեպտեմբեր 1774(1774-09-19)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Պոլոնիա, Պապական մարզ[1][1]
Մահացած է 15 Մարտ 1849(1849-03-15)[4][3] (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Հռոմ, Պապական մարզ[3][4]
Քաղաքացիութիւն  Վենետիկի հանրապետութիւն
 Իտալիայի թագավորություն
Իտալիա[1]
Մայրենի լեզու Իտալերէն
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի[5]
Ուսումնավայր Բոլոնիայի համալսարան?Կատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, գրադարանավար, համալսարանի դասախօս, Կաթոլիկ քահանայ, hyperpolyglot
Աշխատավայր Բոլոնիայի համալսարան?
Վարած պաշտօններ կարդինալ?[5]
Անդամութիւն Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Շուէտի բանահիւսութեան, պատմութեան եւ հնավաճառութեան արքայական կաճառ, Հունգարիոյ գիտութիւններու կաճառ եւ Ակադեմիա դելա Կրուսկա?

Կարտինալ Ճուզեփէ Գասպար Մեցոֆանտի, (19 Սեպտեմբեր 1774, Պոլոնիա, Պապական մարզ - 15 Մարտ, 1849, Հռոմ, Պապական մարզ):

Ծնած է Իտալիա, 1774-ին, կը նկատուէր պատմութեան մեծագոյն բազմալեզուեաններէն մէկը: Բացի աստուածաբանութենէն` իտալացի կարտինալը նաեւ հմուտ էր աստղագիտութեան, դրամագիտութեան, հնագիտութեան եւ բարբառագիտութեան ոլորտներուն մէջ: Բայց անոր իսկական սէրը լեզուներու մէջ էր, եւ ան նշանաւոր էր 39 օտար լեզուներ եւ զանազան բարբառներ խօսելու ունակութեամբ:

Կարտինալ Մեցոֆանտի  Պոլոնիոյ համալսարանի արաբերէնի դասախօս էր: Հետագային նոյն համալսարանին մէջ դասաւանդած է նաեւ յունարէն եւ արեւելեան լեզուներ:

Լեզուներ սորվելով` ան միաժամանակ բազմաթիւ առաջադրանքներ կատարած է: Վարած է Վատիկանի գրադարանը եւ ղեկավարած` միսիոնարական գործունէութիւններ[6]:

Կ'ըսուի, թէ երբ կարտինալը մահացած է, բազմաթիւ եւրոպացիներ կ'ուզէին ունենալ անոր գանկը:

Լեզուներու ցանկ, որոնցմով կը խօսէր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Ռասսսելի (1858) ան «բացառիկ գերազանցութեամբ» կը խօսէր.

Եբրայերէն, Միջնադարեան եբրայերէն, արաբերէն, սերպախրուաթերէն, ռումաներէն, գրաբար, աշխարհաբար, պարսկերէն, թրքերէն, ալպաներէն, հին յունարէն, յունարէն, լատիներէն, իտալերէն, սպաներէն, Փորթուկալերէն, ֆրանսերէն,շուետերէն, դանիերէն, գերմաներէն,անգլերէն, սերպերէն, ռուսերէն, հոլանտերէն, չեխերէն, հունգարերէն, չինարէն։

Նաեւ կը նշուի, որ ան սահուն խօսած է ինը լեզուներով եւս եւ ունեցած է հիմնական գիտելիքներ՝ շարք մը այլ լեզուներէ: Բացի երեսուն լեզուներէն, կը խօսէր սիրիերէն, եթովպերէն, ամհարերէն, հինտի-ուրտու, Գուջարաթի, ռումաներէն, եւ այլն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]