Jump to content

Մալիա

Մալիա
Մալիա
Μάλια
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ
ԲԾՄ 28 մեթր
Բնակչութիւն 3522 մարդ (2021),
3725 մարդ (2001),
2389 մարդ (1991),
3224 մարդ (2011)
Հեռախօսային ցուցանիշ 28970
Փոստային ցուցանիշ 70007
Շրջագայութեան պետ-համարագիր HK եւ HP

Մալիա (յուն․՝Μάλια)․ գիւղաքաղաք, Կրետէ, Յունաստան։ Եղած է Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակի Կրետէին կարեւոր քաղաքներէն (Քնոսոսէն, Ֆեսթոսէն եւ Զաքրոսէն ետք)։ Մալիային արեւելեան կողմը կը գտնուի Մինոասեան քաղաքակրթութեան պալատ մը։

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալիա կը գտնուի Իրաքլիոն Շրջանային Միաւորին մէջ, Կրետէ։ Իրաքլիօ քաղաքէն 35 քլ․ հեռու է։ Քաղաքը ծանօթ է իր բանջարեղէններու առատութեան համար, ինչպէս նաեւ իր ջաղացքներուն, ջրակենսավայրին, գեղեցիկ ծովափներուն եւ արատ ջուրերուն համար։ Ան Իրաքլիօ քաղաքին ջրամատակարարն է։ Կրետէի զբօսաշրջիկութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը։

Ամբողջ շրջանին մէջ հնադարին կար քաղաք մը, որուն անունը մինչեւ այսօր անծանօթ կը մնայ։ Շրջանը այժմ Թարմարոս կը կոչուի եւ հաւանաբար կապ ունի քաղաքին հին անունին հետ։ Կը կարծուի թէ Մալիա ապրած է հնադարի թագաւոր Սարփիտոն՝ Զեւսին եւ Եւրոպային զաւակը։ Սարփիտոն եղբօրը կողմէ Մալիայէն կը վտառուի եւ Լիքիա (Փոքր Ասիոյ հարաւ-արեւմտեան ծայրամաս) կ՛ապաստանի։

Մալիա պալատը հիմնուած է Քնոսոսի եւ Ֆեսթոսի պալատներուն կառուցման ժամանակաշրջանին (Ք․Ա․1900) եւ ունեցած է անոնց ճակատագիրը։ Ք․Ա․1700-ին կործանուած է անծանօթ պատճառներով, սակայն վերակառուցուած է։ Պալատը կրկին կը կործանուի Ք․Ա․1450-ին, ինչպէս մնացեալ մինոասեան պալատները։ Պալատը չի վերակառուցուիր, սակայն շրջանին մէջ բնակութիւնը կը շարունակուի։ Պալատին արեւմտեան կողմը, Մարմարա կոչուած վայրին մէջ յայտնաբերուած է նախաքրիստոնէական կաթողիկէ մը (երկար քառանկիւնաձեի եկեղեցի)։

Մալիա պալատին աւերակները, վերէն նկարուած

Մալիայի հնաբանական վայրը ԺԹ․ դարավերջերուն կը յայտնաբերուի, երբ 1880-ին հողատարածքին սեփականատէրը պալատէն 500մ․ դէպի արեւմուտք կը գտնէ ոսկիի տերեւներ։ Այդ եղելութիւնը շրջանը կը ներգրաւէ նախ ոսկի փնտռողներ, որոնք պեղումներ կը սկսին։

1915-ին նոր նիւթեր կը յայտնաբերուին եւ հնաբան Իոսիֆ Խածիտաքիսին ուշադրութիւնը կը գրաւեն։ Ան հնաբանական պեղումներու կը սկսի։ 1922-ին Աթէնքին Ֆրամսական Հնաբանական Դպրոցը տեղացի ուսանողներու հետ ամբողջ վայրը կը պեղեն։ 1930-ին կը յայտնաբերուի պալատին կեդրոնական մասը։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին պատճառած դադարէն ետք, պեղումները կը վերսկսին 1950-ական թուականներուն եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր, յայտնաբերելով պալատին բոլոր սրահները, փակը, անցքերը եւ շրջակայքի ենթակառոյցները։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]