Գիրք

Գիրքեր

Գիրք, ձեռագիր, տպագիր կամ այլ գրիչի վրայ գրական-գեղարուեստական, հասարակական-քաղաքական եւ գիտական բովանդակութեամբ ստեղծագործութիւն է։ Ներկայիս ամենաշատ տարածուածը թուղթի վրայ տպագրուած գիրքն է,

Ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Book» բառը ծագած է հին անգլերեն "bōc" բառէն, որ կը սեռի գերմաներէն "*bōk-" արմատէն եւ կը նշանակէ հաճարենի։ Նոյն ձեւով սլավոնական լեզուներուն մէջ (օրինակ՝ ռուսերէն, Պուլկարերէն, մակեդոներէն) "буква" բառը ծագած է "beech" բառէն։ Ռուսերէնի մէջ, սերպերէնի մէջ ե մակեդոներէնի մէջ "букварь" (bukvar') կամ "буквар" (bukvar) բառը կը նշանակէ տարրական դպրոցի գիրք-տետր, որ կ'օգնէ երեխաներուն սորվիլ գրել եւ կարդալ։ Ըստ այս բոլորին՝ ենթադրութիւններ եղած են, որ հին հնդեւրոպական գրութիւնները փորագրուեր են հաճարենիի փայտի վրայ։ Նոյն ձեւով լատիներէն codex բառը, որ ներկայ իմաստով գիրք կը նշանակէ, նախապէս նշանակեր է փայտի կտոր։

Գիրքի կազմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը կազմուած է բնագիրէ, տիտղոսաթերթէ եւ կազմէ, եւ որ այս վերջինը երբեմն կ'ունենայ կազմաշապիկ։ Տիտղոսաթերթին վրայ կը գրուին հեղինակին անունը եւ գիրքին վերնագիրը, հրատարակութեան վայրը եւ տեսակը, հրատարակչատունը եւ վերջապէս տպագութեան տարեթիւը։

Գիրքին ստեղծումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքին սկզբնաւորումը կապուած է գիրի ստեղծման հետ, որ քանի մը հազար տարուան պատմութիւն կ՛ընդգրկէ։ Անցեալին բաբելոնցիները, ասորեստանցիները եւ այլ հին ժողովուրդներ ընդհանրապէս գրած են կաւէ պատրաստուած սալիկներու վրայ։ Ք․ա․ 3-րդ հազարամեակին այդ սալիկներուն վրայ գրուած գեղարուեստական հնագոյն՝ ասուրաբաբելական «Կիլկամեշ» դիւցազնավէպը մինչեւ այսօր պահպանուած է։ Այսպիսի ձեւով կազմուած գիրքերէն է ստեղծուած առաջին գրադարանները։ Չինաստանի մէջ գրած են բամպակէ պատրաստուած շերտիկներու վրայ եւ շարած ամուր թելի մը վրայ։ Աւելի ուշ չինացիները գրած են մետաքսի վրայ, իսկ Ք․ե․ 2-րդ դարէն սկսեալ՝ թուղթի։ Հին Եգիպտոսի մէջ նախ գրած են կաւէ սալիկներու, եւ այնուհետեւ՝ պապիրոսի վրայ, որ եղէգի կոխած շերտիկներ իրարու փակած քանի մը տասնեակ մեթր երկարութեամբ ժապաւեն էր եւ կը պահուէր գլանաձեւ փաթթուած։ Ք.ա. 2-րդ դարուն Պերգամոն քաղաքին մէջ կենդանիներու կաշին օգտագործելով պատրաստուած է նոր գրանիւթ եւ քաղաքին անունով կոչուած է պերգամենտ։ Այն մեր գիտցած մագաղաթն է։ Մագաղաթէ ամենահին ձեռագիրը Հոմերոսի «Իլիական» բանաստեղծութիւնն է՝ 3-րդ դարուն գրուած հատուած։ Մագաղաթը պապիրուսէն աւելի ճկուն ու ամուր էր, եւ դիւրութեամբ ծաւալուած, իսկ ծալլուածքի մասին մէջ թերթերը կարուած եւ միացուած էին իրարու։ Միջնադարուն մագաղաթէ թերթերը կ'ամփոփուէին կաշեպատ կամ լաթապատ փայտէ կազմի մէջ։

Գիրքի զարգացումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքի զարգացման եւ ժողովրդականացման խոշոր ազդակ էր Եոհան Կիւդենպերկի տպագրութեան գիւտը 1447 թուականին, որ դարձաւ գիրքի տպագրութեան հիմքը։ Հայաստանի մէջ, թուղթը իբրեւ գրանիւթ, օգտագործուած է 8–9-րդ դարերու ընթացքին։ Տպագրութիւնը 15-րդ դարուն զգալիօրէն ազդած է գիրքի զարգացմանն ու տարածմանը։ Հայերէն առաջին գիրքերը՝ ձեռագիր մատեանները, ստեղծուած են V դարուն, հայոց գիրի գիւտէն ետք։ Պահպանուած հնագոյն ձեռագիր մատեանը VII դարուն ստեղծուած Վեհամօր Աւետարանն է։ Ձեռագիր մատեաններ ստեղծուած են մինչեւ 18-րդ դարուն վերջը։ Թուղթի վրայ մեզի հասած առաջին ձեռագիր գիրքը ընդօրինակուած է 981 թուին։ Մինչեւ 1800 թ. տպագրուած գիրքերը կը կոչուին հնատիպ։ Անոնք բազմաբովանդակ են, բայց կ'ընդգրկեն կրօնական բնոյթի գիրքերը։ Հրատարակուած են քիչ տպաքանակներով, մեծամասնութեամբ՝ կաշեպատ զարդարուն կազմերով։ Հայերէն հնատիպ գիրքերուն թիւը կ'անցնի 1000-ը։ 1801-50 թուականներուն հրատարակուած է շուրջ 1700 անուն գիրք: Ներկայիս Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներուն մէջ ամէն տարի լոյս կը տեսնէ հազարաւոր հայերէն գիրքեր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։