Արմէն Օհանեան

Արմէն Օհանեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Սոֆյա Էմանուելի Փիրբուդաղյան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Armen Ohanian
Ծնած է 1887[1][2]
Ծննդավայր Շամախի Քաղաք, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1976[1][2]
Մահուան վայր Մեքսիքօ Սիթի, Մեքսիքօ[3]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Մեքսիքօ
Մայրենի լեզու հայերէն
Մասնագիտութիւն դերասանուհի, գրագէտ, գրականագէտ, թարգմանիչ, belly dancer, պարող, répétiteur
Աշխատավայր Բաքվի պետական հայկական թատրոն?
Փոքր Թատրոն
Թիֆլիսի Օփերայի եւ Պալեթի Թատրոն
Կուսակցութիւն Մեքսիկական կոմունիստական կուսակցություն?

Արմէն Օհանեան ((Արմէնուհի Տէր Օհանեան, օրիորդական անունը՝ Սոֆիա Փիրպուտաղեան, 1887[1][2], Շամախի Քաղաք, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1976[1][2], Մեքսիքօ Սիթի, Մեքսիքօ[3]), հայ պարուհի, դերասանուհի, գրող, գրականագէտ ու թարգմանչուհի։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կովկաս։ Ծանօթ էր կէս տասնեակ լեզուներու եւ իսկապէս «աշխարհի կին» մըն եղած է, որ ապրած է այնպիսի ժամանակներու եւ վայրերու մէջ, ինչպէս՝ ռուսական Կովկաս, Իրանի սահմանադրական յեղափոխութիւն, «Հիանալի դարաշրջանը» (La Belle Époque) Ֆրանսայի մէջ, «Աղմկալից 20ականները» (The Roaring Twenties) Միացեալ Նահանգներու մէջ, վաղ Խորհրդային Միութիւնը, իր օրերը աւարտելով Մեքսիքայի մէջ, առեղծուածներով լեցուն կեանք մը ապրելէ ետք։

Օհանեան դերասանուհի եղած է Կովկասի մէջ, թատրոնի բեմադրիչ՝ Պարսկաստանի մէջ, գրագէտ` Ֆրանսայի մէջ, եւ գրականագէտ ու թարգմանիչ՝ Մեքսիքայի մէջ, ըլլալով բազմաթիւ մշակոյթներու կամուրջ։

Ան ամէնէն աւելի հռչակուած է՝ իբրեւ պարուհի Ասիայէն մինչեւ Ափրիկէ, Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա՝ «Շամախեցի պարուհի» եւ «Պարսիկ պարուհի» մակդիրներով։ Անոր պարերը մաս կազմած են Արեւմուտքի մէջ տարածուող Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելքի պարերու այն ալիքին, որոնց մեկնաբանները իրենց բնիկ մշակոյթէն սնած պարարուեստ կը ներկայացնէին։

Նշանաւոր նկարիչներ եւ քանդակագործներ պատկերած են Արմէն Օհանեանը, որուն մասին վկայած են շատ մը յայտնի ժամանակակիցներ իրենց նամակներուն եւ յուշերուն մէջ։

Անոր կեանքը անցած է երկիրներու, լեզուներու եւ մշակոյթներու սահմանները (գրած է չորս լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն, իսկ գործերը հրատարակուած են առնուազն տասնչորս երկիրներու մէջ) եւ ընդգծած՝ «սփիւռք» հասկացութեան հետ միահիւսուած տարրեր, ինչպէս՝ անդրազգայնութիւն, բազմալեզուութիւն, բազմամշակութայնութիւն եւ հայրենիքի բազմակողմանի ըմբռնում[4]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]