Լողազգեստ
Լողազգեստ (maillot de bain, swimsuit), զգեստ մըն է, որ կը գործածուի մարմնոյ մասերը ծածկելու (պահելու)՝ լողալու, լոգնալու, արեւու լոգանքի եւ ընդհանրապէս բացօթեայ գործունէութեան ժամանակ։
Լողազգեստը ծանօթ իբրեւ՝ maillot, նորաձեւոթեան հնարիչին անունն է, տրուած կիներու մէկ կտոր լողազգեստին։ Մայօ maillot եզր առաջին անգամ կը գործածուի նկարագրելու համար ձիգ-պատշաճեցող մէկ կտոր լողազգեստը (1920 թուականներուն)․ ձեռակերտուած համանման jersey հիւսուածքով։ Նոյնպէս, «մայօ» անունը կը գործածուի սահմանելու համար պարի կամ մարզանքի սեղմնահագուստները։
Ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մայօ maillot սահմանումը 1928 թուականին, տեղ կը գտնէ Անգլիական բառարանին մէջ։ Ֆրանսերէն լեզուին մէջ, մայօ maillot բառը «շապիկ» կը նշանակէ եւ կը գործածուի Tour de France հեծելարշաւի ընթացքին առաջնորդները զանազանելու համար։ Ֆրանսերէն լեզուի նոր սահմանումը՝ լողազգեստի համար, այս բառը կը գործածէ։ Պարսկերէն եւ արաբերէն խօսակցական լեզուներուն մէջ, յատկապէս Լեվանթի շրջանը (արեւելեան Միջերկրական Ծով եւ արեւմտեան Ասիա – Սուրիա, Լիբանան, Հորդանան, Իսրայէլ եւ Պաղեստին), «մայօ» եզրը հասարակ գործածութիւն ունի նկարագրելու, սահմանելու համար տղամարդու եւ կիներու լողազգեստը։
Ներկայիս, խօսակցական լեզուի «մայօ» եզրը կը փոխարինէ մէկ կտոր լողազգեստ ասացուածքը:
Պատմական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հռոմէական հնադարեան ժամանակաշրջանին, հանրային լոգանքները գնահատուած են եւ մարդիկ մերկ կը լոգնան։
Միջնադարին, ջերմուկային ջուրերը եւ ծովու լոգանքները վատառողջ կը նկատուին։
Միայն 18-րդ դարուն է որ լոգանքի բարիքները կը գնահատուին եւ մարդիկ շապիկով կը լոգնան։

19-րդ դարու վերջաւորութեան, կիները սեղմիրանով corset եւ ուռած տաբատով կը լոգնան։ Իսկ, տղամարդիկը՝ մինչեւ բումբը (սրունքին մսոտ մասը) հասնող եւ երկայն թեւեր ունեցող զգեստով: Մասնաւոր տնակներ կը շինուին եւ ծովափներուն կը զետեղուին, դիւրացնելու համար ծովու լոգանք առնողներուն փոխուիլը՝ ծով չմտած կամ ծովէն ելլելուն։
1900 թուականին կիներուն լոգանքի հագուածքը մինչեւ ծունկերը հասնող թեթեւ հագուստ մըն է նոյն կտաւէն պատրաստուած ուռած վարտիքով մը։
Լողի ախոյեան, աւստրալիացի Անեթ Քելըրման Annette Kellermann իր մէկ կտոր լողազգեստը կը ստեղծէ․ գործնական եւ լողի յարմարցուած։
1920 թուականին Քոքօ Շանել Coco Chanel կը ներկայացնէ արեւայրուքի (արեւին տակ կենալով պղինձի գոյն առնել) նորաձեւութիւնը, ինչ որ կը պահանջէ մերկացնել թեւերը, ուսերը եւ սրունքները։
1932 թուականին «Թարզան» վարտիք-լողազգեստը յեղաշրջում կ՛ առաջացնէ եւ տղամարդոց կ՛արտօնէ իրենց մարմինը ցուցնել։
1946 թուականին «պիքինի» bikini (երկու կտոր) լողազգեստը կը յայտնուի, սակայն ինքզինքը կը պարտադրէ միայն 1960-ական թուականներուն։ Իսկ 1970 թուականին` «մոնօքինին» (մէկ կտոր) եւ կը հետեւին անոր եւ «պիքինի»ին զանազան տարբերակները։
1980-ական թուականներուն, ջրասահիկի surf ազդեցութիւնը տղամարդոց մօտ կը նպաստէ երկար եւ սեղմ գուլպայ յիշեցնող լողազգեստ հագուիլը եւ շուրջ 20 տարիներու համար կը փոխարինեն լոգանքի դասական վարտիքը։ Նաեւ կը սկսի գերակշռել սեղմ ու կարճ boxer եւ կամ սեղմ ու մինչեւ ծունկը jammer (շորտաձեւ) լողազգեստը –մանաւանդ լողաւազաններուն մէջ, առողջապահական պատճառներով- եւ մինչեւ ծունկը հասնող ժողովրդական լայն շորտաձեւ լողազգեստը short de bain – Boardshorts եւ կամ՝ անոր կարճ տարբերակը՝ caleçon de bain։
2010 թուականներուն, իգական սեռի մօտ կը նկատուի մէկ կտոր լողազգեստի վերադարձը․ պատճառները՝ մորթի քաղցկեղի աճումը, սեռային ժխտում, մարմնի տեսքէն նեղութիւն զգալ եւ շատ ուրիշ․․։
Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի «Լողազգեստի Ցոյցը»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կիրակի 20 Հոկտեմբեր 1907, հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն։ Անոնք կը բողոքեն քաղաքապետութեան կողմէ առաջարկուած օրէնքին դէմ, որով՝ տղամարդիկը պարտաւոր էին շապիկաձեւ թիկնոց մը հագուիլ լողալու համար։
Ցուցարարները կը հաւաքուին Սիտնիի Bondi, Manly եւ Coogee ծովափները, հագուած կնոջական զանազան լողազգեստներ, տալով սրամիտ ծաղրանք առաջարկուած օրէնքին։
Ցուցարարներուն պահանջներուն դրական մօտեցում կ՛ունենան հանրութիւնն եւ լրատուական միջոցները։ Այսպէս, քաղաքապետութիւնը ետ կ՛առնէ առաջարկը։
Լողազգեստի զարգացումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մինչեւ 20-րդ դար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
20-րդ դարասկիզբէն մինչեւ 21-րդ դարասկիզբ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1909 Անեթ Քելըրման իր մէկ կտոր լողազգեստով
Առողջապահութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ջուրը, քրտինքն ու օդի ջերմութիւնը ծիլերուն թրմումին կը նպաստեն։ Անոնք թաց կամ խոնաւ լողազգեստին կտաւին վրայ գրգռումներ, ցպիկներ եւ բորբոսներ կ՛ առաջացնեն։ Այս պատճառով կը յանձնարարուի ծովէն ելլելուն պէս լողազգեստը փոխել։ 21-րդ դարուն, լողազգեստի ճարտարարուեստը կը փորձէ ստեղծել առողջապահական առումով կատարեալ լողազգեստը։
Ֆրասայի հանրային լողաւազաններուն մէջ, առողջապահութեան համար, կ՛արտօնուի հագուիլ միմիայն սեղմ լողազգեստներ։
Ծովու լոգանքի յարմարութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծովու լոգանքի մեքենայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծովու լոգանքի մեքենան, 18-րդ մինչեւ 20-րդ դարասկիզբին ժողովրդային համբաւ վայելով գործիք մըն էր։ Մարդոց կը դիւրացնէր փոխուիլ եւ ուղղակի ջուրը անցին։ Այս փայտաշէն տուփ-մեքենաները մինչեւ ծով կը գլորուէին։
Ծովու լոգանքի տնակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծովու լոգանքի տնակը, շատ փոքր փայտաշէն վառ գոյներով ծովափի մեծ «տուփ» մըն է։ Կը հանդիպինք ժողովրդային ծովու լոգանքի յարմարցուած ծովեզերքներուն։ Կը պատսպարեն արեւէն, հովէն եւ կիզիչ տաքէն։ Նաեւ փոխուելու՝ ծով մտնելու կամ ծովէն ելլելու ատեն։
Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծովու լոգանքի տնակներ․ Pas de Calais ծովափին, Ֆրանսա
Ծովու լոգանքի տնակներ․ Höllviken, Շուէտ
Ծովու լոգանքի տնակներ․ Muizenberg ծովափ, Cape Town Հարաւային Ափրիկէ
Ծովու լոգանքի տնակներ․ Great Yarmouth, Norfolk, Անգլիա
[1][2][3][4][5][6][7][8][9][10][11][12][13]
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Լողազգեստին պատմութիւնը(յուն.)
- ↑ Maillot (Լողազգեստ) բառին նշանակութիւնը(յուն.)
- ↑ Մայօ - մէկ կտոր լողազգեստը, 7-2-2006 (անգլերէն)
- ↑ New York Times-ի ծանուցում, Յունիս 11, 1916, էջ՝ 11(անգլերէն)
- ↑ Սփինալի կը հնարէ յարակից լողազգեստը(ֆր.)
- ↑ Լողազգեստի ճարտարարուեստը(անգլերէն)
- ↑ Ծովու լոգանքը՝ լրիւ լողազգեստով(ֆր.)
- ↑ Անգլիոյ Թագուհին Վիքթորիային Ծովու լոգանքի մեքենան(անգլերէն)
- ↑ Ֆրանսայի լողաւազաններուն մէջ, միմիայն սեղմ լողազգեստներ(ֆր.)
- ↑ Jane Austen Ընկերութիւն, Աւստրալիա․ Ճէյն Օստընի ծովու լոգանքի փորձառութիւնը․ 18-րդ դար - հրտ․՝ 14-5-2013(անգլերէն)
- ↑ Պիքինիին պատմութիւնը(անգլերէն)
- ↑ Լողազգեստներու քաղոց(անգլերէն)
- ↑ Նայիրի բառարան - լողազգեստ
Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Ֆրանսայի հեծելարշաւ(ֆր.)
- Քոքօ Շանել(ֆր.)
- Անեթ Քելըրման (ֆր.)
- Պիքինի(ֆր.)
- Կիներու եւ տղամարդոց string լողազգեստը(ֆր.)
- Ուիլիըմ Հելթ(անգլերէն)
- Ծովու լեգանքի մեքենայ(անգլերէն)
- Ծովու լոգանքի տնակ(անգլերէն)
- Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի «Լողազգեստի Ցոյցը»(անգլերէն)