Ֆեսթոս

Ֆեսթոս
Ֆեսթոս
Φαιστός
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․7000
Տարածութիւն 411 քմ²

Ֆեսթոս (յուն․՝Φαιστός) Մինոասեան քաղաքակրթութեան պալատ եւ Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակին Կրետէին երկրորդ կարեւոր քաղաքը (Քնոսոսէն ետք)։ Կը գտնուի Իրաքլիոնէն 62 քլ․ դէպի հարաւ-արեւմուտք, Երոփոթամոս գետին եւ հին Լասիթի Զաքրոս քաղաքին հարաւը։ Ծովու մակերեսէն 100մ․ բարձր է։

Առաջին նշումներ եւ հիմնադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆեսթոսի մասին առաջին անգամ կը հանդիպինք Հոմերոսին Իլիատային եւ Ոդիսականին մէջ, ուր Ֆեսթոս կը նշուի Տրոյայի (Տրովատայի) պատերազմին մասնակցող քաղաքներուն ցուցակին մէջ։ Հոմերոս զայն կը նկարագրէ որպէս լաւ բնակուող քաղաք՝ «εὖ ναιετοώσα»։

Հին պատմաբան Տիոտորոս Սիքելեացին, Ֆեսթոսին հիմնադրութիւնը կը վերագրէ Մինոասին․ ինչպէս՝ Քնոսոսին քաղաքը։

Ֆեսէոսի դրամ

Անուանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆեսթոս անունը նախայունական է եւ Քնոսոսի Գծային Β արձանագրութիւններուն մէջ անունին ստուգաբանութիւնն է՝ φα(F)ιστός= փառաւոր, պանծալի։

Պեղումներու պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

գամարեան անօթ

Ֆեսթոսի պատմութեան մասին առաջին յայտնաբերումները եղան իտալացիներու հանաբանական պեղումներէն։ Արձանագրութիւնները կը վկայեն թէ քաղաքը մնացեալ յունական քաղաք-պետութիւններուն հետ մասնակցած է Տրոյայի (Տրովատայի) պատերազմին։ Պեղումները յայտնաբերած են թէ անկախ ու ինքնիշխան քաղաք եղած է եւ ունեցած է իր դրամը, ուր Եւրոպան կը պատկերուէր եզի մը եւ առիւծի գլուխի մը վրայ նստած «ΦΑΙΣΤΙΩΝ ΤΟ ΦΑΙΜΑ» բառերով։ Ֆեսթոս կը թագաւորէր Զեւսին զաւակ Ռատամանթիսին հիմնած հարստութիւնը։

Ֆեսթոս սկաւառակը

Շրջանին մէջ պեղումները սկսած են 1900-ին-ին Թոմաս Ապել Սփրաթ հնաբանին կողմէ, իսկ պալատինը՝ 1909-ին եւ կը շարունակուին յաջորդող տարիներուն։ Յայտնաբերուծ իրերուն մէջ կան գամարեան անօթներ՝ իւրայատուկ իրենց մինոասեան ձեւով եւ ոճով։

1908-ին Փերնիէ կը յայտնաբերէ Ֆեսթոս սկաւառակը (Ք․Ա․1950-1400) պալատին հիւսիսային մասին։

Բնակիչներուն գերեզմանը կը գտնուի պալատի աւերակներէն 20՛ հեռու։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պալատին յատակագիծը, 1908-ի պեղումերէն

Բնակութեան առաջին հետքերը կը հաստատեն թէ պալատին շրջանը բնակուած է Նոր Քարէ Դարաշրջանէն (Ք․Ա․7000-3000), մասնաւորաբար Ք․Ա․ 4000-ին։ Միջին Նոր Քարէ Դարուն պալատ մը կործանուած է հաւանաբար երկրաշարժէ (Կրետէն ենթակայ է յաճախակի եւ բուռն ուժգնութեամբ երկրաշարժներու)։ Նոյն ժամանակաշրջանին Քնոսոս եւ մինոասեան ուրիշ քաղաքներ ալ կը քանդուին։ Պալատ մը կը կառուցուի Նոր Քարէ Դարու վերջաւորութեան։

Մինոասեան քաղաքակրթութիւնը Ֆեսթոսին մէջ կը սկսի Ք․Ա․ 2600-ին։ Առաջին պալատը, բազմաթիւն յաջորդական մակարդակներով, կը գտնուէր հնաբանական վայրին արեւմտեան մասին եւ կառուցուած է Ք․Ա․ 2000-ին։ Պալատը երկրաշարժի պատճառով կործանուած է Ք․Ա․1730-ին (նոյնպէս Քնոսոսինը)։ Անոր աւերակներուն վրան նոր պալատը կը կառուցուի։

Ֆեսթոսին պալատին կառոյցը կը նմանի Քնոսոսին, Զաքրոսին եւ Մալիային պալատներուն կառոյցին։

Ֆեսթոս պալատին յատկանշութիւնը այն է թէ պալատը կու տայ կարեւոր տեղեկութիւններ առաջին եւ երկրորդ պալատին միջեւ, ինչպէս նաեւ Մինոասեան քաղաքակրթութեան երկու փուլերուն՝ անոր ծագումէն սկսեալ մինչեւ վերջը։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]