Jump to content

Արա Կիւլէր

Արա Կիւլէր
թրք.՝ Ara Güler
Ծնած է 16 Օգոստոս 1928
Ծննդավայր Իսթանպուլ, Թուրքիա
Մահացած է 17 Հոկտեմբեր 2018(2018-10-17)[1][2] (90 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա[3]
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան և Պոլսոյ Համալսարան
Կարողութիւն Լուսանկարիչ, գրագէտ
Մասնագիտութիւն լուսանկարիչ, ֆոտոլրագրող և լրագրող
Աշխատավայր Փարի Մաչ, Հուրիեթ?, Ենի Իսթանպուլ, Թայմ և Magnum Photos?
Կայքէջ araguler.com.tr(թուրք.)(անգլերէն)

Արա Կիւլէր (թրք.՝ Ara Güler ծն. 16 Օգոստոս 1928 - 17 Հոկտեմբեր 2018[4], Իսթանպուլ, Թուրքիա), իսթանպուլահայ գրագէտ եւ լուսանկարիչ։

Կիւլէր Արա ծնած է Իսթանպուլ։ Իր ուսումը ստացած է Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանը, ապա անցած է Կեդրոնական, որ աւարտած է 1951-ին։ Առաջին գրութիւնը գրուած է թրքերէնով եւ լոյս տեսած է «Ենի Իսթանպուլ» թերթին մէջ։ 1950-ին իր «Կաղանդի Տարօրինակ Գիշեր Մը» պատմուածքը արժանացած է մրցանակի եւ ինք դասուած է թուրք լաւագոյն նորավիպագիրներու շարքին։ Հայ գրական կալուածէն ներս կը մտնէ ժամանակ օրաթերթի միջոցաւ, եւ կու տայ պատմուածքներ Սան, Ճառագայթ եւ Հանդէս Մշակոյթի պարբերութիւններուն եւ ժամանակ եւ Մարմարա օրաթերթերու գրական էջերուն մէջ։ Արա Կիւլէր անունը այսօր ժամանակակից թուրք լուսանկարչական շրջանակներէն անցած է համաշխարհային լուսանկարչութեան պատմութեան։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր զինք կը նկատեն աշխարհի մեծագոյն վարպետներէն, որուն գործերը կը հրատարակուին մեծագոյն հանդէսներու ( Time-Life, Paris match, der stern, Photography Annual եւ այլն) մէջ։ Անդամ նշանակուած է բազմաթիւ համաշխարհային լուսանկարչական միութիւններու։ Արժանացած է Leica-ի վարպետ տիտղոին։

Իր հայերէն պատմուածքները 1955-ին կողքի տակ մտած են «Բաբելոնէն Վերջ Պիտի Ապրինք» խորհագիրով։ Իսկ յաջորդ տարին հրատարակուած են նոյն հատորին թրքերէն թարգմանութիւնը եւ իր թրքերէնով գրած պատմուածքները։ Լուսանկարչական արուեստի լաւագոյն նմուշները նկատուող իր լուսանկարները հրատարակուած են 20-է աւելի մեծածաւալ ու շքեղ ալպոմներու մէջ։ Անոնցմէ յիշատակելի կը մնան հանրածանօթ ճարտարապետ Սինանի, համաշխարհային հռչակ վայելող գրողներու եւ արուեստագետներու, եւ հին Իսթանպուլի նուիրուած գեղատիպ հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ 1990-ին, Երուանդ Կոպէլեանի եւ Սարգիս Սերովբեան աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած Արա Կիւլէր Ոսպնեակէն Հայ Գրողներ խորագրեալ հատորը, որ կը պարփակէ իսթանպուլահայ գրողներու լուսանկարներն ու կենսագրական տուեալները։ Իր 1997-ին թրքերէն լեզուով հրատարակած «Լուսանկարներով Անատոլուի Պատմութիւնը», բեմականացած է Մէհմէտ Էսատօղուիի կողմէ, «Արայի Անատոլուի Դիւցաներգութիւնը» խորագրով։ Ստացած է 100-է աւելի մրցանակ եւ «Դարաշրջանի Լուսանկարիչ» տիտղոսը։

Արա Կիւլէրի յիշատակն ալ ունի հաւաքական, հանրային երեսակ մը՝ ինչպէս իր գործերը, ինչպէս իր արտադրանքը։ Եթէ ան կենդանութեան օրով «Իսթանպուլի աչք»ն էր, ապա այսօր, իր մահէն երկու տարի անց, «Իսթանպուլի յիշողութիւնն» է։ Եթէ ան կենդանութեան օրով «Դարու լուսանկարիչն» էր, ապա այսօր, իր մահէն երկու տարի անց, իր ապրած եւ ստեղծագործած դարու ականատեսն ու վկան է։ Արա Կիւլէր վաղուց դարձած է ազդակ մը, որով կարելի է թափանցել իր ապրած ժամանակներու մարդկային կեանքին, ժողովուրդներու արժէքներուն, մշակոյթներու դրսեւորումներուն եւ այլն[5]։ Յաւերժ յարգանք ու բիւր խոնարհում լուսահոգի Արա Կիւլէրի անթառամ յիշատակին ու վառ կերպարին առջեւ։
- ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ, Ժամանակ Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր

Հրատարակուած գործեր[6]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարին Վերնագիրը (Բնագրով) Արեւմտահայերէն Թարգմանութիւնը (եւ Յաւելեալ Ծանօթութիւն) Հրատարակիչը եւ Տեղը
1980 Fotoğraflar Լուսանկարներ Karacan Yayınları, Իսթանպուլ
1989 Ara Güler'in Sinemacıları Արա Կիւլէրի Կինոգործիչները Hil Yayınları, Իսթանպուլ
1992 Sinan, Architect of Soliman the Magnificient Սինան, Սուլէյման Մեծին Ճարտարապետը (Անգլերէն վերնագիր) Editions Arthaud, Փարիզ; Thames and Hudson, Լոնդոն եւ Նիւ Եորք
1993 Living in Turkey Ապրիլ Թուրքիոյ Մէջ (Անգլերէն վերնագիր) Albin Michel, Փարիզ; Thames and Hudson, Լոնդոն եւ Նիւ Եորք; Archipelago Press, Սինկապուր
1994 Eski İstanbul Anıları Հին Իսթանպուլի Յուշեր Dünya Yayınları, Իսթանպուլ
1994 Bir Devir Böyle Geçti, Kalanlara Selam Olsun Մի Դարաշրջան Այսպէս Անցաւ, Ողջոյն Մնացողներուն Ana Yayıncılık, Իսթանպուլ
1995 Yitirilmiş Renkler Կորսուած Գոյներ Dünya Yayıncılık, Իսթանպուլ
1995 Yüzlerinde Yeryüzü Երկրագունդը Իրենց Երեսներուն Վրայ Ana Yayıncılık, Իսթանպուլ
1996 Babilden Sonra Yaşayacağız Բաբելոնէն Ետք Պիտի Ապրինք (Կարճ պատմուածքներ) Aras Yayınevi, Իսթանպուլ
1998 Ara Güler’e Saygı Յարգանք Արա Կիւլէրին YGS Yayınları, Իսթանպուլ, Համպուրկ
2001 İstanbul des Djinns Ճիներու Իսթանպուլը (Ֆրանսերէն վերնագիր) Fata Morgana, Մոնփելիէ, Ֆրանսա
2002 Yeryüzünde Yedi İz Եօթը Հետք Երկրագունդի Վրայ Yapı Kredi Yayınları, Իսթանպուլ
2003 100 Yüz 100 Դէմք Yapı Kredi Yayınları, Իսթանպուլ
2004 Retrospektif – 50 Yıl Fotojurnalizm Յետադարձ Դիտում – 50 Տարի Լուսալրագրութիւն YGS Yayınları, Իսթանպուլ, Պրեմեն
2005 Ara Güler Արա Կիւլէր Antartist Yayınları, Իսթանպուլ
2005 Ara’dan Yetmişyedi Yıl Geçti Արայէն Եօթանասունեօթը Տարի Անցաւ Fotografevi Yayınları, Իսթանպուլ
2007 Beyaz Güvercinli Adam Սպիտակ Աղաւնիով Մարդը Fotografevi Yayınları, Իսթանպուլ
2007 Ara Güler Արա Կիւլէր Hachette, (Հրատարակիչը)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Եվրոնյուզ — 1993.
  2. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. https://www.bbc.com/turkce/haberler-turkiye-45897314
  4. Euronews Ünlü fotoğrafçı Ara Güler hayatını kaybetti
  5. ՎԵՐՅԻՇԵԼՈՎ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԸ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ
  6. (թուրքերեն) Ara Güler, 2025-10-17, https://tr.wikipedia.org/w/index.php?title=Ara_G%C3%BCler&oldid=36213336, վերցված է 2025-11-23