Jump to content

Արշիլ Կորքի

Արշիլ Կորքի
անգլերէն՝ Arshile Gorky
Ծննդեան անուն Ոստանիկ Մանուկ Ատոյեան
Ծնած է 15 Ապրիլ 1904(1904-04-15)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Խորգոմ, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն[4][5]
Մահացած է 21 Յուլիս 1948(1948-07-21)[1][6][2][…] (44 տարեկանին)
Մահուան վայր Շերման[7][8]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[9]
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ[4][5]
Ուսումնավայր Գծագրական արուեստի կաճառ
Արուեստի Կեդրոնական Դպրոց
Տեսակ դիմանկար[10], Վերացական արուեստ[6], ինքնանկար[6], լուռ բնութիւն[6] եւ դիմապատկեր[6]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, ձեւաւորող, գծագրող, քանդակագործ
Անդամութիւն Ը. թաղի ակումբ
Ամուսին Marny George?[11] եւ Ակնես Մակրուտըր[11]
Երեխաներ Մարո Գորկի?[12][11] եւ Նատաշա Գորկի?[12][11]

Արշիլ Կորքի (աւազանի անունով՝ Ոստանիկ Ատոյեան, 15 Ապրիլ 1904(1904-04-15)[1][2][3][…], Խորգոմ, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն[4][5] - 21 Յուլիս 1948(1948-07-21)[1][6][2][…], Շերման[7][8]), ամերիկահայ գեղանկարիչ։

Կորքի հիմնական դեր ունեցած է գեղանկարչութեան վերացական արտայայտչապաշտ ուղղութեան վրայ։

Ռոթքոյի, Ճեքսըն Փոլոքի եւ Ուիլիըմ տը Քունինկի հետ միասին, Կորքի հռչակուած եւ ընդունուած է իբրեւ Ի. դարու ամերիկացի ամէնէն ազդեցիկ նկարիչ-գծագրիչներէն մէկը։

Անոր գործերը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ապրած տառապանքին եւ կրած կորուստներուն ազդեցութիւնը կը կրեն։[13]

Ոստանիկ Ատոյեան (Մանուկ) ծնած է 1902-1904, Վանի մօտակայքը գտնուող Խորխոմ գիւղը, Վանայ լիճի ափին՝ ըլլալով ծնողներու Բ. ամուսնութեան երկրորդ զաւակը:

Հայրը`Սեդրակ, երեսունի վերջերուն, ագարակապան եւ ձեռներէց մարդ էր, այրի՝ մէկ զաւակով: Մայրը՝ Շուշան, տասնվեց տարեկան, նոյնպէս այրի էր, ամուսինը կորսնցուցած՝ 1896-ի ջարդերուն, իսկ երկու զաւակները որբանոց յանձնած, որպէսզի կարենար ամուսնանալ: Ամուսնութիւնը սիրոյ վրայ չէր հիմնուած, այլ`յարմարութեան:

Հայրը 1908-ին կը մեկնի Ամերիկա`խուսափելով թրքական զօրակոչէն, նկատի ունենալով, որ թուրքերը առաջնագիծի վրայ կը ղրկէին հայերը`սպաննելու նպատակով:

1915-ին Շուշան իր երկու զաւակներով կը հեռանայ Խորխոմէն, կ'անցնի Արեւելեան Հայաստան:

1919-ին, Երեւանի մէջ մայրը սովամահ կ'ըլլայ, հակառակ որ Ոստանիկն ու քոյրը` Վարդուշը, ամէն օր կ'աշխատին, որպէսզի իրենց մօր համար ուտելիք ճարեն, մինչ Շուշան կը պահէ ուտելիքը զաւակներուն համար: Շուշանը կը թաղեն այդ օրուան մեռեալներուն հետ, հասարակաց գերեզմանի մը մէջ:

Վարդուշն ու Ոստանիկը ազգականներու եւ այլ հայերու օգնութեամբ կը հասնին Պոլիս, յետոյ Աթէնք եւ վերջապէս`1920-ին, պատանի Ոստանիկն ու քոյրը կը հասնին Ուոթրթաուըն` Պոսթըն (Ամերիկա), ուր կ'ապրէին հայրն ու խորթ եղբայրը: Հանդիպումը դրական չ'ըլլար:

1926-1945 Ոստանիկ կը նկարէ մայրն ու ինքզինք`հիմնուելով 1912-ի պատկերի մը վրայ: Այս նկարը կը հանդիսանայ իր ստորագրութիւնը եւ թերեւս ամէնէն ճանչցուածը:

Իր ինքնութիւնը փոխելու ցանկութենէն մղուած, կ'որդեգրէ «Արշիլ Կորքի» անունն ու մականունը, ինքզինք վրացի ազնուական կոչելով (վրացական Արշիլ անունը առնելով), նոյնիսկ պնդելով, թէ ինք Ռուս գրագէտ Մաքսիմ Կորքիին հարազատն է։ Անշուշտ այս լուրը անհիմն էր, «Մաքսիմ Կորքի» պարզապէս գրչանուն էր: Կարծիք մը կայ, որ այլ իմաստներ ալ ունեցած է Կորքի կեղծանունը. օրինակ`Արչի Կան, Արշէլ Կորքի Այշարելի իմաստը` սեւ հոգի էր. Կորքի ըսած է, որ մայրը զինք «սեւը, որ լաւ վերջաւորութիւն պիտի չունենայ» անուանած է: Նաեւ տեսակէտ մը կայ, որ Խորխոմի հին քարտէսներու անուանումը «Կօք» էր, Կորքի իր կեղծանունին վերագրած է «Խորխոմի անիծեալը» մակդիրը[14]:

Մէկ բան կը կրկնուի, որ Կորքի տեղին համեմատ կը խօսէր եւ պատմութիւններ կը յօրինէր, օրինակ` իր ծննդեան թուականը կը կարծուի, որ ճիշդ չէ: Բարեկամ մը կը գրէ, որ Կորքի աւելի տարիքոտ կը թուէր ըլլալ, քան ինչ որ կ'ըսէր: Ան ծնած էր 1902-1904 թուականներուն միջեւ: Իր երեխաներուն դայեակը կը յիշէ զինք իբրեւ շատ գեղեցիկ մարդ մը, թուխ եւ տրամաթիք` միշտ կրելով սեւ կէյփը եւ խիտ պեխերը: Ան գեղեցիկ կերպար մըն էր նաեւ Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ`իր բարձր հասակով, վերարկուի փէշերը օդին տուած, երբ կը քալէր:

Հակառակ իր աղքատութեան`Կորքի կը յաջողի մասնագիտանալ նկարչութեան մէջ՝ թէ՛ դասընթացքներու հետեւելով եւ թէ ինքնաշխատութեամբ: Նշանաւոր ամերիկացի գեղանկարիչ, Կորքիի աշակերտ Վիլհելմ տը Քունինկ գրած է, որ Կորքի դիտելու, տեսնելու յատուկ կարողութիւն ունէր, ինչ որ տը Քունինկ չէր կրցած ձեռք ձգել դասընթացքներու միջոցով իսկ:

Կորքիի աշխատակիցներն ու բարեկամները շատ կը սիրէին զինք, կը հետեւէին իր ուղիին:

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փոքր տարիքին Խորխոմի ուսուցիչը կը նկատէ Ոստանիկին տաղանդը`անոր նկարելու մեծ սէրը: 

Երբ քաուչուկի գործարան մը կ'աշխատէր, կ'ուզէր միայն նկարել: Գործարանին մէջ, ժամանակին մեծ մասը կ'անցընէր կտուրին`սեւ թուղթի վրայ նկարելով: Հակառակ անոր, որ աշխատակից մը կը ծածկէր Ոստանիկին բացակայութիւնը, գործարանատէրը շուտով կը հասկնայ եւ գործէն կ'արձակէ երիտասարդ նկարիչը:

Ան Նիւ Ինկլանտ նահանգին մէջ տարբեր վայրեր կը բնակի, ուր նկարչութեամբ կը զբաղի: Կարճ ժամանակ մը գծագրութեան դասեր կ'առնէ Փրովիտենսի արհեստից ուսումնարանին մէջ: Նաեւ պատմութիւն մը կը յօրինէ, ըստ որուն, ճարտարապետութիւն կ'ուսանէր Պրաուըն համալսարանին մէջ:

  • Կորքի 1922-ին կ'արձանագրուի Պոսթընի Նիւ Սքուլ օֆ Տիզայն (անգլ.՝ New School of Design) համալսարանը: Հետեւաբար հոն կիսաժամ ուսուցչութեան կը սկսի: Ան յաճախ աշակերտները կը խրախուսէր, որ նկար մը գեղարուեստական պէտք է ըլլայ` լաւ ըլլալու համար: Այս ընթացքին կը բնակի Նիւ Եորք, ուր կ'ազդուի Փոլ Սէզանէն (անգլ.՝ Paul Cézanne):
  • 1925-ին Էտմընտ Կրիսըն (անգլ.՝ Edmund Greacen) Կրենտ Սենթրըլ Արթ Կելըրիզի (Grand Central Art Galleries) տնօրէնը, իրեն կ'առաջարկէ Կրենտ Սենթրըլ Սքուլ Աֆ Արթ (Grand Central School of Art) ուսումնարանին մէջ ուսուցչութիւն ընել: Կորքի այս առաջարկը կ'ընդունի եւ մինչեւ 1931 հոն կը մնայ: Կորքի իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Նիւ Եորքի «Իւնիոն Սքուեր» թաղի աշխատանոցին մէջ. 1925-ին, Պոսթընի ընկերոջը կ'ըսէ. «կ'երթամ Նիւ Եորք`դասաւանդելու. կամ` մեծ արուեստագէտ մը պիտի դառնամ, կամ`յանցագործ մը»: Մօտէն կը բարեկամանայ արուեստը գնահատող, շատ արուեստագէտներու յանձնակատար (էյճընթ) Ժուլիէն Լեւիի հետ:
  • 1927-ին, Կորքի Էթըլ Քրեյմըր Շուապակըրի (անգլ.՝ Ethel Kremer Schwabacher) հետ կը ծանօթանայ ու անբաժան ընկերներ կը դառնան: Շուապակըր կ'ըլլայ իր առաջին կենսագիրը: Կորքի կ'ըսէ.
Հոգեկան սնունդը արուեստագէտի սերմն է: Երեւակայութիւնը արուեստագէտին վրձինին մազերն են: Ինչպէս որ աչքը ուղեղին զգայարանն է, արուեստն ալ իմ ամէնէն խոր ըմբռնումովս, իմ աշխարհահայեացքովս հաղորդուելու միջոցս է:


Այն ատեն անունը կը փոխէ`զանազանուելու համար իր անտարբեր հօրմէն ու խորթ եղբօրմէն: Մինչեւ 1930 կը ներկայանայ իբրեւ Արչի Կան, ապա`Արշիլ Կորքի:

Սոլոմոն անունով արուեստի լրագրող մը կը նկատէ, որ Կորքիի գործերուն մէջ ակնյայտ են իր հայկական անցեալէն խորհրդանշաններ՝ մաշիկ մը, ծառ մը, արօր մը եւ գոգնոց մը: Օրինակ` իր «Լեարդը աքլորին սանտրն է» (1944) մեծ աշխատութիւնը պարտէզ մըն է` ծածկուած կարմիր մարմինի կտորներով: Կարեւոր աշխատութիւններէն է Նիւ Եորքի օդակայանի պատին նկարը, որ վաթսունականներուն ի յայտ կու գայ ու կը փրկուի:

Արշիլ Կորքիի ստեղծագործական կեանքը լաւագոյնս կրնայ դրսեւորել յետեղեռնեան սերունդի ոգեղէն հայրենիք «որոնելու» տագնապներն ու անոնց անդրադարձը ազգային ու մարդկային խնդիրներու վրայ:

Հակառակ անոր, որ տիրող կարծիքը այն է, թէ Կորքի վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ (Abstract-Expressionism) դպրոցի հիմնադիրն է, բայց իրականութեան մէջ ան ընդոծին ոգեպաշտ (hylozoist) մըն էր: Կորքիի համար ապրող բոյսերէն, քարերէն ու ոսկորներէն աւելի կենսական նշանակութիւն ունէր «ապրող երազներ»ու բնորոշումը, որոնք յիշողութեան ճամբով կը բացուէին իր արուեստին վրայ`իբրեւ տեսիլք, իբրեւ անցեալի երփներանգ վերապրում: Կորքի կ'ըսէ.

Մենք կորսնցուցինք մեր գեղեցիկ Հայաստանը, եւ ես պէտք է վերականգնեմ զայն իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ:

Ահաւասիկ`ուրկէ կը բխի ոգեղէն հայրենիք կերտելու անխուսափելի ցանկութիւնը, որ ակամայ կը շրջանցէր անկախութեան գաղափարն ու անոր գեղարուեստական դրսեւորումը[15]:

Կորքի համոզումով կը պնդէր.

Մենք կարճ ժամանակի ընթացքին հարկադրաբար շատ բան տեսանք ու ապրեցանք: Տեսանք թուրքերու ոճրագործութիւնները, կոտորածն ու Եղեռնը, մեր գաղթը, մեր երկրի կործանումը: Ես կը յիշեմ այս բոլորը: Մենք` ողջ մնացածներս, չենք կրնար այս բոլորին չհակադարձել հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ:

Այսպիսով, Կորքի ոչ միայն ինքզինք այլեւ յետեղեռնեան ամբողջ սերունդը յանձնառութեան տակ կը դնէր` հակադարձելու հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ: Սակայն խօսքը «ակն ընդ ական» վրէժխնդրութեան մասին չէ, այլ` գեղարուեստական հզօրութեան, ինքնահաստատման եւ յատկապէս ինքնատիպ ու բարձրորակ մշակոյթի մը պաշտպանութեան եւ նորի ստեղծման: Այդ ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող կարծիքը այն էր, որ հայերը անմշակոյթ, թշուառ ու թափառաշրջիկ ցեղի մը մնացուկներն են, եւ այդ պատճառով ալ զանոնք կ'անուանէին «սոված հայեր» (Starving Armenians): Այս ստորնացուցիչ արտայայտութենէն բացի`կար աւելի սարսափելի եւ ուղղակի թշնամական վերաբերումը: Օրինակի համար, տիտղոսաւոր ազգագրագէտ մը սնամէջ ամբարտաւանութեամբ կը յայտարարէր. «Հայերն ու յոյները շուներ են ու խոզեր: Սեփական ոչ մէկ բան ունենալով հանդերձ, ո՛չ հայրենիք, ո՛չ տուն, ո՛չ ունեցուածք, կը փորձեն չենթարկուիլ թուրքերուն»: Երբ նմանօրինակ կարծիքներ ու կեցուածքներ կային հայութեան հանդէպ աշխարհի տարածքին (սկսեալ` ամերիկեան ու եւրոպական երկիրներէն մինչեւ Ռուսիա ու նոյնի՛սկ Լիբանան), հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ սփիւռքահայ արուեստագէտի ազգային արժանապատուութեան վիրաւորանքը պիտի ըլլար այնքան մեծ եւ խոր, եւ որ իբրեւ բաց վէրք իր անդրադարձը պիտի գտնէր իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Չարամիտներու կողքին թէեւ կային շատ աւելի մեծ թիւով գթասիրտ ու խղճամիտ անձնաւորութիններ, որոնք նոյնի՛սկ օգնութեան ձեռք կ'երկարէին հայութեան, սակայն շատերու համար այս մէկը եւս տեղ մը տհաճ էր եւ վիրաւորական, որովհետեւ սեփական ազգային ուժ ստեղծելու եւ անոր վրայ յենուելու գաղափարը թէեւ կար, սակայն զայն իրագործելու կամ ծրագրաւորելու գործնականացումը չկար:

Կորքի եւ իր ժամանակակիցները քրիստոնէաբար կը պատասխանեն այդ հակամարդկային կեցուածքներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ անոնց արուեստին մէջ չկայ վրէժխնդրութիւն եւ կամ վայրագութեան հրահրում:

  • 1931-ին, Կորքի, գործերուն մէկ մասը Նիւ Եորքի «Տաուն Թաուն Կելըրի» (Downtown Gallery) կը ղրկէ, ուր անոնք 100 տոլարէն 450 տոլար կը գնահատուին: (Պատկերասրահին արձանագրութիւնները արուեստագէտին անունը «Archele Gorki» ձեւով կը գրեն: Այս ժամանակաշրջանին Կորքիին գործերուն մեծամասնութիւնը չեն ստորագրուած):
  • 1933-ին, Արշիլ Կորքի «Ուորքս Փրոկրես Էտմինիսթրէյշըն Ֆետերըլ Արթ Փրոճեքթ» «Works Progress Administration Federal Art Project»ի մէջ աշխատող առաջին արուեստագէտներէն մէկը կ'ըլլայ, Ալիս Նիլի (անգլ.՝ Alice Neel), Լի Քրեսնըրի (անգլ.՝ Lee Krasner), Ճեքսըն Փոլլօքի (անգլ.՝ Jackson Pollock), Տիէկօ Ռիվերայի (անգլ.՝ Diego Rivera) եւ Մարք Ռոթքոյի ընկերակցութեամբ:
  • Կորքիի սկզբնական գործերը եւրոպական արուեստի ոճերը կ'ընդգրկէին, որ ըսել կու տար ոմանց, թէ Կորքիի արուեստը իւրայատուկ չէր: Այդ օրերուն Փարիզը արուեստի աշխարհի սիրտն էր: Կորքի հիացած էր Փիքասոյով ու Սեզանով`զանոնք սերտելով կը սորվէր: Փարիզէն վերադարձին կը յայտարարէր, որ ուսանած է Փարիզի մէջ: Օր մը, երբ քննադատ մը նկատողութիւն կ'ընէ, որ ներկի գետակ մը կը կաթէր Կորքիի նկարչութենէն, Կորքի կը պատասխանէ. «Երբ Փիքասօ կը կաթի, ես ալ կը կաթիմ»…:

«Գիշերաժամ»ը (Nighttime), «Առեղծուած»ը (Enigma) եւ «Հայրենաբաղձութիւն»ը (Nostalgia) (1930-1934) գործերու բարդ շարք մըն է, որ կը յատկանշէ այդ ժամանակաշրջանի իր գործին եւ ոճին հոլովոյթը։ «Վարպետ Պիլին Դիմանկարը» (Portrait of Master Bill) կտաւը կը նկարագրէ Կորքիին նկարիչ ընկերը՝ Ուիլլեմ տը Քունինկը։ Տը Քունինկ կ'ըսէ.

Ահագին արուեստագէտներու հանդիպած եմ, բայց յետոյ հանդիպեցայ Կորքիին... Իր մեծ ձիրքն այն է, որ միշտ նպատակակէտին կը հասնի. տպաւորի՛չ։ Ուրեմն անմիջապէս իրմով հետաքրքրուեցայ եւ մտերիմ ընկերներ դարձանք։ Հաճելի էր նոր տեղ մը հանդիպող երկու օտարներ ըլլայ։

Սակայն նոր պատահած հրատարակումներ կը հաստատեն, թէ նկարը տը Քունինկը չի նկարագրեր, այլ շուետացի ատաղձագործի մը դիմանկարը։ Կորքի ինքզինք կը կոչէր Մասթըր Պիլ (անգ. Master Bill) ու իրեն գեղարուեստի դաս տուած էր իր աշխատանքին փոխարէն։

Երբ Կորքի իր նոր գործը ցոյց կու տայ Անտրէ Պրեթոն 1940-ներուն, նոր ստեղծած նկարչութիւնները տեսնելէ ետք, մանաւանդ «Լեարդը աքլորին սանտրն է» (The Liver is the Cock's Comb) կտաւը, կը հաստատէ, թէ Կորքի գերիրապաշտ է։ Պատկերը կը ցուցադրուի գերիրպաշտներուն վերջին ցուցահանդէսին ընթացքին, «Galerie Maeght»-ը, Փարիզ, 1947-ին։

Արշիլ Կորքիի տեղն ու դերը արուեստի պատմութեան մէջ կը վկայէ Անտրէ Պրեթոն.

Կորքի Միացեալ Նահանգներու արուեստի պատմութեան մէջ երբեւիցէ եղած գեղանկարիչներուն ամէնէն մեծն է եւ իւրայատուկը:

Ամերիկացի արուեստաբաններէն շատեր, ինչպէս` Ճոն Կրահամ, Հարրի Ռանտ, Ճիւլիըն Լէյվի եւ տասնեակէ մը աւելի ուրիշներ բարձր կը գնահատէին անոր արուեստը, սակայն չէին հասկնար զինք: Կորքի կ'առարկէ.

Անոնք մօրս աչքերը փիքասոյական կը համարեն, իսկ հայոց թախիծը` բիւզանդական կամ ռուսական. երբ կ՛ուղղեմ անոնց սխալները, անոնք կը պատասխանեն, որ այդ ուղղումները, փոքր ազգերու յատուկ չափազանցուած ազգայնամոլութիւն են: Այս մէկը կը կատղեցնէ զիս… Արուեստը ազգայնամոլութենէ վեր է եւ կը ներկայացնէ համընդհանուր մարդկային աչքը: Իմ արուեստս մեր դժբախտ ժողովուրդին ինքնաարտայայտութիւնն է:


Մայքըլ Օփինկ (անգլ.՝ Michael Auping), «Ֆորթ Ուորֆի» Արդի Արուեստի թանգարանին (Modern Art Museum) ցուցահանդէսներուն կազմակերպիչներէն մէկը, այդ պատկերին մէջ կը զգայ «զօրաւոր սեռական խաղարկութիւն» մը, իր հայկական անցեալէն կարօտագին ակնարկութիւններով միաձուլուած։

1944-ին իր գործերը ցոյց կու տան, թէ հետզհետէ ինք կ'անկախանայ Սէզանի եւ Փիքասոյի ազդեցութիւններէն, դէպի իր անձնական ոճը, եւ անկասկած իր լաւագոյն երկերէն մէկն է «Լեարդը աքլորին սանտրն է» (The Liver is the Cock's Comb) նկարը։ Շատ լայն է ինքը, ու կը նկարագրէ «վերացական, կիսաթափանցիկ գոյներով ներկուած թաց փետուրներով լեցուած, որոնք փշոտ, կարծես պատռուած ձեւերու շուրջը հաւաքուած են, նեղ, սուր սեւ գիծերով ներկուած, կտուցներ ու ճանկեր ձեւացնող տեսարան մը»։

Ան հաճելի բնաւորութիւն ունէր. ուրախ, գեղեցիկ եւ գրաւիչ երիտասարդ էր: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ի լրագրող մը կը նկարագրէր Կորքին` իբրեւ «Կարօտի բանաստեղծ» ու կ'աւելցնէր.

Քիչ արուեստագէտներ այնքան արժեւորուած էին իրենց աշխատակիցներուն կողմէ, որքան Կորքին էր:


Լրագրողներէն ոմանք իր իւրայատուկ տաղանդը կը վերագրէին իր տխուր անցեալի փորձառութիւններուն: Սակայն, բացի Կորքիի մօր հետ նկարէն, եւ քանի մը խորհրդանշաններէ, Կորքի չէր արտայայտած իր հայկականութիւնը: Նո՛ր անձ մը ստեղծած էր Նոր Աշխարհին մէջ:

Ըստ մէկ այլ լրագրողի, Կորքի արուեստի աշխարհ եկած էր փոխարինելու այն ընտանիքը, զոր կորսնցուցած էր Հայաստանի մէջ:

Անձնական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արուեստագէտ Քորին Միշել Ուեսթ (անգ. Corinne Michelle West) Կորքիին մուսան էր, եւ հաւանաբար իր սիրահարը, բայց Քորինը բազմիցս ամուսնութեան առաջարկներ մերժած էր։

1941-ին, Կորքի կը հանդիպի 18-ամեայ Ագնէս Մակրուտըրի հետ (1921-2013), աղջիկը` բարձրաստիճան նաւային սպայի մը, որուն Կորքի փաղաքշանքով պիտի անուանէր «Մուկուչ»` ընկերներուն ըսելով, թէ Մուկուչի իմաստն է`«Իմ հզօր փոքրիկս»: Զոյգերը կ'ամուսնանան Վիրճինիա քաղաքին մէջ (Նեւատա) 1940-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ շրջան մը կենակցելէ ետք: Երկու աղջիկ կ'ունենան՝ Մարօն ու Եալտան (քանի մը ամիս ետք վերակոչուած Նաթաշա)։

Մուկուչն ու աղջիկները յաճախ ամառները կ'անցընեն Մուկուչին մօր մօտ, Վիրճինիայի մէջ, կամ`Պոսթըն: Ընտանիքը քանի մը անգամ կը փոխադրուի: 1946-էն սկսեալ, Կորքի դժուարութիւններու կը հանդիպի։ Իր աշխատանոցին մէջ կրակ կը բռնկի ու իր վերջի երեք տարիներու նկարները կ'այրին: Կը բնակի Հեպելնի «ապակիէ» վերանորոգուած տան մէջ, Շրմընի մէջ: Շրմընի մօտ կը բնակէին Կորքիի բարեկամները, ինչպէս Ճուլիէն Լեւին: Կորքի միայն երեք տարի կ'ապրի Շրմընի մէջ: Քաղցկեղով կ'ախտորոշուի (աղիքի ծանր վիրահատութեան կ'ենթարկուի), որ իր կեանքն ու կնոջ հետ յարաբերութիւնը կը փոխէ: Քանի մը տարի ետք, երբ կինը կը սպառնայ բաժնուիլ իրմէ ու աղջիկներով կը հեռանայ, Կորքի ինքնաշարժի ծանր արկածի մը զոհը կը դառնայ (միաժամանակ կ'անդրադառնայ Մուկուշին անհաւատարիմ ըլլալուն, Ռոպերթօ Մաթթա նկարիչին հետ):

1948-ին, իր բարեկամը` Ժուլիէն Լեւի, որ Շրմընի մէջ կը բնակէր, անձրեւոտ օր մը, Կորքիին տուն տարած ժամանակ, ինքնաշարժը կը շրջի եւ Կորքիի ողնայարը կը վնասուի: Լրագրողները այն տպաւորութեան տակ կ'ըլլան, որ Կորքի չի կրնար նկարել այդ արկածէն ետք, մինչ Լեւին կը գրէ, որ երբ քանի մը շաբաթ անց Կորքիին կ'այցելէ, Կորքին ու կինը պաստառ կը պատրաստէին:

Արկածէն ետք, Չորեքշաբթի մը, Կորքի կը հեռաձայնէ Ռոքսպըրիի եւ Նիւ Եորքի իր բարեկամներուն` զանազան պատրուակներով: Քանի մը բարեկամներ մտահոգ, որ ինքզինքին չվնասէ, կապ կը պահեն Կորքիի հարեւաններուն հետ` խնդրելով, որ աչք պահեն Կորքիի վրայ:

Դրացիները յաջորդ օրը տունը պարապ գտնելով` տարածքը կը պրպտեն, մինչեւ որ Կորքիի շունը զիրենք կ'առաջնորդէ այն ցախանոցը, ուր Կորքի սովորութիւն ունէր երթալու եւ խոկալու: Հոն գերանէ մը կախուած կը գտնեն Կորքին ու գերանի մը վրայ փորագրուած` իր հրաժեշտի խօսքերը սիրելիներուն:

1948-ին, դժուար կ'ըլլայ Կորքին թաղել, որ անձնասպան եղած էր Շրմընի մէջ, 44 տարեկանին։ Մեթոտական եկեղեցին կը մերժէ թաղման կարգը կատարել, բայց վերջապէս թոյլ կու տայ թաղել` առանց արարողութիւն կատարելու:

Հարեւանները յաջորդ օրը տունը պարապ գտնելով` տարածքը կը պրպտեն, մինչեւ որ Կորքիի շունը զիրենք կ՛առաջնորդէ այն ցախանոցը, ուր Կորքի սովորութիւն ունէր երթալու եւ խոկալու: Հոն գերանէ մը կախուած կը գտնեն Կորքին ու գերանի մը վրայ փորագրուած` իր հրաժեշտի խօսքերը սիրելիներուն:

Մուկուչ, լսելով, անմիջապէս կը վերադառնայ Շրմըն, ներկայ կ'ըլլայ թաղման եւ կը հեռանայ` հարեւաններուն ըսելով, որ կը մտադրէ Նիւ Եորք հաստատուիլ:

Կորքի երկար ատեն խոր տխրութիւն զգացած էր, նոյնիսկ`աղջնակին հարց տուած, թէ անտառի ո՞ր ծառէն ինքզինքը կախէ:

Լեւիի հետ այցելած էր հոգեբուժի մը, եւ բժիշկը նկատելով Կորքիի տխրութիւնը` թելադրած էր, որ մասնագէտի մը խորհուրդը ստանար:

Վիրահատութենէն ետք, Մուկուչ փորձած էր զինք համոզել, որ Եունկեան հոգեվերլուծողի մը քով երթար, բայց Կորքի խիստ զայրանալով Մուկուչի պատուիրած էր, որ այդ մասին չխօսէր այլեւս:

Անհատական ցուցահանդէսներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1934-ին, Մելլոն (at the Mellon Galleries) պատկերասրահ, Ֆիլատելֆիա,
  • 1939-ին, Պոյեր (at Boyer Galleries) պատկերասրահ, Նիւ եորք,
  • 1945-ին, Ժիւլիէն Լեվի (Julien Levy Gallery) պատկերասրահ Նիւ եորք,
  • 1941-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի արուեստներու թանգարան,
  • 1963-ին, Ամերիկեան (graphic) գծագրական ցուցահանդէս, Երեւան:

Արշիլ Կորքիի Մեծ Թիւով Գործեր Կը Բերուին Հայաստան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխարհահռչակ նկարիչ, վերացական արտայայտչապաշտութեան ամերիկեան դպրոցի գլխաւոր ներկայացուցիչ Արշիլ Կորքի 1916-19 թուականներուն՝ հայոց պատմութեան ամէնէն բարդ ժամանակաշրջանին կ'ապրէր Երեւանի կեդրոնը։

Այդ տարածքը այսօր կը կոչուի Աբովեան փողոցի փակուղի. նշանաւոր լրագրող, հանրային գործիչ Ադօ Ադոյեան նկարիչին հօրեղբօր տղան էր, որուն հետ անցուցած էր ամբողջ մանկութիւնը։

Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր ցուցասրահներուն մէջ կը գտնուին Արշիլ Կորքիի նկարները։ Հայաստանի մէջ, այսօր, կայ միայն մէկ գծանկար, սակայն ան Հայաստանին կտակած է բաւական մեծ թիւով նկարներ, որոնք Հայաստան պիտի բերուին եւ պիտի հանգրուանեն Էջմիածինի մէջ։[16]

Արշիլ Կորքիի կտաւները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արշիլ Կորքիի կտաւները կը գտնուին ԱՄՆ-ի շարք մը նշանաւոր, Լոնտոնի «Թեյթ» եւ Փարիզի Ժորժ Փոմփիտուի անուան ժամանակակից արուեստներու թանգարաններու մէջ, ցուցադրուած են աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։

Ըստ արուեստի քննադատներու Կորքի իր «արուեստի ոճը, ձայնը» կը գտնէ մահէն քիչ առաջ, երբ չի հասցներ շատ կտաւներ արտադրել: Նիւ Եորքի իր Եունիըն Սքուերի աշխատանոցը հանդիպման վայր եղած էր դեռ անծանօթ արուեստագէտներու համար: Անոնք խոր յարգանք ունէին եւրոպական յառաջապահական արուեստի նկատմամբ, որուն մանաւա՛նդ Փարիզի դպրոցին պաշտողն էր Կորքի:

Իր գործերը այսօր փնտռուած արուեստի առարկաներ կը նկատուին: Անոնցմէ մաս մը ներկայիս կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի մէջ, «Քոնտըր կալերի»ի մէջ:

Իր կեանքի ու ստեղծագործութիւններու մասին հատորներ գրուած են, ու միշտ կարելի է յօդուածներու հանդիպիլ արուեստի պարբերականներու մէջ:

Վերջերս Հայաստանի մէջ եւս հետաքրքրութիւն ստեղծուած է Արշիլ Կորքիի գործերուն հանդէպ: Յօդուածներով կ'անդրադառնան իր կեանքին ու գործին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Encyclopædia Britannica
  3. 3,0 3,1 Kunstindeks Danmark
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1. — է. 290.
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 6,5 6,6 RKDartists
  7. 7,0 7,1 7,2 Union List of Artist Names
  8. 8,0 8,1 8,2 Կերպարվեստի արխիվ
  9. Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  10. (unspecified title)
  11. 11,0 11,1 11,2 11,3 Kindred Britain
  12. 12,0 12,1 Lundy D. R. The Peerage
  13. «Arshile Gorky Roofs, Goats»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-25-ին։ արտագրուած է՝ 2015-04-28 
  14. Արշիլ Կորքի
  15. Կորքիի մասին
  16. Արշիլ Կորքիի Մեծ Թիւով Գործեր Պիտի Բերուին Հայաստան Archived 2020-06-11 at the Wayback Machine.[]