Jump to content

Հոգիներու Աճուրդ

Հոգիներու Աճուրդ
(Յօշոտուած Հայաստան)
ֆիլմի պաստառը
Ravished Armenia
Բեմադրիչ Օսքար Ափֆել
Արտադրիչ Ուիլիամ Նիքոլաս Սելինկ
Թատերագիր Հարուի Կէյթս
Արշալոյս Մարտիկանեան
Նորա Ուոլն
Գլխաւոր դերեր Արշալոյս Մարտիկանեան
Արտադրող
ընկերութիւններ
First National Pictures
(Metro-Goldwyn-Mayer)
Թողարկման
թուական
19 Յունուար 1919
Տեւողութիւն
85 վայրկեան
Երկիր ԱՄՆ
Լեզու Անգլերէն համր
«Հոգիներու Աճուրդ» շարժանկարին որմազդը

Հոգիներու Աճուրդ (կամ Կեանքերու Աճուրդ) (անգլերէն՝ Auction of Souls) նաեւ ծանօթ իբրեւ Յօշոտուած Հայաստան (անգլերէն՝ Ravished Armenia), Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նկարահանուած առաջին ֆիլմը։

Ֆիլմը նկարահանուած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես չմշկածակցի Արշալոյս Մարտիկանեանի «Յօշոտուած Հայաստան» (Ravished Armeia) փաստագրական յուշագրութեան հիման վրայ։

Առաջին անգամ ցուցադրուած է 16 Փետրուար 1919-ին, Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ, հայ-սուրիական ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի անդամներ Օլիվըր Հարիմանի եւ Ճորճ Վանտերպիլթի հովանաւորութեամբ։

«Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը արդէն պատրաստ էր, երբ Հայ-սուրիական ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէն կ'առաջարկէ գիրքին դիպաշարին հիման վրայ ստեղծել շարժանկար մը, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուէր Մերձաւոր արեւելքի որբանոցներուն մէջ գտնուող շուրջ 60 հազար հայ որբերուն։

Քալիֆորնիոյ մէջ շարժապատկերի արտադրիչ «Մեթրօ կոլտուին մէյըր» ընկերութեան կողմէ եւ Օսքար Ափֆելի բեմադրութեամբ կը նկարահանուի «Հոգիներու աճուրդ» անձայն շարժապատկերը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 10 հազար անձերու, հայ տարագիր 200 մանուկներու եւ հեղինակութեամբ ու դերակատարութեամբ՝ Օրօրա-Արշալոյս Մարտիկանեանի[1]:

Անիկա կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող առաջին գեղարուեստական շարժանկարը եւ ընդհանրապէս՝ ցեղասպանութեան թեմային անդրադարձող առաջին ֆիլմը ամբողջ աշխարհի մէջ։

Ընդհանուր առմամբ ֆիլմը ցուցադրուած է Ամերիկեան 23 նահանգներու մեծ քաղաքներուն, Լատին Ամերիկայի շարք մը երկիրներու, Մեքսիքոյի եւ Քուպայի մէջ եւ ամէնուր բացառիկ յաջողութիւններ ունեցած է՝ արժանանալով «դարակազմիկ շարժանկար» գնահատականին։

Անոր հասոյթը կազմած է 30 միլիոն ամերիկեան տոլար։

Ֆիլմը առաջին անգամ ցուցադրուած է հայ-սուրիական օգնութեան ամերիկեան կոմիտէի անդամներ Օլիվըր Հարիմանի եւ Ճորճ Վանտերպիլթի հովանաւորութեամբ։ Ցուցադրութեան ներկայ եղած են Նիւ Եորքի շուրջ 7000 ականաւոր անձինք, տոմսի արժէքը եղած է տասը տոլար։

Մեծ քաղաքներու մէջ՝ Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Լոս Անճելըսի շարժապատկերի նկարին իւրաքանչիւր հրապարակումէն ետք հանդիպումներ կազմակերպուած են տեղի վերնախաւերուն եւ Մարտիկանեանի հետ։

«Հոգիներու աճուրդը» Մեծն Բրիտանիա բերուած է Դեկտեմբերի 1919-ին եւ ենթարկուսծ է պետական գրաքննութեան։ Երկար բանակցութիւններէ ետք, Սքոթլանտ Եարտի համաձայնութեամբ ցուցադրուած է 20 Յունուար 1920-ին, թագաւորական Ալպերթ Հոլին մէջ եւ շարունակուած է շուրջ երեք շաբաթ, որմէ ետք դադրեցուած է։ Երկրորդ գրաքննութենէ ետք, կրճատուած է չորս տեսարան, ապա ցուցադրուած է։ Որոշ ժամանակ ետք ֆիլմի ցուցադրութիւնը միանգամընդմիշտ կը դադրի եւ կը հանուի «պրոկատէն»։ 1920-ական թուականներու սկիզբը ինչպէս ամերիկեան, այնպէս ալ բրիտանական գրադարաններէն գրաքննութեան կ'ենթարկուի եւ կը վերցուի նաեւ «Յօշոտուած Հայրենիք» գիրքը, կը վերաշարադրուին գերմանացի սպաներու հակամարդկային արարքներուն վերաբերող էջերը։

Կորուստ եւ փնտռտուք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւելի քան ութսուն տարի շարժանկարի պատմաբանները կը փնտռեն 9 ժապաւէն կամ մասերէ բաղկացած «Հոգիներու աճուրդ» ֆիլմը, սակայն որեւէ հետք առայժմ կարելի չէ եղած գտնել։ Վարկած մը կ'ըսէ, թէ նիթրաթի հիմքին վրայ պատրաստուած այդ հազուագիւտ ժապաւէնները ջուրի տակ անցած են դէպի Պաթումի նաւահանգիստ շարժող ընկղմած նաւի մը հետ միասին կամ անոնք գողցուած եւ ոչնչացուած են Պաթում քաղաքին մէջ։ Ֆիլմին ամբողջական տարբերակը՝ 85 վայրկեան տեւողութեամբ, ցաւօք, մինչեւ այսօր չէ պահպանուած։ Միայն 1994-ին, արժանթինահայ Էտուարտ Կոզանլեանի ջանքերով յայտնաբերուած է ժապաւէնին 20 վայրկեանոց մէկ հատուածը միայն, որուն պատճէնը կը պահուի Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ։ Ֆիլմը ունեցած է նաեւ անգլերէն, Հետագային՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն ենթագիրեր բոլոր տեսարաններուն համար։ Ենթագիրերը լոյս տեսած են 1997-ին, Scarecrow Press-ի կողմէ հրատարակուած Էնթընի Սլայտի «Յօշոտուած Հայաստանը եւ Աւրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը» գիրքին մէջ։

«Յօշոտուած Հայաստանը» ֆիլմին 90-ամեակին առիթով, անկէ պահպանուած հատուածը կարելի է տեսնել Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին պաշտօնական կայքէջին վրայ:

Փաստեր ֆիլմին մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Կեանքերու Աճուրդ» շարժանկարը կը ներկայացնէ զոհերուն խաչերու վրայ գամուիլը։ Սակայն, 70 տարի ետք, Մարտիկանեան կը յայտնէ շարժանկարի պատմաբան Anthony Slide-ին, թէ այդ տեսարանը ճշգրիտ չէր, այլ՝ «խաբկանք»։ Ան կ'ըսէ. «Թուրքերը այդպէս չըրին, այլ շինեցին սրածայր խաչեր, որմէ ետք աղջիկներուն հագուստները պատռտելով հանեցին եւ բռնաբարեցին զանոնք, ապա աղջիկները նստեցուցին այդ սուր մասնաւորապէս պատրաստուած տախտակներուն վրայ, հեշտոցին ճամբով։ Այդ էր ահաւոր մահապատիժներէն մէկը, ահա թէ որոնք են թուրքերը։ Ամերիկացիները շարժանկարը պատրաստեցին աւելի քաղաքակիրթ ձեւով։»[2][3]