Jump to content

Օրորա Մարտիկանեան

(Վերայղուած է Արշալոյս Մարտիկանեան-էն)
Օրորա Մարտիկանեան
Օրորա Մարտիկանեան 2013-էն Հայաստանեան դրոշմաթուղթի վրայ
Ծնած է 12 Յունուար 1901(1901-01-12)[1]
Ծննդավայր Չմշկածագ, Թունջելիի մարզ, Թուրքիա
Մահացած է 6 Փետրուար 1994(1994-02-06)[1] (93 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն դերասանուհի, գրագէտ
Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեանի պատկերը «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքին շապիկի վրայ
«Հոգիներու Աճուրդ» շարժանկարի պաստառը որպէս Ravished Armenia
«Հոգիներու Աճուրդ» շարժանկարի որմազդ

Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեան (անգլերէն՝ Aurora (Arshaluys) Mardiganian, 12 Յունուար 1901(1901-01-12)[1], Չմշկածագ, Թունջելիի մարզ, Թուրքիա - 6 Փետրուար 1994(1994-02-06)[1], Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]), ամերիկահայ յուշագիր, դերասանուհի եւ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրող։

Բուն անունով՝ Արշալոյս Մարտիկեան, Օրորա Մարտիկանեան եղած է բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակը։ Հայրը զբաղած է գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ։

Մեծ Եղեռնի օրերուն, ականատես դարձած է իր հօր սպանութեան, այնուհետեւ՝ աքսորի ճանապարհներուն, կորսնցուցած մայրը, քոյրերն ու եղբայրները եւ ենթարկուած բազմազան չարչարանքներու: 14 տարեկան աղջնակը առեւանգուած եւ ծախուած է ստրուկներու շուկան[2] եւ որոշ ժամանակ մնացած է թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն մէջ։ Մարտիկանեան լեռնային ճամբաներով հասած է Էրզրում, որ Փետրուար 1916-ին գրաւուած էր ռուսական զօրքերուն կողմէ։ Անցած է Թիֆլիս (Վրաստան), եւ այնուհետեւ՝ Ս. Փեթերսպուրկի ու Օսլոյի ճամբով, յաջողած է հասնիլ Նիւ Եորք, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին օգնութեամբ։

Արշալոյս մաս կը կազմէ այն 17 հայ աղջիկներու խմբակին, որոնք կ'առեւանգուին արիւնարբու թուրք զինեալներու կողմէ, որոնք կ'որոշեն սպաննել զանոնք փայտեայ խաչերու վրայ, որովհետեւ անոնք կը մերժեն իսլամանալ եւ հլու հնազանդ կենակցիլ իրենց հետ: Ուստի զինեալները կը պատրաստեն 16 փայտեայ խաչեր փոխան 17-ի եւ կը գործադրեն անմեղմ 16 հայուհիներու սպաննութիւնը խաչելութեամբ: Արշալոյս հրաշքով մը մաս չի կազմեր այդ խաչեալներուն եւ փախուստ տալով կը ձերբազատուի զինեալներու ձեռքէն:

ՄԱԱՆի կարգադրութեամբ եւ զօրավար Անդրանիկի օժանդակութեամբ կ'որոշուի Արշալոյսը հասցնել Ամերիկա: Զօրավար Անդրանիկ Արշալոյսին կ'ըսէ հետեւեալը.

«Կարգադրուեցաւ, որ դուն ղրկուիս Ամերիկա, ուր մեր թշուառ հայերը ունին շատ մը բարեկամ ընկերներ: Երբ հասնիս Ամերիկա, այդ սիրեցեալ երկիրը, պատմէ ամերիկացիներուն, որ Հայաստան վտանգի մէջ է, բզկտուած եւ արիւնոտ, սակայն անիկա պիտի վերականգնի, եթէ Ամերիկան օգնէ մեզի, սննդեղէն եւ դրամ ղրկէ անօթի հայերուն, որպէսզի բոլոր հայերը վերադառնան իրենց տուները, երբ պատերազմը վերջ գտնէ»: Անդրանիկ իր մատնեմատանին, որ ստացած էր իր հօրմէ, կը նուիրէ Արշալոյսին: Ան կը ղրկուի Թիֆլիս, ուր կը մնայ հայկական եկեղեցիի մը մէջ: Թիֆլիսի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան կողմէ իրեն կը շնորհուի ամերիկեան ճամբորդութեան անձնաթուղթ: Արշալոյս կը հասնի Փեթերսպուրկ: Այնտեղէն կը ղրկուի Շուէտ, ապա նաւով ճամբայ կ'ելլէ դէպի Հալիֆաքս: Նիւ Եորք կը հասնի նաւով: Նաւահանգիստէն կը տեսնէ «Ազատութեան արձանը» եւ կ'ուրախանայ ոչ միայն, որովհետեւ հասած է ազատութեան երկիրը, այլ նաեւ, որովհետեւ ինք պիտի կարենայ պատմել ամերիկացիներուն իր երկու տարուան տաժանակիր ճանապարհին մանրամասնութիւնները եւ հայ ժողովուրդին տառապանքը, տարագրութիւնը, սպանութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը:
- ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

[3]

«Յօշոտուած Հայաստան» (Ravished Armenia)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիւ Եորքի մէջ, հանդիպած է երիտասարդ գրող Հենրի Կէյթսին։ Ան իր հովանաւորութեան տակ առած է Արշալոյսը, փափաքելով գրի առնել անոր պատմութիւնը։ Գիրքը լոյս տեսած է անգլերէն՝ «Յօշոտուած Հայաստան» կամ «Յափշտակուած Հայաստան» խորագրով (անգլերէն՝ Ravished Armenia կամ երկար անունով՝ Ravished Armenia; the Story of Aurora Mardiganian, the Christian Girl, Who Survived the Great Massacres (1918)[4]:

«Հոգիներու Աճուրդ» (Auction of Souls)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս գիրքը հիմքը եղած է բեմագրութեան մը, որ 1919-ին նկարահանուած է «Հոգիներու աճուրդ» անունով, որուն մէջ Մարտիկանեան ստանձնած է գլխաւոր դերը, ինքզինք մարմնաւորելով: Ժապաւէնը կազմուած է 20 վայրկեաննոց 8 բաժիններէ եւ 531 տեսարաններէ, որոնք կը ցուցադրեն այն բարբարոսութիւնները, որոնց ենթարկուած է հայ ժողովուրդը:

Նիւ Եորքի մէջ շարժանկարը առաջին անգամ ցուցադրուած է 16 Փետրուար 1919-ին, Փլազա Պանդոկին մէջ, ուր ներկայ էին հանրայայտ անձնաւորութիւններ, ինչպէս Տիկ. Օլիվըր Հարիման եւ Պարոն Ճորճ Վանտըրպիլթ, որոնք ներկայացած են իբրեւ Ամերիկեան Հայերու եւ Սուրիացիներու Նպաստի Կոմիտէի (American Committee for Armenian and Syrian Relief) ներկայացուցիչներ։[4]

«Հոգիներու աճուրդ» շարժանկարը կը ներկայացնէ զոհերուն խաչերու վրայ գամուիլը։ Սակայն, 70 տարի ետք, Մարտիկանեան կը յայտնէ շարժանկարին պատմաբան Anthony Slide-ին, թէ այդ տեսարանը ճշգրիտ չէր, այլ՝ «խաբկանք»։ Ան կ'ըսէ. «Թուրքերը այդպէս չըրին, այլ շինեցին սրածայր խաչեր, որմէ ետք աղջիկներուն հագուստները պատռտելով հանեցին եւ բռնաբարեցին զանոնք, ապա աղջիկները նստեցուցին այդ սուր, մասնաւորապէս պատրաստուած տախտակներուն վրայ, հեշտոցին ճամբով։ Այդ էր ահաւոր մահապատիժներէն մէկը, ահա թէ որո՛նք են թուրքերը։ Ամերիկացիները շարժանկարը պատրաստած էին աւելի քաղաքակիրթ ձեւով։»[5]

Անձնական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1929-ին, Մարտիկանեան ամուսնացած է։ Ապրած է Նիւ Եորք մինչեւ 1980ական թուականները, երբ փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր մահացած է 6 Փետրուար 1994-ին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Deutsche Nationalbibliothek Record #106104484X // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. Կին Դէմքեր։
  3. Ճակատագիրի Տէր Օրորա Մարտիկանեան՝ Ամերիկացիներու «Հայ Ժան Տ՛Արք»ը[permanent dead link]
  4. 4,0 4,1 Balakian, Peter (2003) The Burning Tigris: The Armenian Genocide and America's Response. New York: HarperCollins. pp. 313–14.
  5. Erish Andrew A. (2012)։ Col. William N. Selig, the Man Who Invented Hollywood։ University of Texas Press։ էջեր 211–12։ ISBN 978-0-292-74269-7 
  • Slide, Anthony. Ravished Armenia and the Story of Aurora Mardiganian. Jackson, Ms.։ University Press of Mississippi, 2014.
  • Taylor Eugene L., Krikorian Abraham T. (2010)։ «'Ravished Armenia: Revisited:' Some Additions to a 'A Brief Assessment of the Ravished Armenia Marquee Poster'»։ Journal of the Society for Armenian Studies 19 (2): 179–215 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]