Jump to content

Արտանուջ

Քաղաք
Արտանուջ
թրք.՝ Ardanuç
Երկիր Թուրքիա
Տարածաշրջան Արեւելեան Անատոլիա
Նահանգ (իլ) Արտուին
քաղաքապետ Մեհմետ Ուղուր Արսլան
Տարածութիւն 969 կմ2 քմ²
ԲԾՄ 558 մեթր
Պաշտօնական լեզու թուրքերէն
Բնակչութիւն շրջան 11․406[1] քաղաք 6,332գյուղեր 5,074 մարդ
Կրօնական կազմ մուսուլմաններ
Ժամային գօտի UTC+2, ամառը UTC+3
Փոստային ցուցանիշ 08300
Պաշտօնական կայքէջ ardanuc.bel.tr

Արտանուջ (թրք.՝ Ardanuç), քաղաք եւ շրջան ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արտուինի նահանգի կազմի մէջ։

Արտանուջը կը յիշատակուի իր անուան մի քանի տարբերակներով՝ Արտանույշ, Արտանուչ, Արտանուշ, ինչպէս նաեւ թուրքական Էրդենուջ աղաւաղուած ձեւով։ Թուրքերը, պաշտօնապէս, ան այժմ կը կոչեն Արդանուչ։ Ըստ աւանդութեան, այստեղ թաղուած է թագաւորի մը դուստրը՝ Արտանուշը, կամ Վարդանուշը, որուն անունով ալ՝ որպէս թէ, կոչուած է քաղաքը։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի Ճորոխ գետի աջակողմեան վտակ Արտանուշ գետի ձախ եզրին, Արտուին քաղաքէն 21—22 ք․մ․ հարաւ-արեւելք, լերան զառիթափին։ Բնականէն՝ ունի ամուր դիրք, պատուած է ժայռերով ու անմատչելի դարձած է պաշտպանական ամրակուռ պարիսպներով։ Ջրառատ, մեղմ կլիմայով ու առողջարար օդով քաղաք է։

Հին ատեն Արտանուջը կը մտնէր Մեծ Հայքի Գուգարք նահանգի Կաղարջք գաւառի մէջ եւ կը համարուէր վերջինիս կեդրոնը։ Թուրքական վարչական բաժանմամբ՝ հին ժամանակաշրջանին, Չըլդըրի կամ Ախալցխայի փաշայութեան Արտանուջի գաւառակի կեդրոնն էր։

Ըստ Սեն Մարթենի, Արտանուջը ան կը նոյնացնէ Ղազար Փարպեցիի յիշատակած «Ողջնհազ» գիւղին, որտեղ Ե. դարուն՝ Վարդանանց պատերազմի ժամանակ, զոհուած ու թաղուած է Վարդանի եղբայրը՝ Հմայակ Մամիկոնեանը։ Կը Պատկանէր Բագրատունիներուն։ Ը դարուն նուաճած ու ավերած է արաբական ոստիկան Ամիր (էմիր) Մրուանը, բայց շատ չանցած Աշոտ Կիւրապաղատը ան նորէն ետ վերձուցած է։ Թ—ԺԱ դարերուն ան առեւտրական ճանապարհներով կապուած էր Վրաստանի, Ապխազիոյ, Դրապիզոնի, Բիւզանդիոյ եւ Անի-Շիրակի թագաւորութեան կեդրոններուն հետ։ ԺԱ դարուն Արտանուջը Բագրատունիներու այն ճիւղին բնակատեղին էր, ինչ որ յետոյ հաստատուեցաւ Վրաց գահի վրայ։ Այդ ժամանակներուն Արտանուջը սովորական բերդ էր, որուն մասին յիշատակութիւն ունի Կոստանդին Ծիրանածինը (905—958 թթ.)։ Անոր բերդ ըլլալուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նաեւ թուրք պատմագիր Քյաթիպ Չելեպին, բայց աւանդութեամբ եւ զրոյցներով զուգորդուած, որ իրենք կը դարձնեն քիչ արժանահաւատ։ Հետագային Արտանուջը կը մտնէ վրաց Բագրատունիներու թագաւորութեան, իսկ ԺԶ դարէն՝ Օսմանեան պետութեան կազմի մէջ։

18781921 թթ., Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան ժամանակ, կը մտնէ Պաթումի մարզի Արտուինի օկրուգի մէջ։ Արտանուջը նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր թեմի կեդրոն էր։

Արտանուջը սակաւամարդ քաղաք էր։ ԺԹ դարու վերջերուն ունէր 1000 բնակիչ, որոնցմէ 960—ը հայեր էին, իսկ մնացածը՝ թուրքեր, 1907 թ.՝ 1214 բնակիչ, մեծագոյն մասը՝ դարձեալ հայեր։

Բնակչութիւնը կը զբաղէր արուեստներով, առեւտուրվ նաեւ գիւղատնտեսութեամբ։ Կարեւոր դեր կը խաղար յատկապէս խաղողագործութիւնը։ Արտանուջը կ'արտահանէր ընտիր գինի, որուն շնորհիւ մեծ համբաւ ունէր զանազան շուկաներու մէջ։ Արհեստներէն տարածուած էին դերձակութիւնը, ներկարարութիւնը, կօշկակարութիւնը, դարբնութիւնը, ասեղնագործութիւնը, կերպասագործութիւնը, մետաքսագործութիւնը։ Բաւական աշխոյժ բնոյթ ունէր անոր ներքին ու արտաքին առեւտուրը։ Գինիէն բացի կ'արտահանէր մորթիներ, բուրդ եւ այլ ապրանքներ։ Մեծ Եղեռնի ժամանակ տեղի հայ բնակչութենէն 1276 մարդ սպանուած է, մնացածը յաջողած է փախչիլ, գաղթելով այլ երկրներ։

Ներկայիս քաղաքին մէջ կը բնակի 6,332 մարդ (ըստ 2012 թուականին կատարուած մարդահամարի տուեալներուն), քիւրտեր եւ թուրքեր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]