Տապլին (անգլերէն՝ Dublin) (կ'արտասանուի Տապլին (ˈdʌblin), (Իրլանտական անուանումը՝ Baile Átha Cliath)), Իրլանտայի մայրաքաղաքն է։ Կը գտնուի Իրլանտայի արեւելեան ափի գրեթէ մէջտեղը, Լիֆի գետի բերանին եւ Տապլին մարզի կեդրոնը։ Հիմնադրուած է որպէս Vikings վայքինկներու բնակավայր։ Այնուհետեւ զարգացեր է որպէս Տապլինի Թագաւորութիւն՝ դառնալով կղզիի հիմնական քաղաքը։ 17-րդ դարէն սկսեալ քաղաքը մեծ արագութեամբ ընդլայնուած է՝ դառնալով Բրիտանական Կայսրութեան երկրորդ եւ Եւրոպայի հինգերորդ ամէնամեծ քաղաքը։
Իրլանտական աղբիւրներու մէջ առաջին անգամ յիշատակուած է 291 թուականին։ Անուանումը առաջացեր է հին իրլանտերէն Dubhlin ձեւէն, որ բառացի կը նշանակէ (black pool) «սեւ գետնախորշ»։ Քաղաքը այսօր իրլանտերէն կը կոչուի նաեւ Պայլա Ահա Քիա[4] երբեմն ալ՝ Պլաքլիա [5](Baile Atha Cliath), որ բառացի կը նշանակէ (place by a ford, overgrown with reeds) «վայր՝ եղէգներով ծածկուած ծանծաղուտ» այսինքն՝ գետի այն ծանծաղ տեղը, ուր կարելի է անցնիլ մէկ ափէն միւսը [6][7]։