Jump to content

Դուինի Պաշարում

Դուինի Պաշարում
Արաբական Արշաւանքները դէպի Հայաստան
Դուինի աւերակները
Թուական 6 դեկտեմբեր 640
Վայր Դուին, Արեւմտեան Հայաստան
Արդիւնք հայ-արաբական պայմանագիրի կնքում
Հակառակորդներ
Կաղապար:Դրօշաւորում/Մարզպանական Հայաստան Պատկեր:Արաբական խալիֆայության դրօշ.png Արաբական Խալիֆայութիւն
Հրամանատարներ
Թէոդորոս Ռշտունի Օմար խալիֆ

Դուինի պաշարում կամ Դուինի ճակատամարտ (արաբերէն՝ مدينة الحصار‎), ճակատամարտ, որ տեղի ունեցած է 6 Դեկտեմբեր 640-ին, Բագրատունեաց Հայաստանի եւ հայկական լեռնաշխարհին վրայ ներխուժած արաբներու միջեւ։

Հայկական զօրքերը գլխաւորուած էին հայոց սպարապետ եւ Հայաստանի մարզպան Թէոդորոս Ռշտունին, որ իր բանակով կը փորձէր կեցնել արաբական ուժերու ներթափանցումը Պարսկաստանէն հարաւային Կովկաս:

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Է. դարու առաջին կիսուն արաբական նուաճումներու արդիւնքը այն էր, որ պատմութեան թատերաբեմին վրայ նոր պետութիւն մը կը յայտնուի, ուրկէ ալ կը սկզբնաւորուի իսլամի գաղափարախօսութիւնը: Նոր ձեւաւորուած պետութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի ընթաքին կրնայ կարեւոր նուաճումներու հասնիլ եւ երկրին արտաքին սահմանները ընդարձակել։

Երբ արաբական հեծելազօրը Պարսկաստանը նուաճեց եւ վճռական ճակատամարտի ընթացքին յաղթեց Բիւզանդական կայսրութեան, անխուսափելի դարձաւ նաեւ հայ-արաբական բախումը։

634-ին Թէոդորոս Ռշտունին, որ հայոց սպարապետն էր, Հայաստանի մարզպան դարձաւ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններու միացեալ զօրքերը գլխաւորող անձ։ Փաստացիօրէն, արաբական արշաւանքներու նախօրէին Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստաններու ղեկավարութիւնը հմուտ կը գտնուէր քաղաքական եւ պետական գործիչ Թէոդորոսի ձեռքերուն մէջ։ 640-ին, արաբները արշաւանք կը կազմակերպեն դէպի Հայաստան։ Օմար խալիֆի հրամանով Իյատ իպն Ղանեմ արաբական զօրքերը կ'առաջնորդէ Ասորիքը գրաւելու, ապա նաեւ Վերին Միջագետքը գրաւելով հաստատուած է յարակից տարածքներու մէջ։

639-ին արաբական զօրքերը Եփրատը կ'անցնին եւ բազմաթիւ քաղաքներ գրաւելով Հայաստանի մատոյցներուն կը հասնին։

640-ին արաբական զօրքերը Արզանն ու Բաղէշը գրաւելով, Աղձնիքէն Հայաստան կը ներխուժեն: Հայաստան այս տարիներուն հիւծած էր, որու պատճառը Հայաստանի տարածքին ընթացող պարսկա-բիւզանդական պատերազմներն էին։ Առաջին արշաւանքի ընթացքին արաբները ծանր պարտութիւն կը կրեն Տարօնի մէջ, սակայն առաջ անցնելով Բզնունեաց երկիրը, Կարինը, Աղձնիքը, Ձորան եւ այլ քաղաքներ կը գրաւեն։

Խլաթի մէջ անոնք բանակցութիւններու միջոցով պայմանագիր կնքած են Խլաթի կուսակալ Փաթրիքի հետ, որ անոնց համար հնարաւորութիւն մը կը ստեղծէ Կարինը գրաւելու:

Դուինի պաշարում եւ աւերում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձորան եւ շրջակայ բնակավայրերը գրաւելէ ետք, արաբական զօրքերը կը շարժին դէպի ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող Դուին բերդաքաղաք։

Արաբական ներխուժման լուրը ստացած Թէոդորոս Ռշտունին վաղուց իր զօրքերով Աղթամարէն Ձորագետ տեղափոխուած էր, սակայն քաղաքը թալանուած եւ կողոպտուած տեսած էր։

Դուին ներխուժելու ժամանակ, արաբները լուրջ դիմադրութեան կը հանդիպին Թէոդորոս Վահնունիի, Խաշեան եւ Շապուհ Ամատունի իշխաններուն կողմէ։ Արաբներու յառաջխաղացքը կանխելու նպատակով իշխանները Դուին տանող Մեծամօրի կամուրջը կ'աւերէին: Միեւնոյն ժամանակ քաղաքի բնակչութիւնը կը տարհանուէր։

Դուինի ուղղութեամբ շարժող հայոց մարզպանական զօրքերը կը տեղափոխուին Նախիջեւան: Ի պատասխան անոր, արաբները կը սկսին Դուին ներթափանցելու գործընթացը։ Դուինը գրոհելու ժամանակ, արաբները իրենց ամբողջ ռազմավարական կարողութիւնները կը բանեցնեն, որոնք ձեռք բերած էին Բիւզանդիոնի եւ Սասանեան Պարսկաստանի դէմ մղուած մարտերու ընթացքին։ Արաբները կը շարունակէին Դուինի դարպասները ռմբակոծել։ Վիրաւորելով քաղաքի հայ պաշտպանները, ի վերջոյ արաբները կը յաջողին սանդուխներու միջոցով քաղաք ներթափանցել։

Ուրբաթ,6 Հոկտեմբեր 640-ին, արաբները արդէն քաղաքը ներխուժած էին։ Յամառ դիմադրութենէ ետք, քաղաքը կ'իյնայ։ Արաբները կողոպուտի կ'ենթարկեն քաղաքի եկեղեցիները եւ Դուինի գանձարանը կը մտնեն։ Դուինի պաշարման եւ գրաւման արդիւնքը այն էր, որ աւելի քան տասներկու հազար մարդ կը զոհուի, իսկ երեսունհինգ հազարը կը գերեվարուին։

Թէոդորոս Ռշտունի լսելով այդ մասին եւ տեղեակ ըլլալով արաբական զօրքերու յետադարձ երթուղիի վերաբերեալ, կը դարանակալէ անոնց Կոգովիտ գաւառը։ Այս քայլով Հայաստանի մարզպանը յոյս ունէր յանկարծակի յարձակումով Դուինը եւ Հայաստանը ազատագրել, ինչպէս նաեւ ազատել հայ գերիները։

Սակայն հայերու յարձակումը կը ձախողի եւ արաբական բանակը Վերին Միջագետք կը վերադառնայ, իրեն հետ տանելով հայ գերեալները, որոնք յետագային Պաղտատի եւ այլ քաղաքներու շուկաներուն մէջ որպէս ստրուկներ կը վաճառուէին[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Արաբական երկրների պատմություն» Archived 2016-03-23 at the Wayback Machine., Հատոր I, Արաբները VII դարից մինչեւ 1516 թ., Երեւան, 2003, էջ 76-78