Յօշոտուած Հայաստան
"Այս էջը նուիրուած է գիրքի մանրամասնութիւններուն։ Նոյնանուն շառժապատկերին մասին որ աւելի ծանօթ է Հոգիներու Աճուրդ անունով, տեսնել Հոգիներու Աճուրդ
Յօշոտուած Հայաստան, այս վերնագրով 1918 թուականին Նիւ Եորքի մէջ անգլերէն լեզուով լոյս տեսաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ականատեսի առաջին վաւերագրական յուշագրութիւններէն մէկը: Անոր մէջ հեղինակը ցեղասպանութիւնը վերապրած չմշկածագցի Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեան կը պատմէ բռնագաղթի ճանապարհին իր կրած սարսափները։ Կորսնցելով ծնողները, քոյրերը եւ երեք եղբայրները, որոնք գազանաբար սպաննուեցան իր աչքերուն առջեւ, 14-ամեայ Արշալոյսը տարագրութեան ընթացքին խոշտանգուած էր եւ պատուազրկուած՝ թուրք եւ քիւրտ պաշտօնեաներու եւ ցեղապետներու հարեմներուն մէջ. անոր պատմութիւնը արեան խրախճանքներու եւ մարդկային պատկերացումէն դուրս դաժանութիւններու մասին վկայութիւն մըն էր։
Շարժանկարը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հոգիներու Աճուրդ (անգլերէն՝ Ravished Armenia), Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած առաջին ֆիլմը։ Բեմադրած է Օսքար Ափֆել։ Առաջին անգամ ցուցադրուած է 16 Փետրուար 1919-ին, Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ։
Ֆիլմը նկարահանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» փաստագրական յուշագրութեան հիման վրայ, Քալիֆորնիոյ մէջ։ Մասնակցած են շուրջ 10 հազար անձեր, դերակատարութեամբ Օրորա-Արշալոյս Մարտիկեանի[1]:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Armenian Weekly
- Աւրորա Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան»ը՝ Հայերէնով Archived 2019-05-31 at the Wayback Machine.
- Փարիզի Մէջ Ցեղասպանութեան Ականատես Օրորա Մարտիկանեանի «Apocalypse Armenie» Ֆրանսերէնի Թարգմանուած Գիրքին Ներկայացումը
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ արտագրուած է՝ 2016-04-23