Jump to content

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ

(Վերայղուած է ՀԱՀԳԲ-էն)
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի Զինանշան

ASALA - Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակ (անգլերէն՝ Armenian Secret Army for the Liberation of Armenia (ASALA), ֆրանսերէն՝ Armée secrète arménienne de libération de l'Arménie արաբերէն՝ الجيش السري الأرمني لتحرير أرمينيا‎‎‎)։

1975-ին, խումբ մը լիբանանահայեր եւ իրաքահայ Յակոբ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, ոգեւորուելով 27 Յունուար 1973-ի ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Սանթա Պարպարա քաղաքի Գուրգէն Եանիկեանի կողմէ երկու թուրք դիւանագէտներու սպանութեան փաստէն, որոշած են հիմնադրել ընդյատակեայ կազմակերպութիւն մը, որ զինեալ գործողութիւններու միջոցով Հայկական Հարցը կրկին մուծէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ, որպէսզի միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչցուի 1914-1923 թուականներուն թուրքերու կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման նախապայմաններ ստեղծել։

ՀԱՀԳՊ-ն ծնունդ է հայ նորագոյն սերունդին եւ իր մէջ կը մարմնացնէ համայն հայութեան դարաւոր ձգտումներն ու իր ճակատագրին եւ երկրին տէր ըլլալու անտեղիտալի կամքը։ Հայութիւնը հիմնական եւ անյետաձգելի նպատակ ունի ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը եւ բռնագրաւեալ այն հողամասերը, զորս իրագործելու համար ընտրած է զինեալ պայքարի ուղին։ Այս ընտրութիւնը պարտադրուած է հայ ժողովուրդին, որովհետեւ Թուրքիան եւ անոր զօրավիգ կանգնող կայսերապաշտ պետութիւնները կը կիրառեն բիրտ ուժի եւ բռնամիջոցներու գործունէութիւն՝ Հայաստանն ու հայութիւնը վերջնականօրէն բնաջնջելու մտադրութեամբ։ Այս պայմաններու բերումով ՀԱՀԳՊ-ն կը գործէ իբրեւ զինուորական կազմակերպութիւն եւ անխուսափելիօրէն կը վստահի առաւելապէս զինեալ յարատեւ պայքարին՝ կիրառելով ուժի կիրառութեան բոլոր տարբերակները։ ՀԱՀԳՊ-ն իր ժողովուրդին եւ անոր հայրենիքի ազատութեան նուիրուած կազմակերպութիւն է։ Ինքնորոշ եւ յստակ առաքելութիւն սահմանած ըլալով, ան չի հետաքրքրուիր քաղաքական սին մարզանքով, եւ բացարձակապէս կը մերժէ մասնակից դառնալ միջ-կուսակցական մրցակցութեան, վէճերու կամ հակամարտութեան։ Ընդհակառակը՝ ան կը ձգտի իր հնարաւոր բոլոր միջոցներով միասնականութիւն ստեղծել հայկական բոլոր հոսանքներուն, կազմակերպութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն միջեւ, որպէսզի համայն հայութիւնը կարեննայ իր հաւաքական կամքի զօրութեամբ, նիւթական, տնտեսական եւ գիտական միջոցներով իր ամբողջ ուժը ի սպաս դնել հայկական բռնագրաւեալ հողամասերու ազատագրութեան համար։ Ան կը ջանայ հնարաւոր բոլոր միջոցներով քաջալերել եւ կազմակերպել սփիւռքահայութեան վերադարձը դէպի Հայաստան, ինչպէս նաեւ արգելք հանդիսանալ օտար պետութիւններու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուող ազգակործան արտագաղթին։ ՀԱՀԳՊ-ն կը մերժէ միջազգային քաղաքական հակամարտութեան մասնակից դառնալ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը շահ չունի մեծ պետութիւններու եւ անոնց ենթակայ քաղաքական հակադիր հոսանքներու միջեւ մղուող շահադիտական հակամարտութուններուն։ Ազատագրական պայքարը պէտք է շարունակուի առանց ընդմիջման կամ ընդգրկումի մինչեւ որ հայութիւնը վերատիրանայ իր հողերուն եւ մարդկային իրաւունքներուն ու վերահաստատուի իր հայրենի հողին վրայ։ Թուրք ցեղասպան պետութիւնը եւ անոր մեղսակից մեծ պետութիւնները պէտք է իմանան ու համոզուին, որ չեն կրնար հանգիստ ու խաղաղ մնալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չեն սրբագրեր հայերու դէմ գործուած անարդարութիւնը։ ՀԱՀԳՊ-ն Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած հայկական բոլոր հողամասերու ազատագրումէն ետք աւարտած կը նկատէ իր առաքելութիւնը։ Ազատագրուած Հայաստանի իշխանութիւնը կը ստանձնեն այնտեղ վերահաստատուած հայ զանգուածները, որոնց բացարձակ իրաւունքն է որոշելու իրենց նախընտրած իշխանութեան ձեւը եւ ընտրել իրենց իսկապէս ներկայացնող իշխանութիւնն ու կառավարութիւնը։ Ոչ մէկ ուժ, ըլլայ ատիկա օտար պետութիւն, միջազգային հոսանք կամ շարժում, ու նոյնիսկ մէկ հայ կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն իրաւունք չունի որոշ հասարակարգ կամ վարչակարգ պարտադրելու անոր։ ՀԱՀԳՊ-ն սատար կը կանգնի այնտեղ հաստատուած հայ ազգային պետականութեան իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներով։ Ամբողջ աշխարհը իր մեծ ու փոքր պետութիւնններով չեն կրնար խաղաղ մնալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ կան իրաւազրկուած ժողովուրդներ, որոնց երկիրները կը մնան գրաւուած ծաւալապաշտ պետութիւններու կողմէ։ ՀԱՀԳՊ-ն զօրավիգ կը կանգնի իրաւազրկուած բոլոր նման ժողովուրդներու պայքարներուն ու նոյն հաւատքով ու վճռականութեամբ կը պաշտպանէ անոնց դատը՝ պայմանով, որ իրենց հետապնդած նպատակները չհակադրուին հայկական գերագոյն շահերէն։

ՀԱՀԳՊ Կենդրոնական կոմիտէի ծրագրային յայտարարութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաստատակամ կերպով պէտք է շարունակենք մեր ազատագրական Յեղափոխական պայքարը՝ հայութեան գերագոյն նպատակի վերջնական իրագործման համար, որն է՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ այլ բռնագրաւեալ հայկական հողամասերու ազատագրումը։ Մեկնարկելով այս հիմնական նպատակէն՝

  • Պէտք է շարունակենք մեր զինեալ ազատագրական պայքարը հայութեան դարաւոր թշնամիին՝ թուրք ցեղասպան պետութեան դէմ։
  • Պէտք է շարունակել պայքարը նաեւ բոլոր այն պետութիւններուն եւ ուժերուն դեմ, որոնք զօրավիգ կը կանգնին թուրք ցեղասպան պետութեան հետապնդած հրէշային այս ծրագրի իրագործման։
  • Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդունելով հայ պետութեան կորիզ՝ պէտք է օգնենք ու սատար կանգնինք անոր վերականգնման, զօրեղացման եւ ազգային ինքնիշխանութեան հաստատման բոլոր հնարաւոր եւ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ զինուորական միջոցներով։
  • Արցախը նկատելով պատմական Հայաստանի անբաժան մասը՝ սատար կը կանգնինք անոր՝ Հայաստանի հետ վերամիաւորման եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով մեր գործուն մասնակցութիւնը կը բերենք անոր մղած ազատութեան արդար պայքարին համար։
  • Նկատի ունենալով սփիւռքի հայութեան ներկայ առաւել եւս տարանջատուած վիճակը՝ մեր պայքարը պէտք է սաստկացնենք նաեւ այդ ուղղութեամբ, որպէսզի իրագործուի համայն հայութեան կողմէ ցանկալի միասնութիւնը։
  • Բոլոր միջոցներով պէտք է պայքարինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող աւերիչ արտագաղթին դէմ եւ ընդհակառակը՝ ամէն կերպով պէտք է քաջալերենք վերադարձը դէպի հայրենի Երկիր։

Զինեալ պայքարը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀԱՀԳՊ-ի ռազմական գործողութիւնները հիմնականին մէջ ուղղուած էին թրքական դեսպանատուներուն, հիւպատոսարաններուն, դիւանագէտներուն, պետական պաշտօնատար անձանց, զինուորական եւ ոստիկանական հաստատութիւններուն, թրքական առեւտրական միջավայրին, յատկապէս՝ «Turkish Airlines» ընկերութեան գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու պետական ու հասարակական այն կառույցներուն, որոնք դրամական կամ ռազմական օժանդակութիւն ցոյց կու տան թրքական պետութեան, խոչընդոտ կը հանդիսանայ ՀԱՀԳՊ-ի գործունէութեան։ ՀԱՀԳՊ-ն իր գոյութեան մասին առաջին անգամ յայտնեց, երբ ստանձնեց 20 Յունուար 1975-ին Պէյրութի մէջ Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան գրասենեակի ռմբահարման պատասխանատուութիւնը։ Այս գործողութեան շարժառիթ կը հանդիսանար Եկեղեցիներու համաշխարհային միութեան Պէյրութեան գրասենեակի կողմէ լիբանանահայութեան արտագաղթը երրորդ երկիր, յատկապէս՝ ԱՄՆ եւ Քանատա, կազմակերպելը։ Այս ռազմագործողութեան յաջորդեցին շուրջ 200-էն 300 զինուած ռազմագործողութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք սպանուեցան շուրջ 100 եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 200 մարդիկ, այդ թիւին մէջ՝ շուրջ չորս տասնեակ թուրք դիւանագէտներ եւ այլ պաշտօնատար անձինք։ Առաւել մեծ արձագանք ստացած են գաղտնի կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած Օրլի ռազմագործողութիւնը, «Վան» գործողութիւնը, «Կարին – Էրզրում» գործողութիւնը եւ Շուկայի վրայ յարձակումները։

ՀԱՀԳՊ-ն եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը ստեղծուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն եւ իր կարեւորագոյն խնդիրներուն կը համարէ նաեւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը։ Այս առումով մեծ ներդրում ունեցած է զինուած պաշտպանութեան գործին մէջ։ Յաճախ ստիպուած է հակադրուիլ հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս ՀՅԴ-ին, որ երբեմն վերածուած է զինուած ընդհարումներուն։ 1982 թուականին մարդկային եւ նիւթական վնասներ կրած է, երբ Իսրայէլը ներխուժած է Լիբանան։ Չնայած այդ հանգամանքին՝ աշխուժօրէն մասնակցած է Իսրայէլի դէմ մղող մարտերուն, պաշտպանած է հայ համայնքի սահմանները եւ զինուած օգնութիւն ցուցաբերած է դաշնակից կազմակերպութիւններուն, մասնաւորապէս՝ Պաղեստինի ազատութեան կազմակերպութեանը։

ՀԱՀԳԲ-ի դերը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը իր աշխոյժ ռազմական գործողութիւններու շնորհիւ կրկին միջազգային քաղաքական եւ իրաւական ասպարէզ բերաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։ Աշխարհի առաջատար լրատւական ընկերութիւները, անդրադառնալով ՀԱՀԳԲ-ի գործունէութեանը, անպայման անդրադարձ կը կատարէին Հայոց Ցեղասպանութեանն ու հայկական պահանջատիրութեանը։ Պատահական չէ, որ 1981 թուականին Եւրոպական պառլամենտը (European Parliament) պաշտօնապէս ճանչցաւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը[1], իսկ 1990-ական թուականներուն սկսած այդ քայլը կատարեցին նաեւ բազմաթիւ երկիրների օրենսդիր մարմիններ։

ՀԱՀԳԲ-ն Արցախեան պատերազմին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1990 թուականէն սկսեալ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը իր գործունէութիւնը սառեցնելուն զուգընթաց աշխուժացուց օժանդակութիւնն ու աշխոյժ մասնակցութիւնը Արցախեան պատերազմին։ Կազմակերպութեան բազմաթիւ անդամներ առանձին խումբերով եւ անհատապէս մասնակցեցան ինչպէս ռազմական գործողութիւններուն, այնպէս ալ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելուն։ ՀԱՀԳԲ անդամներ Վազգէն Սիսլեանը եւ Գէոորգ Գյուզելեանը Վանաձորին մէջ ստեղծած եւ մարզած են Մեծն Մուրատ խումբը, որ կատարած է յատուկ գործողութիւններ ԼՂՀ եւ ՀՀ ամենաթեժ կետերուն եւ միակ ջոկատն է, որ իր բարձր պատրաստուածութեան շնորհիւ ոչ մէկ զոհ չի տուաւ։ Ջոկատի հրամանատարն եղած է Գէորգ Գոյւզելեանը։ Վան գործողութեան համակարգող, ՀԱՀԳԲ մարտիկ Վազգէն Սիսլեանը մասնակցած է Շուշիի եւ Աղդամի (Ակն) ազատագրմանը։ ՀԱՀԳԲ մարտիկ Մարտիրոս Ժամկոչեանը եղած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեանի խորհրդականը եւ ՀԱՀԳԲ մէկ այլ մարտիկ՝ Մոնթէ Մելքոնեանի տեղակալը։ ՀԱՀԳԲ մարտիկ Յովսեփ Յովսեփեանը մասնակցած է Քարվաճառի ազատագրմանը եւ իրականացուցած է շարք մը յատուկ գործողութիւններ։

ՀԱՀԳԲ-ի եղբայրական գերեզմանը Եռաբլուրին մէջ

ՀԱՀԳԲ-ի մամուլը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր ստեղծման օրէն գաղտնի բանակը զգալի տեղ տուած է մամուլին։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ տարբեր լեզուներով հրապարակուած են թերթեր, շաբաթաթերթեր, ամսաթերթեր, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են 20-րդ դարու հայ երիտասարդութեան համար հասարակական քաղաքական կեանքին մէջ կայանալու ճանապարհին[2]։ ՀԱՀԳԲ-ի պաշտօնաթերթ «Հայաստան»ը (1980-87,1991-էն) հրապարակուած է հինգ լեզուներով՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն։ ՀԱՀԳԲ-ի կողմէն հրատարակուող մամուլի ոչ ամբողջական ցանկը՝

ՀԱՀԳԲ-ն մեր օրերուն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1991 թուականին գաղտնի բանակը հրապարակած է իր վերամշակուած ծրագիրը, ուր զօրակցութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեանը՝ առանց փոփոխութեան ենթարկելու իր ռազմավարական նպատակները[2][3]

Գիրքեր ՀԱՀԳԲ-Ի մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Վլատիմիր Պետրոսեան, Չմոռանանք, Երեւան, 2006, էջ 167-175, 181, 199-387, 413-417, 457-462, 555-562, 709-712, 760-764, 782-795։
  • Առնո Համելեն, Ժան Միշել Բրոն, Վերականգնուած յիշողութիւն, Երեւան, 1996, էջ 115-133, 153-169, 198-200, 208-218, 234-243։
  • Արման Գասպար, Հայ ազատագրական պայքարն ու ահաբեկչութիւնը, Լոս Անճելըս, 1989։
  • Յանուն հայրենեաց, յանուն դարերի, Երեւան, 1995։
  • Մոնթէ Մելքոնեան, Պատմութիւն ԱՍԱԼԱ-ի, թարգմ. Ազատ Մարտիրոսեան, Լոզան, 1990, 272 էջ։
  • Կանք ու պիտի մնանք ՀԱՀԳԲ։
  • Նեմեսիսը։
  • Տասնամեայ խոյանք, 1985։
  • Գուրգէն Յանիկեան, Նպատակ եւ ճշմարտութիւն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-10 
  2. 2,0 2,1 Վլադիմիր Պողոսյան․ «Չմոռանանք», Երևան 2006 թ․։
  3. «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի 1990թ.-ին ընդունված ծրագիրը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-10 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • ՀԱՀԳԲ-ի բացայայտուած անդամներու եւ նախկին քաղբանտարկեալներու Ուխտ Արարատի կազմակերպութեան կայք