Jump to content

Գառնիկ Մկրտիչեան

Գառնիկ Մկրտիչեան
Ծնած է 10 Ապրիլ 1962
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 6 Յունուար 2021
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Հայաստան, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Մայրենի լեզու Հայերէն, Արաբերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն
Կրօնք Քրիստոնէութիւն
Գործունէութիւն ՀՄԸՄ
Կուսակցութիւն ՀՅԴ

Գառնիկ Մկրտիչեան կամ Գառնիկ Բիւզանդ Մկրտիչեան (10 Ապրիլ 1962 Պէյրութ, Լիբանան - 6 Յունուար 2021 Պէյրութ, Լիբանան) (անգլերէն՝ Karnig Meguerditchian) լիբանանահայ ազգային, հասարակական, մշակութային, մարզական եւ կուսակցական գործիչ։[1]

Գառնիկ Մկրտիչեան ծնած է 10 Ապրիլ 1962-ին։ Ան իր կրթութիւնը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին եւ Զմմառեան միաբանութեան Ս. Պօղոս վարժարանին մէջ։ Հօրը կանխահաս մահուան պատճառով Մկրտիչեան կանուխէն կը նետուի գործի ասպարէզ։[2] 1987-ին ամուսնացած է Մարալ Պալապանեանի հետ եւ ունեցած է երկու մանչ զաւակներ՝ Բիւզանդ եւ Նժդեհ։[3]

Ազգային Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գառնիկ Մկրտիչեան երիտասարդ տարիքին մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին։[2]

Իբրեւ հայկական մարզական եւ սկաուտական մեծագոյն կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, ան աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՄԸՄ-ի կառոյցի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան ծաւալման մէջ։[2]

Քսանմէկ տարեկանին կ՚ընտրուի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի անդամ, իսկ կարճ ժամանակ մը ետք՝ կոմիտէի ներկայացուցիչ։ Աւելի ուշ եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եօթը կազմերու եւ զանազան մարմիններու անդամ։ Մասնակցած է ՀՅԴ ընդհանուր ժողովներու եւ ՀՅԴ Լիբանանի շրջանի վերջին 35 տարիներու գրեթէ բոլոր ներկայացուցչական ժողովներուն։[4]

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դժուարին տարիներուն՝ աւելի քան տասնամեակ մը, վիթխարի գործ կը տանի շրջանի հայութեան մրմնական պաշտպանութեան եւ թաղային-կենցաղային հարցերու լուծման համար։[2]

Գառնիկ Մկրտիչեան անդամակցած է Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի մասնաճիւղերուն։ Գործած է իբրեւ խնամակալ՝ Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի եւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի։[2]

Գառնիկ Մկրտիչեան մաս կազմած է «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին։

Մկրտիչեան եղած է Ազգային երեսփոխանական ժողովի փոխատենապետ, Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի համաատենապետ։ Մահուան նախորդած վերջին շրջանին ան կը վարէր Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի ատենապետութեան պաշտօնը։[2]

Եղբայր Մկրտիչեան ծառայած է ազգային, մշակութային ու կրթական տարբեր մարմիններու եւ միութիւններու, սակայն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր միութան մէջ տարած իր գործունէութիւնը եղած է ամէնացայտունը․ նախ գործած է Պուրճ Համուտ-ի մասնաճիւղին ու ապա՝ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպական յանձնախումբին մէջ:

1980-ական թուականներէն ան կը մասնակցի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական բոլոր ժողովներուն, իսկ 1991-էն սկսեալ՝ ՀՄԸՄ-ի իրերայաջորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն։[2]

ՀՄԸՄ-ի մէջ հաւատքը իր մեծ դերը ունի, կայ նաեւ այն գաղտնիքը, որ միութեան շարքերուն մաս կազմողը գրեթէ դուրս չի գար անկէ, թէկուզ դառնայ ոչ գործօն: Այս գաղտնիքը ես հետեւեալ ձեւով վերլուծած եմ. հաւանաբար իրարու քոյր-եղբայր բառով դիմելը ընտանեկան գաղափարը կը դրոշմէ, իսկ ընտանիքը միշտ տարբեր է: Կայ նաեւ պատմական անցեալը այս միութեան, որ իր աշխատանքներուն սկսած է որբախնամ առաքելութեամբ, իրարու քով բերած է որբերը, որոնք քոյր-եղբօր նման ապրած են, իսկ ժամանակի ընթացքին միութիւնը տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Մենք՝ անոնց յաջորդները, կը շարունակենք քոյր եւ եղբայրներ ըլլալ, միութենականներ երբ քով քովի գան, որքան ալ օտար ըլլան ու անծանօթ, շուտով կը մտերմանան ՀՄԸՄ-ի երդիքին տակ: Ասիկա միութեան գաղտնիքն է, իսկ մենք այդ գաղտնիքով կը յառաջանանք:[5] Գառնիկ Մկրտիչեան

2003-ին, եղբ. Գառնիկ կը վերընտրուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ կը ստանձնէ միութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։[2]

Քառամեակի մը ընդմիջումէ ետք, 2011-էն 2019, երկու շրջան եւս կը վերստանձնէ ատենապետութեան պաշտօնը՝ միութիւնը առաջնորդելով ադամանդեայ յոբելեան՝ «100-ամեակ»։[2]

Գառնիկ Մկրտիչեան հետամուտ կ՚ըլլայ ՀՄԸՄ-ի կազմալոյծ մասնաճիւղերու վերականգնումին, Հայաստանի, Արցախի, Թիֆլիսի (Վրաստան) եւ Մոսկուայի (Ռուսաստան) մէջ նոր մասնաճիւղերու ստեղծման եւ Եւրոպայի տարածքին նոր մասնաճիւղերու հիմնադրութեան։[2]Ան գլխաւոր դեր կ՚ունենայ աշխարհով մէկ ՀՄԸՄ-ի շարքերը թարմացնելու, ընդարձակելու եւ առաւել աշխուժացնելու մէջ։[4]

Մենք լաւատես ենք մեր միութեան ապագայով ու ապագայի մեր յաղթանակներով: Մեր լաւատեսութիւնը բարի ցանկութիւններէ չի բխիր սակայն, այլ` մեր աշխատանքէն, կամքէն եւ համոզումէն, միշտ երիտասարդութեան ի սպաս գործելու մեր պատրաստակամութենէն, հայութեան եւ Հայաստանին անմնացորդ ծառայելու մեր երդումէն: Պատի՜ւ այսօր պատնէշի վրայ կանգնած սերունդին, որ 100-ամեակի ջահը ձեռքին` կը խոստանայ զայն առաջնորդել դէպի յաղթական ապագայ, դէպի միացեա՛լ հայութեամբ, միացեա՛լ, արդար ու հզօ՛ր Հայաստան: Գառնիկ Մկրտիչեան

2021 թուականի Յունուարի 6-ին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ «Թագաժահր» համավարակին (Անգլերէն՝ Corona, Covid 19) հետեւանքով։

Յունուարի 8-ի կէսօրին Անթիլիասի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ներկայացուցչական եւ ժողովրդային հոծ ներկայութեամբ տեղի կ՚ունենայ Գառնիկ Մկրտիչեանին յուղարկաւորութիւնը, մասնակցութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Թաղման արարողութեան նախորդած էր վերջին յարգանքի տուրքի մատուցումը՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան շէնքին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբին, Ազգային առաջնորդարանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքի եւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ:[6][7]

Պարգեւատրումներ ու Գնահատականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
ԲիւրականՀՄԸՄ Եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանի անուան բանակավայրին յիշատակի քարը։

2021 թուականի Հոկտեմբերի 30-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղին մէջ գտնուող ՀՄԸՄ բանակավայրը կ՚անուանուի Եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանին անունով, բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ականին յիշատակը վառ պահելու համար։[8]

Գառնիկ Մկրտիչեանի վաղաժամ մահուան առիթով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը անոր ընտանիքին հետ համախորհուրդ կը հիմնէ հիմնադրամ մը (Անգլերէն՝ Fund)՝ միութենական օգտակար եւ մնայուն ծրագիրով մը յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ միութենական (ՀՄԸՄ) ժառանգը:[9]

Յետ մահու ան կ՚արժանանայ «Հ.Մ.Ը.Մ.»-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշաններուն։[6] «Արժանեաց» շքանշանի տուչութիւնը կը կատարու Յառաջ Նահատակ քայլերգի ուղեկցութեամբ։[4]

Հայապահպանութեան գործին իր բերած մեծ նպաստին համար, եղբայր Գառնիկ 2012-ին կը պարգեւատրուի Սփիւռքի նապարարութեան Ոսկէ շքանշանով, իսկ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին ներդրած աւանդին համար, 2015-ին կ՚արժանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին «Երախտագիտութեան» շքանշանին։[4]

Վկայութիւններ Իր Մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուր որ ծառայութեան կարիքը կար, հոն էր Գառնիկը։ Հարցերուն մօտենալու իր հաւասարակշռուած ոգիով եւ իր շրջապատին նկատմամբ ունեցած հարգալից մօտեցումով, ան դարձաւ սիրելի ներկայութիւն բոլորին կողմէ․․․ Գառնիկը կը պատկանի այն գաղափարապաշտ ու մարտունակ սերունդին, որ իր ազգային մկրտութիւնը ու կազմաւորումը ստացաւ հայաբոյր ու հայակերտ ակումբին մէջ։ -
- Արամ առաջին Վեհափառ Հայրապետ


Գառնիկ Մկրտիչեան, կեանքդ լուռօրէն նուիրեցիր եւ լռութեամբ մեկնեցար: Միշտ պիտի յիշենք ընկերութեան, երիտասարդութեան, սկաուտութեան, մարմնակրթութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ին, ՀՅԴ-ին եւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդարանին նկատմամբ քու տածած անսահման նուիրումդ:

Քու ձգած սպիտակ մատնահետքերէն վերջինը եղաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին աշխատանքներուն մէջ քու ունեցած դերակատարութիւնը:

Իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս այս մեզ բոլորիս համար ծանրակշիռ կորուստին առիթով, մասնաւորապէս յարգարժան ընտանիքին։
- Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան


Ազնիւ եւ շրջահյեաց նկարագիրի տէր Գառնիկ Մկրտիչեանը մեծ ներդրում ունեցաւ Լիբանանհայ մարզական միութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ճիգերուն։
- ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութիւն


Գառնիկ Մկրտիչեանը պարզապէս ապրում էր Հայրենիքի հոգսերով ու խնդիրներով։ Ես տեսել եմ նրա հրճուանքը՝ Հայաստանի եւ Արցախի նուաճումների մասին լսելիս, զգացել նրա ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը՝ Մայր Հայերնիքի իւրաքանչիւր յաջողութեամբ։
- Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախկին նախարար։


Ընկեր Գառնիկը հաւատաւոր ու նուիրեալ կուսակցականն էր, եւ գաղափարի մարտիկը։ Եղած է միշտ կարգապահ, անշեղ սկզբունքներու տէր, համբերատար, լայնախոհ, նորարար, հաճելի զրուցակից, փոթորիկներու մէջ խաղաղ ափեր որոնող, եւ մանաւանդ՝ իր հայրենիքին ու հայութեան ծառայելու միշտ պատրաստ։
- Յակոբ Տէր Խաչատուրեան - ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ

[10][4]

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. User Super։ «Վերջին հրաժեշտ` Գառնիկ Մկրտիչեանին - Ալիք օրաթերթ»։ alikonline.ir (hy-am)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-06-13-ին։ արտագրուած է՝ 2023-06-13 
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐՆԵՐ - ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ - Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն https://www.homenetmen.org/
  3. «ՄԱՀԱԶԴ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2021-01-07։ արտագրուած է՝ 2023-06-13 
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 ՀՄԸՄՄարզիկ Ամսագիր՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Պաշտօնաթերթ, 4-րդ տարի, Թիւ 421։ Էջ՝ 48, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
  5. ««ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ըստ Արժանւոյն Նշումէն Ետք Դէպի Նոր 100-ամեակ Անցում Կատարեցինք Ուրախալի Եւ Հպարտալի Նորութիւններով` Միշտ Միութեան Նկատմամբ Նոյն Հաւատքով Ու Վստահութեամբ», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գառնիկ Մկրտիչեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-01-08 
  6. 6,0 6,1 Վերջին Հրաժեշտ` Գառնիկ Մկրտիչեանին - Ազդակ Օրաթերթ - Յունուար 9, 2021 https://www.aztagdaily.com/
  7. ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ` ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻՆ – Գանձասար (kantsasar.com) - Գանձասար Շաբաթաթերթ 9, Յունուար 2021
  8. «ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» Բանակավայրի Անուանակոչութեան Արարողութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-01-08 
  9. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան Ֆոնտ» – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) 7, Յունուար 2021
  10. Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Կը Գուժէ Գառնիկ Մկրտիչեանի Մահը www.aztagdaily.com Յունուար 9, 2021