Jump to content

Գոլեստան (Սաատի)

«Կոլեստան»
Սաատին ծաղկաստանին մէջ, Գիւլիստանի Մուղալական (Հնդկաստանը իշխած թիւրքերը, ո՛չ Մոնկոլները) բնագիրէն, ՌՈԽԵ (1645) Սաաատին ձախ կողմին
Հեղինակ «Սաատի Շիրազեցի»-ին
Երկիր Իրան (Պարսկաստան) - Շիրազ քաղաք
Լեզու Պարսկերէն


Գոլեստան երբեմն կը գրուի Գիւլիստան Արեւմտահայերէնի ամէնաճիշդ հնչիւնը (տառադարձութիւնըԿոլեսթան, (Պարսկերէն՝ گُلِستان, Հայերէնով՝ Վարդաստան, կամ Վարդենիք։ Պարսկական գրականութեան ուղեքարերէն, գուցէ ամենաազդու արձակ գրութիւնը։[1] Գրուած է ՌՄԾԸ (1258) թուականին, միջնադարու Պարսիկ մեծագոյն բանաստեղծներէն՝ Սաատի Շիրազեցիի (سعدي شيرازي) երկու գլխաւոր գործերէն մէկն է։ Ան նաեւ իր ամէնահռչակաւոր գործերէն մին է, անոր թողած հետքը, ըլլայ արեւմուտքի կամ ըլլայ արեւելքի մէջ ակնյայտնի է։ Գոլեստանը կազմուած է ոտանաւորներու եւ պատմուածքներու փունջէ մը, ճիշդ ինչպէս ծաղկաստան մը կազմուած կ՛ըլլայ փունջ մը ծաղիկներէ։ Որպէս իմաստութեան աղբիւր, անորմէ լայնօրէն մէջբերումներ կը քաղուին։[2]

Գոլեստանի պատմուածքներուն պարզ եւ անշուք բնանիւթն ու ընթացքը, արտայայտուած են ճշգրիտ լեզուով եւ հոգեբանական հմտութեամբ՝ ստեղծելով «գաղափարներու բանաստեղծութիւն», ուսողական (մաթեմաթիքական) բանաձեւերու կրճատումով։[3]

Գիրքը կ՛ուսումնասիրէ մարդկութեան առջեւ ծառացած գրեթէ բոլոր հիմնական խնդիրները, ինչքան լաւատեսական, այդքան ալ նուրբ երգիծական ոճով մը:[4] Սաատին այս գիրքին մէջ խորհուրդներ կը մատուցէ տիրակալներուն[5]։ Պարսկերէն նշարաւոր ասացուածք մը կայ՝ «Ամէն բառի տակ, Սաատին եօթանասուն երկու իմաստ կը պահէ»։ Այս գիրքին մէջի պատմութիւնները, բացի իրենց ժամանցային արժեքէն եւ գործնական ու բարոյական առաքելութիւն, շատ անգամներ կը կեդրոնանան Տէրւիշներու (Պարսկերէնէն տառադարձուած) կամ Տարուիշներու (Արաբերէնէն տառադարձուած) վարքագիծին վրան եւ կը պարունակեն Սուֆիական ուսմունքներ:

Գրելու Շարժառիթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բանաստեղծ Սաատին, գիշէրը բուրաստանին մէջ ըներոջ հետ զրուցած ատեն։

Իր ներածումին մէջ, Սաատին կը նկարագրէ թէ ինչպէս իր ընկերներէն մին համոզեց երթալ պարտեզ մը 21 Ապրիլ ՌՄԾԸ թուականին (1258-ին)։ Այդտեղ իր ընկերը կը քաղէ ծաղիկներ իր հետ աւան տանելու։ Սաատին կը շեշտէ թէ ծաղիկները շատ շուտով պիտի թոռմին ու մեռնին, եւ կը մատուցանէ ծաղկաստան մը, զոր շատ աւելի երկար կը տեւէ:

Ի՞նչ օգուտ ունի քեզի համար ծաղիկներու պնակը։

Իմ ծաղկաստանէս տերեւ մը քաղէ։

Ծաղիկ մը հինգ վեց օր կ՛ապրի,

Սակայն այս ծաղկանոցը ընդմիշտ բերկրալի է։


Այսքանին կը յաջորդեն հետեւեալ բառերը, որոնք ներկայացուած են յօդուածին վերը գտնուող Պարսկական մանրանկարչութեան մէջ (կը կարծուի թէ կը պատկանին Մուղալ նկարիչ «Կօւարտհան»-ին)․

Պրսկերէն حالی که من این حکایت بگفتم دامن گل بریخت و در دامنم آویخت که الکریم اذا وعدَ وفا
Տառադարձութիւն (Հայերէնի) հալի քէ ման ին հէաեաթ պէկօֆթամ, տաման-է կօլ պէրիխթ օ տար տաման-ամ ա՜ւիխթ քէ ալ-քարիմու իզա ուա՛ատա ուաֆա (վերջին թեք գրուած բառերը Արաբերէն են)
Թարգմանութիւն (Հայերէնի) Մինչ ես կը պատմէի այս պատմութիւնը, ան սփռեց ծաղիկներու փեշը, եւ կախեց իմ փեշէս ըսելով․ եթէ առատաձեռնը բան մը խօստանայ, խօսքին տէրը կ՛ըլլայ

Սաատին կը շարունակէ․ «Նոյն օրը պատահեցաւ որ գրեցի երկու գլուխ (հատուած), անոնք քաղաքավարի հասարակութեանմ, եւ խօսակցութեան կանոններուն մասին էին, գրուած հրապարակախօսներու համար ընդունելի իսկ նամակ-գրողներուն համար կրթիչ ոճով մը»։[6] Գիրքին աւարտին Սաատին կը գրէ որ թէեւ անոր խօսքը հաճելի եւ զուարճալի է․ «սրտի տէրերուն (Պարսկերէն՝ صاحب دل, սահէպ-տիլ) լուսաւոր մտքերէն ծածուկ չէ, որոնք ալ առաջին հերթին հասցէագրուած են այստեղ»։

Իր նախաբանէն ետք, Կօլեսթանը կը բաժնուի ութը գլուխի, ամէն մէկը կը պարունակէ մի քանի պատմուածք, զարդարուած կարճ ոտանաւորներով՝[7][8]

  1. Թագաւորներու վարքը։
  2. Տէրւիշներու բարոյականութեան մասին։
  3. Գոհունակութեան գերազանցութեան մասին։
  4. Լռութեան օգուտներուն մասին։
  5. Երիտասարդութեան եւ սիրոյ մասին։
  6. Ծերութեան եւ տկարութեան մասին։
  7. Ուսումի արդիւնքներուն մասին։
  8. Կեանքի մէջ վարք ու բարքի կանոններուն մասին։

Ընդհանուր արմամբ այս գործը կը պարունակէ շուրջ 595 կարճ Պարսկերէն ոտանաւորներ, ամէն մէկը երկու զուգեակներէ բաղկացած, տարբեր չափերով, երբեմն կը հանդիպինք նաեւ Արաբերէն յանգատողերու։

Կարգ մը պատմութիւններ խիստ կարճ են։ Պատմութիւննները զարդարող կարճ բանաստեղծութիւնները երբեմն կը ներկայացնեն են հերոսներուն խօսքերը, երբեմն հեղինակին տեսակէտը, երբեմն ալ, ինչպէս հետեւեալին մէջ, յստակ ձեւով չեն ստորոգուիր․

Գլուխ Ա, պատմութիւն ԼԴ (34)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հարուն Ուր-Րաշիտ»-ի որդիներէն մին յուզումնալիօրէն կու գահ իր հօր քով, ըսելով․ «Այս-ինչ սպային որդին անարգած է ինծի, իմ մօրս մասին գռեհկօրէն խօսելով»: «Հարուն» կ՛ըսէ իր «ազնուականներուն»․ «Այսպիսի անձի մը պատիժը ի՞նչ պէտք է ըլլայ»։ Մէկը կ՛առաջարկէ մահապատիժ, միւսը՝ լեզուն կտրել, ուրիշ մը ապրանքներու բռնագրաւում եւ աքսոր։ «Հարուն» կ՛ըսէ․ «Որդի՛ս, առատաձեռնութիւնը զանոր ներելն է, իսկ եթէ չես կրնար, ապա նախատէ մօրը, բայց մի անցնիր փոխվրէժի արդար սահմանները, քանզի այդ դէպքին նախայարձակ կ՛ըլլանք»։

Անոնք, որոնք կատաղի փիղերով պատերազմ կ՛ընեն,

Չե՛ն (այսպէս կը կարծեն խոհեմները) յիրաւի քաջերը։

Սակայն իրականութեան մէջ, յանդուգները

Անոնք են որ, երբ կը բարկանան, կիրքին ստրուկները չեն ըլլար։

Գէշ կրթուած մարդ մը անգամ մը հայհոյեց ուրիշին,

Միւսը համբերատար կրեց այս մէկն ու ըսաւ՝ «Լաւ ընկեր

Ես այդքան գէշ եմ, որ քեզմէ  ուղղութիւն չեմ ստանար,

Եւ այդքան լաւ եմ, որ գիտեմ ինչքան յաճախ կը վիրաւորեմ»։[9][10]

Երիտասարդ մարզիկը թակարդուած սեան վրան։ Չէսթըր Պէյթի (Chester Beatty) գրադարան, Տապլին

Քանի որ Սաատի մասին իր գրութիւններէն դուրս կան սակաւաթիւ կենսագրական տեղեկութիւններ՝ իր կարճ, ինքնակենսագրական պատմուածքները, զորօրինակ հետեւեալ պատմուածքը, գործածուած են մեկնաբաններուն կողմէն իւր կենսագութիւնը կազմելու համար։

Գլուխ Բ (2), պատմութիւն Է (7)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը յիշեմ իմ մանկութեան ժամանակները, ես բարեպաշտ էի, կը հսկէի կրօնական բոլոր պարտաւորութիւնը, եւ նախանձախնդիր էի ըլլալ չափազանց-ժուժկալ եւ խստամբեր։ Գիշէրներէն մէկը, նստած էի հօրս քովը, իր տրամադրութեան ներքոյ։ Ամբողջ գիշէրը աչքերս չգոցեցի, Սբ․ Քուրա՜նը ծունկերուս վրան դրած, մինչ չորս կողմս գտնուող մարդիկը քնացած էին։

Հօրս ըսի․

- Ասոնցմէ ոչ մէկը գլուխը կը բարձրացնէ աղօթելու համար, անոնց քունը այդքա՜ն խորունկ է, կարսես մեռած ըլլան։

Ան պատասխանեց․

- Քու հօրդ կեանքը աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ դուն ալ քնանայիր, ուրիշները վատաբանելուն փոխարէն։

Կեղծաւորը ինքն իրմէ զատ ոչ մէկ կը տեսնէ,

Որովհետեւ երեսը ծածկած է ինքնահաւանութեան քօղով մը,

Եթէ ան օժտուած ըլլար Աստուածատուր աչքերով,

Ան կը տեսնէր թէ միայն ինքը զգենած է մթագոյն պատմուճանը։[11]

ՄԱԿ-ի Վկայաբերութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւլիստանի Ա գլուխին, Ժ (10-րդ) պատմութեան նշանաւոր յանգատողը, հիւսուած է Նիու-Եօրքի մէջ գտնուող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, գրասենեակին շէնքի պատէն կախուած գորգի մը վրան։[12]

Պարսկա-Արաբական այբուբեն (Աջէն ձախ) Հայատառ Պարսկերէն* (Հայերէն Տառադարձութիւն) Հայերէն Թարգմանութիւն
بنی‌آدم اعضای یکدیگرند

կամ بنی‌آدم اعضای یک پیکرند

Պանի Ա՜դամ, ա՛ազայ եէք տիկարանտ

կամ Պանի Ա՜դամ, աազայ եէք փէյքարանտ

Մարդիկ (Ադամի որդիք) մէկ ամբողջութեան մը անդամներ են,

կամ Մարդիկ մէկ մարմնի անդամներ են,

که در آفرينش ز یک گوهرند Քէ տար Ա՜ֆարինէշ, զէ եէք կօ՜հարանտ Ստեղծուած մէկ էութէնէ։
چو عضوى به‌درد آورَد روزگار Չօ օզւի պէ տարտ օ՜ւարատ րուզէկար Երբ օրերը ցաւ կը բերեն անդամներէն մէկուն,
دگر عضوها را نمانَد قرار Տէկար օ՜զուհա րա նամօնատ քարար Մնացածին ալ չի մնար անդորրութիւն:
تو کز محنت دیگران بی‌غمی Թո քազ մէհնաթէ տիկարան պի ղամի Եթէ դուն չես տխրիր ուրիշի վիշտին ու տառապանքին,
نشاید که نامت نهند آدمی Նաշօյեատ քէ նամաթ նահանտ Ա՜դամի Արժանի չե՛ս մարդ (Ադամական) անունը կրելու:

* Արեւմտահայերէնի հնչիւններով, բացի «Ադամ»՝ կը հնչուի (adam):

Գիւլիստանի Անտրէ Տիւ Րիյէր-ի () թարգմանութեան սկզբնապատկերը

Սաատի Շիրազեցին առաջին անգամ Եւրոպային կը ներկայացուի Ֆրանսերէնի կիսատ թարգմանութեամբ մը Անտրէ Տիւ Րիյյէրի (Ֆրանսերէն՝

André du Ryer ) կողմէն կատարուած

Արմանոյշ Կոզմոեանը զանազան Պարսիկ բանաստեղծներու մասին իր «Մարգարտաշար» (1990) գիրքին մէջ (իր Յառաջաբանով եւ ծանօթագրականով) ներկայացուցած է տարբեր պարսիկ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ Սաատիին գեղանիօրէն թարգմանուած քերթուածքները: Ստորեւ տուները Արեւմտահայերէնի փոփոխուած են իր Արեւելահայերէն թարգմանութենէն․[13]

Երբ սիրտը չի՜ հասնիր տենչին իր անհնար,-

Ճարը ի՜նչ, պիտի լուռ համբերէ՛ ու դիմանա՜յ,

Ան կամ պիտի վարդ չքաղէ՜ - անվարդ մնայ,

Կամ՝ փուշերու ցաւը տանէ՛ ու դիմանա՛յ։

Կ՛ըսեն թէ, երեկ գիշեր ոստիկանները թաթար,

Բռնած են գող մը աղտոտ, խաբեբայ մը վատթար

Երբ դահիճը այսօր անոր կը տանէր կառափնարան,

Ըսաւ․ «Ազատ ձգէ օձիքս, որ չպատռես բրտաբար»։

Եթէ մարդը հասու չէ իր սխալին,

Դուն մի ջանար խելքի բերել այդ խեւին․

Ան իր խօսքով, իր էութեամբ այդպէս է,

Գեղեցկութիւն ցոյց չի՜ տար ծուռ հայելին։

Եթէ մարդը հասու չէ իր սխալին,

Դուն մի ջանար խելքի բերել այդ խեւին․

Ան իր խօսքով, իր էութեամբ այդպէս է,

Գեղեցկութիւն ցոյց չի՜ տար ծուռ հայելին։

Օր մը ըսիր, թէ այս գիշեր քեզ կու տամ խինդ, սէր ու գանձ,

Քեզ կ՛ազատեմ հոգս ու ցաւէն, կապանքներէն մթամած․

Իմանայիր, քանի՜ գիշեր եկաւ-անցաւ այդ օրէն,

Քու խօսքերէն, աւա՜ղ ոչինչ մտքիդ մէջ մնաց։

Սէրս դրժեց իր խոստումը, ըսաւ քեզմէ կ՛ը հեռանամ․

Գնաց․․․Ձեռքիս իր փեշերու բոյրը կը զգամ ամէն ժամ․

Ըսաւ՝ դուն ինծի միւս անգամ երազիդ մէջ կը տեսնես։

Կարծես, որ ես իրմէ ետք աշխարհին մէջ քո՜ւն կ՛ունենամ։

Մարդկութենէն առանձնացած ու դառնացած կու լա՜մ ես,

Աչըս՝ սրտիս վիշտով լեցուցած, ու վե՜ր յառած կոտ լա՜մ ես․

Ինչպէս մանուկը - իր ձեռքէն թռա՜ծ-կորսուա՜ծ ծիտին համար,

Կեանքին համար իմ գացած ու զու՜ր անցած կու լա՜մ ես․․․

Ով կը կարծէ, թէ կարող է, այս աշխարհիս մէջ երկա՜ր մնալ,

Յետաձգե՜լ իր կեանքը կարճ եւ աշխարհին մէջ երկա՜ր մնալ,

Անոր ըսէ՛․ «գամ մի՛ զարներ եւ վրան մի՛ շիներ ի զուր»,

Ըսէ․ «բեռըդ պարապի մի քակեր, շուտով պիտի կապե՜ս - երթա՜ս․․․»։

Պարող Տէրւիշները (Տարուիշները), Գիւլիստանի երկէջանոց կազմութիւն, նկարազարդուած ձեռագիր, Իրան

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Lewis Franklin (15 December 2001)։ «GOLESTĀN-E SAʿDI»։ Encyclopædia Iranica։ արտագրուած է՝ 16 Յունուար 2011
  2. [Durant, The Age of Faith, 326]
  3. Lewis Franklin (15 December 2001)։ «GOLESTĀN-E SAʿDI»։ Encyclopædia Iranica։ արտագրուած է՝ 16 Յունուար 2011
  4. Katouzian, Homa (2006). Sa'di, The Poet of Life, Love and Compassion (PDF). Oneworld Publications. ISBN 978-1-85168-473-1. Archived from the original (PDF) on 2011-07-21. Retrieved 2011-01-22.
  5. "The Gulistān; or, Rose-garden, of Shek̲h̲ Muslihu'd-dīn Sādī of Shīrāz, translated for the first time into prose and verse, with an introductory preface, and a life of the author, from the Ātish Kadah". 1880.
  6. http://www.sacred-texts.com/isl/gulistan.txt
  7. Chapter titles given in the 1899 translation by Sir Edwin Arnold, http://www.sacred-texts.com/isl/gulistan.txt
  8. «The Gulistan or Rose Garden of Sa'di - Edward Rehatsek» 
  9. Edward B., Eastwick (1852). Sadi: The Rose Garden.
  10. The king referred to is Harun al-Rashid. Վերոյիշեալ թագաւորը Հարուն Ալ-Րաշիտն է։
  11. Edward B., Eastwick (1852). Sadi: The Rose Garden.
  12. «Payvand News 24 August 2005»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 November 2018-ին։ արտագրուած է՝ 28 March 2023 
  13. Մարգարտաշար, Ռուպայիաթ, Երեւան, «Խորհրդային Գրող» (1990), Արմանոյշ Կոզմոեան էջ 192