Զապէլ Պոյաճեան

Զապէլ Պոյաճեան
Ծնած է 1873
Ծննդավայր Ամիդ
Մահացած է 26 Յունուար 1957
Մահուան վայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Միացեալ Թագաւորութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Ֆելիքս Սլեյդի գեղեցիկ արվեստների դպրոց?
Մասնագիտութիւն նկարչուհի, գրագէտ, թարգմանիչ, էսպերանտիստ
Աշխատավայր նկարիչ, գրող, թարգմանիչ

Զապէլ Թովմաս Պոյաճեան, (1873, Ամիդ - 26 Յունուար 1957, Լոնտոն), հայ նկարիչ, գրող, թարգմանիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԶապԷլ Պոյաճեանը ծնած է 1873 թուականին, Տիարպեքիր նահանգի Ամիդ քաղաքին մէջ, Տիրապէքիրի մէջ բրիտանացի փոխ-հիւպատոս Թոմաս Պոյաճեանի եւ Քաթերին Ռոճըրզի (անգլիացի գրող Սամուէլ Ռոճըրզի ժառանգ) ընտանիքին մէջ։ Համիտեան ջարդերու ժամանակ հօր սպանութենէն յետոյ, 1895 թուականին մօր եւ եղբօր՝ Հենրիի հետ տեղափոխուած են Լոնտոն, ուր սորված է Սլէյտ գեղարուեստի դպրոցին մէջ։ Տիրապետած է անգլերէն, հայերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, շուէտերէն, էսպերանտօ լեզուներուն։ Պոյաճեանը եղած է էսպերանտոյի միջազգային ընկերակցութեան Լոնտոնի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն: 1907 թուականին իբրեւ դերասանուհի մասնակցած է Քեմպրիճի մէջ կազմակերպուած էսպերանտոյով թատերական մէկ ներկայացման։

Գրական Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոյաճեանը նաեւ ստեղծագործած էր։ Առաջին նորավէպը՝ «Եսթեր. կեանքի մը սիրավէպը», ուր նկարագրուած են Սասունի ջարդերը, հրատարակուած է 1901 թուականին։ Գիրքը հրատարակած է «Վարդենի» գրչանունով։ Մօտ եղած է վիպասան Րաֆֆիի կնոջ՝ Աննա Րաֆֆիի եւ անոր որդիներուն՝ Արամի եւ Արշակի հետ, որոնք Լոնտոն տեղափոխուած էին Րաֆֆիի մահէն յետոյ։ «Արարատ» ամսագրին մէջ Պոյաճեանը Րաֆֆիի վէպերէն թարգմանութիւններ հրատարակած է։

Անգլերէն թարգմանած է եւ առանձին գրքով հրատարակած է Աւետիք Իսահակեանի «Աբու Լալա Մահարի» վիպերգը, որ ունեցած է երեք տպագրութիւն։ Պոյաճեանն իր ամենամեծ գրական յաջողութիւններէն համարած «Շէյքսփիրին ի պատիւ գիրք» ծավալուն հատորին մէջ ընդգրկուիլը։ Այդ ժողովածուին մէջ զետեղուած են տարբեր ազգերու հեղինակներու հոդուածներ կամ բանաստեղծութիւներ։

Պոյաճեանը մահացած է Անգլիոյ Սիֆըրտ բնակավայրին մէջ, 1957 թուականին։

Նկարչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զապէլ Պոյաճեանը ստեղծած է բազմաթիւ նկարչական աշխատանքներ՝ դիմանկարներ եւ բնանկարներ, որոնց շարքին՝ Րաֆֆիի եւ զօրավար Անդրանիկի իւղաներկ դիմապատկերները։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

* Armenian Legends and Poems. Trans. Z. C. Boyajian. New York։ Columbia University Press, 1st ed., 1916.
* Gilgamesh։ A Dream of the Eternal Quest. London։ George W. Jones, 1924.
* In Greece with Pen and Palette. London։ J.M. Dent & Sons, 1938.

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։