Jump to content

Գրական Քննադատութիւն

Գրական քննադատութիւնը, (գրաքննութիւն կամ գրաքննադատութիւն) կը զբաղի ժամանակակից գրական գործերու վերլուծութեամբ ու գնահատմամբ։ Սերտօրէն կապուած է արդիականութեան, անմիջականօրէն կ՛արձագանգէ արդի գրականութեան զարգացումին, ուղղութիւն կու տայ անոր՝ օգնելով կողմնորոշուիլ ժամանակի կարեւոր խնդիրներուն մէջ։

Գրաքննադատը կը ձգտի պարզել, թէ տուեալ ստեղծագործութիւնը որքանով կը համապատասխանէ ընկերութեան հարցերուն ու մտահոգութիւններուն։ Գրադատը անաչառօրէն կը գնահատէ ոեւէ հեղինակի ստեղծագործութիւնը ու կը ճշդէ անոր տեղը թէ՛ տուեալ հեղինակի մնացեալ ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ թէ գրողին տեղը ազգային գրականութեան մէջ։ Գրաքննադատութիւնը կը նպաստէ ընկերութեան գեղարուեստական ճաշակին զարգացումին, անոր գեղագիտական իտէալ տալուն ու կը դառնայ գրականութեան հետագայ զարգացումի ուղին ձեւաւորող գործօն։

Գրաքննադատութեան տեսակներն են գրախօսութիւնը (որեւէ երկի նուիրուած յօդուած), գրական դիմանկարը (հեղինակի մը գործերու ընդհանուր բնութագիր, օր.՝ Զօհրապի «Ծանօթ դէմքեր»ը), մենագրութիւնը (որեւէ հարցի կամ գրողի մը գիրքի ուսումնասիրութիւն, որ կը հրատարակուի առանձին գիրքով, օր.՝ Գր. Շահինեանի «Ձիւներն ի վեր», (Լ. Շանթին նուիրուած)։

Հայ իրականութեան նշանաւոր գրաքննադատներէն եղած են Յակոբ Օշականը, Նիկոլ Աղբալեանը եւ շատ ուրիշներ։

  • Էդ. Ջրբաշեան, Գրականութեան Տեսութիւն, Երեւան, 1980։