Ղերոնտասի Նաւամարտ
Ղերոնտասի Նաւամարտ | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
Հունաստան Յունական ապստամբներ | Կաղապար:Country data Օսմանյան կայսրություն Օսմանեան կայսրութեան | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Կողմերու ուժեր | |||||||
70-75 ռազմանաւ, 800 թնդանօթ | 18 երկյարկ մարտանաւ, 2200 թնդանօթ, 30 փոքր նաւ եւ 151 փոխադրամիջոց |
Ղերոնտասի նաւամարտ (յուն․՝ Ναυμαχία του Γέροντα), 1821-1829 թուականներու Յունական Ապստամբութեան ընթացքին մեծ ծովամարտ, որ տեղի ունեցած է 29 Οգոստոս 1824-ին (10 Սեպտեմբեր) յունական ապստամբներու եւ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր հպատակ Եգիպտոսի, Ալճերիոյ, Թունիսի եւ Թրիփոլիի (Լիպիա) միացեալ նաւատորմերու միջեւ՝ Եգէական ծովի Ղերոնտաս ծոցին մէջ[1]։
Նախապատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1821-էն մինչեւ 1824 Օսմանեան կայսրութիւնը անյաջող փորձեր կը կատարէր Յունական Ապստամբութիւնը ճնշելու համար։ 1824-ին թուրք սուլթանը ստիպուած եղաւ օգնութիւն խնդրելու իրեն հմատակ Մուհամետ Ալիէն` Եգիպտոսի կառավարիչէն, որ եւրոպական, մասնաւորապէս՝ նաբոլեոնեան երբեմնի սպաներու կողմէն կազմակերպուած բանակ եւ նաւատորմ ունէր։ Նաւամարտին համար, պատերազմի սկզբնական շրջանի հետ համեմատած, աչքառու արագութեամբ դուրս բերուեցան նաեւ Ալճերիոյ, Թունիսի եւ Թրիփոլիի նաւատորմերը։
27 Մայիս 1824-էն 29 Մայիս եգիպտական նաւատորմը Քասոս կղզին կործանեց։ Յունական նաւատորմի ուշացած զօրաշարժը եւ յունական կառավարութեան սխալ գործողութիւնները օսմանեան նաւատորմին հնարաւորութիւն տուին Փսարա կղզին շրջափակելու։ Չնայած ապստամբներու հերոսական պաշտպանութեանը` թուրքերը յաջողեցան ափ իջնել եւ սպանդի ենթարկել բնակչութիւնը։ Սակայն յունական նաւատորմը զօրաշարժի անցած, թոյլ չտուաւ օսմանցիներուն, որպէսզի ոտք դնեն Սամոս կղզի եւ ժողովուրդին այնպէս կոտորել, ինչպէս Հիոս կղզիին մէջ կատարած էին։ Սամոսի մօտ տեղի ունեցած նաւամարտին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 30 Յուլիս-էն 5 Օգոստոս 1824, յունական նաւատորմը յաղթանակեց եւ օսմանեան նաւատորմին ստիպեց դէպի Տոտեքանիսա կղզեխումբը հեռանալ։
Նաւատորմեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սամոսեան ճակատամարտին մասնակցած է Իտրա կղզիի ա․ նաւատորմի՝ ծովակալ Եորղոս Սահթուրիսի, եւ Սփեցես կղզիի ա․ նաւատորմը՝ Անտրուցոսի հրամանատարութեամբ։ Փսարա կղզիին նաւատորմը ուշացած էր եւ չէր հասցած նաւամարտին մասնակցելու։
20 օգոստոս 1824-ին Լիփսի կղզիի մօտակայքին, որ Փաթմոս եւ Քալիմնոս կղզիներու միջեւ կը գտնուի, հանդիպած են Իտրայի ա․ եւ 2-րդ, Սփեցեսի ա․ եւ 2-րդ նաւատորմերը եւ Փսարայի նաւատորմը։ Այդ յեղափոխութեան սկիզբէն ի վեր նաւատորմի ամենամեծ միաւորումն էր՝ 70 զինուած նաւեր, 5 հազար նաւաստիներ եւ 800 թնդանօթ։
Միեւնոյն ժամանակ օսմանեան նաւատորմը Տոտեքանիսա կղզիներուն մէջ Եգիպտոսի, Ալճերիոյ, Թունիսի եւ Թրիփոլիի նաւատորմերուն միաւորուած է. 100 ռազմանաւեր հաշուադրկած են, նաւախումբի պետ Խոսրեֆ փաշայի գծանաւը, 25 երկյարկ մարտանաւ, 50 միայարկ ռազմանաւ եւ նաւաբանտեր: Ըստ ֆրանսացի ծովակալ Ժիւրէն տէ լա Գրաույէրի, այս մէկուն վրայ պէտք է նաեւ 400 փոխադրամիջոցային միջոցներ աւելցնել։ Միացեալ մահմետական նաւատորմը 8 հազար նաւաստի եւ 2 հազար թնդանօթ ունէր։ Եգիպտական նաւատորմի սպաներու մեծամասնութիւնը վարժեցուցած էին եւրոպացիները, մասնաւորապէս՝ ֆրանսացիները։ Յաւելեալ՝ փոխադրամիջոցները 16 հազար զինուորներով կը տիրապետէին։ Խոսրեֆ փաշան Իպրահիմին, որ Եգիպտոսի կառավարչի`եգիպտական բանակի եւ նաւատորմի հրամանատարի հոգեզաւակն էր, բացայայտեց, որ արշաւախումբի նպատակը, ինչպէս միշտ, Սամոսն է` Էգեական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ յունական յեղափոխութեան վերջին պատուարը։
Քոս կղզիի ճակատամարտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տակաւին 17 օգոստոս-ին Յակոբոս Թոմբազիսը իր գոլետով Աւստրիական փոխադրական միջոցները գրաւեց, ուրկէ տեղեկատուութիւն ստացած էր այն մասին, որ օսմանեան եւ եգիպտական նաւատորմերը Քոս կղզիի հանդիպակացը կը գտնուէին։ Ծովակալներու խորհուրդը որոշում կը կայացնէ, չսպասելու համար թշնամիին, այլ նախայարձակ ըլլալու Քոս կղզիին եւ Ալիքարնասոս նաւահանգիստին (այժմ՝ Պոտրում) միջեւ գտնուող նեղուցին մէջ ։
Առջեւէն 6 հրկիզանաւեր կ՛երթային՝ մեծաւորներ Պիպինոս, Ռոպոթիս, Թեոհարիս՝ Իտրայէն, մեծաւոր Քաստելիոտիս՝ Սփեցեսէն, մեծաւոր Տիմիթրիոս Փափանիքոլիս եւ մեծաւոր Վուրլոս՝ Փսարայէն: Երբ թուրքերը յայտնաբերեցին, որ յունական նաւատորմը կը մօտենայ Խոսրեֆը եւ Իպրահիմը առագաստները բանալու հրաման տուին իրենց նաւերուն։
Յունական նաւատորմի հրամանատար Անտրէաս Միաուլիս ամբողջ նաւատորմը նեղուց ներխուժելու ազդանշան տուաւ։ Եւ կրկին յունական նաւատորմին յաղթանակ նուիրեցին նեղուցին մէջ թրքական նաւերուն հետապնդող հրկիզանաւերը։ Ծովակալ Գ. Սահթուրիսը իր օրագրին մէջ կը գրէ՝ «հրկիզանաւերը մեր նաւատորմի հոգին են։ Առանց անոնց մենք չէինք կրնար որեւէ բանի հասնիլ, կամ`շատ քիչ բանի կը հասնէինք թուաքանակով եւ հնարաւորութիւններով անհամեմատելի նաւեր ունեցող թշնամիի դէմ»[2]։
Ապստամբ Վուրլոսի հրկիզանաւը ջրագիծով 5 ռմբագունդ ստացաւ, իսկ յունական բաժինի հետ բախումէն ետք անկառավարելի դարձաւ։ Անձնակազմը ստիպուած եղաւ այրել զայն։ Անհետացաւ նաեւ մեծաւոր Մանեզասի հրկիզանաւը։
Խոսրեֆի հրամանատարական նաւը՝ ֆլագմանը, մեծաւոր Կոնստանտինոս Նիքոտիմոսի հրկիզանաւը կը հետապնդէր։ Թրքական ֆլագմանը խայտառակ ձեւով Պոտրումի մէջ թաքստոց գտաւ՝ վնասելով շտապողականութիւնը, իսկ յայտնի եգիպտացի Իսմայիլ-Ճիբրալթարը, որ այրած եւ աւերած էր Ղալաքսիտին (քաղաք Կորնթոսի ծոցի հիւսիսային ափին), Քասոս կղզին, հրաշքով փրկուեցաւ մեծաւոր Փիփինոսի հրկիզանաւէն։
Մթնշաղին յունական նաւատորմը դուրս եկաւ նեղուցէն՝ «Մենք հասկցանք, որ ոչնչի չենք հասած» (մեծաւոր Ցամատոսի օրագիրէն քաղուած)[3]։
Առաւօտեան թարմ քամին փչեց, եւ Միաուլիսը նաւատորմին Ղերոնտաս (յուն․՝ Γέροντας — ծերուկ) ծովածոցի փոքրասիական ափին՝ հիւսիսային Պոտրումի մէջ, խարիսխ կազմելու ազդանշան արձակեց։ Նեղուցին մէջ միայն 2 պահակագունդեր մնացին։
Ղերոնտաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յունական նաւատորմը ծոցին մէջ 2 օր մնաց՝ պատրաստ թրքական նաւատորմի առաջխաղացումը կեցնելու եթէ շարժի դէպի Սամոս։ 28 օգոստոս-ին 7 թրքական նաւեր դուրս եկան Պոտրումէն՝ նպատակ ունենալով յունական նաւատորմի տեղակայուածութիւնը յայտնաբերելու համար։ յունական ամբողջ նաւատորմը առագաստները բացաւ՝ ենթադրելով, թէ թրքական հետազօտող նաւեր են, բայց թուրքերը քանի մը անգամ գնդակոծելով, շուռ եկան եւ վերադարձան Պոտրում։ Յունական նաւատորմը Ղիտիա (յուն․՝ Γίδια — Այծեր) ժայռերու մօտ կը գտնուէր։ Կ՛որոշուի վերադառնալ եւ կրկին խարիսխ նետել Ղերոնտասի ծոցին մէջ, բայց թոյլ քամին միայն 15 նաւերու հնարաւորութիւն տուաւ ծովածոց հասնելու․ Իտրայի «ֆլագման»ը՝ Միաուլիսի հրամանատարութեամբ, եւ Սփեցեսի ֆլագմանը՝ Սնտրուցոսի հրամանատարութեամբ։ Մնացեալ նաւատորմը, ներառեալ Փսարայի բոլոր նաւերը, մնաց թիկունքը՝ Ֆարմաքոնիսի եւ Ղայտուրոնիսի կղզիներու միջեւ։
Նաւամարտի ընթացք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]29 օգոստոս-ի լուսաբացին Պոտրումէն հիւսիսային ուղղութեամբ դուրս եկան օսմանեան եւ եգիպտական նաւատորմերը, ընդհանուր առմամբ՝ 86 նաւ։ Նաւատորմերը երկու գիծով կ՛ընդանային. ձախ գիծի առջեւէն Խոսրեֆի հրամանատարական նաւը կ՛երթար, որուն նպատակը յունական նաւատորմը աջէն շրջափակելն էր։ Երկրորդ գիծը Իպրահիմի հրամանատարական նաւի ուղղութեամբ կ՛ուղղուէր, որ նպատակ ունէր ծոցին մէջ կանգնած յունական նաւերը ռմբակոծելու։ Իպրահիմի մօտ գտնուող ֆրանսացի սպաները անմիջապէս գնահատեցին իրենց տրուած հնարաւորութիւնները՝ ծոցին մէջ յունական նաւերը ջախջախելու համար։
Ճակատամարտը յոյներու համար ամենաբարեհաճ հանգամանքերու վրայ սկսաւ։ Թուրքերը իրենց համար բաւականին բարեյաջող քամիին համընթաց կ՛ընդանային, այդ հաշուով ծոցին մէջ քամիին ի սպառ բացակայութիւնը հնարաւորութիւն չտուաւ յունական նաւերուն, որ նոյնիսկ դուրս գալ այդ տեղէն։ Ծոցին մէջ արգելափակուած նաւերու համար յուսահատ իրավիճակ պարզուեցաւ։ Յունական անձնակազմերը, յուսալքուած, չապաւինելով միայն ճակատագրին, փրկամակոյկները իջեցուցին եւ անոնց վերջնամասերը իրենց նաւերուն կապելով, ամբողջ ուժերու գերլարումով՝ ետեւէն քաշելով ծոցէն դուրս եկան։ Շատ քիչ էր հաւանականութիւնը, որ անոնք նաւերը կրնային ծոցէն դուրս հանել, բայց այդ յոյներու վերջին յոյսն էր։ Առջեւէն ընթացող Իսմայիլ-Ճիբրալթարի միայարկ ռազմանաւերը արդէն կրակ բացած էին։
Այս օրհասական ժամուն ապստամբներու ծովակալ Նիքոլիս Ափոսթոլիս, խորը թիկունքը գտնուելով, հրկիզանաւերը արձակելու հրամանը տուաւ։ Փափանիքոլիս եւ Նիքոտիմոս յարձակման նետուեցան։ Փափանիքոլիս՝ Էրեսոսի հերոսը, կրկին բարձր դիրք գրաւեց, ինչպէս կը գրէ իտրացի Սահթուրիս՝ «առջեւէն գացոծ երկու երկյարկ մարտանաւերու վրայ նետուելով` փախուստի մատնեց անոնց»։ Հրկիզանաւերու ետեւէն անմիջապէս թիկունքէն կռուի մէջ մտան նաեւ յունական մնացեալ նաւերը։
Օգտուելով թուրքերու մօտ տիրող խառնաշփոթէն՝ յունական նաւերը մէկը միւսի ետեւէն սկսաւ խորշէն դուրս գալու: Առաջին դուրս եկաւ Միաուլիսի հրամանատարական նաւը եւ սկսաւ մանրեւրել, որպէսզի ճակատամարտի մէջ ներքաշուի։ Երկու կողմերու նաւատորմերը կրակ բացած էին 3 հազար թնդանօթներով։ Բայց այժմ քամին բարենպաստ էր յոյներու համար։ Իտրացի զօրավար Եանիս Մատրոզոսը իր հրկիզանաւը եգիպտական «բրիգ»ին (երկկողմ առագաստանաւ) կը միացնէ, բայց վերջինիս եւրոպական անձնակազմը կը յաջողի կրակը հանգեցնել։ Այդ նոյն «բրիգ»ի վրայ նաեւ իտրացի զօրավար Փիփինոսը կը յարձակի, բայց կը վիրաւորուի եւ անոր անձնակազմը ժամանակէն աւելի առաջ կրակի կու տայ հրկիզանաւը։ Երրորդ անգամ «բրիգ»ի վրայ սպեցեսի զօրավար Լազարոս Մուսուս կը յարձակի եւ կը հրկիզէ զայն։ Անձնակազմը բաց ծով կը նետուի։ Միաուլիսը միւս հրկիզանաւերուն ազդանշան կու տայ՝ «Խաչի օգնութեամբ՝ յարձակեցէ՛ք»[4]։
Իտրացի մեծաւոր Թեոհարիս 44-րդ թնդանօթային երկյարկ մարտանաւը կը հետապնդէ՝ Մարսէյի մէջ կառուցուած թունիսեան հրամանատարական նաւը։ Այստեղ, բացի 500 նաւաստիներէ, 800 զինուորներ եւ եւրոպացի սպաներ կը գտնուէին։ Շատերը ծով ինկան, բայց քամին կրակին շահեկան չէր։ Միաուլիս մեծաւոր Վաթիքիոտիսին կը հրամայէ որ այդ երկյարկ նաւը հետապնդէ։ Շուտով նաւը կրակի տուին եւ կէս ժամ ետք կրակը բարձրացաւ։
Ատկէ ետք թուրքերու մօտ մարտական ոգին կոտրուեցաւ, եւ Խոսրեֆի, Իպրահիմի, Իսմայիլ-Ճիբրալթարի եւ Ալճերիոյ հրամանատարական նաւերը շուտափոյթ հեռացան։ Յունական Ապստամբութեան ընթացքին այս մեծ ծովամարտի յաղթանակը նուիրուեցաւ հմտավարժութեան, յոյն նաւաստիներուն՝ մանրեւելու ունակութեան, ինչպէս նաեւ՝ հրկիզանաւերու։
Նաւամարտէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սփեցեացի ծովակալը իր՝ Սփեցէ ուղղարկուած հաշուետուութեան մէջ գրած է. «անոնք Քոսի եւ Ալիքարնասոսի մէջ կը թաքնուէին, որովհետեւ հեռանալու հնարաւորութիւն չեն գտած, մէկ մասը` Կոստանտինուպոլսոյ մէջ, միւսները՝ Եգիպտոսի մէջ»[5]։
Միաուլիս իր կղզիին մէջ գրած է .«Եղբայրներ, մենք կրկնակի յաղթած ենք թշնամիին, բայց ճիշդ այդ յաղթանակներու պատճառով մենք վտանգի մէջ ենք։ Մեր այժմեան երեք ամենահրատապ անհրաժեշտութիւններն են`պարենամթերք, զինամթերք եւ հրկիզանաւեր… Մեզի, աւելի քան 70 ռազմանաւեր պէտք են։ Մենք կարիք ունինք մեծ քանակի հրկիզանաւերու. որքան կրնաք, շուտ ուղղարկէք»[6]։
Խոսրովի փախուստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սամոսի վրայ կախուած վտանգը տակաւին նոյնը կը մնար։ Յունական նաւատորմը Լիփսի եւ Արքի կղզիներու միջեւ տեղեկայուեցաւ։ 6 սեպտեմբեր-ին թրքական 200 նաւեր յայտնուեցան, որոնցմէ 90-ը՝ մեծ էին։ Ակնյայտ էր, որ թուրքերը Սամոս ցամաքահանում պիտի ընէին։ Զինամթերքի նուազագոյն պաշարով եւ առանց հրկիզանաւերու՝ Միաուլիս հրաման տուաւ դուրս գալու եւ կանգնելու Սամոսին դիմաց, Մարաֆոքամպոսէն մինչեւ Հիւսիսային
Մարին՝ամենայարմարը ափ իջնելու համար։ Պաշտպանութեան համար ոտքի ելած էր կղզիին ամբողջ բնակչութիւնը։
Երեկոյեան փոթորիկ սկսաւ։ Թրքական նաւատորմը բաց ծովու մէջ էր, ապաստան փնտռելու սկսաւ։ Թրքական նաւերը ցրուեցան, մեծ մասը Պոտրում վերադարձան։ Սամոս անգամ մը եւս փրկուեցաւ։
9 սեպտեմբեր-ին Խոսրովի նաւատորմը Փաթմոս կղզիին մօտ գտնուեցաւ. դէպի Թինոս կը շարժէր։ Խոսրովի նաւատորմը խիստ տարբեր էր 6 ամիս առաջ Էգէական ծով դուրս եկած նաւատորմէն։ Ան տասնեակ նաւեր, հազարաւոր նաւաստիներ եւ ռմբարկուներ կորսնցուած էր Փսարայի պաշարման, Սամոսի եւ Ղերոնտասի նաւամարտներու ժամանակ։ Մնացեալ նաւերը բաւականին վնասուած էին։ Իպրահիմին ամենալաւ 15 նաւերը ձգելով՝ Խոսրով շտապեց Տարտանելի մէջ դաքնուելու՝ փախչելով Միաուլիսի կողմէն ուղղարկուած քանի մը յունական հետապնդող նաւերէն։
Գիշերային նաւամարտ Միտիլինի մօտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իտրայի նաւերը Վոլիսոսի մօտ կանք առին, Հիոսի արեւմտեան ափին, իսկ յատուկ ջոկատներն ու ապստամբները՝ քայքայուած Փսարա կղզիին մէջ։ 22 սեպտեմբեր-ին լուրը կը տարածուի թէ Իպրահիմի նաւերը Քարաբուրուն հրուանդանին մէջ յայտնուած են։ Սակայն ապստամբները դէպի Սիրոս կղզի ուղղուեցան՝ մթերապաշար բերելու։ Միայն Նիքոտիմոս հրաժարեցաւ անոնց հետ երթալէ՝«ես իմ ազգիս կը ծառայեմ, ոչ թէ ապստամբներու ծովակալին։ Միաուլիսին կը հետեւիմ, որ դուրս եկած է թշնամին փնտռելու»[7]։
Միաուլիսը երկիւղ ունէր, որ թուրքերը Սամոս ցամաքահանումի նոր փորձ կ՛ընեն եւ գնաց հոն, բայց թուրք չգտնելով, պարզեց, որ թուրքերը Լեզվոս կղզին կը մօտենան։ 24-25 Սեպտեմբերի կէս գիշերին, Միաուլիս թուրք-եգիպտական նաւատորմիղին հասաւ, որ մեծ թիւով ճրագներով կը նաւավարէր։
Առջեւէն յունական հրկիզանաւերը կ՛երթային եւ նաւախելի թնդանօթներով կը կրակէին թուրքերուն։ Բայց ահա երկու իտրացի՝ զօրավարներ Թ. Թեոֆանիսը եւ Տ. Քալոեանիս, երկու նաւակողերէն թունիսեան բրիգի վրայ յարձակեցան։ Թեոֆանիսի համար քամին բարենպաստ չէր, բայց Քալոեանիսի հրկիզանաւէն բացուած կրակը բրիգի վրայ կը շպրտէր։ 15 վարկեան ետք կրակը բարձրացաւ։ Նիքոտիմոս եգիպտական հետախուզական նաւը (միայարկ ռազմանաւ) հետապնդեց, երբ տեղի ունեցաւ անկանխատեսելին. կրակը հրանոթային նաւակայանէն անմիջապէս նկուղային մասը անցաւ, եւ հրկիզանաւուն անձնակազմը, կերպով մը կառչելով փրկամակոյկներէն, հրաշքով կենդանի մնաց։
Յոյներու մօտ մնացած էր միայն 2 հրկիզանաւ։ Լուսաբացին, զօրավար Ա. Ռոպոցիսը եգիպտական միայարկ ռազմանաւերը հետաապնդեց, բայց նաւը առանց արդիւնք տալու այրեցաւ։
Սակայն Իպրահիմի նաւատորմը արդէն տագնապի մէջ էր, որուն իբրեւ հետեւնք, մեծ թիւով միայարկ ռազմանաւեր եւ բրիգներ լքուեցան եւ կամ Լեզվոսի քարափներուն կործանուեցան[8]։
Այս ճակատամարտէն ետք յունական նաւատորմը Սամոս վերադարձաւ, իսկ Իպրահիմ ստիպուած եղաւ Քոս վերադառնալ։ Այդտեղ ան ոչ միայն հրամանատարութիւնը վերցուց վախկոտ մեծաւորներու ձեռքէն, այլ նաեւ անոնց իրենց իսկ նաւակայմերէն կապեց եւ հրամայեց քոթակել անոնց:
Երբ Աղեքսանտրիայէն Քոս հասան 5 հազար զինուորներով փոխադրամիջոցները, Իպրահիմ որոշում կայացուց դադարեցնելու Սամոսի հետ կապուած ձեռնարկումը եւ Կրետէ երթալ եւ անկէ Պելոպոնես ցամաքահանում ընել․ անոր արշաւանքի հիմնական նպատակը այդ էր։
Իպրահիմի փախուստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19 հոկտեմբեր-ին, յունական նաւատորմ ժամանեց Կոնստանտինոս Քանարիս, որ վերջապէս նոր հրկիզանաւ ստացած էր։ 28 հոկտեմբեր-ին տեղեկութիւն կար այն մասին, որ Իպրահիմը դուրս եկած էր Քոսէն եւ Պոտրումէն։ 52 յունական նաւեր իրենց առագաստները բացին։ Առջեւէն գացողները տեղեկացուցին, որ թուրքերը Նիսիրոս կղզիի մօտերը հասած են։ Ակնյայտ էր, որ Իպրահիմ դէպի Կրետէ կ՛ ուղուէր։ Ասթիփալէա կղզիին մօտ կը շարժէր. առջեւէն գացող յունական նաւերը 200 թրքական նաւեր յայտնաբերեցին, ռազմանաւեր եւ փոխադրամիջոցներ, բայց քամի եղանակը հնարաւորութիւն չէր տար յունական նաւատորմին Իպրահիմին հասնելուն։ Յունական նաւատորմը գիշերը շարունակեց Իպրահիմի հետքերով շարժիլ եւ 1 նոյեմբեր-ին հասաւ անոր, լուսադէմին Իրաքլիօ քաղաքի մօտ, Կրետէ։ Յոյները կրնային յարձակիլ կամ ռազմանաւերով եւ կամ ուրիշ փոխադրամիջոցներով։ նախապատուութիւնը ռազմանաւերուն տրուեցաւ։ «Տարօրինակ էր տեսնել, թէ ինչպէս 200 նաւերը կը փախչէին, 45 նաւիերէն»[9]։
Հրկիզանաւերէն առաջինը՝ Վոքոս, յարձակեցաւ, բայց 40 թուրքերով փրկանաւակը փորձեց նաւաճանկում կատարել, անոնք դուրս եկան հրկիզանաւին խելի վրայ։ Հրկիզանաւին անձնակազմը յաջողեցաւ անոնց ծովը նետել։ Միաուլիս զօրավարը Ռոբոցիսին կը հրամայէ յարձակիլ այդ նոյն երկյարկ ռազմանաւուն վրայ, բայց մօտենալուն պէս թշնամիի ռմբագունդը հրկիզանաւի վրայ կ՛ինայ, սակայն անձնակազմը վերջին պահուն կը փրկուին։ Քանարիս եւ մէկ հրկիզանաւ եւս Իտրայէն կը հետապնդէին միայարկ ռազմանաւը, բայց չեն կրնար անոր հասնիլ։
Արեւամուտին, Իպրահիմ 12 երկյարկանի ռազմանաւերու հետ գլուխ անցած հրետանային անյաջող գրոհի ձեռնարկեց յունական նաւերուն դէմ եւ Իպրահիմ այժմ փրկուելու մասին կը մտածէ։ Յունական նաւերը խախտեցին եգիպտական սահմանագիծը, որմէ ետք թուրքերն ու եգիպտացիները կը վախնային հրետանային կրակ բանալէ, որպէսզի իրենց փոխադրամիջոցները չոչնչանան։ Միայարկ ռազմանաւերը մարեցին իրենց ճրագները՝ յունական հրկիզանաւերէն վախնալով։
Երեկոյեան ժամը 11-ին, զօրավարներ Ստիպաս եւ Մատրոզոս, մէկը միւսի ետեւէն եգիպտական բրիգը հետապնդեցին եւ թեպետ բրիգը չհրկիզուեցաւ, սակայն վառողներու պատկերները Իպրահիմին ստիպեցին, որ «salva chi salva» (փրկուէք, ով որ կրնայ) ազդանշանը արձակէ[10]։ Այդ պահէն սկսած Իպրահիմի նաւատորմը տագնապահար եղաւ։ Անոր նաւերը տարբեր ուղղութիւններով կը փախչէին՝ դէպի Սփինալոկա, Կրետէ, Քասոս, Քարփաթոս, Ռոտոս, ուրիշներ նեյնիսկ մինչեւ Աղեքսանտրիա հասած էին:
Քասոս կղզիին մօտ Սահտուրիին «Աթինաս»-ը, Միաուլիսի «Արես» -ը եւ Թոպազիսի «Թեմիստոքլիս»-ը վրայ հասան եւ եւրոպական դրօշով շրջափակեցին 5 փոխադրամիջոցներէն 4-ը։ Հեգնականը այն է թէ գրաւուած փոխադրամիջոցներէն անգլիականը «Ոդիսեւս» կը կոչուէր, իսկ աւստիրականը՝ «Սոքրատ»։
Հետեւանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սամոսի, Ղերոնտասի եւ յաջորդող՝ Միտիլինիի եւ Իրաքլիոնի մօտ տեղի ունեցած մարտերէն ետք թուրքերը Սամոսը գրաւելու որեւէ փորձ չկատարեցին։ Կղզին ազատ մնաց մինչեւ պատերազմի աւարտը։ «Մեծ տերութիւններուն», յատկապէս՝ Անգլիոյ, որ կը փորձէր սահմանափակել ապստամբ յոյն ժողովուրդի տարածքը, որոշմամբ կղզին դուրս մնաց յունական թագաւորութեան սահմաններէն։ Սակայն, ասոր հանդերձ կղզին ինքնավար եղաւ, եւ սուլթանի իշխանութիւնը միայն ձեւական էր։ Սամոսցիները յաջողեցան «Էնոսիս»ը (Յունաստանի հետ միացում) միայն 1913-ին, Պալկանեան առաջին պատերազմի ընթացքին, յունական նաւատորմի յաղթանակէն ետք։ (տես նաեւ՝ Էլի նաւամարտ, Լիմնոսի նաւամարտ (1913))։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ζενάκος Αυγουστίνος (6 Ιουλίου 2003)։ «Σπέτσες 1822 - Γέροντας 1824»։ Το Βήμα։ արտագրուած է՝ 23 Μαρτίου 2014
- ↑ Ημερολόγιο Σαχτούρη,σ.54
- ↑ Ημερολόγιο Τσαμαδού,σ.97
- ↑ Ημερολόγιο Σαχτούρη,σ.54-55
- ↑ Ορλάνδος,έ.ά.,τ.Β,σ.122
- ↑ Αρχείον Ύδρας,τ.Ί,σ466
- ↑ Νικόδημος,Απομνημονεύματα,σ.64-65
- ↑ Νικόδημος,Απομνημονεύματα,σ.66
- ↑ Ημερολόγιο Σαχτούρη,σ.309
- ↑ Ημερολόγιο Σαχτούρη,σ.79