Զաւէն Պարտաքճեան
Զաւէն Պարտաքճեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 30 Մարտ 1948 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Կարողութիւն | Արուեստագէտ, Գեղանկարիչ |
Մասնագիտութիւն | Երկրաչափ՝ Ճարտարագէտ Civil Engineer |
Անդամութիւն | Հայաստանի Նկարիչներու Միութիւն |
Երեխաներ | 4 մանչ՝ Պօղոս, Յարութ, Գէորգ եւ Ռաֆֆի |
Զաւէն Պարտաքճեան (ծն․՝ 30 Մարտ 1948, Հալէպ, Սուրիա), երկրաչափ՝ ճարտարագէտ, արուեստագէտ, գեղանկարիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարտաքճեան ծնած է 30 Մարտ 1948-ին, Հալէպ, Սուրիա: Նախնական Ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանէն ներս: 1970-ին աւարտած է Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը:
1979-ին Աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի ճարտարագիտութեան կաճառը եւ միաժամանակ վարած է համալսարանի գեղանկարչական ցուցահանդէսներու րնղհանուր պատասխանատուի պաշտօնը 1974-1978։
1974-էն սկսեալ եղած է գծագրութեան ուսուցիչ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանին մէջ, ինչպէս նաեւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է Հալէպի Սարեան ակադեմիային մէջ: Հանդէս եկած է անհատական եւ հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներով։
Պարտաքճեան պատւոյ անդամ է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան:
1974-ին Զաւէն Պարտաքճեանի ջանքերով հիմնուած է Համազգայինի անդրանիկ ակադեմիան, որ յետագային 1985-ին պիտի կոչուէր Արշիլ Կորքի Կերպարուեստի Ուսումնարան։
Զաւէն Պարտաքճեան Սուրիոյ Հայ համայնքի գեղանկարիչը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գեղանկարիչ Զաւէնը Սուրիոյ Հայ համայնքի իրականութեան գեղանկարային լեզուին մէջ արդիականութիւնը ներածողներէն մէկը եղաւ, գոյնին տուաւ ծաւալ եւ հնչողական ոյժ, իսկ արժէքին նոր ըմբռնում: Գեղանկարիչին բոլոր գործերը կարելի է միաւորել Մարդու Աշխարհը խորագրին տակ, ուր կան ժամանակակից մարդու տագնապները, մտահոգութիւնները, հոգեկան փլուզումներն ու բարդոյթները եւ կայ անոնցմէ ձերբազատուելու փորձը, յոյսը:
1969-էն սկսեալ կ՛ունենայ անհատական ապա հաւաքական ու խմբային ցուցահանդէսներ:
Զաւէն Պարտաքճեանի գեղանկարչութեան ոճը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան սիրահարն է մարդուն եւ արուեստին։ Ան իր վրձինի մոգական հարուածներով կր պնդէ մարդուն չյայտնաբերուած, բայց վստահաբար ապրուած ամենաթրրթոան բառերր եւ իր գոյներով կիսէ այն,ինչ որ պիտի չրսէր խօսքի վարպետը:
«Գեղանկարչութիւնը կր սկսի հոն. ուր կր վերջանայ բառը, քանի որ ան կր պնդէ, կը վերծանէ այնպիսի հոգեկան ոլորտներ, որոնք բառերով դեռ չեն բնորոշուած»։ - Զաւէն Պարտաքճեան
|
Պարտաքճեանի գեղանկարներուն մէջ գերիրապաշտութիւնն ու արդիապաշտութիւնը տիրական են: Կտաւին իր երանգաշարերը կը ստեղծեն հանդարտ մթնոլորտ բայց յուզառատ հորիզոն: Զաւէն Պարտաքճեան ունի ինքնավստահ վրձին ու ներքին տեսողութիւն, կեանքը ըմբռնելու իւրայատուկ դատողութիւն, անոր համար իր կտաւները իր իսկ էութիւնն են:
«Սուրիական արուեստով հետաքրքրուողները լաւ կը ճանչնան Զաւէն Պարտաքճեանը, որուն 30 եւ աւելի տարիներու ստեղծագործական կեանքը իր կնիքը դրոշմած է ոչ միայն սուրիական այլ համաշխարհային արուեստին վրայ, այն արուեստին որ սահմաններ չունի ու կը թեւածէ համայն մարդկութեան մէջ:
Ան կը շարունակէ ստեղծագործել հակառակ Հալէպի պատերազմական դժուար կացութեան: Եւ կարելի է ըսել, որ գոյներու եւ գիծերու սիրահար ոեւէ անձ պէտք է կարենայ արդարօրէն գնահատել Զաւէնը` մաղթելով որ Աստուած երկար կեանք տայ անոր, որպէսզի շարունակէ ստեղծագործել»: [1]- Կը վկայէ Կիպրոսի Առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
|
«Սուրիացի եւ սուրիահայ արուեստասէրները լաւ կը ճանչնան Զաւէն Պարտագճեանը, որ գեղանկարչութեան արդի դպրոցին մէջ իր երեսուն տարուան վաստակին ինքնատպութեամբ արդէն դասականութիւն մըն է եւ վաստակաշատ հեղինակութիւն մը իբրեւ մանկավարժ եւ արուեստի գործիչ:
Անվերապահ կերպով կարելի է ըսել, որ Զաւէնին տեսադաշտը մարդկային հոգին է, իսկ գեղանկարչութիւնը` այդ անսահմանութեան անդուլ խուզարկուն:» [2]- Բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, մատենագէտ Յակոբ Չոլաքեան
|
Պարտաքճեան կը պայքարի իր ողջ էութեամբ, տարիներ շարունակ իր կողքին ապրող ու երազային Հալէպի խճանկարը պահպանող իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Ան կը գծէ ու գծելով կ՛արտայայտէ Հալէպի նկատմամբ իր սէրն ու անոր կառչած մնալու փափաքը:
Զաւէն Պարտաքճեանի արտայայտող արուեստը Հալէպի պատերազմական տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հալէպահայը մեզի համար դարձաւ ներշնչման աղբիւր, ապրելու վառելանիւթ ու այդ դրամագլուխին կառչելով մենք խօսեցանք Սփիւռքի մէջ հայ մնալու հրամայականին մասին…:
[3] - Երկրչ. Ճարտարագէտ,Գեղանկարիչ Զաւէն Պարտագճեան
|
Զաւէն Պարտաքճեանի արուեստի փիլիսոփայութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարտաքճեան ունի այնպիսի ներաշխարհ մը, որուն մէջ սուզուելով միայն կարելի է ըմբռնել սուրիական թէ հայկական գեղարուեստական հարթակներու վրայ մերթ ընդ մերթ յայտնուող անոր արուեստը ու փորձառութիւնը:
Զաւէն Պարտաքճեանի 2017 թուականի ցուցահանդէսները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 25 Ապրիլ, 2017-ին Հալէպի Պետական համալսարանի, Բժշկական կաճառի «Ալ Րազի» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հալէպի հայ համայնքի արուեստագէտ Զաւէն Պարտագճեանի, 100+ Պահանջքի խորհրդանիշը «Հալածուած Ժողովուրդներու» 1915 - 2017 խորագրով նկարչական ցուցահանդէսը:
- 9 Մայիս, 2017-ին, Հալէպի մէջ, երեքշաբթի, Ճամիլիէ շրջանի «Ալ-Ասատ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հալէպահայ արուեստագէտ Զաւէն Պարտագճեանի, «Միասին ահաբեկչութեան դէմ» խորագրով նկարչական ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Պաըս կուսացութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար ՖատըլՆաճճարի եւ Լրագրողներու Միութեան հովանաւորութեամբ, համագործակցութեամբ՝ Հալէպի գեղարուեստական նկարիչներու Միութեան:
.-
Բանաստեղծութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զաւէն Պարտագճեան ունի նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնք իրենց խօսքի եւ ոճի ինքնատպաթեամբ առաւել եւս կր շեշտեն իր արուեստագէտի խառնուածքը, հարուստ ներաշխարհն ու աշխարհայեացքր։
Անդամակցութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զաւէն Պարտաքճեան պատւոյ անդամ է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան:
Ծանօթագրութիուններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ծննդավայրին Եւ Արմատներուն Կառչած Արուեստագէտը[permanent dead link]
- Հալէպահայ արուեստագէտ Զաւէն Պարտագճեանի ցուցահանդէսը Հալէպի մէջ
- ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԵՒ ԲԱՌԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ[permanent dead link]