Գէորգ Մարզպետունի (վէպ)
Հեղինակ | Մուրացան |
---|---|
Լեզու | հայերէն |
Ոճ | պատմավէպ |
Հրատարակուած | 1896 |
Հրատարակող | «Արձագանք» ամսագիր |
Գիրքի տեսակ | գիրք |
«Գէորգ Մարզպետունի», հայ անուանի գրագէտ Մուրացանի (Գրիգոր Տէր-Յովհաննիսեան) պատմավէպ։ Հայ գրականութեան նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն է[1]: Պատմավէպը գրուած եւ առաջին անգամ հրատարակուած է 1896 թուականին, Թիֆլիսի «Արձագանք» ամսագրին մէջ[2]: Առանձին գիրքով ան լոյս տեսած է 1912 թուականին։
Ստեղծման պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախքան գիրքը գրելը Մուրացան քրտնաջան ուսումնասիրած է վէպի մէջ ներկայացուած ժամանակաշրջանին վերաբերող հիմնական պատմական աղբիւրները[3]: Հեղինակին նպատակն էր վէպը կարելի եղածին չափ հիմնել իրական պատմական փաստերու վրայ։ Միաժամանակ, Մուրացան, կը փափաքէր ընթերցողին փոխանցել «իր մտքերը, բարոյականութիւնը, համոզումները եւ կարծիքը»[4]: Արդիւնքը այն էր, որ Մուրացանին կը յաջողի ստեղծագործութիւնը դարձնել հայրենասիրական եւ հերոսական պատմական վէպ, որ իր մէջ ռոմանթիզմի մասնիկներ կը պարունակէ[5]: Մուրացան կը փափաքէր Գէորգ Մարզպետունիի կերպարի միջոցով ժողովուրդին փոխանցել իր սէրը հայրենիքի նկատմամբ։ Շատ մը քննադատներ կը կարծեն, որ Գէորգ Մարզպետունիի շրթունքներով կը խօսի ինքը՝ հեղինակը։ Այս ստեղծագործութեամբ Մուրացանը ցուցադրեց հայ ժողովուրդի հայրենասիրական ծրագիրները։ Հեղինակը կը նշէ.
ամէն մի գործ ստեղծելու ժամանակ իմ աչքի առաջ ունեցել եմ հայ ժողովուրդը, անոր անցեալը, անոր պատմութիւնը, անոր տխուր ներկան: Լաւ եմ գրել, թէ վատ, անոր համար եմ գրել, անոր եմ կամեցել իմ միտքերն ու զգացմունքները հաղորդել... - Մուրացան
|
Պատմական շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մուրացան կը նկարագրէ Հայաստանը 10-րդ դարուն։ Երկիրը կը կառավարէ «յաղթանդամ» արքայ Աշոտ Բ Երկաթը` Բագրատունիներու արքայատոհմի ներկայացուցիչը: Ժողովուրդի մէջ ան անմահացաւ այն ժամանակ, երբ աշխուժ զինուած պայքար սկսաւ երկար տարիներ Հայաստանը ասպատակող արաբներու դէմ: Պատերազմին կը յաղթէ Իւսուֆ ամիրային: Աշոտ Բ-ը կարցաւ վրէժխնդրութիւն լուծել «հագարացի» (արաբ) զօրապետներէն, որոնք մասնակցած էին իր հօր Սմբատ Ա-ի սպանութեանը։ Վրէժը չի հասնիր միայն դաւաճան Գագիկ Արծրունիին, որուն օգնութեամբ «հագարացիք» մահապատժի ենթարկեցին Սմբատ Բագրատունիին։ Արծրունին վերջիվերջոյ Վասպուրականի թագաւոր կը հռչակուի։
Սակայն խաղաղ կեանքը երկար չի տեւեր։ Դարձեալ կը սկսին արաբ ժողովուրդի ասպատակութիւնները դէպի հայ հողեր։ Հայաստանը նորէն կ՛իյնայ արաբական լուծի տակ։ Երկրի ներսը թշնամական իրավիճակ կը տիրէ։ Իշխաններ Սահակ Սեւադան եւ Ցլիկ Ամրամը, անձնական տարաձայնութիւններէն ելլելով, ապստամբութիւն կը կազմակերպեն արքայի դէմ։ Համարեա' բոլոր իշխաններն ու նախարարները կը փակուին իրենց ամրոցներուն մէջ եւ կը սպասեն, թէ ինչով պիտի աւարտի ընդվզումը։
Այս ամէնը տեսնելով՝ ոտքի կ՛ելլէ խիզախ ու հայրենասէր իշխան Գէորգ Մարզպետունին։ Մարտնչելով թշնամիներու դէմ՝ ան միաժամանակ կը փորձէ խելքի բերել ապստամբներուն, կը փորձէ համախմբել բոլոր հայ զօրապետներուն, նախարարներուն։ Մարզպետունին կ՛ոգեւորէ արքայ Աշոտ Երկաթին, երբ մարտի դաշտ կ՛իջնէ ընդամէնը քսան հոգիով եւ խորամանկութեամբ կրնայ յաղթել թշնամիին։ Անկէ ետք Աշոտը, որ առաջ հոգեպէս ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր, կը կազմակերպէ յայտնի Սեւանի ճակատամարտը[6]:
Աստիճանաբար երկրին մէջ ազատութեան եւ խաղաղ կեանքի յոյսեր կը յայտնուին։
Գլխաւոր հերոսներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Աշոտ Բ Երկաթ - Հայաստանի արքայ
- Գէորգ Մարզպետունի - իշխան եւ սպարապետ
- Աբաս Ա - արքայի եղբայր, արքայական գահի ժառանգորդ
- Յովհաննէս Է Դրասխանակերտցի - Հայաստանի կաթողիկոս
- Ցլիկ Ամրամ - իշխան եւ ապստամբ
- Սահակ Սեւադայ - իշխան եւ ապստամբ, արքայի աներ
- Վահրամ Սեպուհ - զօրապետ, Գէորգ Մարզպետունիի մօտիկ ընկեր
- Բեշիր - հագարացի զօրապետ
- Սահականոյշ - արքայի կին, Հայաստանի թագուհի
- Սեդա - Սահականոյշի դայեակ
Նիւթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին մաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստան, 10-րդ դար... Երկրին մէջ պատերազմ տեղի կ'ունենայ հայերու եւ արաբներու (հագարացիներու) միջեւ։ Կը շարունակէ հագարացիներու յարձակողական քաղաքականութիւնը Հայաստանի վրայ։ Իսկ երկրէն ներս թշնամական մթնոլորտ կը տիրէ հայ իշխանական տոհմերու միջեւ։ Արքայ Աշոտ Բ Երկաթի դէմ ապստամբութիւն կազմակերպած են արքայի աներ Գարդմանի իշխան Սահակ Սեւադան եւ Ուտիքի իշխան Ցլիկ Ամրամը։
Գառնի ամրոցին մէջ կը բնակի Հայաստանի թագուհին՝ Սահականոյշը: Այստեղ կը բնակին նաեւ իշխան Գէորգ Մարզպետունիի կինն ու որդին՝ իշխան Գոռը։ Սահականոյշը շատ կը սիրէ իր դայեակին՝ Սեդային։ Օր մը ան՝ Սեդայէն կը խնդրէ պատմել անցած տարիներու իրադարձութիւններու ու Աշոտ Բագրատունիի երիտասարդութեան մասին։ Դայեակը կը պատմէ անցած տարիներու նշանաւոր դէպքերու մասին, թէ ինչպէս նախկին արքայ Սմբատ Ա-ը պայքարած է արաբներու, Իւսուֆ ամիրայի դէմ, թէ ինչպէս հագարացիները մահապատիժի ենթարկած են Սմբատ Բագրատունիին. ինչպէս Աշոտ Բ-ը իր վրէժը լուծած է արաբ զօրապետերէն իր հօր համար եւ ինչպէս վաստակած է «երկաթ» անուանումը. ինչպէս որոշած է ամուսնանալ Սահականոյշի հետ եւայլն... Յետոյ Սեդան կը խոստովանի նաեւ, որ Աշոտը երկար տարիներ շարունակ դաւաճանած ու թաքուն սիրած է իշխան Ցլիկ Ամրամի կնոջը՝ Ասպրամին։ Կը պարզուի, որ թագուհին տեղեակ էր անոր մասին, որ նոյնիսկ անգամ մը ան տեսած էր Աշոտին Ասպրամի հետ համբուրուիլը:
Իշխան եւ զօրապետ Գէորգ Մարզպետունին կ՛այցելեն ապստամբ, կոյր Սահակ Սեւադային։ Վերջինիս եւ անոր որդիին կուրացուցած էր արքայ Աշոտ Երկաթը, անոնց կազմակերպած առաջին ապստամբութեան պատճառով։ Այդ օրուընէ ետք ան միայն նպատակադրած էր հաշուեյարդար տեսնել արքայի հետ։ Իշխան Մարզպետունին կը փափաքի ամէն գնով մտափոխել Սեւադային, որովհետեւ, ըստ իր խօսքերուն, այս դժուար տարիներուն ապստամբութիւնը եւ ներքին պառակտումները միայն մեծ չարիքի, ողբերգութեան ու կործանման կը հասցնեն։ Ան համարեա', թէ ծնկաչոք կը համոզէ Սեւադային հրաժարիլ ապստամբութիւնը շարունակել ու ներել արքային։ Սեւադան կը հասկնայ իշխանին, կը համաձայնի եւ կը ներէ Աշոտին։ Ոգեւորուած Մարզպետունին բազմաթիւ անգամներ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սահակ Սեւադային եւ կ՛ուղեւորուի իշխան Ցլիկ Ամրամի մօտ, որպէսզի անոր ալ մտափոխի։ Ցլիկ Ամրամը շատ կը զարմանայ եւ կը հիասթափուի, երբ կ՛իմանայ Սահակ Սեւադայի որոշման մասին։ Ամրամի կինը՝ Ասպրամը, դաւաճանած էր ամուսինին Աշոտ Երկաթի հետ։ Այդ հանգամանքը պատճառ դարձած էր Ամրամի կազմակերպած ապստամբութեանը։ Ան կ՛երազէր ամէն գնով ոչնչացնել արքային ու վրէժ լուծել իր ընտանիքը քանդելու պատճառով։ Մարզպետունիի աղիողորմ խնդրանքները չեն ազդեր Ցլիկ Ամրամի վրայ։ Ան շատ կը յարգէր իր հին ընկեր իշխան Մարզպետունիին, սակայն չէր համաձայներ եւ չէր հրաժարեր դադրեցնել ապստամբութիւնը։
Անկէ ետք Գէորգ Մարզպետունին կ՛երթայ արքայի մօտ։ Ճամբուն վրայ ան կը հանդիպի աբխազաց իշխան Բերին, որ եկած էր Ցլիկ Ամրամին օժանդակելու համար։ Անոնց նպատակները նոյնն էին։ Այս ամէնուն մասին Մարզպետունին կը տեղեկացնէ Աշոտ Բ-ին։ Արքան կ՛որոշէ զօրք հաւաքել եւ մարտի դաշտ իջնել ապստամբներու դէմ։ Անոնք զօրք կը հաւաքեն ու ճամբայ կ՛իյնան։ Աշոտն ու իր կողմնակիցները չեն հանդիպիր ոչ մէկ ապստամբի։ Անոնք կը փակուին Աւերակ բերդի մէջ, այնտեղ գիշերելու համար, սակայն գիշերը՝ յանկարծակի, Ցլիկ Ամրամն ու Բերը բերդը կը շրջապատեն։ Մարզպետունին եւ ուրիշ քաջեր հերոսաբար կը դիմադրեն ապստամբներուն։ Աշոտ Երկաթը խորամանկ քայլի մը կը դիմէ. ան իր ձիով եւ երկու ձիաւորով անսպասելիօրէն յառաջ կը սլանայ խաւարի միջով՝ դիմադրելով դիմացը յայտնուող ապստամբներուն ու կը յաջողի դուրս շպրտել զանոնք շրջապատումէն։ Իսկ Ցլիկ Ամրամը առանց դժուարութեան բերդ կը խուժէ եւ իմանալով, որ Աշոտը փախած է, սաստիկ կը զայրանայ, սակայն ազատ կ'արձակէ Մարզպետունիին եւ անոր զինուորներուն։
Երկրորդ մաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկրորդ մասը կը սկսի՝ Այրիվանք բերդի իրադարձութիւններով։ Այստեղ իր կողմնակիցներու հետ ապաստան կը գտնէ Հայաստանի կաթողիկոս Յովհաննէս Ե. Դրասխանակերտցին։ Ան փախած է մայրաքաղաք Դուինէն՝ արաբ ոստիկան Նսերից՝ թողնելով իր կաթողիկոսական գահը։ Այրիվանքի մէջ կաթողիկոսն ու մնացած հոգեւորականները կը շարունակեն իրենց եկեղեցական կեանքը։
Օր մըն ալ լուր կը հասնի, որ արաբ զօրապետ Բեշիրն իր զօրքի հետ կը մօտենայ Այրիվանք։ Կաթողիկոս Յովհաննէսը կ՛որոշէ փախչիլ Գառնի։ Որոշ հոգեւորականներ կը հեռանան անոր հետ, միւսները կը մնան՝ իբր պատուով ընդունելու թշնամիին։ Անոնք կը թաքցնեն բերդի բոլոր հարստութիւններն ու գանձերը եւ առանց որեւէ դիմադրութեան ներս կը թողուն զօրապետ Բեշիրին։ Վերջինս ծանր տանջանքներու կ՛ենթարկէ հոգեւորականներուն՝ պահանջելով, որ անոնք խոստովանին գանձերու տեղը։ Սակայն անոնք կտրուկ կը հրաժարին, որմէ ետք Բեշիրը կը հրամայէ մահապատժի ենթարկել բոլորին։ Բոլորը կը ձգեն միայն վարդապետ Մովսէսի, որ պէտք է երթար կաթողիկոսի մօտ եւ ցոյց տար իր վէրքերը։
Գէորգ Մարզպետունին կը ժամանէ Գառնի։ Ան կը պատմէ թագուհի Սահականոյշին Աւերակ բերդին մէջ կատարուածի մասին եւ կը յայտնէ, որ արքան որոշ ժամանակով մեկնած է Կաքաւաբերդ։ Գառնի կ՛այցելէ նաեւ կաթողիկոս Յովհաննէսը՝ Մովսէս վարդապետի եւ եպիսկոպոս Սահակի հետ։ Անոնք կը պատմեն, ինչ որ կատարուած էր Այրիվանքի մէջ։ Մարզպետունին կը կշտամբէ կաթողիկոսին անոր փախուստի համար եւ խորհուրդ կու տայ վերադառնալ Դուին ու չվախնալ ոստիկան Նսերէն։ Կաթողիկոսը սկզբը կը համաձայնի, սակայն քանի մը օր ետք կը զղջայ ու կը մեկնի Սեւանայ կղզի։ Անկէ ետք ան կ՛ուղղուի Բիւրական։ Աշոտ Երկաթը նոյնպէս Սեւանայ կղզի կը հեռանայ։ Հոգեկան ծանր ցնցումներու մէջ ան կ՛որոշէ մշտապէս այնտեղ մնալ։ Արքան ծանր կ՛ըլլայ Աւերակի մօտ իր կրած պարտութիւնը, իսկ Սահականոյշին դաւաճանելու փաստը անոր հանգիստ չի տար։ Վերջինս իմանալով, որ Աշոտը Սեւանի մօտ կ՛երթայ, կ՛ուղղուի ամուսինի մօտ։
Բիւրականի մէջ խաղաղ կեանք կը տիրէ։ Կաթողիկոս Յովհաննէսը գոհ է տեղի իրավիճակէն։ Սակայն շատ շուտով լուր կը հասնի, որ արաբ զօրապետ Պեշիրը իր զօրքերու հետ կը մօտենայ քաղաք։ Կաթողիկոսը այս անգամ ալ կ՛որոշէ փախուստի դիմել։ Այդ փաստը պէտք է թաքուն պահուէր քաղաքի բնակիչներէն։ Քաղաքին մէջ կը մնան կաթողիկոսի մտերիմներ՝ Մովսէս վարդապետը եւ եպիսկոպոս Սահակը։ Բիւրականի բոլոր բնակիչները դիմադրութեան կը պատրաստուին։ Անոնց կը միանայ դուրսէն եկած Սողոմոն ճգնաւորի զօրքը։ Եւ ահա Պեշիրի զինուորները կը յարձակին Բիւրականի պարիսպներու վրայ։ Երկար օրեր կատաղի մարտեր կ՛ընթանան։ Քաղաքի բնակիչները աշխուժ դիմադրութիւն ցոյց կու տան, եւ արաբներու ամբողջ ռազմական կարողութիւնները ապարդիւն կ՛անցնին։ Յաղթանակը հայերու կողմն էր։
Օր մըն ալ ծեծկռտուք տեղի կ՛ունենայ Սողոմոն ճգնաւորի, երկու զինուորի եւ Բիւրականի քանի մը բնակիչներու միջեւ։ Երկու զինուորները կ՛որոշեն բողոքել կաթողիկոսին, սակայն իմանալով, որ վերջինս երկչոտօրէն փախչած է՝ կը հիասթափուին ու շատ կը զայրանան։ Անոնք կ՛որոշեն դաւաճանել իրենց հաւատարիմներուն եւ Պեշիրի հետ թաքուն գործարք կը կնքեն։ Գիշերով երկու զինուորները կը բանան քաղաքի դարպասները ու ներս կը թողուն թշնամիներուն։ Արաբները կը սպասեն քաղաքին բոլոր մարդոց եւ կը ջարդեն Բիւրականը։ Սպանուածներու շարքին մէջ էին նաեւ Մովսէս վարդապետը, եպիսկոպոս Սահակը, Սողոմոն ճգնաւորը, հերոս հոգեւորականներ Դաւիթն ու Մովսէսը, անոնց եղբայր Սահակը եւայլն... Այս դէպքը տեղի ունեցաւ 17 Ապրիլ 924 թուականին։
Այն երկու հայ դաւաճաններուն՝ Պեշիրը ուղեկցեցաւ ոստիկան Նսերի մօտ։ Վերջինս կը հրամայէ գլխատել երկուքին ալ՝ ըսելով, որ եթէ իրենք կարողացան դաւաճանել հայրենակիցներուն, ապա հագարացիներուն առաւել եւս հաւատարիմ չեն մնար։
Գէորգ Մարզպետունին՝ իմանալով Բիւրականի ողբերգական դէպքի մասին, լրջօրէն կը մտածէ նոր ազատական տարբերակներու մասին։ Իշխանը կը հաւաքէ Գառնիի ամրոցի բոլոր բնակիչները եւ կոչ կ՛ընէ ժողովուրդին իր հետ կռուի դաշտ իջնել, սակայն իրեն կը միանայ միայն տասնինը զինուոր։ Անոնցմէ էին Մարզպետունիի մօտիկ ընկեր Վահրամ Սեպուհը, եւ որդին՝ Գոռը։ Անոնք հանդիսաւոր երդում կու տան նախկին կաթողիկոս Մաշտոցի գերեզմանի մօտ, որ կը պայքարին մինչեւ վերջ։ Մարզպետունին երդում կու տայ, որ պիտի չվերադառնայ Գառնի, մինչեւ երկրին մէջ մնայ նոյնիսկ մէկ հագարացի։ Անկէ ետք Մարզպետունին ու իր քաջերը կը մեկնին Սեւանայ կղզի, որպէսզի Աշոտ Երկաթի օրհնութիւնը ստանան։
Անոնք կ՛որոշեն գիշերը անցնել Գեղի ամրոցին մէջ։ Մարզպետունին կը նկատէ, որ կողքի լերան լանջերուն կը գիշերէ արաբ զօրապետ Պեշիրի բանակը։ Իշխանը կը ցանկանայ սկսիլ ճակատամարտը եւ կոչ կ՛ուղղէ Գեղիի բնակիչներուն շարուիլ լերան տակ ու կատաղի գոռոցներ արձակել, որպէսզի արաբները մտածեն, թէ հայ զինուորներու քանակը մեծ է։ Իսկ Մարզպետունին իր տասնինը քաջերու հետ, թշնամիի ճամբան կը ներխուժէ ու թաքուն կը հրկիզէ զայն։ Քունէն ետք դեռ նոր արթնացած հագարացիք, խուճապահար կը սկսին այս ու այն կողմ փախչիլ։ Մարզպետունին ու իր զինուորները կը կարողանան բազմաթիւ թշնամիներ ոչնչացնել։ Պեշիրը կը փախչի։ Այս մէկը փառահեղ յաղթանակ էր։
Աշոտ Երկաթը, իմանալով Մարզպետունիի հերոսութիւններու մասին, կ՛ոգեւորուի եւ կ՛որոշէ ոտքի ելլել։
Կատաղած Պեշիրը կ՛որոշէ սպանել Հայաստանի արքան։ Ան իր նոր բանակի հետ կու գայ Սեւանայ լիճի աւազան եւ արքային հասնելու խորամանկ քայլերու կը դիմէ։
Աշոտ Երկաթը, ըմբռնելով իրավիճակի լրջութիւնն ու վտանգը, կ՛երթայ կտրուկ քայլերու։ Իր հարիւր զինուորներէն ան կ՛առանձնացնէ եօթանասունին եւ անոնց տասը լաստերու մէջ կը տեղաւորէ՝ ամէն լաստի մէջ եօթ զինուոր։ Ինքը՝ Աշոտը, կը գտնուէր փոքր լաստի մը վրայ, իր քանի մը թիկնապահներու հետ։ Այդպէս անոնք կը թիավարեն դէպի հագարացիներու ափը եւ Աշոտի հրամանով կը սկսին նետահարել թշնամիներուն։ Հագարացիք նոյնպէս կը սկսին նետեր արձակել, բայց ապարդիւն, որովհետեւ անոնց կը խանգարէր հայերու լաստերու ետեւէն կուրացնող վառ արեւի շողերը։ Պեշիրի բանակի մօտ կէսը կը զոհուի, մնացածը փախուստի կը դիմեն զօրապետի հետ։ Յաղթանակը Աշոտ Երկաթի կողմն էր։ Այդ յայտնի՝ Սեւանի ճակատամարտն էր։
Մարտի ժամանակ Աշոտ Երկաթին նետ կը խոցուի, որ ըստ բժիշկի թունաւորուած էր եւ Աշոտի կեանքին վտանգ կը սպառնար։
Գէորգ Մարզպետունիի նոր կազմաւորած հազարանոց բանակը Պեշիրի փախչող զօրքին կը հանդիպի: Անոնք մէկ անգամ եւս պարտութեան կը մատնեն հագարացիներուն, սակայն Պեշիրը այս անգամ ալ կը յաջողի փախչիլ։ Ան հրաշքով կը փրկուի։
Երրորդ մաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գէորգ Մարզպետունին կու գայ Բագարան, ուր կը թագաւորէ՝ Աշոտ Երկաթի հօրեղբայրը՝ Աշոտ Բռնաւոր սպարապետը: Այստեղ ապաստան գտած է հայոց կաթողիկոսը: Վերջինիս իշխան Մարզպետունին կը համոզէ վերադառնալ Դուին եւ կ՛երաշխաւորէ, որ ոստիկան Նսերը չի համարձակիր վնաս պատճառել հայոց վեհափառ տիրոջը, քանի դեռ հայ զինուորները կանգնած կ՛ըլլան Դուինի պարիսպներու տակ։ Կաթողիկոս ՅՅովհաննէսը կը համաձայնի, սակայն Մարզպետունիի հեռանալէ ետք, անոր կը մտափոխէ Աշոտ Բռնաւորը, որ իրականին իր խարդախ ծրագիրներն ու նպատակները ունէր։ Աշոտ սպարապետը թաքուն գործարք կնքած էր ոստիկան Նսերի հետ։ Աշոտը խորամանկութեան կը դիմէ եւ արդիւնքը այն կ՛ըլլայ թէ կաթողիկոսը կը մեկնի Վասպուրական` Գագիկ Արծրունիի մօտ: Անկէ ետք Գէորգ Մարզպետունին կ՛ուղղուի Երազգաւորս, ուր կը բնակէր արքայի հարազատ եղբայրը Աբասը: Եղբայրները արդէն երկար տարիներ նեղուած են եւ չեն յարաբերիր իրար հետ: Իշխան Մարզպետունին կը խնդրէ ու կը համոզէ Աբասին ներել եղբօրը ու հաշտուիլ իրեն հետ: Ըստ իշխանի`այդ հանգամանքը կը ստիպէ Աշոտին լքել Սեւանը եւ վերադառնալ նախկին գործերուն։ Աբասը կը համաձայնի եւ անոնք երկուքով կ՛ուղղուին Սեւան։ Արքան կ՛ընդունի ու կը հաշտուի եղբօր հետ։ Աշոտ Բ-ը արդէն համարեա' ապաքինած է թունաւոր նետի ազդեցութենէն։
Անոնք բոլորը միասին կը մեկնին Երազգաւորս եւ քանի մը օր ճոխ խնճոյքի կը մասնակցին։ Յանկարծ կը ժամանէ ոստիկան Նսերի սուրհանդակը։ Անոր հետ կ՛ըլլայ իշխան Բաբգէնը, որուն հագարացիք բանտէն ազատ արձակած են։ Ազատած են նաեւ Բաբգէնի երկրորդ եղբօրը, իսկ երրորդ եղբօրը Սահակին՝ ըստ սուրհանդակի խօսքերու, կը պահեն Դուինի ամրոցներիէն մէկուն մէջ։ Սուրհանդակը կը փոխանձէ, որ Նսերը կը ցանկայ հաշտութեան պայմանագիր կնքել։ Աշոտը կը ստորագրէ պայմանագիրը, իսկ աւելի ուշ կը խոստանայ Բաբգէնին, որ պիտի ազատ արձակէ իր եղբօրը, որուն ըստ հաւանութեան իրականին, սովորական պատանդի պէս կը պահեն մինչ այդ օրը։
Արդէն կ՛աւարտի 925 թուականը։ Երկրին մէջ դեռ խաղաղ կեանք կը տիրէր, սակայն Գէորգ Մարզպետունին միեւնոյնը չէր կրնար հարազատ տուն վերադառնալ, որովհետեւ հաւատարիմ կը մնար իր տուած երդումին։ Երկրին մէջ կ՛ապրէին անմեղ ու սովորական հագարացի բնակիչներ, որոնց պատճառով իշխանը չէր վերադառնար Գառնի` իր կնոջ ու որդիի մօտ:
Մարզպետունին եւ Աշոտ Երկաթը կ՛որոշեն ստիպել Յովհաննէս կաթողիկոսին վերադառնալ Դուին ու տիրել կաթողիկոսարանին: Սակայն, երբ իշխանը ճամբայ կ՛իյնայ Վեհափառ տիրոջ մօտ, լուր կը հասնի, որ կաթողիկոսը յանկարծամահ եղած է`Վասպուրականի մէջ։ Աշոտը հաշտութեան պայմանագիր կը կնքէ՝ Գագիկ Արծրունիի հետ եւ անոնք միասին նոր կաթողիկոս կ՛ընտրեն։
Որոշ ժամանակ ետք՝ բոլորին յայտնի կը դառնայ, որ Ցլիկ Ամրամը, յանձնած է հիւսիսային նահանգներ՝ Գուգարք, Տայքը եւ Ուտիքը աբխազաց իշխան Բերին։
Մարզպետունին կ՛այցելէ Ամրամին, փափաքելով իմանալ, թէ ինչու վերջինս այդպէս վարուած է։ Իշխանի հարցերէն ետք, Ամրամը կը պատմէ իր ողբերգական պատմութիւնը։ Կը պատմէ, թէ ինչ պատահած է իր կնոջ՝ Ասպրամի հետ։ Երբ իմացաւ, որ Ասպրամը կը դաւաճանէր իրեն արքայի հետ, հրամայեց իր ծառաներուն կնոջը բանտարկել մութ ամրոցի մէջ, այդպիսով Ամրամը կը փափաքէր դաժան կերպով պատժել դաւաճան կնոջը։ Որոշ ժամանակ ետք Ամրամը խղճաց Ասպրամին եւ որոշեց եւս մէկ հնարաւորութիւն տալ իրեն։ Սակայն երբ բաց կը ձգէ ամրոցի դուռը կը տեսնէ, որ տանջուած Ասպրամը դժբախտութենէն կախուած է։ Անկէ ետք ան զայրացած վիճակի մէջ կը յանձնէ հիւսիսային նահանգները Բերին։
Մարզպետունին կ՛ընկալէ Ցլիկ Ամրամի ամբողջ ցաւը ու անոր ծանր դրութեան մէջ կը մտնէ։
Յանկարծ լուր կը հասնի, որ արքան ծանր հիւանդ է։ Շատոնց նետի թոյնը՝ ձգած է իր ազդեցութիւնը։
Մարզպետունին արագօրէն Երազգաւորս կը մեկնի եւ վերջին անգամ կը զրուցէ արքայի հետ։ Շուտով Աշոտ Երկաթը կը վախճանի։ Գահ կը բարձրանայ Աշոտի եղբայր՝ Աբաս Ա-ն։
Կ՛որոշեն Աշոտ Երկաթին թաղել Բագարանի մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը քանի մը օր կը շարունակուէր։ Այնտեղ հաւաքուած էին Երազգաւորսի ամբողջ ժողովուրդն ու բոլոր կարեւոր անձինք։
Բագարանի թագաւոր՝ Աշոտ Բռնաւոր սպարապետը կ՛օգտագործէ Աշոտի յուղարկաւորութիւնը իր մութ ու դաժան նպատակներու համար։ ԱՆ կ՛որոշէ պատանդ վերցնել Գէորգ Մարզպետունին, Աբաս Ա-ին, որպէսզի յետագային ոստիկան Նսերի օգնութեամբ՝ Հայաստանի արքայ հռչակուի։
Յուղարկաւորութենէն ետք Բռնաւորը կը հրամայէ իր զինուորներուն յարձակիլ եւ գերեվարել Մարզպետունիին ու Աբասին։ Վերջիններս կը սկսին հերոսաբար դիմադրել, մինչեւ անոնց կը միաւորուին իշխանի որդին՝ Գոռը իր մարտիկներով։ Աշոտ Բռնաւորի նպատակը կը ձախողի եւ ան փախուստի կը դիմէ։
Հայ զօրավարներու յաջորդ նպատակը մայրաքաղաք Դուինի ազատագրումն էր։ Իշխան Բաբգէնը իր զօրքով կը յաջողի նուաճել Դուինի գլխաւոր ջրամբարը։ Ոստիկան Նսերի հրամանով, Պեշիրի զօրքը դիմադրութիւն ցոյց կու տայ։ Անոնց օգնութեան կը հասնի զօրավար՝ Վահրամ Սեպուհի զօրքը։ Յաղթանակը հայերու կողմն էր։ Նսերը ստիպուած հայերուն կը յանձնէ մայրաքաղաքը։ Անոր համար հայ հրամանատարները կը պահպանեն հագարացիներու կեանքը։
Կ՛անցնի տասնհինգ տարի։ Երկրին մէջ ամէն ինչ հանգիստ է։ Հայաստանը դեռ կը կառավարէ Աբաս Ա-ն։ Նոր մայրաքաղաք հռչակուած է՝ Կարսը: Հայ-արաբական պատերազմը կարծես թէ աւարտած էր, սակայն Գէորգ Մարզպետունին հաւատարիմ կը մնար իր հին երդումին։ Երկրին մէջ դեռ կ՛ապրէին խաղաղ հագարացիներ։
Իր մասին տեղեկութիւն կու տայ աբխազաց իշխան Բերը, որ իր բանակով կ՛արշաւէ Հայաստան, որպէսզի իրեն վերադարձնէ հիւսիսային գաւառները։ Անոնք իբրեւ նուիրած է Բերին, արդէն վախճանուած՝ Ցլիկ Ամրամը։ Այն ժամանակ հայերը կրցան վտարել Բերին։
Աբասն ու Մարզպետունին մեծ բանակ կը հաւաքեն եւ կը ջարդեն Բերի զօրքը։ Աբասը հրաման կու տայ կուրցնել Բերին։
Կ՛անցնի եւս քանի մը տարի։ Արդէն ծերացած իշխան Գէորգ Մարզպետունին կը վախճանի։ «Հայրենիքի բարերարին» կը յուղարկաւորեն Բագարանի մօտակայքը։
Հայրենասիրական շունչը վէպի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Գէորգ Մարզպետունի» պատմավէպին մէջ առկայ է հայրենասիրական մեծ ոգի եւ շունչ։ Գիրքի հեղինակը՝ Մուրացանը, իր ընթերցողներուն հայրենասիրութիւն ու խիզախութիւն կ՛ուսուցանէ։ Ահա այդ է ստեղծագործութեան հիմնական գաղափարն ու իմաստը։ Բացի այդ հեղինակը վէպի միջոցով կը հաղորդէ իր անծայրածիր սէրը հայրենիքի նկատմամբ։ Գիրքի բովանդակութիւնը, կարծես իւրօրինակ պատգամ ըլլայ երիտասարդ սերունդներուն, որոնք պէտք է դաստիարակուին գիրքի դրական հերոսներու նման։
Վէպին մէջ շատ կան հայրենասիրական ու հերոսական տեսարաններ։ Օրինակ տեսարանը, երբ Գէորգ Մարզպետունին կոյր իշխան ու ապստամբ Սահակ Սեւադայի կը համոզէ հրաժարիլ ապստամբութենէն եւ Աշոտ Երկաթէն վրէժ լուծելու միտքէն, յանուն հայրենիքի, հարազատ ժողովուրդի, սուրբ հաւատքի։ Սեւադան կը ներէ վերջինիս իր եւ իր որդիի դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը։ Այդ քայլի համար Մարզպետունին Սահակ Սեւադային «մեծ հայրենասէր» կը կոչէ։
Մեծ հայրենասիրական շունչ կը պարունակէ նաեւ այն տեսարանը, երբ Գէորգ Մարզպետունին երդում կու տայ հին կաթողիկոս` Մաշտոցի գերեզմանի վրայ, որ չի վերադառնար հարազատ օճախ, եթէ երկրին մէջ մնայ գոնէ մէկ հագարացի: Մինչեւ իր կեանքի վերջը` ան այդպէս ալ տուն չի վերադառնար, որովհետեւ երկրին մէջ դեռ կը բնակէին անմեղ, սովորական հագարացիներ։ Այսինքն երդումն ու հայրենիքն իրեն համար միշտ կը մնան առաջին տեղը, իսկ մնացած ամէն ինչը՝ երկրորդական է։ Ըստ Մարզպետունիի՝ հայրենիքը այդ սրբութիւններու սրբութիւնն է։ Յանուն անոր կարելի չէ խնայել բացարձակապէս ոչ մէկ բան։ Զուր չէ, որ Մարզպետունիի հայրենասիրական ու հերոսական կերպարը անմահացած է հայ ժողովուրդի մէջ, եւ որոշ մարդիկ մինչեւ այսօր ալ կը հաւատան այդ յաղթանդամ կերպարի հզօրութեանը։
Կամ տեսարանը, ուր Գէորգ Մարզպետունին կռուի դաշտ կ՛իջնէ տասնինը զինուորներով։ Չվախնալով մահէն, հայ քաջերը, անոնք պատրաստ են զոհաբերել սեփական կեանքը յանուն հայրենիքի փրկութեան։ Արդիւնքը այն էր, որ անոնց խիզախութիւնը յաղթանակով կը պսակուի։
Հրատարակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Գէորգ Մարզպետունի» վէպը հրատարակուած է բազմիցս[7]: Թարգմանուած է արտասահմանեան երկիրներու մէջ։ Վէպի հայկական հրատարակչութիւններէն են.
- Երկերու ժողովածու։ 5 հտ. / Մուրացան; Կազմ. եւ ծանօթագր.` Վ. Պարտիզունի; Խմբ.` Քր. Թափալցեան, Հր. Թամրազեան. - Երեւան։ Հայպետհրատ, 1951 1954. - 5 հ. : նկ. ; 20 սմ. Ծանօթագր. - Հ. 1 (1951, 552 էջ) Գէորգ Մարզպետունի - Հ. 4 (1953, 382 էջ)[8]:
- Գէորգ Մարզպետունի։ Սեղմավէպ / Մուրացան; Վերամշակ.` Ա. Աւետիսեան. - Երեւան: Գիտանք, 2007. - 63 էջ: նկ., դիմանկ. ; 17 սմ. - (Ուսուցողական գրադարան ; 1) 978-99941-822-0-6 Աւետիսեան, ԱՅ. վերամշակ. Սեղմավէպ[9]:
Քննադատութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ նշանաւոր գրող՝ Աւետիք Իսահակեանը, Մուրացանի մասին իր յուշերու մեջ, այսպես յիշատակած է «Գէորգ Մարզպետունի» վէպը[10].
«Գէորգ Մարզպետունի» ստեղծագործութեան մասին այսպէս գրած է հայ գրականագէտ Սերգէյ Սարինեանը[11].
Հայ դասական պատմավէպի գեղարուեստական մնայուն արժէքներէն է Գէորգ Մարզպետունի (1896) վէպը, ուր ամբողջական ու վերջաւորուած արտայայտութիւն գտած է Մուրացանի պատմափիլիսոփայութեան գեղագիտական կոնցեպցիան։ 1894-95 թուականներուն Թուրքիոյ մէջ սանձազերծուած հայկական ջարդերու անմիջական արձագանքը կայ վէպի ստեղծագործական մղումներով, եւ անոր առաջադրած էթիկական դրոյթը միանգամայն ուղղակիօրէն առնչուած են ազգային-ազատագրական պայքարի նորագոյն գաղափարախօսութեան հետ։ Վէպի նիւթը առնուած է 10-րդ դարու Բագրատունիների թագաւորական հարստութեան իրադարձութենէն։ Վերակերտելով պատմական Հայաստանի ռոմանտիկական բնանկարը՝ Մուրացանը հանգամանքներու թատերական հանգոյցի մէջ կ՛առնէ Աշոտ Երկաթ թագաւորի կերպարը եւ անոր անձի մեջ ստուգում ընդհանուրի ու մասնաւորի էթիկական սկզբունքը... - Սերգէյ Սարինյան
|
«Գէորգ Մարզպետունիի» մասին գրած է նաեւ ռուս բանաստեղծուհի՝ Իւլիայ Վարշամը[12].
վէպի թեման է` հայ ժողովուրդի պայքարը արաբական լուծի տակէն ազատուելու համար, որը կազմուած է իրական իրադարձութիւնների հիման վրայ։ Աշոտ Բ Բագրատունին (915-928) կոչուած` «երկաթէ, աշխոյժ ու համատեղ պայքար է տանում հայրենասէր իշխանների հետ, արաբական զօրքերի դէմ: Մուրացանը կարողացել է նշել Աշոտ Երկաթի առաջնային դերը Հայաստանի համախմբման մէջ։ Գրողը լաւ հասկանում էր, որ երկրի համախմբման գաղափարը` նոյնիսկ միապետական իշխանութեան, այն ժամանակուայ համար պրոգրեսիւ էր։ Աշոտ Երկաթի պայքարը չէր սահմանափակւում միայն ազգային խնդիրներով: Նա օգնում էր նաեւ հարեւան Վրաստանին վռնդել զաւթիչներին հարազատ երկրից...
Բնագիր (ռուս.)
Тема романа - борьба армянского народа за освобождение от арабского ига - основана на подлинных событиях. Ашот II Багратуни (915-928 гг.), прозванный «Железнымէ, вел совместно с патриотами-князьями ожесточенную борьбу против арабских войск. Мурацан сумел подчеркнуть передовую роль Ашота Железного в объединении Армении. Писатель хорошо понимал, что идея объединения страны, даже при монархическом управлении, для того времени была прогрессивной. Борьба Ашота Железного не была ограничена только национальными рамками. Он помогал и соседней Грузии изгнать захватчиков из родной страны. - Յուլիա Վարշամ
|
Յայտնի մեջբերումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոյր աչքը կը ներէ, կոյր սիրտը չի ներեր։ |
«Մի ձեռը ծափ կտայ» եւ «մի ծաղկով գարուն կգայ»: |
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մուրացան, Գէորգ Մարզպետունի։ Վէպ. - Եր.։ Լոյս, 1988. - 367 էջ։
- Հայ ժողովուրդի պատմութիւն, խմբագրութեամբ պրոֆ. Մ. Գ. Ներսիսեանի, Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, Երեւան - 1985
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Саринян. Армянская литература
- ↑ Аветик Исаакян. Мурацан
- ↑ Юлия Варшам. Григор-Тер Ованнисян (Мурацан)
- ↑ Մուրացան. կենսագրութիւն
- ↑ «Блог.ру - texekutyun - 2010 год. Մուրացան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-11-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-08
- ↑ Սեւանայ լիճ
- ↑ Գրքերի տեսութիւն[permanent dead link]
- ↑ Armenian Books Database[permanent dead link]
- ↑ Armenin Books Club.am[permanent dead link]
- ↑ Ավետիք Իսահակյան. Մուրացան
- ↑ Մուրացանի ռոմանտիկական պատմահայեցեթությունը
- ↑ Իւլիայ Վարշամ. Գրիգոր-տեր Յովհաննիսեան (Մուրացան)