Jump to content

Չմշկածագ

Քաղաք
Չմշկածագ
թրք.՝ Çemişgezek
Երկիր  Թուրքիա[1]
Բնակչութիւն 8347 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00

Չմշկածագ (նաեւ՝ Չեմիշկազաք կամ Չեմիշկեզէք, Տերսիմի սանճաքի Խարբերդի վիլայէթի գիւղերէն մէկը[2]), քաղաք եւ շրջան՝ Արեւմտահայաստանի, կը գտնուի Խարբերդ քաղաքէն մօտ 50 քմ հիւսիս-արեւմուտք, անտառապատ վայրի մէջ, ծովի մակարդակէն 1300 մ բարձրութեան վրայ։ Վարչական առումով անցեալին կը մտնէր Ծոփքի, իսկ նոր ժամանակներուն՝ Խարբերդ նահանգի Տերսիմ գաւառին մէջ[2]։

Մինչեւ 15-րդ դար բաւական մարդաշատ եղած է եւ բարեկարգ։ Սակայն 1474 թուականին մամլուք թուրքերու կողմէ գրաւուելէ ետք, որուն ուղեկցած է բնակիչներու զանգուածային գերեվարումը, դարեր շարունակ այն վերածուած է փոքրիկ գիւղաքաղաքի մը։ Քաղաքի տնտեսութեան ճիւղերը եղած են՝ արհեստագործութիւնը, առեւտուրը եւ գիւղատնտեսութիւնը։

Հայերն ունեղած են երկու եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Թորոսը որ կառուցուած էր 1825-ին՝ նախկին սրբավայրի տեղը։

Չմշկածագի մէջ պահպանուած էին զանազան հնութիւններ եւ պատմական յուշարձաններ` քաղաքը երբեմնի շրջափակող պաշտպանական պարիսպին մնացորդները, բերդին հետքերը, հայկական ամրոցներու, եկեղեցիներու, մատուռներու եւ այլ շէնքերու աւերակներ։

Չմշկածագի հայ բնակչութիւնը երկար ժամանակ մղած է ինքնապաշտպանական հերոսական կռիւներ։

1830-1850 թուականներուն բնակչութեան թիւը հասած է 8000 անձի, որոնցմէ մօտ 6500-ը հայ եղած է։ Քաղաքը գրեթէ նոյնքան բնակիչ ունեղած է նաեւ  Ցեղասպանութեան նախօրէին՝ 1915-ի սկիզբները։

Այստեղի հայութիւնը եւս ենթարկուած է 1915-ի Ցեղասպանութեան։ Անոր մէկ մասը զոհ գացած է թրքական եաթաղանին, իսկ փրկուածները տարագրուած են զանազան կողմեր։

1930-ական թուականներուն Չմշկածագի բնակչութեան թիւը հազիւ կը հասնէր 5 -6 հազարի, որոնց մէջ եղած են նաեւ չնչին թիւով հայեր[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. GEOnet Names Server — 2018.
  2. 2,0 2,1 Houshamadyan։ «Պապիկեան Հծոյ - USA»։ Houshamadyan։ արտագրուած է՝ 2023-04-04 
  3. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը. Չմշկածագ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-19։ արտագրուած է՝ 2023-03-28 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։