Կովկասեան Էսպերանտիստ
«Կովկասեան էսպերանտիստ» (էսպերանտօ՝ Kaukaza esperantisto), բազմալեզու կիսամսեայ գրական հանդէս։ Կովկասեան էսպերանտիստներու խումբի հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1910— 1914-ին, Թիֆլիսի մէջ, էսպերանտոյ, հայերէն, վրացերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Հ. Տէր-Աստուածատրեան։ Նպատակն էր թարգմանաբար ներկայացնել հայ, ռուս եւ վրաց գրականութեան նմուշներ, գովազդել էսպերանտօ արհեստական լեզուն կովկասեան միջավայրին մէջմ։
Ծանօթացուցած է էսպերանտօ լեզուի ծագման պատմութեան, զարգացման ուղիներուն եւ այդ լեզուով հրատարակուող գրականութեան։ Տպագրած է Սմբատ Շահազիզի, Վահրամ Փափազեանի, Ալեքսանդր Ծատուրեանի, Աւետիք Իսահակեանի արձակ եւ չափածոյ գործերը, ինչպէս նաեւ ռուս եւ եւրոպացի հեղինակներու (Ալեքսանդր Պուշկին, Անթոն Չեխով, Ա. Կուպրին, Վիքթոր Հիւկօ, Գի տը Մոպասան) ստեղծագործութիւնները։
Հանդէսին ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործերով աշխատակցած են Ա. Դոստեանը (Շռինդ), Վ. Սիրունեանը, Վ. Գոգիսփձէն, Վ. Ախվլեդիանին, Վ. Պաւլովան եւ ուրիշներ։ «Կովկասեան էսպերանտիստ»ին մէջ գործած է էսպերանտօ լեզուի ուսուցման լրիւ դասընթաց, ինչպէս նաեւ երգիծանքի բաժին։ Տարածուած է Մոսկուայի, Վարշաւայի, Փարիզի, Թաւրիզի մէջ եւ այլուր։