Jump to content

Գրոհ (ամսագիր)

«Գրոհ», խորհրդային շրջանի հասարակական, քաղաքական, գրական պատկերազարդ ամսագիր։ Վրաստանի կոմկուսի ԿԿ-ի, Թիֆլիսի կոմիտէի․ Կենտգործկոմի ու պրոֆխորհրդի օրգան։ Հրատարակուած է 19281933 թուականներուն, Թիֆլիսի մէջ (1928—1931 թուականներուն՝ «Պրոլետար»)։ Խմբագիրներ՝ Վ․ Գրիգորեան, Վ․ Ատրեան, Ս․ Վարդանեան։

Լուսաբանած է Անդրկովկասի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութայիեւ առօրեան։ Անդրադարձած է առաջին հնգամեակի խնդիրներուն՝ էլեկտրիֆիկացման, գիւղատնտեսութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, ոռոգելի հողերու աւելցման, արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները նորագոյն սարքաւորումներով համալրելու հարցերուն, գովազդած գիտատեխնիկական նուաճումները։

Լայն տեղ յատկացուցած է գրականութեան ու արուեստին, տպագրած է Վ․ Փափազեանին, Ա․ Ոսկանեանին, Վ․ Աճէմեանին եւ ուրիշներին նուիրուած յօդուածներ։ «Գրոհ» ամսագրին աշխատակցած են Դերենիկ Դեմիրճեանը, Եղիշէ Չարենցը, Գուրգէն Մահարին, Վահրամ Ալազանը, Վաղարշակ Նորենցը, Մկրտիչ Արմէնը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։