Գեղամ Սարեան

Հայաստանի լաւագոյն քնարերգակ բանաստեղծներէն մէկը։ Ծնած է Դեկտեմբեր 25, 1902-ին Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքը արհեստաւորի ընտանիքէ։ Ուսումը կ'առնէ Թաւրիզ։ Ժամանակ մը ուսուցչութեամբ կը զբաղի։ 1922-ին Պարսկաստանէն կ'անցնի Հայաստան, ուր դարձեալ կը զբաղի ուսուցչութեամբ, յետոյ ամբողջութեամբ կը նուիրուի գրականութեան։ 1925-ին լոյն կը տեսնէ անոր առաջին գործը՝ «Շիրակի Հարսանիքը» խորագիրով պոէմը, որով անմիջապէս ան յայտնի կը դառնայ ընթերցողներուն։

Սարեան այն բանաստեղծներէն է, որ ունի ներդաշնակ խօսք ու պատկեր: Պարզ, յստակ հարցէ մը իսկ փիլիսոփայական խնդիրներու կը յանգի՝ բանաստեղծութիւնը դարձնելոխ աւելի յուզական ու տպաւորիչ։ Այսպէս է, օրինակ, անոր «Լուցկի» բաանստեղծութիւնը։ Ան իբրեւեւ քնարերգակ այն սկզբունքը կը դաւանի, որ բանաստեղծութիւնը պէտք է յուզական ըլլայ եւ համակէ ընթերցողը այն տրամադրութեամբ, զոր ունի հեղինակը։

Սարեան աւելի ժողովրդական դարձաւ արեւելեան կեանքէ առնուած իր գեղօններով եւ պոէմներով։ «Կիւլնարա», «Կիւլխանտա», «Իրանի» եւ այլ գործեր, որոնք գրուած են խորունկ ու ջերմ զգացումով, ընդելուզուած են արեւելեան վառ երանգներով։ Ան քաջ ծանօթ է Պարսկաստանին, ուր աղքատներու եւ զրկուածներու հաշւոյն երկրի տէրերը շռայլ ու ցոփ կեանք կը վարեն, ուր բռնութիւնն ու կամայականութիւնը ստրկացուցած են խոնարհ խաւի մարդիկը, յատկապէս կիները, որոնք զուրկ են ամէն իրաւունքէ։ Սարեանի այս գործերը հարստացուցած են մեր նորագոյն գրականութիւնը։

Սարեանի լաւագոյն գործերէն են նաեւ «Բալլադներ»-ը (գեղօններ): Հերոսական անցեալի մեծարանք, հայ ժողովուրդի եղեռնական օրերու վերյուշ, անձնազոհութիւն, քաջագործութիւն, նուիրուածութիւն,- ահա գործօններ, որոնք գրուած են Սարեանին յատուկ վարպետութեամբ։

Սարեան գրած է նաեւ արձակ էջեր, պատմուածքներ ու վիպակներ, առնուած Հայաստանի կեանքէն, ուր ի յայն կու գայ հեղինակին պատմելու կարողութիւնը եւ հոգեբանական վերլուծումներ կատարելու տաղանդը։ Ինչպէս քերթուածներու, այնպէս ալ այս բաժինին մէջ անոր լեզուն կիրթ է, ոճը յստակ եւ ըստ ամենայնի պատկերաւոր ու երաժշտական։

Գրած է նաեւ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ մանուկներու համար։ Այս ասպարէզին մէջ եւս ան կը մնայ որպէս քնքուշ քնարերգու՝ պարզ ու վճիտ լեզուով ու պատկերներով, մանկական հոգեշխարհը, մտածումներն ու զգացումները բացայայտող հեղինակ։

Անոր գործերը լայն տարածում ունին ժողովուրդին մէջ եւ մեծ մասամբ ձայնագրուած են։ Սարեան յայտնի է նաեւ որպէս թարգմաանիչ։ Կատարած է բազմաթիւ թարգանութիւններ Մարք Թուէյնէն, Ռըսիարտ Քիփլինկէն, Հայնրիխ Հայնէէն, Թարաս Շեւչենքոյէն, ժամանակակից ռուս եւ այլ ժողովուրդներու բանաստեղծներէն, ամէն պարագայի պահպանելով իրեն յատուկ լեզուի յստակութիւնը, խնամուած ոճը եւ ամենակարեւորը՝ թարգմանելի գործի հարազատութիւնը։

Սարեան մահացած է Նոյեմբեր 14, 1976-ին Երեւանի մէջ։