Jump to content

Հնդկաստանի Սերտումը

«Գիտակցելով, թէ ի՞նչ ունի Հնդկաստանը ըսելու․ մտքով ընդունելին կամ նուաստը» (Արաբերէն՝ تحقيق ما للهند من مقولة مقبولة في العقل أو مرذولة) կամ «Հնդկաստանի Սերտումը», «Ապուլ-Ռէյհան Ալ-Պիրունի»-ի ստեղծագործութիւնը։ Արաբա-Իսլամական աշխարհի ամէնակարեւոր ու ամէնածաւալուն գիրքն է, որ կը պատմէ Հինտուականութեան մասին։[1] Ալ-Պիրունին քառասուն տարի անցուց Հնդկաստանի մէջ ուսումնասիրելով անոնց կրօնները, սովորութիւնները` ամուսնութեան ծեսերը, կերուխումը եւ տոները, ապրելակերպը եւ լեզուի յատկութիւնները։ Գերմանացի արեւելագէտ Քարլ Պրոքլմանը անոր մասին կ՛ըսէ՝ «Ազգերը ուսումնասիրելու ասպարէզին մէջ Իսլամական Գիտնականներու կողմէն արտադրուած ամէնակարեւոր աշխատութիւնն է»։[2][3]

Գիրքին Հեղինակումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալ-Պիրունին այս գիրքը շարադրած է երկար ընդմիջումներով, գրելը աւարտեց 1031 թուականի Դեկտեմբեր ամսուն (Իսլամական կամ Հիճրի տոմարաւ՝ 423-ի Մուհարրամ ամսուն), Թիւրք (եզրոյթին լայն իմաստով) Սուլթան «Մահմուտ Ղազնեցի»-ին մահանալէն մէկ ու կէս տարի ետք, որուն արիւնալի արշաւանքներուն ընկերակցեցաւ, Հնդկաստանի գիտութեանց տիրապետելու, գիրքերը կարդալու եւ գիտնականներուն հետ շփուելու նպատակով։ Գիրքին մէջ ան գիտելիքները կը ներկայացնէ, առանց բանավիճելու կամ ընդիմացող պատասխան տալու, ութցուն գլուխով գրած է անիկա, որուն մասին կ՛ըսէ․ «Գիրքը չեմ գրրած հակառակորդիս չարախօսելու, ոչ ալ ամչնալով իր պարունակութենէն, եթէ ճշմարտութեան (Մահմետականութեան տեսանկիւնէն) հակասեց, ապա իր դաւանանքն է (ի նկատի ունի Հնդիկին) որ աւելի լաւ կը ճանչնայ, գիրքը վիճաբանութեան ու հակաճառութեան համար չէ, այլ նկարագրութեան, Հնդկաստանին մասին կը պատմէ ինչպէս որ է»։ Պիրունին նաեւ կը համեմատէ Յունաց «Հեթանոսական» փիլիսոփայութեան հետ որ մշակաուած էր, ի տարբերութիւն Հնդկականին․ «Հնդկաստանը անոնց (Յոյներուն) պէս գիտութիւնները ձեւի բերող չունեցաւ, ասոր մասին իրենց քով հազիւ թէ խօսք կը գտնես, ան ալ գերյեղյեղուկ եւ անկարգ, հասարակութեան շինծու հէքիաթներով աղօտուած, ես նոյնիսկ թուաբանութեան, եւ աստղաբանութեան մասին գիրքերը իրենց կառուցուածքով ու պարունակութեամբ կը նմանցնեմ Լիալուսնին թրիքի հետ խառնուած եւայլն․․․»։

Գիրքին Գլուխները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքէն երկար բաժանում մը յատկացուցած է վերամարմնաւորումի դաւանանքին մասին խօսելուն, ըսելով՝ «Վերամարմնաւորում բառը Հնդկական կրօնքին կարգախօսն է, ինչպէս Միաստուածութիւն բառը Իսլամին (Մահմետականութեան), եւ ինչպէս Երրորդութիւն բառը Քրիստոնէութեան»։ Փաթանճալի (Սանսքրիթ՝ पतञ्जलिः) գիրքէն մէջբերելով կը խօսի Հնդիկներէն ոմանց Միաստուածութեան մասին, եւ անոնց ութ սկզբունքներուն մասին։ «Հնդկաստանի Սերտումը» գիրքին մէջ բազմաթիւ նշաններ կան որոնք կը ցուցնեն անոր Սանսքրիթ լեզուին տիրապետելուն, ան վերջինս կը նմանցնէ Արաբերէնին մէկ բանին բազում անուանումներ տալուն տեսանկիւնէն, սակայն անոր մասին կ՛ըսէ թէ կազմուած է այդպիսի տառերէ (հնչիւններէ) որ մեր լեզուները հազիւ թէ կրնան հնչել, եւ մեր լեզուակները (Uvula) հազիւ թէ առոգանել։

Գիրքին Հրատարակութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմուտքի Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպան այդքան չէր հետաքրքրուած Ալ-Պիրունիով, առաջին անգամ անոր ուշադրութիւն դարձուց արեւելագէտ Նիքոլաս Տի Վանիկովը 1866 թուականին, ապա Գերմանացի «Քարլ Էդուարդ Զախաու»-ը (Eduard Sachau) ով թարգմանեց իր միւս գիրքը «Անցեալ Դարերէն Մնացեալ Հետքերը» (Արաբերէն՝ الآثار الباقية, Ալ-Ասար Ուլ-Պաքիա) 1879ին, իսկ 1887ին հրատարակեց «Հնդկաստանի Սերտումը» գիրքը 328 էջերով, գործածելով 554 Հիճրի թուականին (1159-1160) Պիրունիի բուն բնագիրէն ընդորինակուած ձեռագիր մը։ Մէկ տարի անց, գիրքին Անգլերէն թարգմանութիւնը հրատարակուեցաւ Լոնտոնի մէջ, Եւրոպայի մէջ գիրքը նշանաւոր դարձաւ «Հնդկաստանի Պատմութիւնը» վերնագիրով։ 1913 թուականին կազմուեցաւ Պիրունիին Ստեղծագործութիւնները Որոնոնելու Յանձնախումբը, 1963ին գիրքը թարգմանուեցաւ Ռուոերէնի եւ Ուզպէքիստանի Թաշքենտ քաղաքին մէջ հրատարակուեցաւ ընտրանի ժողովածոն։

Իսլամական Աշխարհին մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օսմանեան Հանրագիտութիւնը (Հնդկաստանի Հայտարապատ քաղաքի ղեկավարի անունը կրող՝ Միր Օսման Ալի Խան) հրատարակած է այս գիրքը 1958 թուականին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Kūrush., Ṣafavī. Introduction to Linguistics History. Pazhvāk-i Kayvān. ISBN 978-964-8727-32-6.
  2. Kozah, Mario (20 October 2015). The Birth of Indology as an Islamic Science: Al-Bīrūnī's Treatise on Yoga Psychology. BRILL. pp. 23–31. ISBN 978-90-04-30554-0. Retrieved 2 September 2022.
  3. Sunar, Lutfi (5 May 2016). Eurocentrism at the Margins: Encounters, Critics and Going Beyond. Routledge. pp. 88, 89. ISBN 978-1-317-13996-6. Retrieved 2 September 2022.