Ղ. Ալիշանի «Պլպուլն Աւարայրի» վիպերգը
Ղ. Ալիշանի «Պլպուլն Աւարայրի» վիպերգը եւ «Շուշան Շաւարշանայ» Ղ. Ալիշանի ստեղծագործական ամբողջ կեանքին մէջ աշխարհաբարով միակ երկու վիպերգները։
Եթէ գրաբարով գրած իր վիպերգներով ան Մխիթարեան դասական գրականութեան մէջ մեծ ճեղք կը բանայ՝ նիւթ առնելով հայոց անցեալէն, ապա աշխարհաբաով գրուած իր երկու վիպերգներով՝ ան Մխիթարեան բանաստեղծութեան մէջ ռոմանթիզմը կ'ամրապնդէ[1]։ Տպագրութենէն ետք, «Պլպուլն Աւարայրի»ն մեծ ճանաչում կ'ունենայ, բազմիցս կը տպագրուի, կը թարգմանուի ու բարձր կը գնահատուի հայ եւ օտար մտաւորականութեան կողմէ։
Վիպերգին նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վիպերգին նախերգանքին մէջ ան դիմառնական եղանակով կը դիմէ Լուսնեակին, ապա՝ Տղմուտին, որ տրտում ու արիւնոտ, լալով կ'անցնի սար ու ձորեր, յետոյ կը դիմէ պլպուլին, որ ըստ բանաստեղծին՝ Եղիշէի հոգին է։ Ան ձմրան օրերուն անապատ կ'երթայ ու կու լայ, գարնան կու գայ Արտազ ու ձայն կու տայ Վարդանին։ Բանաստեղծը ինքն ալ կ'ուզէ ձայնակցիլ անոր, կ'ուզէ իր ձայնը հասցնել Թորգոմեան որդւոց ու պատմել անոնց Վարդանանց սխրանքը[2]։
Վիպերգին սկիզբը կը պատկերուին Աւարայրի դաշտը՝ ճակատամարտին նախորդող գիշերը։ Խաղաղ, գիշեր է. հանդարտութիւն, որ սակայն փոթորիկ պիտի ծնի։ Մինչ հայոց զօրքը լուսաւորուած է լուսնի շողերով, պարսից զօրքը խաւարի մէջ է։ Այլաբանական այս պատկերով, հեղինակը կը մատնանշէ հայոց զօրքին արդարացի, պարսից զօրքին բռնակալ, խաւար տարածող ըլլալու գաղափարը։
Աւարայրի Ճակատամարտը Ալիշան նկարագրած է չափազանցուած դիւցազներգական, փոխաբերութիւններով ու պատկերներով, ձգտելով արտայայտել կռիւի անսովոր, դիւցազնական բնոյթը։ Սովորական զօրքերու բախում չէ այդ, այլ տարերքի սանձազերծում. կը թնդան ու կ'որոտան երկիր ու երկինք։
Վարդանի կերպարը կերտուած է բացառիկ սիրով եւ ուժով։ Ան սովորական զօրավար մը չէ, այլ կարծես հայոց դիւցազնավէպէն իջած հերոսներէն մէկը, որ հազարներ կը սփռէ իր սուրին հարուածով եւ ձիուն տակ կոխկրտելով։ Ան կը մռնչէ ծովու պէս, կ'այրէ անտառի մէջ բռնկած հրդեհի պէս ու հրաբուխի պէս բոցեր կը հանէ։ Մահէն առաջ Վարդան զինակիցներուն կը յանձնէ իր զէնքն ու զրահը. լռութեամբ պատգամելով անոնց՝ շարունակել իր պայքարը[3]։
Վիպերգին երրորդ հատուածը կը նկարագրէ դարձեալ Աւարայրի Դաշտը, կռիւէն ետք։ Լուսինը կը լուսաւորէ դաշտը, ուր կը լսուին վիրաւորներու հառաչանքները։ Համատարած ամայութեան մէջ կը յայտնուի Եղիշէ, որ դիակներուն մէջ կը փնտռէ Վարդանը՝ իր մանկութեան ընկերը։
Վարդան մեռած, ինկած է երեք պարսիկներու դիակներու վրայ, որովհետեւ հեղինակը կը շեշտէ Վարդանանց անընկճելի ոգին։ Վարդան մահուամբ յաղթած է մահուան եւ անմահ է։ «Թէ բիւր դարք անցնին՝ դու մնաս, Վարդա՛ն».-Եղիշէի այս խօսքը լիովին կը համապատասխանէ նոյնիքն՝ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» գաղափարին։
Ալիշանի նորամուծութիւնը Վարդանանց նիւթին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Պլպուլն Աւարայրի» վիպերգին հետ առընչուող հետաքրքրական փաստ մը կայ։ Չժխտելով Վարդանանց՝ յանուն կրօնի պայքարը, հեղինակը ծանրութիւնը կը դնէ յանուն հայրենեաց մղուող կռիւին վրայ, ու աւելի կը բարձրացնէ Վարդան-հերոսի արժէքը։ «Վասն քո ընկան, աշխարհ իմ հայոց» եւ այլ տողերով կը շեշտուի նոյն գաղափարը.
Կանչէ պլպուլիկ, կանչէ հոգեձայն,
Որ երկնուց ի վայր հայի եւ Վարդան,
Յիշէ զՀայաստան տուն իւր սիրեկան,
Հայաստան յիշէ զիւր Կարմիր Վարդան։
Այս ձեւով շեշտած կ'ըլլայ ե՛ւ հայրենիքի համար նահատակութիւնը ե՛ւ կը կապէ իր օրերուն՝ տալով օրինակը հայրենեաց համար զոհուած քաջին։
Վիպերգը գրուած է քնարական- դիւցազնական շունչով։ Անընդհատ կը զգանք հեղինակին միջամտութիւնը, ջերմ վերաբերմունքը, որ առաւել քնարականութիւն կը հաղորդէ գրուածքին։ Այս իմաստով եւս այս գործը կատարեալ ռոմանթիք է։
Վարդանանց պատերազմը մշտապէս եղած է հայ գրագէտներու ուշադրութեան կեդրոն եւ շատ գործեր գրուած են այդ նիւթերով։ Սակայն հեղինակներու վերաբերմունքը նիւթին կարելի է բաժնել երեք խումբի.-
Առաջին խումբի գրողները Վարդանանց սխրանքը կը նկատեն յանուն հաւատքի մղուած կռիւ եւ հերոսները կը ներկայացուին որպէս նահատակ սուրբեր։
Երկրորդ խումբի ներկայացուցիչները հիանալով Վարդանանց քաջագործութեամբ, սխալ կը մեկնաբանեն կերպարը եւ Վարդան կը դառնայ քէն, ոխ եւ ատելութիւն քարոզող։
Երրորդ խումբը Աւարայրը կը ներկայացնէ իբրեւ փառաւոր, դիւրին յաղթանակ, ուր «մէկ հայ զհազար պարսս կոտորէր»։
Ալիշանի վիպերգը զերծ է նման թերութիւններէ։ Չանտեսելով կրօնական կողմը, ան կը շեշտէ կռիւի հայրենական բնոյթը։ Հակառակ իր հզօր ուժին, Վարդան նուաճող չէ, ոչ ալ արիւնածարաւ մարդասպան։ Ան իր հայրենիքը կը պաշտպանէ։ Կռիւը անհաւասար պայմաններու մէջ է եւ երկուստեք բազմաթիւ զոհեր կան[4]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820 - 1901). Հայոց ոգեղէն հարստութեան վերանորոգման Նահապետը Ն. - Հայերէն»։ www.bolsohays.com։ արտագրուած է՝ 2019-08-11
- ↑ «Ղեւոնդ Ալիշան | Պլպուլն Աւարայրի | համառօտ»։ արտագրուած է՝ 2019-08-11
- ↑ Ալիշանի «Պլպուլն Աւարայրի» վիպերգը
- ↑ Յօդուածների ժողովածու նուիրուած Մխիթարեան Միաբանութեան հաստատման 300 ամեայ յոբելեանին