Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան

Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան
Ծնած է 10 Մարտ 1950
Ծննդավայր Սուրիա Հալէպ
Կրօնք Առաքելական
Կարողութիւն Համայնքային գործիչ
Մասնագիտութիւն Գեղանկարիչ
Աշխատավայր Արուեստագէտ
Կայքէջ

Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան (ծնած է 10 Մարտ, 1950-ին, Սուրիա, Հալէպ): Ամերիկահայ գեղանկարիչ եւ համայնքային գործիչ

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան, հայրենանուէր արուեստագէտը ծնած է բազմազաւակ ընտանիքի մէջ։ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի մեծ հայրն ու հայրը՝ 1915-ի Եղեռնէն մազապուրծ եղած եւ Հալէպ բնակութիւն հաստատած են: Վարուժան Հեճինեան կնքուած է իր մեծ հօր եւ նահատակուած բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի անունով: Ընտանիքի անդամներու այս որոշումը յետագային իրեն համար եղաւ պատուաւոր՝ ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ իր ծաւալած մեծ գործունէութեան համար, եւ ինչպէս գեղանկարիչ արուեստագէտը կը նշէ, որ ինքը իր անունը կը կրէ մեծ նուիրումով եւ պատասխանատուութեամբ:

Նախակրթական եւ երկրորդական ուսումը ՝ 19591969 տարիներուն, կը ստանայ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ։ Դպրոցի ընթացին յաճախած է Հալէպի պետական գեղարուեստի դպրոց եւ Մարտիրոս Սարեան անուան գեղարուեստի ակադեմիան որուն հիմնադիրներէն մէկն էր յայտնի ակնաբոյժ Ռոպերթ Ճէպէճեանը որ պատանի Վարուժանին կը քաջալերէր եւ կը փորձէր օգտակար ըլլալ, սակայն, ինչպէս հետագայ իրադարձութիւնները ցոյց տուին, անոր լաւագոյն օգնականը եղաւ իր տաղանդն ու յամառութիւնը:

Եղեռնը վերապրած հայրը, կեանքի մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով, կը փափաքէր, որ իր կրտսեր որդին կայուն մասնագիտութիւն եւ լաւ ապագայ ունենար, այդ իսկ պատճառով ան ամէն կերպ դէմ էր տղուն՝ նկարիչ դառնալու ձգտումներուն, քանի որ այդ գործը կը նկատէր ժամավաճառութիւն:

Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան իր մանկութեան տարիներուն ունէր ոչ միայն նկարչական, այլեւ դերասանական հակումներ: Վարուժանի երջանիկ ոգեւորութիւնը կը կոտրուէր, երբ հայրը, յայտնաբերելով նկարչական իրերը, պատուհանէն դուրս կը նետէր:

Վարուժանի անկոտրում կամքը յուսահատութիւն չէր գիտեր եւ կը շարունակէր պայքարիլ հօր դիմադրութիւններու դէմ:

Առաջին ցուցահանդէսը Հալէպի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան քանի մը գործեր առնելով կը ներկայանայ Հալէպի մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Պաքրի Նասէրի աշխատասենեակ: Վերջինս ուսումնասիրելով ներկայացուած աշխատանքները եւ ընդառաջելով գովեստի խօսքերուն, կը հեռաձայնէ պետական պատկերասրահը տեղեկացնելու, որ նկարիչ կ՛ուղարկէ, որուն հանդէպ ինք համակրանք ունի եւ նամակով կը հաստատէ ցուցահանդէսի կազմակերպման համար մշակոյթի կեդրոնի հովանաւորութիւնը:

Գեղանկարիչ Վարուժան եւ իր ընկերը՝ գեղանկարիչ Զաւէն Պարտաքճեան կը ձեւաւորեն ցուցահանդէսի գովազդները եւ տպարանի մէջ աշխատող ուրիշ ընկերիոջ մը օգնութեամբ անվճար կը տպեն ցուցահանդէսի յայտարարութիւնները: Օգոստոս 1969-ին Հալէպի Ազգային Պատկերասրահի ցուցասրահին մէջ բացումը կը կատարուի իր առաջին ցուցահանդէսին:

Մեկնում դէպի Հայաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1970-ին կը մեկնի Հայաստան: Վարուժան հոյակապ կը տիրապետէր հայերէնին եւ նոյնիսկ բանաստեղծութիւններ կը գրէր:

1970-ականներուն գեղարուեստական հիմնարկի մէջ ուսումը 6 տարի կը տեւէր՝ որմէ երկուքը կը տրամադրուէր աւարտական վկայականին աշխատանքի համար:

1976-ին, Վարուաժան իր աւարտական վկայականի աշխատանք ընտրած էր հայոց ցեղասպանութեան թեման՝ իր աշխատանքին մէջ նկարած էր «20 կախաղանները»:

Երիտասարդ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը երկու տարի կը մնայ Հայաստան իր տոկթորական աշխատանքը պաշտպանելու համար, սակայն, բախտի խաչմերուկը կտրելով իր հայաստանեան ուղին՝ իրեն կը տանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Մեկնում դէպի Ամերիկա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչեւ Ամերիկա մեկնիլը ան արդէն ամուսնացած էր Գայանէի հետ: երբ առաջին անգամ 1978-ին Վարուժանը կը մեկնի Ամերիկա, կինը՝ Գայանէն, արդէն յղի էր առջինեկով:

1979-ին առանց ընտանիքի կը մեկնի Ամերիկա եւ իր դուստրի աշխարհ գալու լուրը իմանալով անյապաղ կ'որոշէ վերադառնալ Հայաստան: Միացեալ Նահանգներ երկրորդ մեկնումը բարդ սկիզբ ունեցաւ թէ մարմնապէս, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ հոգեպէս:

Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի արուեստի ստեղծագործութեան ոճն ու փիլիսոփայութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գեղանկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի խօսքերով՝ ամէն նկարիչի ստեղծագործութեան մէջ կայ ինքը նկարիչը, ինչպէս օրինակ ամէն մի բանաստեղծութեան մէջ կայ ինքը բանաստեղծը:

Ստեղծագործութիւնները տարբեր թեմաներով են, ատոնց մէջ կարող են առկայ ըլլալ լճակ, լուսին, բնութիւն, կին եւ այլն, որոնք կ՛արտայայտեն արուեստագէտի ներքին խռովքն ու ապրումները, մէկ խօսքով ամէն մէկ ստեղծագործութիւն արուեստագէտի դիմանկարն է:

Լէոնարտօ տա Վինչի նկարած է իր Մատոննաներու շարքը 15-րդ դարուն: Դարեր անցած են եւ շատ բաներ փոխուած են, բայց արուեստի մէջ՝ գրեթէ ոչինչ:

Արուեստը հոգու արտայայտութիւնն է, իսկ հոգին անմահ է: Հոգով նկարուած ստեղծագործութիւնը նոյնպէս անմահ է: Ինչպէս կը տեսնէք նկարը «Երջանկութիւնն Ափերի մէջ, պատկերած եմ հոգու երջանկութեան վերածնունդը, որը ափերի մէջ է, մնում է զգալ ու վայելել, կը գրէ:
- Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան


Գեղանկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան «ELITE LIFE» ամսագիրի թղթակից Լիլիթ Յարութիւնեանի հարցազրոյցի ժամանակ՝ նշած է.

Ես կը ստեղծագործեմ ռոմանթիկ թեմաներով: Իմ ստեղծագործութեան հիմքին ինկած են սէրն ու կինը: Չէ որ կինը ներշնչում է, ստիպում է մարդուն դառնալ կատարեալ, ամ նոր կեանք կու տայ: Ես շատ կը յարգեմ կանանց եւ կը խոնարհիմ անոնց առաջ յանձինս իմ մօր եւ քոյրերուն: Ես կը հասկնամ, թէ որքան դժուար է կին լինելը՝ ան պիտի լինի գեղեցիկ, խնամուած, հոգայ երեխաներու, ամուսինին եւ իր կարիքները, լինի իմաստուն, քայլի բարձրակրունկներով, լինի իտէալական: Այդ, իրօք, չափազանց դժուար է: Իսկ սէրը ես կը համարեմ բոլոր հարցերու ու խնդիրներու լուծումը: Եւ այդ սէրն է արտահյայտուած իմ նկարներուս մէջ , սէրը՝ կեանքի, արուեստի, կնոջ նկատմամբ:
- Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան


Մարդասիրական լոզունկներու ներքոյ մտայղացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996-ին մարդասիրական լոզունքներու ներքոյ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի մտայղացումով կը յայտնուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշեցնող ցուցանակներ Պոսթընի բանուկ փողոցներու վրայ:

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ելեկտրոնային վահանակներու հեղինակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996-էն ի վեր Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան սկսած է մեծ գովազդային վահանակներ տեղադրել Մասաչուսէթսի մէջ մարդոց Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկելու նպատակով:

Յունուար 2015-ին, «Արուեստի խաղաղութիւն» միաւորումը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եւ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը ոգեկոչող գովազդային վահանակներ տեղադրել:

Յունուար 2015-էն սկսած «Խաղաղութեան արուեստ» կազմակերպութիւնը նախաձեռնեց ցեղասպանութեան իրազեկման վահանակներու քարոզարշաւը` «100 վահանակ` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին» խորագիրով` ԱՄՆ-ի տարբեր նահանգներու մէջ եւ Գանատայի մէջ բարձրացնելով ելեկտրոնային եւ կայուն վահանակներ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ զոհերուն յիշատակին:

Առաջին վահանակները տեղադրուած են Մասաչուսէթսի Ֆոքսպորօ եւ Փիպոտի, եւ Ուաշինկթընի Սիաթլ քաղաքներուն մէջ:

Առաջին երկու վահանակներուն վրայ գրուած է. «Դատապարտէ՛ անցեալը: Մի՛ ըլլար յաջորդ զոհը: Յիշէ՛ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը» եւ «1915-2015-ի բոլոր զոհերու յիշատակին»: Իսկ յաջորդ վահանակը կը կրէ «1915-2015. Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակ» գրութիւնը:

«Սա մեր ուղերձն է աշխարհին, որով կը դատապարտենք բոլոր ցեղասպանութիւնները, կոչ կ’ընենք զգօն ըլլալու եւ վերջ դնելու մարդկութեան դէմ կատարուող նման յանցագործութիւններուն», ըսած է:
- [1]«Արուեստի խաղաղութիւն» միութեան նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան:


Առաջին վահանակը բարձրացուած էր Յունիս 2015-ին Շերոնի մէջ, որ կը ներկայացնէր շնորհակալական ուղերձ. «Շնորհակալութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին իր կողմէ մատուցուած պատարագին համար` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին»:

Սեպտեմբեր 2015-ին Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս առաջին անգամ այցելեց ԱՄՆ եւ այդ առիթով «Խաղաղութեան արուեստ» “Peace of Art Inc., կազմակերպութիւնը: Իր երկրորդ վահանակը բարձրացուց Ֆոքսպորոյի մէջ` յիշեցնելու անցորդներուն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի ուղերձը` անոր կողմէ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, ուր ան Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանած էր “20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը”` աւելցնելով. «Չարիքը թաքցնելը կամ ուրանալը նոյնն է, թէ թոյլ տալ վէրքը արիւնահոսի` չվիրակապելով զայն»:

«Թէպէտ «100 վահանակ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին» խորագիրով «Խաղաղութեան արուեստ» կազմակերպութեան վահանակներու քարոզարշաւը յայտարարած էինք փակուած, բայց Պապ Ֆրանչիսկոսի այցը ԱՄՆ առիթ հանդիսացաւ եւս մէկ վահանակով երախտահատոյց ըլլալ պապին` ներառելով իր պատգամը` ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն` կանխելու համար հետագայ արիւնահոսութիւնները, ինչպէս նաեւ ցանկալով կոչ ընել աշխարհի առաջնորդներուն` ունենալ քաջութիւն եւ հետեւիլ պապի օրինակին», ըսած է:
- [2]«Խաղաղութեան արուեստ» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան:


Սեպտեմբեր 2016-ին, Մասաչուսէթս նահանգի տարբեր քաղաքներուն մէջ յայտնուեցան ելեկտրոնային վահանակներ շնորհաւորանքի ուղերձով՝ նուիրուած ՀՀ եւ Արցախի անկախութիւններու 25-րդ տարեդարձին:

«Արուեստի Խաղաղութիւնը» կազմակերպութեան www.peaceofart.org[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Արուեստի Խաղաղութիւնը» www.peaceofart.org անշահոյթ կրթական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան հիմնած է 2003-ին ԱՄՆ-ի Մասաչուսէթս նահանգին մէջ, որ կ՛օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն՝ նպաստելով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծմանը՝ առանցք ընդունելով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացումը արտերկիրին մէջ:

Յաճախակի բարձրացնելով նմանատիպ վահանակներ՝ կազմակերպութիւնը կը խթանէ Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացումը՝

  • ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցը Պոսթըն ողջունող վահանակը,
  • Արցախի քառօրեայ պատերազմին նուիրուած վահանակը. «Աջակցենք Արցախում ընթացող հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը» խորագրով, ինչպէս նաեւ Արցախի կառավարութեան կողմիցէ Արցախին աջակցելու համար ստեղծուած կայքէջի հասցէով։

Արշիլ Կորգի, Մովսէս Խորենացի, երախտագիտութեան, Ոսկէ Մետալ եւ Ֆրիտիոֆ Նանսէն ոսկեայ մետալներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան կը պարգեւատրուի.

2014-ին Երեւանի ազգային պատկերասրահին մէջ՝ սփիւռքի նախարարութեան կողմէն կազմակերպուած անհատական ցուցահանդէսի կապակցութեամբ. Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան արժանացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Արշիլ Կորքի մետալին:

2015-ին ՀՀ անկախութեան 24-րդ տարելիցի առիթով եւ իր հայրենանուէր գործունէութեան համար Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը ՀՀ նախագահի կողմէ պարգեւատրուեցաւ Մովսէս Խորենացի մետալով:

20 Սեպտեմբեր 2016-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ, Հայրենիք-սփիւռք կապերի ամրապնդման եւ հայապահպանման գործին ներդրած աւանդի, մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ ձեռք բերած ակնառու յաջողութիւններու համար Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը ՀՀ նախագահի կողմիցէ պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան» մետալով:

11 Հոկտեմբեր, 2016-ին, հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը պարգեւատրուեցաւ ՀՀ ազգային ժողովի նախագահի «ոսկէ մետալ»ով, որ իրեն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

«Իմ եւ «Արուեստի Խաղաղութիւնը» կազմակերպութեան www.peaceofart.org անունից կը շնորհաւորեմ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-րդ տարեդարձը` բարձրացնելով 6 էլեկտրոնային վահանակներ ԱՄՆ-ի Մասաչուսէթս նահանգի ամենաբանուկ մայրուղիների վրայ՝ ցանկանալով Հայաստանում եւ Արցախում տեղի ունեցող զոյգ հանրապետութիւններու անկախութեան 25-րդ տարելիցին նուիրուած տօնակատարութիւններուն մասնակից դարձնել նաեւ սփիւռքահայութիւնը, ինչպէս նաեւ օտարերկրացիներուն՝ ամրապնդելով հայրենիք-սփիւռք կապը», իր խօսքին մէջ ըսաւ:
- [3]«Արուեստի Խաղաղութիւնը» կազմակերպութեան www.peaceofart.org հիմնադիր նախագահ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը:


27 Հոկտեմբեր, 2017-ին Հայաստանի Ֆրիտիոֆ Նանսէն Հիմնադրամի կողմէ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան պարգեւատրուեցաւ Նանսէնի ոսկեայ յուշամետալով՝ իր մարդասիրական սկզբունքներու հաստատման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղութեամբ ծաւալած գործունէութեան համար:

«Խաղաղութիւնը Ափերու մէջ» դիմանկարը նկարած է աւելի շուտ 2014-ին: Նկարը բաժնուած է 3 մասի եւ կը ներկայացնէ մեծ մարդասէր Նանսէնի գործունէութիւնը:

Առաջին մասը կը ներկայացնէ անոր՝ Հիւսիսային բեւեռ կատարած գիտահետազօտական բեւեռագնացութիւնը, նորվեկիական դրօշը: Կեդրոնական մասին մէջ պատկերած է Աղթամար եկեղեցին, որ կը խորհրդանշէ արեւմտեան Հայաստանը, Սեւ եւ Միջերկրական ծովի միջեւ գտնուող Օսմանեան տարածքին մէջ եղած գցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով 350 հազար հայ գաղթականներ ստացան Նանսէնեան անձնագիր:

Նկարի երրորդ հատուածին մէջ պատկերուած է Նանսէնը՝ մտահոգ գաղթականներու ճակատագրով, եւ խաղաղութիւնը առած իր հոգատար ափերուն մէջ՝ կ՛ապահովէ անոնց ապահովութիւնը:

Այս անզուգական նկարը, Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան նուիրեց Հայաստանի Ֆրիտիոֆ Նանսէն հիմնադրամին, իսկ նկարին կրկնօրինակը Երեւանի Պետական Համալսարանի Նանսէն լսարանին մէջ գտաւ իր արժանի հանգրուանը:[4]
- Պայքար Շաբաթաթերթ Նոյեմբեր 5, 2017 քաղուածք


Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուած է. «Այնչափ ուրախ եմ, որ հայրենիքի մէջ եմ եւ ինծի համար պատիւ է գտնուիլ այս լսարանի մէջ, մեծ մարդասէր նանսէնի ծննդեան օրուան առիթով՝ յարգանքի տուրքս մատուցելու անոր գործունէութեան, որ ինծի համար եղած է ուղեցոյց դեռ պատանեկան տարիներէս:
- Պայքար Շաբաթաթերթ Նոյեմբեր 5, 2017 քաղուածք


Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

https://www.facebook.com/varoujan.hejinian/media_set?set=a.10205407785690909.1073741865.1137624349&type=3