Jump to content

Զարթօնքի շարժման պարբերական մամուլ

Զարթօնքի շարժման պարբերական մամուլը, զարթօնքի ներթափանցումը մամլոյ մէջ։

Ա․ Գիրքերու հրատարակութեան կողքին, ճամբայ ելած էին պարբերաթերթերը, «Ազդարար»՝ 1794–ին, Մատրաս «Դիտակ Բիւզանդար»՝ 1822–ին, Պոլսի «Շտեմարան»՝ 1822–ին, Կալկաթա, եւ այլն։ Առաջինը՝ գրաբար, միւսները՝ յաջորդաբար Պոլսոյ եւ Նոր Ջուղայի ժողովրդական լեզուով, անշուշտ տակաւին օտար բառերով խառն եւ անմշակ։ Առաջին այս թերթերը մեծ մասամբ ունեցած են դաստիարակչական-բարոյախօսական բովանդակութիւն եւ ոճ։

Բ․ 1850 թուականի շուրջ հրատարակուող թերթերը կը բազմանան։ Պոլիս, Զմիւռնիա եւ Վենետիկ լոյս տեսնող այս թերթերը, ինչպէս «Մասիս», «Արշալոյս Արարտեան», «Մեղու», «Բազմավէպ», ունին նոր որակ․ անոնց լեզուն արդէն բաւական մշակուած արեւմտահայ աշխարհաբարն է։ Նոր որակի այս երեւոթը, նոյն 1850–ական տարիներուն, կը դիտուի նաեւ դէպի Արեւելք՝ Հնդկաստանի, Ռուսիոյ եւ Կովկասի հայ մամլոյ՝ Կալկթայի «Ազգասէր»ին, Մոսկուայի «Հյուսիսափայլ (ամսագիր)|Հիւսիսափայլ»ին կամ Թիֆլիսի «Կռունկ»ին մօտ։ Այս թերթերը, իւրաքանչիւրը՝ ըստ իր գաղափարական դիրքին, կը դնեն հարցեր՝ ազգային-հանրային, բանասիրական-գրական եւ այլն։ Ու յաճախ պատասխանատուութեան խոր զգացումով մը կը քննարկեն զանոնք, միանգամայն առաջարկելով հանրային գործի ու զարգացման նոր ուղղութիւններ։

Թատրոն

Գրիգոր

Առաջին թատերական կտորները, յաճախ կրօնա-բարոյական բնոյթով գործեր, մեծ մասամբ՝ թարգմանութիւն, կը բեմադրուին առաջին դպրոցներուն մէջ կամ շուրջը՝ Վենետիկ, Զմիւռնիա,Պոլսի,ապա՝ Կալկաթա եւ Մատրաս, Թիֆլիս,Նոր Նախիջեւան․․․, 1850–ի շուրջ, թատերական շարժումը կը տարածուի․կը բազմանան միութենական ու դպրոցական թատերախումբերը՝ Վենետիկէն ու Պոլիսէն մինչեւ Մոսկուա, Կովկաս եւ Հնդկաստան։ Բայց մինչեւ 1860-70–ական թուականները, թատրոնը պիտի մնայ դպրոցական մակարդակի վրայ ու հետապնդէ զուտ ազգակային-դաստիարակչական նպատակներ, զուրկ գեղարուեստական արժէքէ։

Նահապետ Ռուսինեան 1819-1876

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ազգն իր հին կորուսած լեզուին տեղ ունի այսօր, եթէ ոչ կատարեալ, գէթ բաւական գործածելի արդի լեզու մը, ազգային, զոր շատ մարդիկ իրարմէ քիչ տարբերութեամբ կը գրեն, եւ հասարակութիւնը աւելի ու աւելի՝ վարժ ու անուշ կերպով կը խօսի։ Անբնական ու անհնարին է ամբողջ ազգի մը ռամիկին՝ քանի մը ուսումնականներու հասակցած իր հին լեզուն սովորեցնել․․․(Պէտք է) ռամկին խօսած լեզուով գրել»։

Գրիգոր Օտեան 1834-1887
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«․․եւ Ազգը՝ առաջին բառն էր, զոր արտասանեցին Պալեան եւ Ռուսինեան, երբ միացան տողերս գրողին հետ»։ «Այդ օրերուն՝ Ազգը վարչութեան պէս բան մը ունէր, լեզուի պէս բան մը, ու դպրոցի պէս բան մը։ Սոքա ձեռն արկին կերպարանել այս երեք բաներն, որ երեք էական պայմաններն են ազգային յառաջադիմութեան։ Այս ձեռնարկութենէն ծնած Սահմանադրութիւնը, Ուղղախօսութիւնը եւ 1854-ի Ուսումնական խորհուրդը, աւելի երկունք, տքնութիւն եւ զոհողութիւն պատճառած են հեղինակաց, քան(1863–ի) սահմանադրութիւնը․․․»։ «Երբ այնքան տարիներէ ետք մտքովս կը յածիմ այն ժամանակներուն մէջ, ուր լաւ պատերազմը պատերազմեցանք,․․․ երբ աչքիս առջեւ կը բերեմ այնքան խոչընդոտները, այնքան սպառնալիքները, այնքան ահ ու դողը, կը պատէ զիս ու կ'ըսեմ․-Ի՛նչ վեհ է երիտասարդութիւնը»։

«Արդի Հայ գրականութիւն» Մ. Իշխան

«Հայ գրականութիւն» Ս.Սիմոնեան