Jump to content

ՀՕԿ (ամսագիր)

ՀՕԿ
Հօկ
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է Փետրուար 1933
Հիմնադիր Հայաստանի օգնության կոմիտեի Ֆրանսիայի մասնաճյուղ?
Հրատարակիչ Հայաստանի օգնության կոմիտեի Ֆրանսիայի մասնաճյուղ?
Երկիր  Ֆրանսա
Գրասենեակ Փարիզ, Ֆրանսա

«ՀՕԿ», Հայաստանի օգնութեան արտասահմանեան կոմիտեներու պաշտօնական օրգան (ամսագիր)։ Լոյս տեսած է ՀՕԿ-ի Ֆրանսայի կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 1933-35-ին, Փարիզի մէջ։ Խմբագրական կոլեգիա՝ Գ. Թահմազեան, Դ. Դաւիթեան եւ ուրիշներ։

Իրականացուցած է կապը ՀՕԿ֊ի արտասահմանեան կազմակերպութիւններու եւ հայրենիքի միջեւ, համաձայնեցուցած անոնց գործունէութիւնը։ Լուսաբանած է Սովետական Հայաստանի առօրեան։ Ծաւալուն տեղ յատկացուցած է սփիւռքի, յատկապէս ֆրանսահայ գաղութի, իրադարձութիւններուն, աջակցած հայրենադարձութեան, հայրենակցական եւ վերաշինաց միութիւններու գործունէութեան, դէմ արտայայտուած դաշնակցութեան։

Գրական-գեղարուեստական եւ արուեստի բաժիններուն մէջ տպագրած է չափածոյ եւ արձակ գործեր հայ եւ օտար հեղինակներէ, գրաքննադատական ակնարկներ ու յօդուածներ, նիւթեր թատրոնի, երաժշտութեան, կերպարուեստի մասին։

Աշխատակցած են Աւետիք Իսահակեանը, Դերենիկ Դեմիրճեանը, Արշակ Չօպանեանը, Զապէլ Եսայեանը, Դրաստամատ Սիմոնեանը, Գեղամ Սարեանը, Վաղարշակ Նորենցը, Վահրամ Ալազանը, Վահան Թոթովենցը, Գուրգէն Մահարին, Ռուբէն Թէրլէմէզեանը եւ ուրիշներ։