Ճոն Ռոնալտ Ռուէլ Թոլքին

Ճոն Ռոնալտ Ռուէլ Թոլքին[1]
պրիթ. անգլ.՝ John Ronald Reuel Tolkien
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Oxymore[2]
Ծնած է 3 Յունուար 1892
Ծննդավայր Պլոմֆոնթէյն, Որընճ Ֆրի նահանգ
Մահացած է 2 Սեպտեմբեր 1973
Մահուան վայր Բորնմութ, Bournemouth, Christchurch and Poole Council, Դորսետ, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն[3][4][5]
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Ազգութիւն  Մեծ Բրիտանիա Անգլիացի
Մայրենի լեզու անգլերէն
Կրօնք traditionalist Catholicism? եւ Կաթոլիկութիւն[6]
Ուսումնավայր Օքսֆորտի Համալսարան
Էքսետեր քոլեջ?
Թագավոր Էդուարդի դպրոց?[7]
St. Philip's School?
Ազդուած է Ջորդ ՄաքԴոնալդ?[8], Edward Wyke Smith?[9], Ժիւլ Վեռն[8], Հենրի Ռայդեր Հագարդ?[8], Էդվարդ Փլանքեթ, Դանսեյնիի 18-րդ բարոն?[8], Էդվարդ Բյորն-Ջոնս?[8], Ուիլյամ Մոռիս?[8], Ժիլպերթ Քէյթ Չեսթըրթըն[10], Էլիաս Լյոնրոտ?[11] եւ Բեովուլֆ?[8]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Հոբիթը?, Մատանիների տիրակալը?, Սիլմարիլիոն?, Tree and Leaf?, Ռովերանդոմ?, Թոմ Բոմբադիլի արկածները? եւ Beowulf: The Monsters and the Critics?
Տեսակ ֆենթեզի?, մանկական գրականութիւն, բանաստեղծութիւն եւ արձակ
Մասնագիտութիւն Գրագէտ, Բանասէր, Ակադեմիկոս, Բանաստեղծ
Աշխատավայր Օքսֆորտի Համալսարան
Լիդսի համալսարան?
Օքսֆորդի անգլերեն բառարան?
Վարած պաշտօններ Rawlinson and Bosworth Professor of Anglo-Saxon?
Անդամութիւն Թագաւորական գրական ընկերութիւն եւ Tea Club and Barrovian Society?
Ամուսին Էտիթ Պրաթթ (1916–1971, մինջեւ իր մահը)
Ծնողներ հայր՝ Arthur Reuel Tolkien?[12], մայր՝ Mabel Suffield?
Երեխաներ
  • Ճոն Ֆրէնսիս (1917–2003)
  • Մայքլ Հիլարի (1920–1984)
  • Կրիսթոֆըր Ճոն
  • Փրիսսիլա Անն
Կայքէջ tolkienestate.com(անգլերէն)

Ճոն Ռոնալտ Ռուէլ Թոլքին (անգլերէն՝ John Ronald Reuel Tolkien; 3 Յունուար 1892 - 2 Սեպտեմբեր 1973), անգլիացի հանրահռչակ գրող եւ բանասէր, Օքսֆորտի համալսարանի փրոֆեսոր, ուր դասավանդած է անգլոսաքսոնական լեզու (1925-1945), այնուհետեւ՝ անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն (1945-1959)։ Դաւանանքով կաթոլիկ։ 1972 թուականի Մարտ 28-ին Թոլքինի կը շնորհուի Բրիտանական կայսրութեան քոմանտորի կոչում։ Գրած է հիմնականին մէջ Բարձր ֆենթէզի ժանրի մէջ։ Անոր ամենայայտնի ստեղծագործութիւնները «Հոպիթ» եւ «Մատանիներուն տիրակալը» վէպերն են։

Ճոն Ռոնալտ Ռուէլ Թոլքինը եւ անոր «Մատանիներուն տիրակալը»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անշուշտ, շատեր դիտած են «Մատանիներուն տիրակալը» եռապատումին երեք ֆիլմերը՝ «Մատանիի եղբայրութիւնը», «Երկու ամրոց» եւ «Արքային վերադարձը»։ Ֆիլմ-եռապատումը բարձր գնահատուեցաւ քննադատներուն կողմէն եւ բազմաթիւ մրցանակներ ստացաւ, անոնց շարքին՝ 17 «Օսքար»։ Բացի այդ, եռապատումը շարժանկարի պատմութեան մէջ դարձաւ ամենաշահաւէտ շարժանկարի նախագիծերէն մէկը։ Երեք ֆիլմերուն վրայ ծախսուած է 280 միլլիոն տոլար, իսկ եկամուտները կազմած են մօտ 3 միլիառ տոլար։ Իսկ «Արքայի վերադարձը» ֆիլմը մտաւ շարժանկարի պատմութեան մէջ որպէս ամենաշահաւէտ 5 ֆիլմերէն մէկը «Աւաթար», «Թայթանիկ», «Հարրի Փոթըրը եւ մահուան պարգեւները (մաս 2)», «Թրանսֆորմըրներ 3» ֆիլմերէն յետոյ։ Բայց, հաւանաբար, շատերը չեն գիտեր, որ այդ երեք շա՚րժանկարները նկարահանուած են անգլիացի գրող, անգլոսաքսոնական լեզուի եւ գրականութեան օքսֆորտեան փրոֆեսոր Ճոն Ռոնալտ Ռուէլ Թոլքինի «Մատանիներուն տիրակալը» ֆանթասթիկ, հեքիաթային, էփիկական եւ հերոսական ասքի հիման վրայ։ Այդ ժանրը անգլերէնին մէջ կ՛անուանեն «ֆենթէզի», որուն իսկական համարժէք բառը հայերէնին մէջ չկայ։ Ի հարկէ, Թոլքինէն առաջ ալ գրուած են այդ ժանրի ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ կարելի է նշել Ռոպըրթ Հովըրտի «Քոնան», Էտկար Պերրոուզի «Թարզան» եւ այլ գիրքեր, բայց ժանրը զարգացաւ եւ հանրայայտ դարձաւ շնորհիւ վիպասքի ձգած հսկայական ազդեցութեան։ Դիւցազներգութիւնը լոյս տեսած է 1954-1955 թուականներուն։ 1968 թուականին անգլիախօս աշխարհին մէջ զայն կարդացած էր 50 միլլիոնէ աւելի մարդ, իսկ այժմ, երբ վէպը թարգմանուած է 40-է աւելի լեզուներով, ընթերցողներուն թիւը անկասկած անցած է քանի մը 100 միլլիոնէն։ Իսկ 2003 թուականին բրիտանական BBC ինթըրնեթային եւ հեռուստա-ռատիօ ընկերութեան հարցումներուն համաձայն 200 լաւագոյն գիրքերու ցուցակին վրայ առաջին տեղը գրաւեց «Մատանիներուն տիրակալը»։ Վստահ կարելի է ըսել, որ «Մատանիներուն տիրակալը» երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ անգլերէն լեզուով գրուած ամենահանրաճանաչ գիրքն է, իսկ Ճոն Թոլքինը՝ ժամանակակից ֆենթէզի գրականութեան «հայրը»։ Ուղղակի ապշեցուցիչ է, նոյնիսկ անհնար է պատկերացնել, թէ ինչպէս կրնայ մարդ մը հնարել ամբողջ աշխարհ մը՝ Միջերկիրը, իր ժողովուրդներով, աստուածներով, աշխարհագրութեամբ, բուսական եւ կենդանական աշխարհով, որ միանգամայն իրական կը թուի։ Հնարել քանի մը հազարամեակի պատմութիւն ունեցող երկիրներ, ստեղծել արհեստական լեզուներ այդ երկիրներու ժողովուրդներուն համար, բազում կերպարներ։ Բաւական է ըսել, որ 1983-1996 թուականներուն անոր որդու՝ Քրիսթոֆըր Թոլքինի ջանքերով եւ խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Միջերկիրի պատմութիւնը» 12 հատորներով մատենաշարը։ Ի հարկէ, այդ ամէնի ետեւը թաքնուած է գրեթէ 40 տարուայ քրտնաջան աշխատանք։ «Մատանիներուն տիրակալը» Թոլքինը մտայղացած է տակաւին ուսանողական տարիներուն, երբ կը սորվէր Օքսֆորտի համալսարանին մէջ։ Ըլլալով փայլուն լեզուաբան, բանասէր, գրականագէտ (ան կը հանդիսանայ տասներեք հատորներով «Անգլերէն լեզուի Օքսֆորտեան բառարանի» համահեղինակներէն մին)՝ ան անընդհատ կը փորձէր գտնել Ուելսի լեգենդները, իռլանտական եւ իսլանտական սակաները, սքանտինավեան դիցաբանութիւնը, Արթիւր թագաւորի եւ Կլոր Սեղանի ասպետներու մասին ասքերը, գերմանական «Նիպելունկներու երգը» էպոսը միաւորող նախահիմքերը։ Այդ ժամանակ ալ դրուեցաւ վիպասքի հիմքը։ Սկիզբը այն կը կոչուէր «Սիլմարիլիոն», որ, սակայն, լոյս տեսաւ միայն հեղինակի մահէն յետոյ։ Սկիզբը լոյս տեսաւ «Հոպիթ» գիրքը, որ ուղղակի հեքիաթ էր՝ նախատեսուած փրոֆեսոր Թոլքինի երեխաներուն համար, բայց հոն արդէն կ՛ուրուագծուէր վիպասքի նախապատմութիւնը։ «Հոպիթ»ի մէջ իրադարձութիւնները կը կատարուին «Մատանիներուն տիրակալը» 60-80 տարի առաջ։ «Հոպիթը» լոյս տեսաւ 1937 թուականին, իսկ «Մատանիներուն տիրակալը»՝ 1954-1955 թուականներուն եւ մէն անգամէն հսկայական յաջողութիւն ունեցաւ ընթերցողին քով։ Ճիշդ է, անգլո-ամերիկեան քննադատութիւնը մէկ տաս տարի կը տատանուէր, բայց արդէն պարզ էր, որ գիրքին յաջողութիւնը անցողիկ երեւոյթ չէ, եւ այն տակաւին շատ սերունդներ կը կարդան։ Իսկ 1960-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներուն մէջ «Մատանիներուն տիրակալը»ի իսկական «պում» սկսաւ։ Երիտասարդութիւնը, որ հրապուրուած էր ազատութեան եւ խաղաղութեան գաղափարներով, Թոլքինի մէջ տեսաւ իր կուռքը եւ դաշնակիցը։ Ինք՝ հեղինակը, այնքան ալ գոհ չէր այդ պաշտամունքէն, չնայած կը խոստովանէր, որ այդպիսի յաջողութիւնը իրեն հաճելի է։ Նա նոյնիսկ ստիպուած էր փոխել հեռաձայնի համարը, որովհետեւ երկրպագուները արդէն անտանելի կը դառնային իրենց զանգերով։ Թոլքինի կենսուրախ ու մաքուր, խստաբարոյ գիրքը չարի եւ բարիի յաւերժական պայքարի մասին է։ Անոր հիմնական գաղափարը բարիի յաղթանակն է, որուն համար հերոսները պատրաստ են զոհաբերել անգամ կեանքը։ Թոլքինը ունի բազմաթիւ հետեւորդներ։ Անոր ընկերը եւ բարեկամն էր Քլայվ Ստէյփլզ Լիւիսը՝ «Նարնիայի քրոնիկներու» հեղինակը, «ֆենթէզի» ժանրի հիմնադիրներէն մէկը։ Անոր եւ Թոլքինի ստեղծագործութիւնները միմյանց վրայ փոխադարձ ազդեցութիւն ունեցած են։ Ամբողջ աշխարհի մէջ բազմաթիւ հեղինակներ կը խոստովանին Թոլքինի ուղղակի ազդեցութիւնը իրենց ստեղծագործութեյան վրայ։ Անոնցմէ կարելի է նշել Ճոան Ռոուլինկը՝ «Հարրի Փոթըրի» հեղինակը եւ սանքթ-փետերպուրկցի գրող, մեր հայրենակից Նիք Փերումովը (Փիրումեան), որուն վէպերուն մէջ իրադարձութիւնները կը կատարուին «Մատանիներուն տիրակալը»էն 300 տարի անց։ Թոլքինի ստեղծագործութիւնները ստացած են բազմաթիւ միջազգային մրցանակներ, անոնց հիման վրայ նկարահանուած են ֆիլմեր, քարթունզներ, ստեղծուած են համակարգչային խաղեր, գրուած են փիէսներ, սիմֆոնիկ ստեղծագործութիւններ։ Թոլքինի անունով կոչուած է ասթերոիտ, Միջերկրի աշխարհագրական անուններու եւ հերոսներու անուններով անուանած են իրական աշխարհագրական առարկաներ եւ կենդանիներ։ Լոյս կը տեսնեն ամսագիրեր։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ ինթընէթային կայքեր, որոնք ստեղծած են անոր երկրպագուները։ Գրականագիտութեան մէջ ստեղծուած է Թոլքինագիտութեան ճիւղը։ «Մատանիներուն տիրակալը»ի նկատմամբ նոր հետաքրքրութիւն բռնկուեցաւ Փիթըր Ճեքսընի շարժանկարային եռապատումի նկարահանումէն յետոյ։ Նոր Զելանտիոյ մէջ, ուր նկարահանուած է «Մատանիներու տիրակալը», իշխանութիւններուն կողմէն կը պահպանուին նկարահանումին վայրերը։ Անոնք կը հրապուրեն բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու։ Օրինակ՝ անոնց ցոյց կու տան Պիլպոյի «բոյնը»։ Իսկ այժմ, կրկին Նոր Զելանդիոյ մէջ, ըստ «Հոպիթի», կը նկարահանուին 3 ֆիլմեր, որոնցմէ առաջինը դուրս եկած է 2012 թուականին, երկրորդը՝ 2013-ին, իսկ երրորդը՝ 2014 թուականին։ Հայերէն լոյս տեսած են «Հոպիթ» եւ «Մատանիներուն տիրակալը»ի առաջին մասը՝ «Պահապանները» անունով։ Հետաքրքիր փաստերու թիւին մէջ նշենք նաեւ, որ Ուքրաինայի մէջ 1998 թուականին «Մատանիներուն տիրակալը»ի մոթիվներով նկարահանուած է հեռուստա-սերիալ, ուր Կորլումի դերով հանդէս եկած է յայտնի դերասան Ռաֆայէլ Քոթանճեանը, իսկ Ճեքսընի ֆիլմերուն մէջ նոյն դերի համակարգչային կերպարի համար օգտագործուած են անգլիահայ դերասան Էնտի Սերքիսին շարժումներն ու ձայնը։

Ստեղծագործությունները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ճոն Ռոնալտ Ռուէլ Թոլքին «Հոպիթ» - Երեւան, «Սովետական գրող», 1984
  • Ճ.Ռ.Ռ. Թոլքին «Պահապանները» - Երեւան, «Արեւիկ», 1989

Ծանոթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ջ.Ռ.Ռ. Թոլքին «Պահապանները» - Երեւան, «Արեւիկ», 1989