Գարեգին Ամատեան
| |
Ծնած է | 26 Նոյեմբեր 1888 |
Ծննդավայր | Անջրդի, Արաբկիրի գաւառակ |
Մահացած է | 24 Ապրիլ 1982 (93 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Կրթութիւն | Լոզանի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | հոգեբոյժ, հանրային գործիչ |
Զաւակներ | Մասիս Ամատեան |
Ամատեան Գարեգին (26 Նոյեմբեր 1888, Անջրդի, Արաբկիրի գաւառակ - 24 Ապրիլ 1982, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ բժիշկ, բանասէր եւ ազգային-հասարակական գործիչ։
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախնական ուսումը մեծ մասամբ ստացած է Երզնկա: Երկրորդական ուսումը՝ Պէրպէրեռն եւ յետոյ Վենետիկի Մ. Ռափայէլեան վարժարաններուն մէջ, երկուքէն ալ շրջանաւարտ ըլլալով:
1903-1913 բժշկութիւն կ'ուսանի Լօզան եւ յաջողութեամբ կ'աւարտէ Համալսարանի ընթացքը: 1914-էն 1913 Լօզանի նահանգային մտային հիւանդանոցին մէջ կ'աշխատի եւ ձեռք կը բերէ մըտային եւ ջղային հիւան դութեանց մասնագիտութիւն: Այդ տեղ կը գնահատուի իր պաշտօնավարութեան մէջ եւ իր այդ մասնագիտական ճիւղերուն «շէֆ տը ֆլինիք»ի տիտղոսը կը ստանայ:
1919-ին կ'անցնի Կիլիկիա, իբրեւ անդամ Ազգային Պատուրակութեան կողմէ հոն զրկուած բժշկական առաքելութեան: Ապա կը մկնի Իզմիր, ուր կը հաստատուի իբրեւ բժղիկ (1919-22) եւ կը մնայ մինչեւ քաղաքին Յոյներու կողմէ պարպումը:
Պէյրութ անցնելով ՀԲԸ Միութիւեան որբանոցներուն բժիշկ եւ տնօրէն կրկնակ պաշտօնները կը վարէ, 1928-30, կարճ շրջան մը Կիպրոսի մէջ բժկութեամբ պարապելէ ետք կ'անցնի Փարիզ ուր երեք տարիէն աւելի կը նուիրուի ներքին եւ ընդհանուր բժշկութեան կատարելագործումին եւ նոր մասնագիտութիւններ ձեռք կը բերէ:
1934-ին կը հաստատուի Գահիրէ իբրեւեւ բժիշկ: Տոքթ․ Ամատեան կանուխէն ունեցած է գիտական գրական եւ ազգային Հասարակական գործունէութիւն իբրեւ գիտական գործ՝ յիշատակենք «Ալգոլամոլները այլասերուածնե՞ր են» ուսումնասիրութիւնը ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած փրոֆ. Պրայսիկի հետ հոգեվերլուծումը, հայերէն հրատարակութիւն բազմաթիւ հայ թերթերու մէջ բժշկական, առողջապահական եւ բժշկա-մանկավարժական նիւթերու շուրջ օգտաշահ ուսումնասիրութիւններ եւ քրոնիկներ հրատարակած է։ Բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր գտնուած է բժշկա-առողջապահական նիւթերու շուրջ բանախօսութիւններ կատարող է։
Գրական մարզին մէջ՝ հրատարակած է այլ եւ այլ թերթերու մէջ՝ քերթուածներ։ Ազգային հասարակական մարզին մէջ՝ Եւրոպա գտնուած միջոցին հայկական դատի եւ մշակոյթի վրայ ֆրանսերէն լեզուով բանախօսութիւնները կատարած է եւ աշխատակցած է Զուիցերիական բազմաթիւ թերթերու։ Հրատարակած է թերթերդու մէջ Հայկ. խնդրին պատմութիւնը եւ այլ նիւթերու շուրջ։ Աշխատակցած է գլխաւորաբար «Gazette de Lausann» եւ «Tribune de Gen ve» թերթերդու մէջ, բացի վերոյիշեալ գիտական յօդուածներէն՝ գրած է նաեւ բազմաթիւ ազգային հասարական հրատապ խնդիրներու մասին յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ։ Եղած է անդամ Իզմիրի ուսումնական խորհուրդին եւ հոգաբարձու վարժարաններու, Նիկոսիա եւ Գահիրէ։
Ինքն է որ առաջին անգամ Հայոց մէջ «Ֆրոյտիզմ»ը ծանօթացուցած է իր հրատարակութիւններով։ Տոքթ. Ամատեան սահուն կերպով կը խօսէր եւ կը գրէր ֆրանսերէն, եւ այս լեզուով հրատարակած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ։ Հայ թերթերէն գլխաւորաաբար աշխատակցած է ՀՕԿ-ի Փարիզի թերթերուն, Արեւի, Հ. Կոչնակի, Լիբանանի, Արեւելեան Մամուլի, Արաքսի եւ բազմաթիւ այլ թերթերու։
Ան կը մահանայ 1982 թուականին, Երեւան։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հայ Հանրագիտակ», Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Ա․ հատոր, էջ 122-123։