Երուանդ Շահազիզ

Երուանդ Շահազիզ
Ծնած է 13 Յունուար 1856(1856-01-13)
Ծննդավայր Աշտարակ, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 12 Օգոստոս 1951(1951-08-12)[1] (95 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Լազարեան Ճեմարան
Մասնագիտութիւն գրականագէտ, պատմաբան

Երուանդ Շահազիզ (Շահազիզեան, 13 Յունուար 1856(1856-01-13), Աշտարակ, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 12 Օգոստոս 1951(1951-08-12)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), բանասէր, ազգագրագէտ եւ ուսուցչ։ Խորհրդային Հայաատանի գիտութիւններու վաստակաւոր աշխատող։

Սմբատ Շահազիզի եղբօրորդին։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Աշտարակ։ Երեւանի գաւառական դպրոցը աւարտելէ ետք (1870), իր ուսումը շարունակած է Մոսկուայի մէջ, ուր շրջանաւարտ եղած է Լազարեան ճեմարանէն (1879) եւ յաջորդ երեք տարիներուն հետեւած է լիսէի բաժինին։

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

35 տարիներ (1882-1917), եղած է ուսուցիչ, փոխ տնօրէն եւ տնօրէն՝ Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցին մէջ, իսկ 1918-1921-ին՝ ուսուցիչ Տոնի Ռոստովի աշխատաւորական դպրոցին մէջ ու տեղական հայկական թանգարանի տնօրէն։

1918-1919-ին, Նոր Նախիջեւանի ու Տոնի Ռոստովի հայութեան «Հայ համայնք» շաբաթաթերթի խմբագիրներէն մէկը եղած է։

1922-ին, Շահազիզի կեանքին մէջ նոր շրջան մը բացուած է, երբ հրաւիրուած է Երեւան՝ Խորհրդային Հայաստանի պատմա-մշակութային կեդրոնական թանգարանի (այսօր՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան) ստեղծման մասնակցելու։ Իր հետ բերած է Նոր Նախիջեւանէն նիւթերու հարուստ հաւաքածոյ մը, եւ յաջորդ տասնվեց տարիներուն աշխատած է որպէս պատմագրական բաժնի վարիչ։

1938-ին, նշանակուած է Գրականութեան հիմնարկի գիտաշխատող (1943-էն՝ Գիտութիւններու Ակադեմիայի մէկ մասը)։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երուանդ Շահազիզ բեղուն հեղինակ մը եղած է։ Առաջին շրջանին, բազմաթիւ գործեր արտադրած է Նոր Նախիջեւանի պատմութեան մասին[3][4], որոնց շարքին՝ Միքայէլ Նալբանդեանի կենսագրութիւն (1897) եւ տեղւոյն համայնքի պատմութեան ու սովորութիւններուն մասին երկու գիրք (1903)։

Հայաստան փոխադրուելէ ետք, «Հին Երեւան» պատմա-ազգագրական աշխատութիւնը գրած է (1931), Նալբանդեանի մասին վաւերաթուղթերու հաւաքածոյ մը (1932), Խաչատուր Աբովեանի վաւերաթուղթերու հաւաքածոյ մը եւ կենսագրութիւն (1940 եւ 1948) եւ Սմբատ Շահազիզի կենսագրութիւն (1944), այլոց շարքին։

Աշտարակի մասին պատմութիւն մը գրած է, որ լոյս տեսած է յետմահու (1987), եւ անտիպ ձգած՝ Չէրքէզիոյ եւ չէրզէզահայութեան մասին մենագրութիւն մը։

1944-ին, Շահազիզ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի տիտղոսը ստացած է եւ անկէ երկու տարի ետք՝ Խորհրդային Հայաատանի գիտութիւններու վաստակաւոր աշխատողի տիտղոսը[5]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։